Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիահայութիւնը Սփիւռքին Համար

Փետրուար 4, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Սփիւռքահայ անհատը քաղաքականացման իր լաւագոյն եւ ամէնէն յառաջդիմական միջավայրը գտած է սփիւռքի հայրենամերձ գաղութներուն մէջ: Այդ գաղութները ցարդ եղած են քաղաքական մեր մտածողութեան եւ զարգացումի հնոցները: Հոն են քաղաքականացման կեթոները: Հոն, օրինակի համար, գաղափարական բախումները լայն դաշտ բացած են քաղաքական կենսունակութեան եւ գիտակցութեան մեր զարգացումին:  Կուսակցական միջակութիւններէն մինչեւ յառաջացած միտքերու ինքնութիւնը, նոյնիսկ` հակակուսակցական ըլլալու ուժականութեամբ, հարստացած են այդ միջավայրին մէջ:

Բարեբախտաբար հայկական սփիւռքը կեթոներ ստեղծելու առաւելութիւնը ունեցած է Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ: Դժբախտաբար Արեւմուտքի սփիւռքեան քաղաքական մեր մտածողութիւնը տակաւին չէ գտած քաղաքական ուժականութեան այս գաղտնիքը: Նախ, որովհետեւ արեւմտեան այս գաղութներուն մէջ միջպետական եւ յարաբերութիւններու եսամոլ սահմանափակումներէն անդին չենք կրցած անցնիլ քաղաքական մեր տրամաբանութեան մէջ, նաեւ դիւանագիտական մեկնաբանութիւններով միայն սահմանած եւ արժեւորած ենք Հայ դատ ըսուածը եւ հայուն քաղաքական գործը:

Ընդունինք, որ Միջին Արեւելքի կորովի եւ սփիւռքի հիմնական խարիսխներէն եղած է սուրիահայ գաղութը: Հոն հայերէնը իր փողոցը ունեցած է: Հայերէն խօսող, հայերէն մտածող եւ հայերէն արտադրող սփիւռքի հիմնական պատսպարը` սուրիահայ գաղութը, սփիւռքի հիմնական բաղկացուցիչ մասնիկը եղած է իր կազմակերպական եւ քաղաքականացման կեանքով: Իր ընթացիկ առօրեայով իսկ սուրիահայութիւնը երաշխաւորած է սփիւռքի քաղաքական գոյութիւնը, որովհետեւ այդ գոյութիւնը, դիւանագիտական յարաբերութիւններէն անդին, ներքին պատկանելիութեան նիւթ եղած է եւ` քաղաքական գոյատեւման ու զարգացման բնական ընթացքը, որ կը սահմանուի սփիւռքին համար: Աւելի դիպուկ խօսքով` քաղաքականացման կեդրոններ եղած են հայրենամերձ մեր գաղութները, ուր հայ անհատը իր քաղաքական կեանքը շաղկապուած գտած է իր  առօրեային հետ: Մնացածը Արեւմուտքէն եկող դիւանագիտութիւնն է եւ շատ ալ կապ չունի քաղաքականացման մեր գործին հետ:

Այս մեկնակէտով պէտք է նայիլ հայրենամերձ գաղութներու արժէքին եւ անոնց ներկայ տագնապին: Պէտք է ընդունիլ, որ այդ տագնապը դիմագրաւելու համար նախ պէտք է համակերպիլ երկրի իշխանութեան հետ, ինչ տեսակ իշխանութիւն ալ ըլլայ անիկա: Սփիւռքի քաղաքականացման եւ գոյութեան ճակատագիրն է ասիկա: Սուրիահայութեան գոյութիւնը եւ քաղաքականացումը, վերջապէս, տեղայնական ուժգնութիւն է, գոյատեւման համակերպում մը,  որ պէտք չէ շփոթել սփիւռքի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հետ:

Սփիւռքի բազմաւորութիւնը, կամ բազմակազմակերպուած գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ներքին յարաբերութիւններն ու մանաւանդ Սուրիոյ նման հայրենամերձ գաղութներու ներամփոփ քաղաքական ուժականութիւնը յատուկ երեւոյթ մը կու տան անոր ազգային գոյութեան եւ, յատկապէս, սփիւռքեան պարունակով` անդրազգային իր իրավիճակին:

Տեղին է աւելցնել, որ սփիւռքի ներկայ գոյութիւնը հորիզոնական իր կառուցուածքին մէջ ընդունիլը կարեւոր է: Կարելի չէ այդ գոյութիւնը բարելաւել կառուցային տարբեր դասաւորումով մը: Իր ներքին, աւելի ճիշդ` գաղութներու կամ համայնքներու հորիզոնական շաղկապուածութեամբ միայն կարելի է արժեւորել հայկական սփիւռքի կառուցուածքը: Հայը չի կրնար աւելի կազմակերպուած եւ աւելի իրաւական երեւոյթ ունենալ կեդրոնաձիգ կամ նուիրապետական դասաւորումով մը:

Քաղաքական մեր մտածողութեան մէջ ամէնէն կարեւորը նախ ճանչնալն է հայկական սփիւռքը` իբրեւ սփիւռք ինքզինք կազմակերպելու կարողութեան մէջ: Մեր քաղաքական ներկայ դրուածքը նախ կը թելադրէ, որ սփիւռքը` իբրեւ ոչ երկիր համակարգ, չի կրնար յենիլ անհատներու վրայ` իբրեւ բաղկացուցիչ մասնիկները իր հաւաքականութեան, եւ ոչ ալ նուիրապետական է իր կառուցուածքով: Այլ խօսքով, գաղութները եւ համայնքները, օրինակ` սուրիահայ համայնքը, այսպէս ըսուած, քաղաքական հիմնական բաղկացուցիչ միաւորներն են սփիւռքի համակարգային մեր հասկացողութեան մէջ:

Սփիւռքի ներկայ բազմաթիւ եւ բազմատեսակ փոփոխութիւններուն մէջ պէտք է նաեւ անդրադառնալ, որ կազմակերպութիւնները, եւ յատկապէս` կուսակցութիւնները, ուժական աւանդութիւններ ունին, եւ այդ աւանդութիւններու պատմական արժէքը լաւագոյն երաշխիքն է փոփոխութիւններու մարտահրաւէրը դիմագրաւելու:

Սփիւռքի բազմաւորութիւնը, կամ բազմակազմակերպուածութիւնը ինքնին բնական դասաւորում մըն է` իր գոյութիւնը երաշխաւորող: Գաղութներու եւ կազմակերպութիւններու բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ միջգաղութային եւ ներքին հորիզոնական յարաբերութիւնները կառուցային իմաստ ունին եւ կը պահեն սփիւռքի գոյութիւնը երաշխաւորող քաղաքական դիմագիծը:

Վերջապէս, հորիզոնական այս կառոյցին մէջ սուրիահայ գաղութը, իր ներքին ուժականութեամբ, քաղաքական հիմնական բաղկացուցիչներէն է ամբողջ սփիւռքին համար եւ, հետեւաբար, այդ գաղութը պէտք չէ կորսնցնէ իր քաղաքական գոյութեան եւ զարգացման կենսունակութիւնը, որովհետեւ ասիկա հիմնական հարց է հայկական սփիւռքի գոյատեւման համար:

 

 

Նախորդը

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԽԴ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Պճեղ Մը Ժպիտ. «Պէտք Չունիք Բախտագուշակի Դիմելու…»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?