Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ուսուցիչ Ըլլալ` Կը Նշանակէ Իւրաքանչիւր Օր Աշխատիլ Նպատակի Մը Համար

Մարտ 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ

Հայ դպրոցը շէնք ու դասագիրք չէ միայն:  Հայ դպրոցը հայ դպրոց կը դառնայ իր հայ աշակերտութեամբ եւ հայ ուսուցիչով: Մեծ է դերը հայ ուսուցիչին, անոր վստահուած պարտականութիւնը շատ աւելի վեհ է, քան` սովորական ուսուցիչինը, ան գիտութենէ աւելի` աշակերտին կը ջամբէ դարեր շարունակ ժառանգուած մեր ազգային շունչն ու հայրենասիրութեան ոգին:

Սկզբնական շրջանին հայ ուսուցիչը աշակերտին ջահակիրն է, որ կ՛առաջնորդէ զայն դէպի լուսաւոր ապագայ: Աւելի ուշ, երբ այդ ջահը կը յանձնէ աշակերտին, ան կը հասկնայ, որ հայ ուսուցիչը չէ եկած աշակերտը առաջնորդելու, այլ եկած է աշակերտը ուղղելու, կազմաւորելու, կերտելու, որպէսզի աշակերտէն աւելի` ինք ըլլայ պաշտպանն ու պահապանը մեր ազգային ինքնութեան, եւ իր մասնագիտութեամբ դառնայ զինուոր մը Հայ դատին:

Առնենք բաժին մը Սիմոն Զաւարեանի յուշերէն.

«Ընդհատեց դաստիարակս եւ կանչեց ինձ ուրախ ձայնով: Ներս մտնելուս պէս, տակաւին բարեւները չէին վերջացած, երբ յանկարծակիի եկայ ապտակի երեք հարուածներէ… ապա դաստիարակս զիս գրկելով եւ համբուրելով` մօտեցուց սեղանին եւ ճրագի լոյսին տակ կարդաց` «Յօդուած 61-Թուրքիա կը պարտաւորուի…»:

Հայ ուսուցիչ ըլլալ` կը նշանակէ, առանց որեւէ խտրութեան, կարեւորութիւն տալ իւրաքանչիւր աշակերտի, կատարելով կարելին լաւագոյն ձեւով պատրաստելու իւրաքանչիւր անհատ` այն քաջ համոզումով ու հաւատքով, որ իւրաքանչիւր անհատի պատրաստութիւնը կը հզօրացնէ մեր հաւաքական ուժն ու պայքարը:

Հայ ուսուցիչ ըլլալ` կը նշանակէ իւրաքանչիւր օր աշխատիլ նպատակի մը համար, իւրաքանչիւր օր պայքարիլ ապազգայնութեան ու այլասերման դէմ, իւրաքանչիւր օր ցանել հունտ մը, միաժամանակ հերկել ու հոգ տանիլ մնացեալ ցանուած հունտերուն` հաւատալով, որ տարիներ ետք, երբ այդ հունտերը հնձենք, պիտի ստանանք բեղուն արդիւնքներ:

Այսօր, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, դաստիարակուած ըլլալով Սիմոն Զաւարեանի տիպարով, կը շարունակէ իր ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ` Զաւարեանին իւրայատուկ աշխատանքը մեր հաւաքական կեանքին մէջ, Զաւարեանի նման խօսելով «Ուղեղ»-ներուն:

ԶՈՄ-ը իր հրատարակչական յօդուածներու շարքերով  առիթ կու տայ զաւարեանականներուն` իրենց գաղափարները արտայայտելու, ինչպէս նաեւ` այդ գաղափարները տարածելու երիտասարդութեան մէջ:

«Զաւարեան» մատենաշարի հրատարակութիւններուն նպատակն է ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնն ու յեղափոխական գրականութիւնը հասանելի դարձնել երիտասարդութեան:

Զաւարեան ուսանողական արեւելումի  գրասենեակի ծրագիրի ընթացքին լիբանանահայ երկրորդական դասարաններու աշակերտութիւնը առիթը կ՛ունենայ հանդիպելու զաւարեանական ընկերներու եւ մասնագէտներու հետ` տեղեկութիւն քաղելու իրենց նախասիրած մասնագիտութեան վերաբերեալ:

Ձեր տօնը շնորհաւոր, սիրելի՛ հայրենանուէր ուսուցիչներ` մեր ներկայ ու ապագայ սերունդի կերտիչներ:

 

 

Նախորդը

Հայ Կինն Ու Յեղափոխական Շարժումը

Յաջորդը

Ուսանողութեան ՈՉ-ը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?