ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
1918-ին բրիտանական գաղութատիրութեան օրհնութեամբ լոյս աշխարհ եկած «Ազրպէյճան» պետութիւնը իր ծննդոցէն կը յաւակնի դրացի պետութիւններու տարածութիւններուն: Պատմութիւնը կեղծելու, վերարտադրելու, հնագոյն երկիր ներկայանալու քարոզչական տեսութիւնները մշակոյթ դարձած են ազերիներուն համար, յատկապէ՛ս` Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան ժամանակաշրջանին:
Թուրք-ազերիական ռազմաքաղաքական դիւանագիտութիւնը, Արցախի հայաթափումէն ոգեւորուած, յաւակնութիւններ կ՛արտայայտէ գերիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային, պատմական եւ մշակութային հարստութեանց նկատմամբ:
Բոլորովին ալ զարմանալի չէ, երբ Ազրպէյճանէն յաճախակի ձայներ կը հնչեն «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ին եւ «Հարաւային Ազրպէյճան»-ին աստիճանաբար տիրանալու, զանոնք վերստին ձեռք բերելու սպառնալիքներ:
Ազերի պատմաշինութիւնը կը պնդէ, որ արեւմուտքը գտնուող Հայաստանը խորքին մէջ իր պատմական տարածքն է, նոյնպէս ալ` իրանեան Ազրպէյճան նահանգը, որ իբր թէ 19-րդ դարու սկիզբը իրարու միջեւ բաժնած են ցարական Ռուսիան եւ Իրանը: Մինչդեռ պատմական բոլոր քարտէսները միանգամայն կ՛ապացուցեն, որ մինչեւ 1918 թուականը Ազրպէյճան անունով պետութիւն գոյութիւն ունեցած չէ մեր երկրագունդին վրայ: Այսուհանդերձ, այսօրուան Ազրպէյճանը օրըստօրէ աւելի յառաջ կը մղէ Հայաստանը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» համարելու իր անհիմն պնդումները: Տրամաբանութեան առջեւ որքա՞ն կրնայ դիմանալ այն խօսոյթը, որով շուրջ հարիւր տարի առաջ ստեղծուած պետութիւն մը «պատմական» հողեր պահանջէ իր դրացիներէն…
Մեր ազնիւ ընթերցողներուն յայտնենք, որ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» հասկացողութիւնը ազերիներուն մօտ կը նշանակէ ներկայի Հայաստանը:
Ազրպէյճանի մէջ անցնող մայիսին հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի հեռուստատեսութեան» շէնքին բացումը:
Ազերի մամուլին համաձայն, հեռատեսիլի կայանը պիտի հետապնդէ վերջին երկու հարիւր տարիներուն հայրենի հողերէն զրկուած ազերիներուն, անոնց տեղահանման եւ ազերիական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ճշմարտութիւնը: Հեռատեսիլի կայանին հիմնական առաքելութիւնն է պաշտպանել «բնիկ հողեր»-ը ազրպէյճանցիներուն վերադարձնելու ուղղուած ջանքերը: Յաւելեալ մանրամասնութիւն մը եւս. հեռարձակումները կը կատարուին երեք լեզուներով` ազրպէյճաներէն, ռուսերէն եւ անգլերէն:
Ազրպէյճանի մէջ բազմաթիւ նոր հարթակներ ստեղծուած են «Արեւմտեան Ազրպէյճան» անուանումով, որոնք նոյն քարոզչական թեզը կը պաշտպանեն ամէնուրեք:
Ալիեւի կողքին, պատմութիւնը կեղծելու գլխաւոր կառոյցը «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք» կոչուող կազմակերպութիւն մըն է, որ վերջերս (2023-ին) ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին դիմեց` կանխելու «Արեւմտեան Ազրպէյճանի» մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը: Մարդկային ի՜նչ հեգնանք, երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ պատասխան նամակով դրական արձագանգեց այս բողոքին` նշելով, թէ համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ մշակութային ժառանգութիւնները պահպանելու ուղղութեամբ… Ինչո՞վ զբաղած էր այդ միեւնոյն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, երբ ազերիները հանգիստ խղճով փոշիի վերածեցին Նախիջեւանի հայկական մշակոյթի կոթողները: Ո՞ւր ծուարած է այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, երբ ազերիները լոյս աշխարհի առջեւ կը քանդեն Արցախի պատմամշակութային կոթողները…
«Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ը կը խոստանայ բոլոր կարելի միջոցներով` քաղաքական եւ իրաւական, հետապնդել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն վտարուած ազերիներու իրաւունքներուն վերականգնումը եւ ապահովել անոնց վերադարձի իրաւունքը:
Շարունակելով պատմական ճշմարտութեան աղաւաղումը` տուեալ կազմակերպութիւնը յաւակնութիւններ կը յայտնէ ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին նկատմամբ, ներառեալ` Սիւնիքը, Սեւանը, Երեւանը, Լոռին, յայտարարելով, որ` «Մինչեւ վերջին կտորը անոնք Ազրպէյճանի պատմական հողեր են»: Գալով «վերադարձ»-ի միջոցներուն` կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ազիզ Ալեքպերլի կը սպառնայ. «Մենք անպայման պիտի վերադառնանք մեր պատմական հողերը, մեր նախնիներու օճախը», աւելցնելով, որ անհնար է հայերու հետ խաղաղ գոյակցութիւնը:
Քանի մը օր առաջ (5 դեկտեմբեր) Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է բանակցութիւններ սկսի եւ գործնական քայլեր ձեռնարկէ «արեւմտեան ազրպէյճանցիներու» հիմնարար իրաւունքները վերականգնելու համար, կազմակերպելու անոնց «վերադարձ»-ը Հայաստան:
Ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ իշխանութիւնը ներկայացնող պատգամաւորներ ո՛չ հերքեցին, ո՛չ ալ հաստատեցին Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին «վերադարձի» կարելիութեան քննարկումներու իրողութիւնը` պատճառաբանելով, որ հանրային մեկնաբանութիւնները կրնան վնասել բանակցային գործընթացին:
«Արեւմտեան Ազրպէյճան» մտացածին անունով պատմական, աշխարհագրական, վարչական, մշակութային եւ որեւէ այլ բնոյթի հասկացողութիւն գոյութիւն չէ ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածութեան մէջ:
Արցախի երրորդ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ միայն կը քանդեն բռնագրաւուած հայկական տարածքներու մշակութային եւ պատմական կոթողները, այլեւ յաւակնութիւններ կը դրսեւորեն Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Քանի մը օրինակ. Ալիեւ հրամանագիր ստորագրեց «պետական մակարդակով նշելու Իրեւանի (Երեւան) պետական ազրպէյճանական դրամատիկական թատրոնի 140-ամեակը»:
Սա ոչինչ է, եթէ ոչ` փաստացի ոտնձգութիւն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի նկատմամբ: Ի դէպ, Ալիեւ քանիցս կը յայտարարէ` «Երեւանը, Սեւանը, Սիւնիքը պատմական ազրպէյճանական տարածութիւններ են»:
Չեմ փափաքիր խօսիլ «Արեւելեան Զանգեզուր», «Արեւմտեան Զանգեզուր» եզրերու կիրարկումին մասին:
Ազրպէյճանի մէջ հայերու ամբողջական տեղահանումէն ետք Ազրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային, պատմամշակութային յաւակնութիւններու քաղաքականութիւնը: Ո՞վ վերջակէտ պիտի դնէ Ազրպէյճանի նմանօրինակ սադրանքներուն:
Անցեալ դեկտեմբերի (2023) մօտաւորապէս այս օրերուն Ազրպէյճանի «Արուեստի ազգային թանգարան»-ին մէջ կատարուեցաւ «Արեւմտեան Ազրպէյճանը մշակութային յիշողութեան մէջ» ցուցահանդէսը: «Արեւմտեան Ազրպէյճան» հնարովի եզրոյթին տակ Ազրպէյճան կը փորձէր ներկայացնել Երեւանի պատմութիւնը` պատմական փաստաթուղթեր կեղծելու ազրպէյճանական նորաստեղծ ինքնութիւն ստեղծելու լոյսի տակ:
Պիտի չխօսիմ զիրենք բնիկ, Հայաստանի եւ Արցախի հայերը եկուոր ներկայացնելու քարոզչական աշխատանքներուն եւ պատմութիւնը կեղծելու ամէնօրեայ քայլերուն մասին…
Մինչեւ ե՞րբ այս լռութիւնը, ո՞ւր են մեր պատմաբանները, ո՞ւր են մեր ակադեմիկոսները, ո՞ւր է մեր մտաւորականութիւնը, ո՞ւր է մեր իշխանութիւնը:
Դժբախտաբար պատմական այս կեղծիքներուն դէմ պայքարելու փոխարէն` պահանջատիրութեան պայմանները նոյնացնելու զուգահեռներ կը կատարուին Արեւմտահայաստանի եւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի միջեւ, սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու ճնշում կը բանեցուի, միջազգային դատարաններէն Ազրպէյճանի դէմ հայցեր յետս կոչելու պահանջներ կը ներկայացուին, Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը կը քննադատուի… բիւզանդական վէճեր` Ազգային ժողովին մէջ, տեղի եւ անտեղի ամբաստանութիւններ, երբ հայրենիքի գոյութիւնն է խնդրոյ առարկան:
Ժամանակն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առնուազն պարտի լռեցնել Պաքուի լկտի եւ բարբարոսական պատրանքները: