Անմիջական. Ընտրել Ազգային, Հարազատ Եւ Մասամբ Նորին
Յ. ՊԱԼԵԱՆ Եթէ խորթացած չըլլայինք մեր արմատներէն եւ այսօ՛ր ունկնդրէինք պատմահայր Մովսէս Խորէնացին, մե՛ր Մովսէսը, տարբեր կ’ըլլայինք, մեր ներկան եւ գալիքը տարբեր կ’ըլլային: Ճիգ ընել եւ լսել Խորենացին, նոյնիսկ եթէ ան մեր բարբառած համաշխարհային եւ ֆէյսպուքեան լեզուներով չէ խօսած: Ան 16 դար առաջ ըսած է. «Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ, ողբամ զքեզ, հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն. զի բարձաւ թագաւոր եւ քահանայ, խորհրդական...


















