Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Մահուան Քառասունքին Տխուր Առիթով` Սրտի Խօսքեր Ճեմարանէն

February 1, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժպտախառն Ձայնդ .  ՓԱՈՒԼԱ
Իրմային .   ԱՂԱՒՆԻ ՖՍՏՔՃԵԱՆ

Ժպտախառն Ձայնդ

Քեզ ճանչցողները գրեցին քու պայծառ ժպիտիդ մասին:

Քեզ ունկնդրողները հմայուեցան հարազատ ապրումներով յատկանշուած քու ձայնովդ:

Իմ յիշատակներուս մէջ ժպիտդ ու ձայնդ անբաժան երկու մասնիկներ կը ներկայացնեն ու կը բնորոշեն քու ժպտախառն ձայնդ:

«Ձայն մը ինչպէ՞ս կրնայ ժպտախառն ըլլալ», հարց կու տամ ես ինծի: Այո, սիրելի՛ Իրմա, քու ձայնդ ժպտախառն էր. քու իւրայատուկ եւ անուշ ձայնդ միշտ խաղաղ էր ու հանդարտ, բայց միաժամանակ միշտ ժիր էր եւ կայտառ, տպաւորիչ էր եւ ուրախ, լեցուն էր դրական ուժով եւ սէրով, միշտ լեցուն էր ժպիտով եւ կեանքով:

Երբ միացար Ճեմարանի անձնակազմին, արդէն իսկ ունէիր երկար տարիներու ուսուցչական փորձառութիւն. ազնիւ եւ համեստ նկարագիրովդ շուտով դարձար բոլորին բարեկամ. մեծ պատրաստակամութեամբ ստանձնեցիր զանազան դասանիւթերու դասաւանդումը` հայերէն, թուաբանութիւն, գիտութիւն, աշխարհագրութիւն, պատմութիւն եւ թատրոն. շատ մեծ գոհունակութեամբ ստանձնեցիր հայերէնի դասաւանդումը օտար վարժարաններէ Ճեմարան յաճախող աշակերտներուն: Այս բոլորը իրագործեցիր ուրախութեամբ եւ աշխուժութեամբ, միշտ պատրաստ եղար դուն ալ քու կարգիդ նորութիւններ սորվելու եւ մասնակցելու հետաքրքրութիւններդ յագեցնող նոր դասընթացքներու: Կարելի չէ մոռնալ աշակերտներուն տուած խրատներդ եւ ցուցմունքներդ, ասմունքներու ներկայացումներու, մրցոյթներու, հանդէսներու եւ մանաւանդ աւարտական դասարանի տարեվերջի հանդէսի պատրաստութեան ժամանակ:

Ժպտախառն ձայնդ անբաժան է մեր առօրէայէն եւ կը հնչէ Ճեմարանի մայր հեռախօսին մէջ ամէն օր:

Քանատա մեկնելուդ ժամանակը երբ հասաւ, թէեւ կարօտով բաժնուեցար Ճեմարանէն, սակայն բոլորս ալ գիտէինք, որ պիտի միանայիր երեք զաւակներուդ, որոնք արդէն ժամանակէ մը ի վեր կը գտնուէին հոն. մեծ գուրգուրանքով եւ հպարտութեամբ կը պատմէիր իրենց առօրեային ու յաջողութիւններուն մասին եւ անհամբեր էիր, որ ձեր ընտանիքը կրկին մէկտեղուի: Եւ այդպէս ալ եղաւ, եւ բոլորիս մխիթարութիւնը այն է, որ դուն կեանքիդ վերջին տարիները անցուցիր շրջապատուած ընտանիքովդ:

Շատ ուրախ եմ, որ մեր ճամբաները հանդիպեցան իրարու եւ մենք ունեցանք թէեւ կարճ, սակայն գեղեցիկ բարեկամութիւն մը, այն բարեկամութիւններէն, որոնց դրոշմը կը մնայ յաւիտեան:

Ննջէ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ Իրմա:

Միշտ պիտի մնաս մեր սիրելի Իրման:

Սիրով`
ՓԱՈՒԼԱ

Իրմային

Սեպտեմբերի վարդագոյն առաւօտ մը` վերամուտի նախօրեակին, Ճեմարանի տարրական բաժինի ուսուցչարանի նեղ դուռէն մուտք գործեց Իրման` իր լայն ժպիտով: Մեր ուսուցչարանին մէջ իւրաքանչիւր ուսուցիչ կը բնորոշուէր խառնուածքի ու աշխատանքի իր իւրայատուկ ոճով, զուարթախոհութեամբ ու բնաւորութեան գիծերով:

Իրման ուսուցչարան մտաւ այդ օրը, հաստատ քայլերով տեղ գրաւեց իր անխախտ աթոռին վրայ, որ կարծես իր հաւատարիմ ու անփոխարինելի տիրոջը կը սպասէր երկար տարիներէ ի վեր:

Մեզմէ ոչ մէկը զգաց նորեկի մը ներկայութիւնը, որովհետեւ Իրման նորեկ մը չէր մեզի համար. ան պարզապէս  եկած ու տեղաւորուած էր հոն, ուր պէտք էր գտնուէր… Եւ ուսուցչարանին կենսունակ մթնոլորտին վրայ իր դերասանական ու տաղանդաւոր ասմունքողի եւ  մենակատարի իւրայատուկ  միջամտութիւններով ան ա՛լ աւելի շէնցուց մեր արդէն իսկ բաւականին ճոխ մթնոլորտը:

Ժպտադէմ, կենսունակ, աշխուժ ու վառվռուն, անսակարկօրէն ծառայասէր ու աշխատասէր, միշտ նոր եւ իւրայատուկ առաջարկներով ու գաղափարներով ներկայ մեր շատ սիրելի Իրման օր մըն ալ բաժնուեցաւ Ճեմարանի ուսուցչական կեանքէն` մէկտեղելու համար իր ամբողջ ընտանիքը  Քանատայի մէջ:

Մեր` ուսուցիչներուս եւ Իրմային կապը երբեք չկտրուեցաւ: Ինչպէ՞ս կարելի էր մոռնալ անհամար արժանիքներով հարուստ մեր անկրկնելի Իրման… Միշտ լաւատես, միշտ համբերող ու համակերպող բնաւորութեան տէր այս էակը նոյնիսկ համակերպեցաւ իր անողոք հիւանդութեան: Ժպիտով ընդունեց այդ դաժան լուրը եւ, ամէնէն զարմանալին, ինք մեզ մխիթարեց ու քաջալերեց: Չյուսահատեցաւ, յոյսով պայքարեցաւ մինչեւ իր վերջին վայրկեանը եւ, վստահ եմ, արցունքով բաժնուեցաւ այս աշխարհէն: Իրման,  Դուրեանին նման, լացողներ չուզեց (գիտէր, որ շա՜տ ունի): Ան ուզեց մէկ բան`  մէկտեղուած ընտանիքի խաղաղ կեանք: Բայց դաժան բախտը, ճակատագիրն ու Աստուած զլացան Իրմային շնորհել անոր փափաքը…

Հիմա ուսուցչարանին մէջ ունինք դատարկ աթոռ մը, որուն վրայ անխախտ  բազմած կը մնայ Իրման` իր տաքուկ շունչով, լայն ժպիտով, գեղգեղուն խնդուքով եւ… անկատար երազներով:

Յիշատակն արդարոյն օրհնեալ եղիցի:

 

  ԱՂԱՒՆԻ ՖՍՏՔՃԵԱՆ

 

Նախորդը

Աւետաբեր Եւ Ժպտուն Բարի Լոյսի Դեսպանը*

Յաջորդը

Փաշինեան Կրկին Հակահայաստանեան Եւ Հակասփիւռքեան Յայտարարութիւններ Կ՛ընէ

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.