Անդրադարձ

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Միութեան Նախագահը Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ցեղասպանութիւն Որակեց

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Միութեան Նախագահը Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ցեղասպանութիւն Որակեց

«Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ, «Արմէնփրէս»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ Մելանի Օ՛Պրայըն հաստատեց, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած են ռազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, որոնք գործադրուած են խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ` համատարած կամ համակարգուած յարձակման շրջանակներու մէջ. «Հայերը, անշուշտ, կրնան պնդել, որ ատիկա տեղի կ՛ունենար Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ»: Անդրադառնալով այն...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Սուրիան` Իբրեւ Միասնական Մէկ Երկիր, Պիտի Մնա՞յ Ասատի Վարչակարգին Տապալումը Ամբողջ Միջին Արեւելքին Վրայ Պիտի Ազդէ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս է խորագիրը Ճէոֆորի (GEOFOR)` ռուսական աշխարհաքաղաքական անկախ նախատեսութեան կեդրոնի 9 դեկտեմբեր 2024-ի խմբագրականին (1): Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը` երբեմն միջամտութիւն կատարելով, մերժելով կարգ մը պատմական, համայնքային եւ յարանուանական տեսակէտներն ու ընդհանրացումները` շեղագիր*. «Մի՛այն երկու շաբաթէն տապալեցաւ Ասատի իշխանութիւնը, որ հիմնած էր Հաֆեզը` Պաշշար Ասատի հայրը: Անոր բանակը գրեթէ առանց կռիւի յանձնուեցաւ` փախչելով եւ զէնքերը վար դնելով:...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Հանդիպում` Տոհայի Մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Դեկտեմբեր 7-ին «Տոհա Ֆորում»-ի շրջագծին մէջ կայացած հրատապ հանդիպումը` Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ` Սուրիոյ իրադարձութիւններու ընթացքը հակակշռի տակ բերելու ենթադրական օրակարգով, սակայն յանգեցաւ ոչինչի: Օրակարգը արագօրէն կորսնցուց իր իմաստը` գետնի վրայ զարգացող պատերազմական գործողութիւններուն ստեղծած կայծակնային իրավիճակներով... Վերջին բազմաթիւ տարիներու ընթացքին Քաթարի քաղաքականութիւնն է եղած առաջնորդող դերակատարութիւն ստանձնել միջազգային երկխօսութեան այլազան բնագաւառներուն մէջ: «Տոհա...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Սուրբ Յակոբի տօնը: Սուրբ Յակոբ Մծբնացի ծագումով ասորի էր: Վարքաբանական աղբիւրներ կը նշեն, որ ան Պարթեւական տոհմէն էր եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ որդին: Սուրբ Յակոբ Կեսարիոյ մէջ քրիստոնէական ոգիով դաստիարակուեցաւ: Հետագային ան իր քրոջ հետ Պարսկաստան փոխադրուեցաւ եւ որոշ ժամանակ արքունիքին մէջ ապրեցաւ: Այնուհետեւ ան ճգնաւորական կեանքի նուիրուեցաւ եւ...

Առաքինասէր Մծբնայ

Առաքինասէր Մծբնայ

ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ Յաւուր տօնի Սրբոյն Յակովբայ Մծբնայ Հայրապետին «Սա ցանկացաւ գնալ, ուր հանգեաւ տապանն ի լեառնս Արարատայ: Եւ իբրեւ եհաս ի ստորոտ լերինն, ննջեաց, զի էր աշխատեալ: Եւ առեալ հրեշտակն տախտակ մի եւ բերեալ եդ ընդ սնարօք սրբոյն եւ ասէ. «Ոչ է պարտ մարդոյ տեսանել զտապանն, արդ, առ զտախտակդ զայդ` ըստ փափաքանաց քոց, եւ դարձի՛ր ի տուն քո» (Յայսմաւուրք,...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Յիսնակ` Պատրաստութեան Եղանակ

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ «Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով` Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին» (Գաղ. 4:4): Ս. Ծննդեան նախորդող քանի մը շաբաթներու ժամանակաշրջանը կը կոչուի Յիսնակ: Յիսնակի յիշատակութիւնը` որպէս մասնայատուկ եղանակ, սկսաւ Ֆրանսայի մէջ յամի Տեառն չորրորդ դարուն: Ատեն մը անիկա կը տարուբերէր չորսէն եօթը շաբաթներու միջեւ, մինչեւ` վեցերորդ դար, երբ վերջնականապէս հաստատուեցաւ չորս շաբաթներու պահեցողութեան աւանդութիւնը, որուն...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Հալէպ… Դարձեալ Վիրաւոր

