Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Հակա-Սարդարապատ

Մարտ 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եկէ՛ք` համաձայնինք: Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի տարածքին, այդ ալ` Երեւանի իշխանաւորներուն «հնարամտութիւններուն» շնորհիւ, համազօր է ՀԱԿԱՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ-ի:

Երբ Սարդարապատ կ՛ըսենք, մեր մտապատկերին մէջ անմիջապէս կ՛ուրուագծուին բազմաթիւ խորհուրդներ եւ անկորնչելի աւանդներ: Թուենք մէկ քանին.

– Սարդարապատ կը նշանակէ Արամ Մանուկեան եւ կողքին կանգնող քաղաքական ու զինուորական (ներառեալ ֆետայիներու) ղեկավարներ:

– Սարդարապատ կը նշանակէ ժողովուրդի միասնութիւն եւ միահամուռ ճակատում` Ցեղասպանութիւնը լրումին հասցնելու ելած թուրք թշնամիին դէմ:

– Սարդարապատ կը նշանակէ հայութեան քաղաքական կեանքը մարմնաւորող եւ գաղափարականօրէն իրարու հակադրուող, այլապէս հասարակաց լեզու չգտնող կուսակցութեանց ձեռքերու միացում` նոյն թշնամիին դէմ, ի խնդիր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈՒ ԱԶԳԻ ՄՆԱՑՈՐԴԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ:

– Սարդարապատ կը նշանակէ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, այսինք հայութեան ձեռքին մնացած բոլոր հողամասերէն` երիտասարդին ու տարեցին, կնոջ ու պատանիին համախմբումը` ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ՊԱՅՔԱՐԻ դաշտին մէջ: Պայքար, որ աւարտեցաւ անվիճելի յաղթանակով:

– Սարդարապատ կը նշանակէ Ղեկավարութիւն-Ժողովուրդ (երկուքն ալ` գլխագիրով) համերաշխութիւն, մէկզմէկ լսելու, զիրար ամբողջացնելու վճռակամութիւն: Եւ ատիկա իրականացաւ, որովհետեւ ղեկավարութիւնը գիտէր, թէ ինչպիսի՛ առաքելութիւն ինկած է իր ճիտին, իսկ ժողովուրդն ալ հակառակ թերուս ըլլալուն եւ երբեմն գեղջկական որակուած իր մտայնութեան` գիտէր, թէ պէտք էր հաւատալ ու հետեւիլ հայրենապաշտպան իր ղեկավարներուն, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, երկուքին պայքարն ու պահանջները, տեսլականները նոյնացած էին:

– Սարդարապատ կը նշանակէ… Բայց ինչո՞ւ շարունակել պատմական ճշմարտութեանց, մեր ժողովուրդի հոգիին եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ մէջ ամրագրուած աւանդներուն ցանկագրումը:

***

Այսօրուան իրականութիւնները, դէպքերու գահավէժ ընթացքը  ցոյց կու տան, որ տեղի կ՛ունենան բաներ, որոնք հականիշն են վերը յիշուածներուն (շարունակելէ առաջ շեշտենք, որ կորուստներն ու անոնց հեղինակները ցարդ չտեսնողները մի՛շտ հրաւիրուած են բանալու իրենց աչքն ու արթնցնելու միտքը):

– Իշխանութիւնը բաժանուածութիւն ցանեց ու կը շարունակէ առատօրէն հնձել:

– Իշխանութիւնը դարձած է պարտութեան ու տեղատուութեան քարոզիչ, փուլ առ փուլ կ՛իրականացնէ իր քարոզածը: Տակաւին կա՞ն կասկածողներ, թէ ասոնց ըրածը համապատասխան է թշնամիին ծրագիրներուն, այս վարչախումբը ամէն քայլափոխի դարձած է թշնամիին կամակատարը, անոր իրերայաջորդ պահանջներուն դիմաց ընկրկողն ու ետքայլ ընողը…

