Ղարաբաղի Կորուստը Եւ Հայ Դատի Յետընթացը
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Չեմ գիտեր` առարկողներ պիտի գտնուի՞ն, թէ՞ ոչ, եթէ արձանագրեմ, որ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ետք Հայ դատի ճակատին վրայ արձանագրուող յաղթական յառաջընթացը ոչ միայն կասած է, այլ նաեւ յետընթացի մէջ կը գտնուի ներկայիս` պատճառովը Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան, որ չգիտցաւ կամ չկրցաւ պատմութեան հետ ժամադրուիլ եւ ներկայացուած առիթներէն օգտուիլ: Անցնող երեսուն տարիներու թէկուզ մակերեսային վերաքաղ մը այդ ենթադրել կու...


