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Չեմ կարծեր, որ այս օրերուն տակաւին գտնուի մէկը, որ լսած չըլլայ Հալէպի եւ կամ հոնկէ հասնող լուրերու մասին: Բայց, իբրեւ հարազատ քաղաքացի, կրկնութեան գնով ըսեմ, որ գեղեցիկ է մեր քաղաքը: Հակառակ այս օրերու իր տխուր «տեսարանին»` տակաւին պահած է իր գեղեցկութիւնը: Ինքնատիպ եւ նահապետական: Նաեւ աւելցնեմ, որ Հալէպ` մեր այս քաղաքը, որ մեզմէ շատերու ծննդավայրն ալ է, մեզի...

Ֆրանսայի Դեսպանը Կ՛արձագանգէ  «Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Ֆրանսական Հետախուզութիւն Տեղակայելու» Մասին  Պաքուի Կեղծիքներուն

Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Պաշտպանէ Հայաստանի Շահերը, Եւ Ոչ Թէ` Փաշինեանը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Շատ մեծ սխալ մը կայ, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մնայուն կերպով զիջումներ կը կատարէ Ազրպէյճանին, մինչդեռ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան  Օլիվիէ Տըքոթինիէն կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը: Հեգնականօրէն, օտարերկրեայ դեսպանը աւելի հայամէտ է, քան` ինքնին Հայաստանի վարչապետը: Երբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկնեց իր սուտը գոյութիւն չունեցող «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի մասին` Հայաստանի Հանրապետութեան փոխարէն, Փաշինեան անամօթաբար նոյնացուց կեղծ «Արեւմտեան...

Արարատը`  Հայ Ժողովուրդի Լինելութեան ու Յաւերժութեան  Պիպլիական Առհաւատչեան

Արարատը` Հայ Ժողովուրդի Լինելութեան ու Յաւերժութեան Պիպլիական Առհաւատչեան

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ - ԽՏԸՇԵԱՆ Թաւշեայ յեղափոխութեան եoթներորդ տարին կը դիմաւորենք ոչ մեր հոգին շոյող գեղեցիկ երազներով, այլ` մեր սիրտն ու միտքը քերծող ամէնօրեայ տխուր յայտնութիւններով: Նոր հոգերու, մտատանջութիւններու ընկճուածութեամբ բեռնաւոր` օրէ օր կը կքինք ցաւագին ու ճնշող յայտարարութիւններու ի լուր  եւ երեւոյթներու  իրերայաջորդ  յայտնութիւններու ի տես,   շուարի մատնուած, թէ ո՞ւր կ՛երթայ հայոց պետականութիւնը, եւ դէպի ո՞ւր կ՛առաջնորդուի մեր ժողովուրդը: Կը...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Քանդուած Տունս

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Թալաներ են տունը գիւղի, Վերածեր են աւերակի, Դուրսի սեմէն ներս կը մտնեմ Բայց դուռ չկայ, որ ետ գոցեմ: Անմիջապէս զիս կ՛ընդունի, Ճնճղուկ մ՛իբրեւ տան թշնամի, Աջ կը թռչի, ձախ կը թռչի, Պատուհանէն դուրս կը փախչի: Ուր որ դառնաս աւազ ու քար, Քալել անգամ միշտ չես կրնար, Ձեռք մը գետին, միւսը պատին, Հասայ մուտքը խոհանոցին: Գետին նետուած առարկաներ Կը...

«Գիտակ» Արեւմտահայերէն Մանկապատանեկան Ծրագիր. Խաղալով Սորվինք, Արեւմտահայերէնը Դարձնենք Մեր Ամէնօրեայ Կեանքի Մաս (ԱՄՆ)

«Գիտակ» Արեւմտահայերէն Մանկապատանեկան Ծրագիր. Խաղալով Սորվինք, Արեւմտահայերէնը Դարձնենք Մեր Ամէնօրեայ Կեանքի Մաս (ԱՄՆ)