– Հակասարդարապատին նորագոյն կիրակումները տեղի կ՛ունենան բոլորիս աչքերուն առջեւ: Եթէ Արցախը «հեռու տեղ» մըն էր, եւ շատերուն համար մարսելի էր` «Արցախը բեռ է, պէտք է տանք, որպէսզի խաղաղ ապրինք» ցնդաբանութիւնը, հիմա արդէն Հայաստանի պատառ-պատառ յանձնումը նորագոյն փուլ թեւակոխած է: Իշխանապետը սկսած է ժողովուրդը համոզել, թէ այսինչ կամ այնինչ գիւղերը երբեք Հայաստանին չեն պատկանած, պէտք է յանձնենք, որպէսզի հանգիստ ապրինք: Երէկ Գորիս-Կապան եւ Հայաստանի հարաւային սահմանամերձ շրջաններն էին, մինչեւ Ջերմուկ: Այսօր Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերն են համադամներու սեղանին: Վաղը կարգը պիտի գայ Տիգրանաշէնին եւ… շղթան երկար է, ծանօթ է բոլորիս:

– Հակասարդարապատի դրսեւորումներէն մէկն ալ այն է, որ` «Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ» միայն, որովհետեւ իշխանաւորներուն քարոզարշաւները բթացուցած են շատերը: Մարդոց հոգեկան աշխարհին մէջ նստած է այն, որ` «Ինծի ի՜նչ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Արցախի մէջ, ինծի ի՜նչ, թէ սիւնեցիք ինչե՜ր կորսնցուցին, ինծի ի՜նչ, թէ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն գլխուն ի՛նչ պիտի գայ»:

– Հակասարդարապատեան նոյն հոգեբանութիւնը համակած է նաեւ ժողովուրդի տարբեր խաւերը, եւ մարդիկ կ՛ըսեն. «Ինծի ի՜նչ, թէ փոխադրամիջոցներու սակերը կը բարձրանան»: «Ինծի ի՜նչ, թէ թոշակառուներուն եկամուտը բաւարար չէ, կամ` անոնց դիմաց ստեղծուած` առեւտուր ընելու թեքնիք դժուարութիւնները տագնապներ կը ստեղծեն»: «Ինծի ի՜նչ, թէ բազմահազար ընտանիքներ նահատակներ տուին պատերազմներուն»: «Մեզի ի՜նչ, թէ Հայաստանի սահմանները կը նեղնան, իսկ Եռաբլուրի տարածքը կը բազմապատկուի»: «Մեզի ի՜նչ, թէ ազերիները ազատ չեն արձակեր հայ գերիները»: «Մեզի ի՜նչ, թէ դասագիրքերը հակազգային կը դառնան, պետական համալսարանի շէնքը կրնայ վաճառքի հանուիլ, վաղն ալ Ծիծեռնակաբերդի ու Սարդարապատի յուշակահամալիրները կրնան քանդուիլ, որովհետեւ թշնամին կը պահանջէ մոռնալ Արարատը, Ցեղասպանութիւնը, կը պահանջէ իր կամքին համաձայն սահմանադրութիւն մը պարգեւել Հայաստանին»: Նախիջեւանի ու Արցախի պատմական կոթողներու փոշիացո՞ւմ… մեզի ի՜նչ:

– Մէկ խօսքով, ԲՈԼՈՐ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒՆ վրայ Սարդարապատ յուշող դէպքերն ու վիճակները ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ դիմագրաւելու եւ միակամ պայքարի լծուելու ոգին քանդուած է: Արամ Մանուկեաններու անժամանցելի կոչերուն կրկնութիւնը իր դիմաց կը գտնէ «տարբաղադրուած» եւ կամազրկութեան տարուած ժողովուրդ մը (չբանանք կուսակցութեանց թիւի սրարշաւ աճը, կուսակցութիւններ, որոնցմէ շատեր շինծու են, կամ, լաւագոյն պարագային, ստեղծուած են բարի նպատակով մը` առանց գաղափարական կամ ժողովրդային ամուր յենարանի: «Գաղափարակա՞ն, սա ի՞նչ պտուղ է…»):

