ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն
Մուշեղ Իշխանի խօսքերով` «Լեզուն ազգային դրօշն է: Ազգն ինքնըստինքեան ազգ չէ, եթէ չունի լեզու, ազգը չի կորչի, եթէ անոր լեզուն պատշաճաւոր ճոխանայ, արմատանայ հոգիի եւ սրտի մէջ»:
Մուշեղ Իշխանի խօսքերով` լեզուն մեր դրօշն է, hայ ուսուցիչը` դրօշակակիրն է: Ան ոչ միայն պահապանն է մեր լեզուի գոյատեւման, այլ նաեւ` մղիչ ուժը անոր գործադրութեան ու ծաղկումին:
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը բախտաւորուեցաւ իր ընտանիքին իբրեւ անդամ ունենալով վաստակաւոր ուսուցչուհի, աննման տաղանդաւոր ասմունքող եւ «Վանայ Ձայն»-էն 1Օ հազար յայտագիր պատրաստած Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանը: 2022-ի վերամուտէն ամիս մը առաջ, երբ խօսեցայ անոր հետ, արդէն իր քաղցր խօսքը, ոճը եւ դրական մօտեցումը ինքնաբերաբար մէջս արթնցուցին փափաքը, որ մեր աշակերտները ունենան տիկին Իրման` որպէս իրենց դաստիարակ, եւ մեր աշխատակազմը` իբրեւ իրենց գործընկեր եւ քոյր: Մեծ ուրախութեամբ է, որ օգոստոս 10-ին ստացայ իր պատասխան ե-նամակը. «Բարի՛ լոյս, Րաֆֆի՛, յուսամ ամէն ինչ լաւ է: Որովհետեւ միշտ ալ նախընտրութիւնս եղած է հայկական վարժարանը, պատասխանս դրական է: Աստուծոյ կամքով, թող որ սկսինք այս տարին»:
Այս եղաւ մեր վարժարանին ուղղուած իր առաջին աւետաբեր բարի լոյսը եւ սկսանք տարին, որ վերածուեցաւ երեք օգտաշատ դպրոցական տարեշրջաններու: Տիկին Իրման, իր ամբողջ կենցաղով, դրօշակիրը եղաւ մեր լեզուին` մեր ազգային դրօշին: Նախքան մեր աշակերտներուն ներշնչելը` արդէն ան իր տասնեակ տարիներու մշակութային եւ կրթական ներդրումով մարմնաւորած էր Մուշեղ Իշխանի իմ արտասանած խօսքերը` մեր լեզուն պատշաճաւոր ճոխացուցած էր եւ արմատացուցած` զինք ունկնդրելու բախտաւորութիւնը ունեցողներուն հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ: Մեր աշակերտներն ալ ունեցան այդ բախտաւորութիւնը, անոնց սիրցուց մեր լեզուն, պատմութիւնը եւ ասմունքը` իր դասընթացքները դարձնելով չափազանց հետաքրքրական, նոյնիսկ իր տաղանդները ի գործ դնելով, երկար ժամեր տրամադրած էր` պատրաստելով տեսերիզներ հայ գրականութեան, աշխարհագրութեան եւ Հայոց պատմութեան զանազան նիւթերու մասին իր աշակերտները ներգրաւելու համար: Եւ ան ներգրաւեց, աշակերտները մեծ ուրախութեամբ կը դիտէին իր պատրաստածները, նոյնիսկ` քանի մը անգամ եւ մեծ խանդավառութեամբ: Մեր աշակերտները պիտի շարունակեն ունկնդրել իր ձայնը այս տեսերիզներուն միջոցով, բայց հիմա` մեծ կարօտով: Այն նոյն կարօտով, որով բոլորս պիտի շարունակենք ունկնդրել իր ռատիոժամի հարուստ եւ հոգեյորդոր արխիւները եւ արձանագրած աննման ասմունքները:
Ինչպէս աշխարհը վայելեց Գապաքեան-Տէտէեանի «Բարի լոյս»-երը, մեր վարժարանի աշխատակազմը վայելեց անոր լայն եւ անմար ժպիտով արտասանած առօրեայ բարի լոյսը: Մեր օրը պիտի չսկսէր այն նոյն խանդավառութեամբ` առանց տեսնելու անոր ժպիտն ու լսելու իր ձայնը: Նոյնիսկ երբ ինք անհանգստացաւ, իր ցաւերը թաքցուց իր ժպիտին ետին, փառք տուաւ Աստուծոյ եւ շարունակեց տալ եւ տալ ու եւս տալ իր լաւագոյնը հայ աշակերտին ու հայ վարժարանին, որ միշտ եղաւ, իր գրած խօսքերով, իր «նախընտրութիւնը»:
Երբ անհանգստութեան պատճառով ան ստիպուեցաւ դպրոցէն բացակայիլ, որ եղաւ դժուար որոշում մը իրեն համար, անոր ներկայութիւնը կը փնտռէինք բոլորս ամէն օր, ինչպէս ինք կ՛անցընէր իր օրերը կարօտով եւ աշակերտներուն հոգը կրած` դասարան վերադառնալու մեծ յոյսերով: Ան միշտ պիտի յիշուի` իբրեւ մեր անձնակազմին համար սիրով լի քոյր, իսկ մեր աշակերտներուն համար` ազգային արժէքներ ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող երկրորդ մայր:
Վերջերս, բացի «Վանայ Ձայն»-ի իր «Բարի լոյս» յայտագիրի Sound Cloud-ի էջէն, առաջինը, որ դիմացս բացուեցաւ, 2 ապրիլ 2020-ի յայտագիրն էր, որուն նիւթն էր` տխրութիւնը: Կարծես տիկին Իրման կը մխիթարէր մեզ այդ պահուն, երբ կ՛ըսէր. «Կեանքի պայմանները մեզ կ՛ընկճեն յաճախ, կը ցաւինք, կը տխրինք, կ՛ուզենք առանձնանալ, երբեմն ալ կը բարկանանք եւ, ինչո՞ւ չէ, կու լանք, հեկեկալը, արտասուելը կը նմանի աշնան անձրեւին, որ կարծես կու գայ փոշոտած ծառերը մաքրելու: Տխուր հոգին կը մղէ, որ ապաւինինք Աստուծոյ ու մեր ուժերուն, եւ անպայման որ պիտի վանենք տխրութիւնը… Տխրութիւնը արտայայտելու շատ ձեւեր կան, կրնանք լալ, արցունքը կը թեթեւցնէ սրտի ծանրութիւնը, կրնանք թուղթին յանձնել մեր տխրութիւնը, մեր ցաւը, մեր մտահոգութիւնը եւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի թեթեւնանք»:
Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի քրոջական խրատը լսելով` ուզեցի կարդալ թուղթի անցուցած տողերս, որոնք կը նկարագրեն անոր բարի լոյսին իմաստը մեր վարժարանին համար:
Բարի Լոյս,
Նոր օրուան օրհնաբեր բարի խօսք,
Յոյսի եւ առիթներու կոչ,
Ազնիւ ողջոյն ազնիւ հոգիներէ,
Եւ հրաւէր` բարիքներու: Բարի Լոյս:
Բարի Լոյս,
Աստուծոյ սուրբ խօսքը շնորհալի,
Արձակուած աշխարհիկ շրթներէն`
Խրախուսիչ ներշնչում,
Եւ հաւատքի անմար ճրագն գրկած արտաբոյր:
Բարի Լոյս:
Բարի Լոյս,
Դրախտային աւետաբեր`
Յաւերժ կեանքի խոստում,
Ժպիտ` ցտեսութեանը ի դէմ,
Նոր բարի լոյսի ոսկեղէն յոյսերով:
Բարի Լոյս:
Հանգչէ՛ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ տիկին Իրմա, եւ բարի երթ դէպի երկնային արքայութիւն:
* Խօսք` արտասանուած Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի յուղարկաւորութեան, Թորոնթօ: