Մարդուժ Պատրաստել…
Կենսական նպատակ եւ անյետաձգելի յանձնառութիւն:
Հիմա նաեւ` հայրապետական պատգամ: Չէ՞ որ տարին այդ նպատակին յատկացնել յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` իրաւամբ նշելով, որ` «Մեր կառոյցները կենսաւորողը, մեր համայնքները ծաղկեցնողը, սփիւռքը որպէս հայակեդրոն գոյութիւն ամրապնդողը, անոր ազգային ինքնութիւնը պահողը, ե՛ւ որակ, ե՛ւ ուղղութիւն տուողը իր մարդուժն է` հոգեմտաւոր պատրաստութիւն, մասնագիտական կազմաւորում ու ամբողջական նուիրում ունեցուղ մարդուժը»:
Բայց ուրկէ՞ սկսիլ. ահա հարցը, որ կ՛ուզեմ խորհրդակցութեան առարկայ դարձնել մեր ընթերցողներուն հետ:
Իսկ այդ հարցումին պատասխանն ալ որոնելէ առաջ կ՛ուզեմ ես ինծի հարց տալ, թէ ինչո՞ւ հիմա կ՛առաջադրուի այս: Միթէ մարդուժի պատրաստութիւնը մեր օրակարգի մնայուն հարցը պէտք չէ՞ր եղած ըլլար մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն համար, բոլո՛ր ժամանակներուն: Եւ ինչպէ՞ս ստեղծուեր էին ու գործեր այդ կազմակերպութիւնները ի սկզբանէ, եթէ ոչ` այն լռելեայն հասկացողութեամբ, որ ի՛նչ նպատակի համար ալ, որ անոնք գոյութիւն էին առած, ամէնէն առաջ պէտք էր, որ սկիզբէն ապահովէին անհրաժեշտ մարդուժը` արիւնոտ գոյամարտը մղելու թէ յետոյ վերապրումը կազմակերպելու եւ պայքարը շարունակելու համար:
Ենթադրե՞նք, թէ դանակը այժմ ոսկորին է հասած, եւ չունինք այլընտրանք:
Պատրաստել մարդուժ:
Եւ ի՞նչ պէտք է հասկնալ այս բառով: Այո՛, ամէն ժամանակէ աւելի` ուսեալ ու իրենց այլազան ասպարէզներուն մէջ հմուտ սերունդներ են, որ կը յաջորդեն իրարու մեր եւ թէ աշխարհի այլ ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Ատկէ աւելի ուզուածը ի՞նչ է ուրեմն: Ի՞նչ է սուր այն կարիքը, ի՞նչ իւրայատուկ ոլորտի մարդուժ է, որ կը պակսի մեզի, որուն համար ձայն բարձրացուց Կիլիկիոյ վեհափառը:
Իսկ ո՞վ պիտի ըլլայ պատրաստողը: Ինչո՞ւ չենք պատրաստած ցարդ: Այժմ ունի՞նք միջոցները պատրաստելու համար: Եւ որքա՞ն ժամանակ կայ մեր առջեւ այս յանձնառութեան համար:
Այս հարցումներն ալ ի հարկէ կը կարօտին պատասխանի, եւ այս յօդուածը չի յաւակնիր տալու այդ պատասխանները:
Ահա, սակայն, կարգ մը կէտեր` հաւաքական մտորման համար:
Պատրաստե՛լ:
Առաջին` ուսուցիչ պատրաստել: Մեր գլխաւոր` թիւ մէկ խնդիրը, ուսուցիչի՛ պակասն է: Մեր վարժարանները ուսուցիչ կը փնտռեն ու չեն գտներ: Հայերէն դասաւանդող ուսուցիչ: Հայերէնո՛վ դասաւանդող: Լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, կրօն եւ մասամբ նորին: Լեզուին ու այդ բոլորին լաւապէս տիրապետող ուսուցիչ: Դաստիարա՛կ: Կոչում ունեցող, իր հմտութենէն անդին` ոգի՛ ունեցող, ոգի՛ ներշնչող դաստիարակ:
Պատրաստութիւնը` մէկ խնդիր: Բայց կայ նաեւ անոր մարդավարի ապրուստը հոգալու հարցը, առանց որուն արդար լուծման` մենք տեղ չենք հասնիր: Այսօրուան կեանքի մակարդակով ապրելու հնարաւորութիւն ընծայելու մասին պէտք է խորհիլ: Այլապէս ո՞ր փայլուն ուսանողը պատրաստ պիտի ըլլայ այդ ասպարէզը ընտրելու: Շատ աւելի նուազ յոգնեցուցիչ ու շատ աւելի լաւ վարձատրող ասպարէզներ կան ի վերջոյ: Իսկ այդ հրապուրիչ ասպարէզները մտնելու անկարողներո՞ւն պիտի մնայ ուսուցչական թէ ազգային պաշտօնները ստանձնելու պարտաւորութիւնը:
