Դաշնակցութիւնը Իր Առաւելագոյնը Ի Սպաս Պիտի Դնէ Համահայկական Վերելքի Նախապայմաններու Ստեղծումին Եւ Իրագործման Համար*
ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը կը յատկանշուի համաշխարհային եւ տարածաշրջանային ուժերու միջեւ աճող լարուածութեամբ եւ թշնամական յարաբերութիւններով: Մարդկային իրաւունքի ոտնակոխում, ռազմական եւ ցեղասպանական գործողութիւններ, տեղահանութիւններ տեղի կ՛ունենան միջազգային ընտանիքին մեղսակցութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը իշխող ուժի վարած սխալ ու արկածախնդիր արտաքին քաղաքականութեան պատճառով յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրադրութեան մը մէջ եւ գերտէրութիւններու հակադրութեան կիզակէտին է: Այս համապատկերին մէջ...




