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Համազգայինի  Շրջանային վարչութիւնը ձեռնարկած է «Գիտակ» ծրագիրին: «Գիտակ»-ին  նպատակն է դպրոցական կեանքի ընթացքին եւ մեր բնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող բներեւոյթները ներկայացնել հակիրճ արեւմտահայերէնով: Իւրաքանչիւր տարիքային խմբաւորումի համար 20 տեսերիզներով կը հանդիպինք` պատմական հերոսներու, մարզաշխարհի, բնութեան մէջ հանդիպած անակնկալներու, ցամաքամասերու, ովկիանոսներու, անասուններու եւ այլն: Երեխաներուն արդէն ծանօթ յղացքները արեւմտահայերէնով ներկայացնելով, կը միտինք հայերէնը դարձնել կայուն մաս` անոնց կեանքէն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Մեր Ինչի՞ն Է Պէտք…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ա.- Ֆրանսայի մէջ հինգշաբթի, 5 դեկտեմբերին պատահեցաւ այն, ինչ որ նախատեսուած էր երեք ամիս առաջ, ա՛յն օրերուն, երբ վարչապետ նշանակուեցաւ Միշէլ Պառնիէ եւ կազմեց փոքրամասնական կառավարութիւն մը: Խորհրդարանը օր մը առաջ, աջերու եւ ձախերու ձայներուն միացումով, անվստահութիւն յայտնած էր կառավարութեան: Տրուած հարուածը միայն Պառնիէի կառավարութեամբ չէ սահմանափակուած, որովհետեւ ընդդիմադիրները կը տեսնեն, որ ձախողութիւններուն գլխաւոր պատասխանատուն է «աճպարար» նախագահը`...

Սթափելու Ժամանակը

Ո՞ւր Կ՛երթայ Սուրիան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Դէպքերը Սուրիոյ մէջ նախատեսուածէն շատ աւելի արագ հանգուցալուծուեցան: Այնքան արագ, որ ձգեցին նախապէս համաձայնեցուած ըլլալու տպաւորութիւնը: Նախագահ Պաշշար Ասատ շաբաթ, 7 դեկտեմբերի երեկոյեան հեռացաւ երկրէն, իսկ ընդդիմադիր զինեալները կիրակի վաղ առաւօտուն արդէն կը գտնուէին մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ: Նոյն օրն իսկ, իշխանութեան փոխանցման գոնէ ձեւական օրինականութիւն հաղորդելու միտումով, զինեալ ապստամբները խնդրեցին կառավարութեան անդամներէն շարունակել կատարել իրենց պարտականութիւնները: Երկուշաբթի, 9...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Զինադադար

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանահայութիւնը դարձեալ ունի վերապրելու, վերակազմակերպուելու եւ նոր թափ ստանալու, նոր յոյսերու ծնունդ տալու: Այսօր փաստօրէն զինադադարի յայտարարութիւնը եւ անոր յաջորդող օրերուն գաղթականներուն, տեղահանուածներուն հարաւ վերադարձը, լիբանանեան բանակի եւ ներքին ապահովական ուժերու տարածումը լիբանանցիներուն առհասարակ եւ լիբանանահայութեան մասնաւորաբար նոր էջ մը բացաւ, եւ բոլորս նոր կորովով, նոր շունչով եւ թափով պէտք է կազմակերպուինք, որպէսզի լիբանանահայութիւնը իր ուժերը հաւաքէ եւ...

Քանատան` Փրկութեան Լաստ, Կամ` Աւազախրում

Յովհաննէս Քաջազնունիի «Արգիլեալ Պտուղին» Ազդը

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Անհատի մը հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ շատ մը դերակատարներ եւ գործօններ կը գոյաւորուին` կերտելու մարդը, ինչպիսիք են` ծնողք, ընտանիք, դպրոց, կրօնական հաստատութիւն եւ այլն: Դաշնակցական մարդու կազմաւորումը եւս նոյն օրինաչափութիւններուն կը հետեւի, գումարած` յատուկ շաղախումով ու բծախնդիր հիւսուածքով գործօններու եւ դէպքերու, որոնք տուեալ թեկնածուին դաշնակցական մարդու իւրայատուկ նկարագիր ու կենցաղային դրոշմ կը հաղորդեն` ժառանգուած  պատմութենէն եւ կաղապարուած ծրագիրի ու...

