Ընդդէմ Ձուլումի Եւ Օտարամոլութեան
ԴՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Վերջին տարիներուն Լիբանանի հայ գաղութին մէջ արդէն իսկ նկատելի են օտար արժէքներու ներխուժումները, որոնք լիբանանահայ երիտասարդութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն: Նախորդ տարիներուն տեսանք, թէ ինչպէ՛ս օտար երկիրներու եւ ժողովուրդներու մշակոյթի աւանդութիւններ սկսան մաս կազմել գաղութի երիտասարդական շրջանակին` սկսելով օտար լեզուն գործածելէն, հասնելով մինչեւ օտար աւանդութիւններու հետեւիլը եւ մեր հայ աւանդութիւններէ հեռու մնալը: Օրինակներէն մէկն է Ամերիկայի...


















