Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Մամուլը Կ՛անդրադառնայ Ռուբէն Վարդանեանի Նկատմամբ Կատարուած Խոշտանգումներուն

June 21, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային շարք մը լրատուամիջոցներ անդրադարձան Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի կերպով պահուող Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբանական խումբին կողմէ ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու դէմ կոմիտէի յատուկ զեկուցողին ներկայացուած դիմումին, որ կը յորդորէ կոմիտէն դատապարտել Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Ռուբէն Վարդանեանի դէմ կատարուող խոշտանգումները եւ դաժան վերաբերումը:

«Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը մասնաւորաբար մէջբերեց Վարդանեան ընտանիքին միջազգային իրաւաբանական հարցերու խորհրդատու Ճարէտ Կենսըրը, որ ըսած էր հետեւեալը. «Ուշագրաւ է, որ Ազրպէյճան Ռուբէն Վարդանեանը կը նկատէ սպառնալիք եւ կը փորձէ զայն լռեցնել կամայական բանտարկութեամբ, իսկ վերջին շրջանին` նաեւ  խոշտանգումներով: Եթէ Ազրպէյճան կը փափաքի, որ միջազգային շրջանակին մէջ իրեն հետ լուրջ վերաբերին, պէտք է անյապաղ դադրեցնէ այդ գործողութիւնները եւ ազատ արձակէ Վարդանեանը եւ միւս հայ բանտարկեալները»:

Ֆրանսական «Ֆիկարօ»-ն եւս ծաւալուն կերպով կ՛անդրադառնայ այս փաստին` նշելով, որ Ռուբէն Վարդանեանի հարազատները մեծապէս անհանգստացած են անոր վիճակով: Թերթը կը յիշեցնէ, որ մարդասիրական գործունէութեան  համար Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակի առաջադրուած Վարդանեան ներկայիս Պաքուի բանտին մէջ խոշտանգումներու կ՛ենթարկուի:

«Ֆիկարօ»-ն կը մէջբերէ Ռուբէն Վարդանեանի աւագ որդիին` Դաւիթ Վարդանեանի խօսքերը, որոնց մէջ ան կ՛անդրադառնայ իր հօր խոշտանգումներուն: «Անոր կարելիութիւն չի տրուիր քնանալու եւ նոյնիսկ նստելու: Զայն երկու օր շարունակ զրկեցին խմելու ջուրէ. ան մաքրութեան պարագաներ չէ ունեցած», կը տեղեկացնէ Դաւիթ Վարդանեան:

Թերթը կը յիշեցնէ, որ Ռուբէն Վարդանեանի հետ Պաքուի մէջ բանտը կը գտնուին նաեւ 22 հայեր, որոնց կարգին` Արցախի նախկին ղեկավարութիւնը: Կը նշուի, որ Վարդանեան Արցախ տեղափոխուեցաւ` փորձելով օգնել տեղւոյն բնակչութիւնը: Հոն գտնուած ժամանակաշրջանին ան յաջողած էր միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի հարցին եւ այնտեղի իրավիճակին վրայ: «Ինքնին Վարդանեանի գրաւիչ-իւրայատուկ անձը եւ միջազգային մակարդակի վրայ լսելի ձայնը զայն դարձուցին Ազրպէյճանի իշխանութեան թիրախը», կը գրէ «Ֆիկարօ»-ն:

Նախորդը

Խստագոյնս Դատապարտելի Է Հայաստանի Իշխանութիւններուն Կողմէ Արցախցիներուն Նկատմամբ Ատելութեան Խօսքը. Թաթոյեան Եւ Ստեփանեան

Յաջորդը

«Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 7-րդ Դասարանի Ամավերջի Ունկնդրութիւն

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.