Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերագտնելով Մեր Հոգին

Մարտ 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ,
թէ կը փնտռէք Յիսուսը, որ խաչուեցաւ»
Մատթէոս 28.5

Աւետարաններու պատմութիւնները հարուստ են վկայութիւններով, յորդորներով եւ իրադարձութիւններով, որոնց մէջ զարմանքն ու ակնածանքը, երկնային միջամտութիւնն ու հրաշքը կեդրոնական դիրք կը գրաւեն:

Մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի երկրային առաքելութեան վերջին շաբաթը աւագ է խոր իմաստներով եւ կ՛աւարտի մեռելներէն յարութեան հրաշքով, որովհետեւ կը կատարելագործուի Աստուծոյ շնորհալի էութիւնը ներկայացնող փրկագործութեան ծրագիրը: Իսկ շնորհընկալ հաւատացեալի անդրադարձը միշտ կը պարփակէ իր մէջ անկեղծ զարմանք ու երկիւղ: Հաւատացեալը կը գտնէ Աստուծոյ ներգործութեան մէջ փրկարար անակնկալ եւ կը խոնարհի անոր անպատմելի մեծութեան առջեւ: Այս իմաստով, պահ մը կասկածող Թովմաս առաքեալի հաւատքի սրտաբուխ խոստովանութիւնը գեղեցկօրէն կ՛ամփոփէ եկեղեցւոյ կեցուածքը յարուցեալ Փրկչին նկատմանբ, երբ ան կ՛ըսէ, «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս» (Յովհաննու 20.28):

Անտարակոյս, մեր անհամաչափ արդիական ժամանակներուն մէջ, երբ նորանոր ստեղծուած գիտութիւնները կ՛արձանագրեն մեծաթիւ բարենպաստ զարգացումներ, կայ մարդկային իւրայատկութիւն մը, որ հետզհետէ կը կորսնցնէ իր ներգործութիւնը: Իրօք, կը շոգիանայ հրաշք ակնկալելու, վեհութեան առաջ ահ ու ակնածանք ապրելու, կեանքի ու անոր  խորհրդաւորութեան եւ միաժամանակ անմիջականութեան  իրականութիւնը վայելելու ուժեղ մարդկային զգայնութիւնը:   Երբ մեքենասլաց մարդը կը դառնայ հետզհետէ աւելի ինքնամփոփ, կեանքի բազմաչափութիւնը կը սահմանափակուի եւ կեանքի խորքի ու լայնքի նկատմամբ անտարբերութիւնը կը գրաւէ անձին կեդրոնը: Այս պատճառով մեր ժամանակներու ախտերու հիմնականը կը նկատուի հեռացումը` հաւաքականէն, եկեղեցական հաղորդակցութենէն, ազգայինէն, ընտանեկան ջերմութենէն, նոյնիսկ` պարզ համամարդկայինէն: Եւ մարդը կը մնայ վախի գերին:

Երբ չմնայ ակնկալութեան խորհուրդ, չմնայ ահ ու ակնածանք, երկիւղ ու յարգանք, չեն զարգանար նաեւ հաւատք, խորք, հաղորդութեան տարածք, նոյնիսկ` հոգի:  Մարդ հոգեւոր ու զգացական էակ է, այլապէս լիիրաւ մարդ չէ: Աստուած մարդուն հոգիին մէջ դրած է` իր Ստեղծիչը ճանչնալու փափաք, ընկերը փնտռելու իղձ, բարին չարէն զանազանելու կարողութիւն եւ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու առանձնաշնորհ: Յարուցեալ Քրիստոսով այս բոլորը կը ստանան յաւիտենական խորք եւ հանգիստ:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը առիթ է վերագտնելու մեր հոգին, այդ թանկագին պարգեւն Աստուծոյ, որովհետեւ պիտի ապրինք յոյսով եւ ակնկալութեամբ, որ Տէր Աստուած մեզ հաստատէ ամէն բարի բանի մէջ, որպէսզի կեանքը գտնէ իր իմաստը:   Ուստի, Յարութեան տօնը կոչ ունի մեզի` չյանձնուելու անյոյս վիճակներու, մակերեսայնութեան եւ անտարբերութեան:   Յիսուսի աշակերտներուն նման ապրինք Աստուծոյ հրաշափառ միջամտութեան զարմանքն ու ահը, երբ մեր աստուածատուր կեանքը ոչ իսկ մահուան խայթոցը կրնայ սարսափեցնել կամ սահմանափակել: Քրիստոսի յարութիւնը ապրինք եւ սրտանց վկայենք փրկութեան վստահութեամբ (Հռոմ. 10.9):

Քրիստոսի յարութեան հրաշքը թող առաջնորդէ մեզ կենսունակ հաւատքի: Հանդիպինք Յարուցեալին ակնածանքով եւ երկիւղով: Ծնրադրենք Անոր առջեւ ուրախութեամբ եւ ներքին նուիրումով ու հաւաքական պաշտամունքով վերցնենք մեղքի ու անտարբերութեան բեռը մեր սրտերէն:   Անտարբերութիւնը փոխարինենք հրաշք սպասող զաւակներու նուիրուածութեամբ, բարի վկայութեամբ ու ծառայութեամբ:

Թող մարդիկ, ժողովուրդներ եւ ազգեր խոնարհին Յարուցեալին առջեւ յաւիտենական ակնկալութեամբ, որպէսզի արժեւորուի կեանքը երկնային յոյսով, եւ տարածուին սէրն ու արդարութիւնը: Թող այս անբարեխիղճ աշխարհին մէջ տիրէ Աստուծոյ նորոգիչ հոգին, եւ բոլորս ապրինք յաղթական կեանքեր: Թող հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի հորիզոնը լեցուի նորոգեալ հաւատքով եւ հաստատուն քայլերով: Թող հայոց պատմութեան էջերու վրայ շարունակաբար արձանագրուին իսկական յարութեան, սիրոյ եւ թողութեան երգերը:

Չվախնանք ու չզարհուրինք, հապա խոնարհութեամբ վստահինք Անոր, որ մեզի ալ շնորհեց յաղթական կեանք ապրելու թանկ առիթը:   Խաչեալը յարեաւ, ուստի ամէն խաչ ու պարտութիւն քննելէ անդին` կառչինք Յարուցեալին եւ փնտռենք նաեւ մեր յարութիւնը Իրմով:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ

Նախորդը

Միքաթի – Մելոնի Հանդիպում

Յաջորդը

Մի՛ Վախնաք (Ս. Զատիկի Առթիւ)

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?