Ռուբէն Յովսէփեան (ԼԴ.)   Տղամարդ Հայը…  (Ծննդեան 85-Ամեակին Առիթով)

Ռուբէն Յովսէփեան (ԼԴ.) Տղամարդ Հայը… (Ծննդեան 85-Ամեակին Առիթով)

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ          Սիրելի՛ ընթերցող,   Այնքան ալ դիւրին չէ յուշեր գրել գրողի մը մասին, որ դիւրին կը գրէ, բայց «դժուար» եւ քիչ կ՛արտայայտուի: Աւելի՛ն. այնքան ալ դիւրին չէ գրել ընկերոջ մը մասին, որուն հետ ոչ միայն ոչ մէկ տարակարծութիւն ունեցած ես ազգային, մարդկային  թէ գաղափարական գետնի վրայ, այլ նաեւ իրարու փոխանակած էք այնպիսի գաղտնիքներ, որոնց բացայայտման պարագային կրնային վտանգել մեր...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Տիգրան Թորոսեանի «Արցախ. Ի՞նչ Ընել» Համապարփակ Յօդուածը Յոյս Կը Ներշնչէ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Երեք յաջորդական թիւերով` 28-30 նոյեմբեր 2024, «Յուսաբեր»-ը «Առաւօտ» օրաթերթէն (1) արտատպեց քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, ՀՀ Ազգային ժողովի 2006-էն 2008 նախկին նախագահ Տիգրան Թորոսեանի 20 նոյեմբեր 2024-ի երկարաշունչ յօդուածը` «Արցախ. ի՞նչ անել», Արցախի պետականութեան եւ ինքնորոշման գործընթացի վերականգնման կարելիութիւններուն մասին: Ան 1 յունուար 2013-ին անգլերէնով հրատարակած է 15 էջ յօդուած մը` «Անհակակշռելի հակամարտութիւններու լուծման համար. Լեռնային Ղարաբաղ եւ...

«Գեղարդ». «Նոյի Դամբարանի Ազրպէյճանական Իւրացումը»

«Գեղարդ». «Նոյի Դամբարանի Ազրպէյճանական Իւրացումը»

«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը ահազանգ կը հնչեցնէ Նոյի դամբարանի ազրպէյճանական իւրացման մասին. «Աստուածաշունչի մէջ յիշատակուած համաշխարհային ջրհեղեղին կ՛առնչուի Նախիջեւան անունը, իսկ Նախիջեւան քաղաքը կը համարուի Նոյ նահապետի կողմէ հիմնադրուած հնագոյն բնակավայրերէն մէկը Հայաստանի մէջ: Ըստ աւանդութեան, Նոյը, Աստուծոյ կամքով փրկուելով ջրհեղեղէն. Արարատ լերան գագաթէն իջած է մերձակայ հարթավայրը եւ իջեւանած վայրի մը մէջ, որ հետագային կոչուած է Նախիջեւան («նախնական իջեւան»): Բազմաթիւ...

Ուշացած   Շնորհակալութիւն

Չափ Ու Սահման Չմնաց Ազրպէյճանի Յերիւրանքներուն

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ 1918-ին բրիտանական գաղութատիրութեան  օրհնութեամբ լոյս աշխարհ եկած «Ազրպէյճան» պետութիւնը իր ծննդոցէն կը յաւակնի  դրացի պետութիւններու տարածութիւններուն:  Պատմութիւնը կեղծելու, վերարտադրելու, հնագոյն  երկիր ներկայանալու քարոզչական տեսութիւնները մշակոյթ դարձած են  ազերիներուն համար, յատկապէ՛ս` Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան  ժամանակաշրջանին: Թուրք-ազերիական ռազմաքաղաքական դիւանագիտութիւնը, Արցախի հայաթափումէն ոգեւորուած, յաւակնութիւններ կ՛արտայայտէ գերիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային, պատմական եւ մշակութային հարստութեանց նկատմամբ: Բոլորովին ալ զարմանալի  չէ, երբ Ազրպէյճանէն յաճախակի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Մօտ-Հեռու Հորիզոններ. Աշխարհը Բազմատախտակ Ճատրակի Մրցադաշտ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ         Բազմայարկ                                                    ելեւէջներով                                                                բոլորակաձեւ Վերջին օրերուն, Սուրիոյ ու անոր յատկապէս հիւսիսային գօտիին մէջ (Հալէպի շուրջ) պայթած զարգացումները դարձան լուսարձակներու կեդրոն, լուսանցքի վրայ նետեցին Միջին Արեւելքի տագնապի դաշտին մէջ Կազան ու Լիբանանը, նաեւ` յարակից դաշտեր: Քանի մը օրուան մէջ, այսպէս կոչուած, «ընդդիմադիր ուժեր» տարածուն յառաջխաղացք արձանագրեցին եւ... Թուրքիոյ դրօշը բարձրացուցին Հալէպի բերդին ու հրապարակներու վրայ, գրաւեցին օդակայան ու պետական...

Page 110 of 808 1 … 109 110 111 … 808

Արխիւներ