Գաղտնի տեղեկութիւն մը:
Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ոճրային ահաբեկչութենէն երկու օր ետք, Նիկոլ Փաշինեան իր ապարանքի մէկ վարագոյրին ետին անցնելով, բջիջային հեռաձայնը վերցուցեր է եւ հաղորդակցութիւն մը ունեցեր` Վլատիմիր Փութինի հետ:
Խօսակցութիւնը լսող եղեր է: Փաշինեան նախ շնորհաւորեր է Փութինը` վերընտրուելուն առիթով, յետոյ ցաւակցութիւն յայտներ է հարիւրէ աւելի զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար: Փութին ըսեր է, որ ոճրագործներէն մէկ քանին ձերբակալուած են, քննութիւն բացուած է արարքին ու ահաբեկիչները դրդողներուն շուրջ, խօսեր է իր յայտարարուած ու չյայտարարուած կասկածներուն մասին: Յետոյ յիշեր է, թէ ինչպիսի՜ իմաստուն մէկուն հետ կը խօսի, հարցուցեր է. «Փաշինեւ (չկարծէք, որ Ալիեւին հետ շփոթեր է), ի՞նչ խորհուրդ կու տաս, ինչպէ՞ս պէտք է վարուիմ այս ոճրագործներուն հետ: Ըսող կայ, որ զանոնք պէտք է կախաղան հանեմ, գնդակահարեմ, կամ` անանկ բան մը»:
Փաշինեան զարհուրանք արտայայտեր է եւ բացատրեր, որ այսօրուան աշխարհին մէջ ոճրագործներուն հետ մարդիկ շա՜տ աւելի մարդկային եւ ներողամիտ վարմունք կը ցուցաբերեն, եւ աւելցուցեր է. «Պէտք է բարի կամեցողութիւն ցուցաբերես եւ այդ ոճրագործները անյապաղ ազատ արձակես, ղրկես իրենց տունը: Տե՛ս, ես քանի՜ քանի անգամ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեցի եւ Հայաստանի մէջ ոճիրներ գործած ազերիներ ազատ արձակեցի, տուն ղրկեցի: Ծափահարողներ ալ ունեցայ»:
«Բայց ժողովուրդս ի՞նչ պիտի ըսէ, եթէ բացայայտ ոճրագործներ անպարտ արձակեմ», հարցուցեր է Փութին:
«Ժողովուրդ ըսածդ, գոնէ` անոր մէկ մասը, ոչխարամիտ բարեմիտներ են-, պատասխաներ է Փաշինեան: – Ես ո՛չ միայն ոճրագործներ ազատ արձակեցի, այլ նաեւ բարի կամեցողութիւն ցոյց տալով` Ազրպէյճանին նուիրեցի Արցախը, յետոյ` Հայաստանէն մասնիկներ, հիմա ալ կը պատրաստուիմ նոր նուէրներ աւելցնել բարի կամեցողութեամբ: Գիւղեր, ընդարձակ տարածքներ ունիմ ցանկիս վրայ: Մարդիկ աղմուկ կը բարձրացնեն, բայց հոգ մի՛ ըներ: Ղարտաշներս եւ բարեկամներս կ՛օգնեն, որ ժողովուրդս համոզեմ…»:
Երբ Փութին ափ ի բերան մտիկ ըրեր է այս հանճարե՜ղ մարդկայնութիւնը եւ չէ կրցած պատասխան գտնել, Փաշինեան աւելցուցեր է. «Լաւ կ’ընես, եթէ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերես նաեւ Ուքրանիոյ մէջ. հեռացի՛ր արեւելան շրջաններէն եւ Խրիմէն. եթէ ուզեն, առանց վէճ-վիճաբանութեան ռուսական հողեր ալ նուիրէ: Գործդ դիւրացնելու համար, պատրաստ եմ քեզի ձրիաբար տրամադրելու իմ պատրաստած` խաղաղութեան խաչմերուկիս քարտէսները…»: Ի վերջոյ, բացատրեր է, թէ նոյն բարի կամեցողութեամբ է, որ հունգարացիները ազերի ոճագործ մը տուն ղրկեցին, եւ բարեմիտ ու խաղաղասէր ազերիները հերոսացուցին զայն, նոյն բարի տրամադրութեամբ է, որ ամերիկացիք եւ եւրոպացիք կը դիտեն Նեթանիահուն, եւ… ասանկ բաներ:
Փութին տեղն ու տեղը որոշեր է իր խորհրդականները ժողովի կանչել, որպէսզի քննարկեն, թէ ինչպէ՛ս կրնան բարի կամեցողութիւն ցուցաբերել…
25 մարտ 2024