Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Մարդկայինը Կ՛իյնայ Ու Կը Պարտուի, Իսկ Աստուածայինը Կը Յաղթէ Ու Կը Փայլատակէ

Մարտ 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զատկական տօնին առիթով դարձեալ մեր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս կը հռչակենք մեր Փրկչին` Յիսուսի Քրիստոսի սուրբ յարութեան աւետիսը, որպէսզի այդ հրաշալիքով ոգեւորուած` մեր կեանքը տանինք նոր առաքինութիւններու:

Նուիրական այս առիթով մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակները գէթ պէտք է յիշեն, որ մեր Տէրն ու Փրկիչը մեզի հետ ապրեցաւ երկրաւոր պայմաններու մէջ եւ մեր վիճակը ուղղելու ու մեզ իր յարուցեալ կեանքին տանելու համար խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ:

Հետեւաբար գէթ այսօր պէտք է զգանք, որ Աստուած ո՛չ անցեալի պատմութիւն է եւ ո՛չ ալ ապագայի մշուշին մէջէն յայտնուող պատկեր: Ընդհակառակը, Ան ներկայ է մեր կեանքի իրականութեան մէջ, որպէսզի Իրմով մենք կարենանք լոյս ու պայծառութիւն բերել տեսակաւոր հարցերով ծանրաբեռնուած ու մթագնած մեր գիտակցութեան ու մեր կեանքին: Արդարեւ, Յիսուս միայն աւետարանական յիշատակ ու պատմութիւն չէ, այլ` մեր Փրկիչը, որ կորսուած ոչխարը փնտռելու ու փրկելու առաքելութեամբ աշխարհ եկաւ: Այդ ճշմարտութիւնը այսօր պէտք է սրտապնդէ մեզ ու մեր կեանքը ուղղէ դէպի յաւերժը, որպէսզի զգանք, որ այսօր դէպի երկինք ու դէպի Աստուած ճամբայ մը կը բացուի մեր դիմաց: Հետեւաբար, իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ, պէտք է քրիստոնէավայել կեանքի մը վիճակը վերակենդանացնենք մեր մէջ եւ յոյս ու լոյս ցոլացնելով մեր շրջապատէն ներս` մեզի վստահուած պարտականութիւնները կամքով ու քաջութեամբ կատարենք:

Աւետարանը կ՛ըսէ, որ Զատկական տօնին առիթով վերնատան մէջ տեղի ունեցող վերջին ընթրիքի պահուն Յիսուս իր մօտալուտ մահուան մասին խօսելէ ետք, խռոված հոգիներով իր շուրջ բոլորուած իր աշակերտները սրտապնդելու համար ըսաւ.

«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է, որ կու տամ ձեզի‚
որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք»:

Յովհ. 14:27

Աւետարանով փոխանցուածները գիտնալը բաւարար չէ: Արդարեւ, մեր գիտցածը արժէք ունի, եթէ իսկապէս պատճառ կը հանդիսանայ, որ մեր մէջ հոգեկան ձգտում մը յառաջանայ ու ծաւալի:  Հետեւաբար պէտք է Աւետարանէն մեր ընդունածը գործի ու կեանքի վերածենք եւ, այդպիսով, նաեւ մեր ընկերութիւնն ու շրջապատը աստուածայինով ողողենք: Այդ է քրիստոնեային կոչումը աշխարհէն ներս, եւ հետեւաբար այդ նպատակին ծառայելու առաջադրանքով գէթ պէտք է  մեր անմիջական միջավայրը, մեր տունն ու ընտանիքը յարութեան տեսիլքով խանդավառենք եւ Տիրոջ փրկաւէտ խօսքերով մեր հարազատներուն հոգին խրախուսենք` բոլորին յիշեցնելով, որ մեր Տէրն ու Փրկիչը մեզի կ՛ըսէ. «Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք»:

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Այսօր Զատիկ է մեր կեանքէն ներս: Հետեւաբար այս օրը առաւելաբար կը վերաբերի մեզի: Արդարեւ, սուրբ յարութեան յիշատակը կը նշենք, առաւելաբար մեր սեփական, մեր ընտանեկան, մեր համայնական ու ազգային կեանքին օրհնութիւն, հոգեւոր եռանդ ու նոր աշխուժութիւն բերելու առաջադրանքով: Այսօր Զատիկ է: Աւետարանը կը պատգամէ, որ այսօր մարդկայինը կ՛իյնայ ու կը պարտուի, իսկ աստուածայինը կը յաղթէ ու կը փայլատակէ: Այդ իրողութեան փաստը պէտք է մասնաւորաբար զգանք տրտմութեան, ամեհի դժուարութիւններու, մտահոգութիւններու ու կասկածներու մթնոլորտին մէջէն անցնող մեր ներկայ վիճակին մէջ, որպէսզի արիանանք եւ նորոգեալ կամքով դարձեալ քալենք Աւետարանի ուղիներէն եւ յարուցեալը Տէր հռչակելով` կանգուն պահենք մեր հաւատքն ու կեանքը:

Անկասկած անկումային ներկայ պայմաններուն մէջ լուսեղէն այգաբացի խորհուրդ մը պէտք է բացուի մեր դիմաց, որպէսզի մեր ժողովուրդը, իր կրած նոր զրկանքներուն ու ահաւոր դառնութիւններուն դիմաց, յանուն իր երազներուն ու  լուսեղէն ապագային, դարձեալ յեղաշրջէ իր վիճակը ու յուսահատիլ չգիտցող կամքով նոր թռիչք տայ իր ապրումներուն ու երազներուն:

Ահաւասիկ Զատիկ է դարձեալ մեր կեանքէն ներս եւ, հետեւաբար, պարտինք հոգեկան ճիգով աստուածամերձ վիճակի մէջ պահել մեր հոգին, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքի ներգործութեամբ կարենանք վերադասաւորել մեր առաջնահերթութիւնները ու նոր հոգածութեան արժանացնել մեր անհատական, ընտանեկան ու համայնական կեանքը եւ մէկս միւսին աջակից եւ զօրակից մնալով` վերստին կենդանանալ մեր եկեղեցւոյ հաւատքին, մեր ազգային տեսիլքներուն ու իտէալներուն մէջ եւ մեր նուիրումով յաղթական շունչ տարածել աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, որպէսզի բոլորս միասին մնանք  հայրենասէր ու հաւատարիմ` մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման պարտականութիւններուն մէջ:

Ս. Յարութեան տօնին առիթով սրտանց կ՛ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք` լիբանանահայ մեր քոյր յարանուանութիւնները, թեմիս հոգեւորականաց դասը, Ազգային իշխանութիւնն ու ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնական մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու պատասխանատուները ու մեր սիրեցեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակները եւ մաղթենք, որ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը պայծառացնէ բոլորին կեանքը եւ մեզ հաւաքաբար տանի յարութեան տեսիլքին:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ

 

 

Նախորդը

Մի՛ Վախնաք (Ս. Զատիկի Առթիւ)

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոս Յարեա՛ւ Ի Մեռելոց

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?