– Հակասարդարապատեան այս հոգեվիճակը առաւել կամ նուազ չափով վարակած է հայկական սփիւռքը (Սարդարապատի օրերուն այսօրուան սփիւռքը չունէինք): Հակառակ այս կամ այն ճիգին, շարժումի փորձին, ընդհանուր շարժումը` Սարդարապատը այսօ՛ր վերականգնող համատարած շարժումը կ՛ուշանայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ` արտերկրի մէջ, հոս-հոն բխածն ալ շուտով կը ցամքի: Մինչդեռ մեր հայրենիքին դիմագրաւած Սարդարապատ(ներ)ը պայքարի նոյն խրամատներուն մէջ կը կանգնեցնէ ողջ հայութիւնը` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան մօտակայ եւ հեռաւոր ափեր, կը խրախուսէ պայթեցնել ՇԱՐԺՈՒՄ մը, որ պիտի քանդէ մասնակի պատուարները եւ մեր պահանջներն ու իրաւունքները պիտի դարձնէ հնչեղ` ի հեճուկս մեր թշնամիներո՛ւն, ի հեճուկս անոր զօրակցողներո՛ւն, ի հեճուկս այդ բոլորին հլու կամակատարը դարձած իշխանական խմբակի՛ն:

***

… Եւ արդեօք հակասարդարապատ չէ՞ այն, որ «Ձեր հողերը ազերիներուն պիտի տանք» ըսողները բրածեծի չեն ենթարկուիր տուն-հող կորսնցնելու սեմին կանգնած բնակիչներուն, զանգուածին (ո՛չ ամբոխին) կողմէ: Մինչդեռ սարդարապատեան կամքը պիտի թելադրէր, որ, օրինակի համար, Հայաստանի բոլոր շրջաններէն վաղահաս նոյն վտանգին ենթականեր իրենց բիրերով վազէին Տաւուշ կամ այլուր (զէնքը թշնամիին դէմ է): Եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի այս տողերը դիտել իբրեւ վայագութեան, բրտութեան կոչ: Հին խօսք է. «Որ ոչ լուիցէ ունկամբ, լուիցէ թիկամբ»(*):

ՀԱՅՐԵՆԻ՛ՔԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆՔ, ԺՈՂՈՎՈ՜ՒՐԴ: Իրերայաջորդ սարդարապատներ կը շարեն մեր դիմաց: Ե՞րբ է ազգովին ոտքի կանգնելու եւ հայրենիքին տիրութիւն ընելու պահը, խօսքէն գործի՛ անցնելու ժամը: Մեր գլուխը մե՛ր եղունգներով պիտի քերենք, այլապէս… ֆութպոլի, պասքեթպոլի ու թենիսի մրցաշարքերը պիտի շարունակուին իրենց ճամբով, եւրոպացիք իրենց գլուխը պիտի քերեն ապրուստի սղութեան դէմ գործադուլով ու ցոյցերով, ուքրանացիք եւ կազացիք պիտի շարունակեն նահատակուիլ, փոթորիկները պիտի պատուհասեն այս կամ այն երկրամասը, իսկ ասկէ-անկէ` խաղաղարար բանագնացներ խօսքի նոր ապուրներ պիտի բերեն Հայաստան… Սայաթ Նովայի բառերով` «…Աշխարհիս մէջ մազ չի պակսի», բայց Հայաստանն ու հայ ազգը կրնան պակսիլ:

18 մարտ 2024

(*) Ան, որ ականջով չի լսեր, թիկունքով (այսինքն` կռնակին հարուածներ ստանալով) կը հասկնայ:

Նախորդը

Մտքեր – 6. Սփիւռքի Կարողական Ուժին Մասին

Յաջորդը

Տասը Կուսանաց Յիշատակում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?