Պատրաստե՛լ:
Երկրորդ` գրող, հրապարակագիր, լրագրող պատրաստել: Առանց յատուկ պատրաստութեան` շատերս վերցուցած ենք այդ դերերը, սակայն մեր գրականութեան ու մեր մամուլի ներկայ վիճակը բաւարար չէ՞ ցոյց տալու համար, որ հոս եւս մեծ բաց մը կայ: Եւ եթէ չկարդանք մեր գիրքերը, եթէ չբանանք մեր մամուլի էջերը, ուրկէ՞ պիտի ստանանք մեր առօրեայ սնունդը, հոգեւո՛ր մեր սնունդը, ազգայի՛ն մեր սնունդը: Ո՞վ է մտածողը այս մասին: Ո՞վ մտահոգ է այս առնչութեամբ: Ո՞ր կազմակերպութիւնն է, որ տրամադիր է գրո՛ղ ապրեցնել, հրապարակագիր վարձատրել, լրագրող խրախուսել:
Պատրաստե՛լ:
Երրորդ` գործիչ պատրաստել` ղեկավա՛ր, մշակութային թէ կազմակերպական մարզերուն համար: Չի՛ պակսիր տաղանդը, չի պակսիր ստեղծագործական հրայրքը, բայց ո՞վ ամավարկ կը յատկացնէ այս ուղղութեամբ: Եւ ո՞վ, ո՞ր կազմակերպութիւնը պատրաստ է անհրաժեշտ վարձատրութիւնը յատկացնելու, որպէսզի իր պարախումբերն ու երգչախումբերը չմնան առանց ղեկավարի, իր թատերախումբերը` առանց բեմադրիչի, իր երիտասարդական ու պատանեկան միութիւնները` առանց վարիչի, իր քաղաքական աշխատանքները` առանց լիաժամ նուիրեալ գործիչներու: Սիրողական մակարդակէն վե՛ր: Իրենց ասպարէզներուն մէջ հմո՛ւտ: Եւ մի՛շտ ոգի ունեցող ու ոգի՛ հաղորդող:
Այո՛, պատրաստել:
Դեռ չեմ խօսիր այլ ոլորտներու մասին` տնտեսականէն, մարզականէն մինչեւ պաշտպանականը:
Կասկած չկայ, որ այս բոլորին համար մենք` սփիւռք թէ հայրենիք, մարդուժի կարիք ունինք, մարդուժ պատրաստելու պարտաւորութիւնը ունինք: Այս պահուս անորոշ է, թէ այս ուղղութեամբ ի՛նչ կը ծրագրուի Հայաստանի մէջ, եւ ո՞վ է ծրագրողը, սակայն ազգովին չենք կրնար խուսափիլ մեր այդ պարտաւորութենէն սփիւռքի պարագային:
Բայց, այո՛, ուրկէ՞ սկսիլ:
Առանց անտեսելու կարեւորութիւնը առկայ մարդուժը ճանչնալուն, համախմբելուն եւ զինուորագրելուն` նոր մարդուժի պատրաստութիւնը սկսիլ մանկապարտէզներէն, ընտրել յատկութիւններ ու ձիրքեր ցոյց տուող երեխաները, հետեւիլ եւ օժանդակել անոնց ուսման, զարկ տալ անոնց կարողութիւններուն, բացայայտել այդ կարողութիւնները եւ այդպէս քաջալերել զանոնք` մինչեւ անոնք հասնին դառնալու մեր ներուժը բոլոր վերոյիշեալ մարզերէն ներս:
Անհրաժեշտ է ի սկզբանէ նիւթական կռուանները ստեղծել այնպէս, ինչպէս կը յաջողինք գոյացնելու շէնքերու` եկեղեցիներու, դպրոցներու կամ ակումբներու շինութեան կամ նորոգութեան պէտք եղած գումարները: Այո՛, այդ գումարներէն շատ աւելիին, տասնապատիկ թէ հարիւրապատիկ աւելիին պէտք ունինք մարդուժի պատրաստութեան համար, բայց ես ունիմ անխախտ համոզումը, որ կրնա՛նք ի մի բերել մեր գոյութեան երաշխիք դառնալիք նիւթական այդ կռուանները:
Բայց մանաւանդ անհրաժեշտ է այս գործին մօտենալ համահայկական առումով, բոլորին հետ խորհրդակցաբար, բոլորին մասնակցութեամբ` թէ՛ կարիքներու ճշդումին, թէ՛ գործնական քայլերու որոշումներուն համար: Բոլորը, ներառեալ` քաղաքական տարբեր կողմերը, եկեղեցական բոլոր համայնքները, բոլոր միութիւնները եւ բոլոր անոնք, որոնք այս առնչութեամբ կրնան օգտակար ներդրում մը ունենալ:
Սկսիլ համազգային գործակցութենէն: Մնացեալը աւելի հեշտ կ՛իրականանայ: