«Արեւմտեան Հայաստան»-ն ու «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ը Բացարձակապէս Համեմատելի Չեն. Արեւմտեան Հայաստանը Մեր Իրական Պատմական Հայրենիքն Է, Կայ 4-րդ Դարէն Սկսեալ». Աշոտ Մելքոնեան
27 նոյեմբերին Նիկոլ Փաշինեան Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան զուգահեռներ գծեց Արեւմտեան Հայաստանի եւ Պաքուի կողմէն քարոզչական նպատակներով` պատմութիւնը փոփոխելու եւ իր նուաճողական քաղաքականութիւնն արդարացնելու համար շրջանառուող «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կեղծ եզրոյթին միջեւ: «Հիմա մենք որքան կը նեղուինք եւ դժուար կը հանդուրժենք, հարց կը սեպենք, որ կարգ մը մարդիկ որոշ տեղեր կ՛օգտագործեն Արեւմտեան Ազրպէյճան եզրը, չէ՞: Ուրեմն...




















