Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Արցախէն Տաւուշ` Իշխանութիւններու Պետականաքանդման Կորստաբեր Վարքագիծը

Ապրիլ 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Փաշինեանի Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու հետ հանդիպումը մէկ նպատակ կը հետապնդէր. նոր պատերազմով ահաբեկել գիւղացիները եւ սարսափի մթնոլորտ ստեղծել, որ եթէ Երեանը չկատարէ որոշ սահմանամերձ գիւղերու Ազրպէյճանին զիջելու Պաքուի պահանջը, ապա պատերազմը անխուսափելի կրնայ դառնալ:

Պատերազմի սպառնալիքով ժողովուրդին կը պարտադրուին նոր զիջումներ, մինչ Հայաստանի հիւսիսային պաշտպանութեան պատուարները ամբողջութեամբ կը կազմաքանդուին: Անկանխատեսելի վտանգաւոր հետեւանքներով լի է իշխանութիւններու անձնատուութեան այս նորագոյն արարը, երբ տարածքներու եւ բնակավայրերու զիջումով անվերահսկելի կը դառնայ երկրի ազատ տեղաշարժի համակարգը, կը վտանգուին հաղորդակցութեան ճանապարհները, ուժանիւթի եւ կազատարերու տարանցման ուղիները ու ջրային պաշարները:

Այս ընթացքով Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհը, Արարատի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող պաշտպանական մեր պատուարները կը յայտնուին թշնամիի վերահսկողութեան տակ: Հայաստանի հիւսիսային դարպասի պաշտպանական բնագծի ռազմական նշանակութիւն ունեցող բնակավայրերու, բարձունքներու եւ մարտական դիրքերու զիջումով Պաքուի ռազմական անմիջական վերահսկողութեան ներքոյ պիտի յայտնուին Հայաստանի վարչատարածքային միաւորներէն 5-ը:

Արցախը բռնագրաւելէ ետք, Պաքուի իշխանութիւնները հաշտութեան պայմանագիր ստորագրելու կամեցողութիւն ցուցաբերելէ աւելի, յստակ մարտավարութեամբ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները պահանջելով եւ իւրացնելով` լծուած են «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի ծրագիրը կեանքի կոչելու գործնական քայլերուն: Բնականաբար ազրպէյճանական կողմը 4, 6 կամ 8 գիւղական բնակավայրերով պիտի չգոհանայ եւ ամենայն հաւանականութեամբ շուտով սկսի պահանջել Հայաստանի քաղաքատիպ բնակավայրերը երիզող տարածքները:

Արցախեան պատերազմի նախօրեակին, իշխանութիւններու կողմէ 2020 թուականի յուլիսին հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան դրոյթներուն մէջ ամրագրուած «Արցախի անվտանգութեան ապահովում» ենթախորագրի 4.25 կէտը կը նշէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը` որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր, աջակցում է Արցախի իշխանութիւններին Ազրպէյճանի ռազմական յարձակումից եւ հարկադրանքից իրենց բնակչութեանը պաշտպանելու գործում. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կանխարգելի Արցախի ազգաբնակչութեան բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման ցանկացած նոր փորձ»: Փաշինեանի վարչակարգը ոչ միայն չկրցաւ երաշխաւորել Արցախի անվտանգութիւնը, այլեւ անկարող եղաւ կանխելու Արցախի հայաթափումն ու արցախահայութեան բռնագաղթը: Ա՛յս է Փաշինեանի վարչակարգի ռազմաքաղաքական ձախող համակարգը:

Գործող իշխանութիւնները ձախողած են ժողովրդավարական արժէքներու արմատաւորման, դատական իշխանութեան անաչառութեան, զինուած ուժերու մարտունակութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան իրենց առաջադրանքներուն մէջ: Ձախողած են պետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ բնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնը ապահովելու` ազգային անվտանգութեան հիմնարար արժէքները իրականացնելու իրենց առաքելութեան մէջ:

Տաւուշի խնդիրը միայն տաւուշցիներու խնդիրը չէ՛, համայն հայ ազգի խնդիրն է: Ազգակործան եւ կորստաբեր իշխանական խմբաւորութեան դէմ միասնաբար պայքարելու կամք ցուցաբերելով միայն կարելի է վերականգնիլ եւ վերակազմակերպուիլ, եւ այդ մէկը առաջին հերթին կ՛ենթադրէ ժողովուրդի զանգուածները վերստին զգաստացնել, որ իր հողին ու իրաւունքներուն տէր կրնայ ըլլալ միայն ու միայն այս իշխանութեանց հեռացումով: Եւ այս բոլորը ի մի բերելով, ազգովին պէտք է հասկնանք, որ վարչապետին եւ իր վարչակարգին կողմէ մեզի հրամցուածը խաղաղութեան դարաշրջան չէ, այլ նուաստացումի դարաշրջան է:

Նախորդը

Ապրիլի Մէկը Ճեմարանի Մէջ…

Յաջորդը

Այնճարի Մէջ Ժողովրդային Նշում` Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակի

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշի՛, Պիտի Մնաս Մեր Երազներուն Թագուհին (9 Մայիս 1992)

Մայիս 9, 2025
Քարին Վրայ
Անդրադարձ

33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքներով Ազատագրուեցաւ Հայրենի Բերդաքաղաք Շուշին

Մայիս 9, 2025
Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն
Անդրադարձ

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?