Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Եռամսեայ Տեղեկատուական Անկիւն

Մարտ 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Չորեքշաբթի, 6 մարտ-ին ԶՈՄ-ի ներկայացուցիչը իր մասնակցութիւնը բերաւ Երիտասարդական քաղաքականութեան հանդիպումին` նախագահութեամբ երիտասարդութեան եւ մարզական խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի: Հանդիպումին նպատակն էր Ապի Ռամիային ներկայացնել Երիտասարդական ֆորումի հնգամեայ ռազմավարութիւնը եւ քննարկել համագործակցութեան միջոցները` երիտասարդական քաղաքականութեան դրութիւններու իրականացման համար:

– Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը ծանօթացնելու համար իր աշխատանքները եւ ներկայացնելու` SAT-ի դասընթացքները, յաջորդաբար այցելեց հետեւեալ դպրոցները` հինգշաբթի, 7 մարտին, Ազգային միացեալ վարժարան, ուրբաթ, 15 մարտին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ հինգշաբթի, 21 մարտին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան: Ներկայացումներուն աւարտին զաւարեանականները բոլոր դպրոցներու գրադարաններուն ալ նուիրեցին «Զաւարեան մատենաշար»-ի վերահրատարակուած 6 հատորները:

– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, շաբաթ, 16 մարտին, «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախէն Կազա» խորագիրով խորհրդաժողով մը, որուն ներկայ էին` հայկական եւ լիբանանեան տարբեր կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, զաւարեանականներ եւ ԼԵՄ-ականներ:

Խորհրդաժողովի հիւր դասախօսներն էին Միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտներ դոկտ. Լէյլա Նքուլա եւ փրոֆեսէօր  Ժամալ Ուաքիմ: Դոկտ. Նքուլա  յատկապէս խօսեցաւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, բռնի տեղահանման երեւոյթին, յատկապէս` Կովկասի աշխարհաքաղաքական դիրքին մասին: Փրոֆ. Ուաքիմ ներկայացուց պաղեստինեան հիմնախնդրի վերջին զարգացումները, յատկապէս` Կազայի ժողովուրդին պարտադրուած պաշարման եւ անուղղակի ցեղասպանութեան մասին: Խորհրդաժողովը յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ հայկական եւ պաղեստինեան հարցերու նմանութիւնը:

– Տարիներու սովորութիւնը յարգելով,  ՀՅԴ ԶՈՄ-ի ուսանողական գրասենեակի յանձնախումբը այս տարի եւս, ուրբաթ, 19 յունուար 2024-ին կազմակերպեց «Հայկական վարժարաններու համալսարանական արեւելումի ձեռնարկ» եւ «Career Guidance», որ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ,  առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 2:00: Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին մասնակցեցան 8 հայկական վարժարաններէ, աւելի քան 200 աշակերտներ, որոնք առիթը ունեցան լուսաբանուելու իրենց նախասիրած մասնագիտութիւններուն մասին` այցելելով համապատասխան տաղաւարները:

– Համագործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, յունուար ամսուան մէջ լոյս տեսան «Զաւարեան մատենաշար»-ի վերահրատարակուած 6 հատորները` Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յեղափոխականի մտքերը», Գարեգին Խաժակի «Ի՞նչ է ազգութիւնը» եւ «Ի՞նչ է դասակարգը», Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք», Ալեքսանդր Խատիսեանի «Քաղաքապետի մը յիշատակները», Լեւոն Շանթի «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան»: Վերահրատարակուած 6 հատորներներուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 25 յունուար 2024-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ընթացքին ԶՈՄ-ի խօսքը արտասանեց Սանահին Թոմասեան, եւ խումբ մը զաւարեանականներ ներկայացուցին նախկին զաւարեանական այն ընկերները, որոնց յիշատակին նուիրուած են 6 հատորները:

– Միութեանս 120-ամեակի աշխատանքներուն իբրեւ մեկնարկ` զաւարեանականները շաբաթ, 2 մարտ 2024-ին այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութիւնը առիթ մըն էր ստանալու կաթողիկոսին օրհնութիւնը եւ լսելու անոր պատգամն ու թելադրութիւնները Հայ դատին, Արցախին, Հայաստանին եւ սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած հարցերու շուրջ: Աւարտին միութեան 120-ամեակին առիթով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ վեհափառ հայրապետին:

– Ուրբաթ, 15 մարտին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան 11 անդամներու երդման արարողութիւնը եւ մուտքը ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիք: Երդման արարողութեան կնքահայրն էր Երուանդ Փամպուքեան: 103 տարիներ առաջ նոյն թուականին հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեան Պերլինի մէջ զգետնեց Հայոց ցեղասպանութեան թիւ մէկ յանցագործ Թալէաթ փաշան, մեկնելով օրուան խորհուրդէն` Երուանդ Փամպուքեան դաշնակցական նորագիրներու այս խումբը կնքեց «Սողոմոն Թեհլիրեան սերունդ» անունով:

———————

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, շաբաթ, 25 մայիս 2024-ին «Hilton Habtoor» պանդոկի «Emirates» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120- ամեակի Ճաշկերոյթ: Այս առիթով հրաւիրուած են երգիչներ  Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններ, ընկերակցութեամբ իրենց նուագախումբին:

Տեղերը ապահովելու համար հեռաձայնել 81-178073 թիւին:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հայ Կինն Ու Յեղափոխական Շարժումը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?