Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Անօդաչու Սարքերը Փոխեցին Ժամանակակից Պատերազմի Օրէնքները

June 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստուած` Քափիթեն ՄՈՎՍԷՍ ՆԱՇԱԼԵԱՆԻ կողմէ
Անգլերէնէ թարգմանուած` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆԻ կողմէ

2.-  Անօդաչու սարքերը համաշխարհային բեմին վրայ. Ինչպէ՞ս երկիրները կ՛օգտագործեն անօդաչու թռչող սարքերը պատերազմի ընթացքին

Ա.- Անօդաչու սարքերու պատերազմ: Միացեալ Նահանգներ ինչպէս կ՛օգտագործեն անօդաչու սարքերը պատերազմներուն մէջ

Միացեալ Նահանգներ ամէնէն շատ օգտագործողը եղած են անօդաչու սարքեր` պատերազմներու ատեն: Անօդաչու սարքերը լայնօրէն օգտագործուած են Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերուն կողմէ` Իրաքի, Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Եմէնի, Սոմալիի եւ այլ երկիրներու մէջ գործողութիւններու ընթացքին: Անօդաչու սարքերու հիմնական առաւելութիւններէն մէկը նոյն պահուն հետախուզութիւն եւ հսկողութիւն ապահովելու անոնց կարողութիւնն է, որ թոյլ կու տայ ռազմական հրամանատարներուն տեղեկացուած որոշումներ կայացնել եւ արագ արձագանգել տեղուոյն վրայ  փոխուող իրավիճակներուն: Անօդաչու սարքերը կրնան օժտուիլ նաեւ շարք մը զինատեսակներով, որոնց շարքին` հրթիռներով եւ ռումբերով, որոնք կրնան օգտագործուիլ ճշգրիտ հարուածներ հասցնելու թիրախներուն` նուազագոյն կողմնակի վնասներով: Անօդաչու սարքերու օգտագործումը յատկապէս արդիւնաւէտ եղած է ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ, ուր անոնք օգտագործուած են թիրախաւորելու եւ վերացնելու այնպիսի թիրախներ, ինչպիսիք են` ահաբեկիչներու առաջնորդները եւ ռումբեր արտադրողները:

Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ անօդաչու սարքերը վճռորոշ դեր խաղացած են ցամաքային ուժերուն աջակցելու եւ ռազմական նպատակներուն հասնելու գործին մէջ: Օրինակներէն մէկը MQ-1 Predator անօդաչու սարքերու օգտագործումն է հետախուզութեան հաւաքման եւ հսկողութեան առաքելութիւններու համար: MQ-1 Predator անօդաչու սարքը կենսական գործիք դարձած է Միացեալ Նահանգներու բանակին համար` հետախուզութեան հաւաքման եւ հսկողութեան առաքելութիւններ իրականացնելու: Իր յառաջադէմ  ելեկտրատեսողական եւ ենթակարմիր սենսըրներով այս անօդաչու սարքը ի վիճակի է յայտնաբերել եւ հետեւիլ թիրախներուն մեծ հեռաւորութիւններէն` դարձնելով այդ անգնահատելի արժէք պատերազմի դաշտին մէջ:

Predator անօդաչու սարքերու օգտագործումը հետախուզութեան հաւաքման եւ հսկողութեան առաքելութիւններուն համար ապացուցուած է, որ շատ արդիւնաւէտ է ցամաքային ուժերուն նոյն պահուն հետախուզութիւն տրամադրելու: Այս անօդաչու սարքերը ի վիճակի են վերահսկել ապստամբներու եւ այլ թիրախներու տեղաշարժները` տրամադրելով արժէքաւոր տեղեկատուութիւն, որ կրնայ օգտագործուիլ` ռազմական գործողութիւններ ծրագրելու եւ իրականացնելու:

MQ-1 Predator անօդաչու սարքին հիմնական առաւելութիւններէն մէկը երկար ժամանակ օդին մէջ մնալու կարողութիւնն է: Ասիկա թոյլ կու տայ երկարատեւ հսկողութեան առաքելութիւններ իրականացնել` ճիշդ ժամանակին հետախուզութիւն ապահովելով գետնի վրայ գտնուող թիրախներու տեղաշարժներուն եւ գործողութիւններուն վերաբերեալ:

Բացի իր յառաջադէմ սենսըրներէն` գիշատիչ անօդաչու սարքը օժտուած է նաեւ շարք մը այլ յատկանիշներով, որոնք զայն կը դարձնեն բարձր արդիւնաւէտ հսկողութեան հարթակ: Անոնք կը ներառեն յառաջադէմ սաւառնակային դրութեան համակարգեր, արբանեակային կապի հնարաւորութիւններ եւ սպառազինութեան համակարգերու շարք մը, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային կրնան օգտագործուիլ թիրախներու վրայ:

Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ Predator անօդաչու սարքին յաջողութիւնը յանգեցուց այս համակարգերու պահանջի աճին, երբ Միացեալ Նահանգներու բանակը այդ տեսակէն աւելի շատ պատուիրեց աջակցելու համար իր գործողութիւններուն ամբողջ աշխարհի մէջ: Այսօր MQ-1 Predator անօդաչու սարքը կը մնայ կարեւոր գործիք Միացեալ Նահանգներու բանակին համար, եւ անոր յաջողութիւնը ոգեշնչած է նոր սերունդի անօդաչու սարքերու մշակման, որոնք ալ աւելի ընդունակ եւ բարդ են:

Ինչպէս նախապէս նշուած է, բացի հետախուզական տուեալներ հաւաքելէն, անօդաչու սարքերը օգտագործուած են նաեւ թշնամիի մարտիկներուն դէմ թիրախային հարուածներու համար: Անօդաչու սարքերու օգտագործումը նպատակային սպանութիւններու համար խիստ հակասական եղած է, քանի որ մտահոգութիւններ եղած են այդ գործողութիւններու օրինականութեան եւ բարոյականութեան վերաբերեալ: Բայց եւ այնպէս, ըստ New America Foundation-ի ուսումնասիրութեան, Փաքիստանի եւ Եմէնի մէջ անօդաչու սարքերու հարուածները յաջողութեամբ չէզոքացուցած են հետապնդուած այնպիսի թիրախներ, ինչպիսիք են Քայիտայի առաջնորդները եւ ռումբեր արտադրողները: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ 2004-2020 թուականներուն Փաքիստանի մէջ անօդաչու սարքերու հարուածները յանգեցուցած են 2581էն 3797 մարդու մահուան, որոնցմէ 154-էն 374-ը խաղաղ բնակիչներ եղած են: Եմէնի մէջ 2002- 2020 թուականներուն անօդաչու սարքերու հարուածները յանգեցուցած են 1433-էն 2587 մարդու մահուան, որոնցմէ 72-էն 155-ը  խաղաղ բնակիչներ են:

Անօդաչու սարքերը նոյնպէս օգտագործուած են ցամաքային ուժերուն օդային մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար, յատկապէս` քաղաքային մարտական միջավայրերուն մէջ, ուր աւանդական օդային աջակցութիւնը անկարելի է: RQ-7 Shadow անօդաչու սարքը, օրինակ, օգտագործուած է Միացեալ Նահանգներու բանակին կողմէ` Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ցամաքային ուժերուն օդային հետախուզական եւ կրակային աջակցութիւն տրամադրելու համար: Այս անօդաչու սարքը լայնօրէն օգտագործուած է ցամաքային ուժերուն ճիշդ ժամանակին  հետախուզութեան, հսկողութեան եւ հետախուզման (ISR) կարելիութիւններ տրամադրելու համար` թոյլ տալով անոնց աւելի լաւ հասկնալ պատերազմի դաշտը եւ կայացնել տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած որոշումներ: RQ-7 Shadow-ը նաեւ օգտագործուած է ցամաքային ուժերուն կրակային աջակցութիւն տրամադրելու համար` օգտագործելով իր յառաջադէմ թիրախային կարելիութիւնները, նուազագոյն կողմնակի վնասներով թշնամիին թիրախները ոչնչացնելու:

RQ-7 Shadow-ի հիմնական իւրայատկութիւններէն է քամերան եւ շողարձակ հեռաչափը: Այս սենսըրները թոյլ կու տան անօդաչու սարքին` հաւաքել բարձրորակ պատկերներ եւ ճշգրիտ որոշել անօդաչու սարքին եւ գետնի վրայ գտնուող թիրախին միջեւ եղած հեռաւորութիւնը: Այնուհետեւ այս տեղեկութիւնները նոյն պահուն կը փոխանցուին ցամաքային ուժերուն, որոնք տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած` որոշումներ կու տան, թէ ինչպէ՛ս արձագանգել տուեալ իրավիճակին:

Բացի իր հետախուզական կարելիութիւններէն, RQ-7 Shadow-ը զինուած է նաեւ Viper Strike ճշգրիտ կառավարուող հրթիռով: Այս հրթիռը նախագծուած է նուազագոյն կողմնակի վնասներով թիրախներ հարուածելու համար, զայն դարձնելով իտէալական` օգտագործելու համար քաղաքային միջավայրերուն մէջ, ուր պէտք է խուսափիլ քաղաքացիական զոհերէն:

RQ-7 Shadow-ն ապացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու բանակին համար արդիւնաւէտ գործիք է, որ թոյլ կու տայ ցամաքային ուժերուն աւելի լաւ պատկերացում կազմելու մարտադաշտի մասին եւ արագ ու արդիւնաւէտ արձագանգել սպառնալիքներուն: Անոր յառաջադէմ սենսըրները եւ ճշգրիտ կառավարուող հրթիռը այդ կը դարձնեն արժէքաւոր գործիք տարբեր իրավիճակներու մէջ` հետախուզական տուեալներու հաւաքելէն մինչեւ ցամաքային ուժերուն կրակային աջակցութիւն տրամադրելը:

Իրաքի եւ Աֆղանստանի մէջ անօդաչու սարքերու այլ կիրարկութիւն եղած է ինքնաշէն պայթուցիկ սարքերու յայտնաբերումն ու վնասազերծումը: MQ-9 Reaper անօդաչու սարքը, որ մշակած է General Atomics Aeronautical Systems-ը, ամէնէն յառաջադէմ անօդաչու սարքերէն է, որ կը գործածէ Միացեալ Նահանգներու բանակը: Օժտուած յառաջադէմ սենսըրներու եւ զէնքերու լայն տեսականիով` Reaper ապացուցած է, որ բարձր ունակութեամբ սարք է տարբեր ռազմական գործողութիւններու համար:

MQ-9 Reaper-ի հիմնական առաւելութիւններէն մէկը ցամաքային ուժերուն նոյն պահուն տուեալներ տրամադրելու կարողութիւնն է, որ յատկապէս օգտակար եղած է յայտնաբերելու համար ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր, որոնք զգալի սպառնալիք դարձած են Իրաքի եւ Աֆղանստանի ռազմական ուժերուն համար: Իր բաղադրական (synthetic) ռատարի եւ ցամաքային շարժուն թիրախի ցուցիչի շնորհիւ` Reaper ի վիճակի է օդէն յայտնաբերել ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր (IED)` ցամաքային ուժերուն տրամադրելով արժէքաւոր տեղեկութիւններ անոնց գտնուելու վայրի եւ կազմի վերաբերեալ:

Աւելի՛ն.  IED – յայտնաբերման իր կարողութիւններով, MQ-9 Reaper-ը կրնայ նոյնպէս իրականացնել շարք մը այլ առաքելութիւններ: Անիկա օժտուած է զէնքի տարբեր տեսակներով, որոնց շարքին` Hellfire հրթիռներով եւ շողարձակումով կառավարուող ռումբերով, որոնք կրնան օգտագործուիլ թշնամիին ուժերը թիրախաւորելու եւ հիմնական ռազմական միաւորները ոչնչացնելու համար: Անօդաչու սարքը նաեւ ի վիճակի է իրականացնելու հետախուզական առաջադրանքներ` ռազմական հրամանատարներուն տրամադրելով արժէքաւոր հետախուզական տեղեկութիւններ հակառակորդի գործողութիւններուն վերաբերեալ:

Հակառակ իր յառաջադէմ կարողութիւններուն` MQ-9 Reaper-ը համեմատաբար դիւրին է գործածել: Անօդաչու սարքը հեռուէն կը կառավարեն զինուորականները, որոնք կրնան ուղղորդել զայն` թռչելու յատուկ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածքներու վրայէն եւ իրականացնել շարք մը առաքելութիւններ: Անօդաչու սարքը կրնայ  նոյնպէս գործածուիլ ամբողջովին ինքնավար դրութեամբ` թոյլ տալով անոր առաքելութիւններ իրականացնել առանց մարդու միջամտութեան:

Ընդհանրապէս MQ-9 Reaper-ը մեծ կարելիութիւններ ունեցող եւ բազմակողմանի օգտագործման անօդաչու սարք է, թէ ապացուցած է, թէ արժէքաւոր է ամբողջ աշխարհի մէջ ռազմական ուժերու համար: Իր յառաջադէմ սենսըրներով եւ զէնքերով, երկար թռիչքի եւ շահագործման դիւրութեամբ, Reaper-ը յարմար է շարք մը ռազմական գործողութիւններու համար` սկսեալ IED յայտնաբերելէ մինչեւ մարտական առաջադրանքներ: Քանի որ ռազմական ուժերը կը շարունակեն ներդրումներ կատարել անօդաչու սարքերու արտադրութեան մէջ, պարզ է, որ MQ-9 Reaper-ը կը շարունակէ կարեւոր դեր խաղալ յառաջիկայ տարիներուն հակամարտութեանց բնոյթի ձեւաւորման գործին մէջ:

Անօդաչու սարքերու օգտագործումը Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ  ցոյց տուած է անոնց արժէքը` որպէս հետախուզական տուեալներու հաւաքման, հսկողութեան, հետախուզութեան եւ թիրախային հարուածներու գործիք: Անօդաչու սարքերու կարողութիւնը` գործելու այնպիսի տարածքներու մէջ, որոնք չափազանց վտանգաւոր կամ դժուար կ՛ըլլան կառավարուող օդանաւերու կամ ցամաքային ուժերու համար, անոնք դարձած են ժամանակակից պատերազմի անփոխարինելի մաս: Բայց եւ այնպէս, անոնց օգտագործումը նաեւ բարոյական  մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ քաղաքացիական զոհերու, հաշուետուողականութեան եւ թափանցիկութեան վերաբերեալ` ընդգծելով անոնց կիրարկումը կարգաւորող խիստ կանոնակարգերու անհրաժեշտութիւնը:

Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան (Սի.Այ.Էյ.) կողմէ անօդաչու սարքերու օգտագործումը նպատակային սպանութիւններու ծրագրին մէջ եղած է գործակալութեան հիմնական ռազմավարութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ: Անօդաչու սարքերու օգտագործումը նպատակաուղղուած սպանութիւններու գործողութիւններու մէջ աւելի ակներեւ  եղած է այնպիսի երկրներու մէջ, ինչպիսիք են Փաքիստան, Եմէնը եւ Սոմալին, ուր, ինչպէս կ՛ենթադրուի, պահուըտած են «Քայիտայի» եւ «Թալիպանի» առաջնորդները:

Թիրախային սպանութիւններու գործողութիւններու մէջ անօդաչու սարքերու արդիւնաւէտութեան օրինակներէն մէկն էր Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի եւ Արաբական թերակղզիի մէջ «Քայիտայի» բարձրաստիճան անդամ Անուար Աուլաքիի ոչնչացումը: Անօդաչու սարքի օգտագործումը գործակալութեան  թոյլ կու տայ իրականացնել գործողութիւնը` առանց ամերիկեան ուժերը վտանգի ենթարկելու եւ Եմէնի մէջ լայնածաւալ ռազմական ներկայութեան անհրաժեշտութեան:

Թիրախային սպանութիւններու գործողութիւններու մէջ անօդաչու սարքերու հարուածներու արդիւնաւէտութեան մէկ այլ օրինակ էր Փաքիստանի թալիպաններու առաջնորդ Հաքիմուլլա Մեհսուտի սպանութիւնը: 2013 թուականի նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու անօդաչու սարքի հարուածը սպաննեց Մեհսուտը` Փաքիստանի հիւսիսային Վազիրիստան շրջանին մէջ: Հարուածը իրականացուած է ճշգրիտ` սպաննելով Մեհսուտը եւ Փաքիստանի թալիպաներու քանի մը այլ բարձրաստիճան անդամներ, առանց ոչ կանխամտածուած վնասներու կամ քաղաքացիական զոհերու:

2015 թուականին Սի.Այ.Էյ. անօդաչու սարքի հարուած հասցուցած է` սպաննելով Աֆղանիստանի թալիպաններու առաջնորդ մոլլա Աքթար Մանսուրը: Մանսուր մասնակցած է  Միացեալ Նահանգներու եւ Աֆղանիստանի ուժերու դէմ քանի մը յարձակումներու եւ կը նկատուէր թալիպաններու եւ Աֆղանիստանի կառավարութեան միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու հիմնական խոչընդոտը: Անոր մահը նշանակալի հարուած էր թալիպաններուն եւ օգնեց տկարացնելու ղեկավար կազմը:

Նոյն պահուն հետախուզական տուեալներ հաւաքելու անօդաչու սարքերու կարողութիւնը նոյնպէս կարեւոր առաւելութիւն է Սի.Այ.Էյ. -ի համար` իր նպատակային սպանութիւններու գործողութիւններուն մէջ: Անօդաչու սարքերը կրնան օժտուիլ տարբեր սենսըրներով եւ քամերաներով, որոնց շնորհիւ Սի.Այ.Էյ. տեղեկատուութիւն կը հաւաքէ կարեւոր թիրախներու տեղակայման եւ տեղաշարժներու մասին: Այս հետախուզութիւնը կրնայ օգտագործուիլ ապագայ գործողութիւններ ծրագրելու եւ իրականացնելու կամ վերացման նպատակով նոր թիրախներ յայտնաբերելու համար:

Հետեւաբար Սի.Այ.Էյ.-ի կողմէ անօդաչու սարքերու օգտագործումը իր նպատակային սպանութիւններու ծրագիրին մէջ արդիւնաւէտ գործիք եղած է գործակալութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Անօդաչուներու բարձր ճշգրտութեամբ գաղտնի գործողութիւններ իրականացնելու ունակութիւնը նուազագոյնի հասցուցած է ոչ կանխամտածուած վնասներու եւ քաղաքացիական զոհերու վտանգը` դարձնելով անօդաչուներու  հարուածները նպատակային սպանութեան նախընտրելի միջոց: Անօդաչու սարքերու օգտագործումը նաեւ թոյլ տուած է գործակալութեան` նոյն պահուն հետախուզութիւն հաւաքել կարեւոր թիրախներու տեղակայման եւ տեղաշարժներու վերաբերեալ` դիւրացնելով ապագայ գործողութիւններու ծրագրումն ու իրականացումը: Թէեւ անօդաչու սարքերու օգտագործումը նպատակային սպանութեան գործողութիւններու մէջ հակասական է, սակայն անոնց արդիւնաւէտութիւնը այս գործողութիւններու մէջ կարելի չէ ժխտել:

Հակառակ այս մտահոգութիւններուն` Միացեալ Նահանգներու բանակին կողմէ անօդաչու սարքերու օգտագործումը դանդաղեցման նշաններ ցոյց չի տար: Զինուորականները մեծ ներդրումներ կը կատարեն անօդաչու սարքերու արհեստագիտութեան մէջ եւ կը շարունակեն մշակել նոր եւ յառաջադէմ անօդաչու սարքեր` մարտական գործողութիւններու մէջ օգտագործելու համար: Անօդաչու սարքերը դարձած են Միացեալ Նահանգներու  ռազմավարական կարեւոր մէկ բաղադրիչը, որ հնարաւորութիւն կու տայ զինուորականներուն` գործել այնպիսի տարածքներու մէջ, որոնք չափազանց վտանգաւոր կամ դժուար կ՛ըլլան հեռուէն կառավարուող օդանաւերու կամ ցամաքային ուժերու համար: Որպէս այդպիսին` անօդաչու սարքերու օգտագործումը կը շարունակէ էական դեր խաղալ ապագայ ռազմական գործողութիւններու մէջ` ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու ե՛ւ ամբողջ աշխարհին մէջ:

(Շար. 3)

 

(Շար. 1)
(Շար. 2)

Նախորդը

Մանուկներու 2000 Տարուան Գծագրութիւններ

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի 64-րդ Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.