39 Տարի Առաջ, Այսօր. Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Պէյրութի մէջ, 39 տարի առաջ այսօր` 31 յունուար 1986-ին, դաշնակցական նուիրեալներ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէրպէրեան եւ Ներսէս Խիւտավէրտեան զոհ գացին անարգ ոճիրի մը, իսկ Յակոբ Պարսումեան առեւանգուեցաւ: Վատ ոճիրը տեղի ունեցաւ Ուաթ-Ուաթ թաղի «Ալեք Մանուկեան» ակումբին առջեւ, գիշերուան ժամը 9:10-ին, երբ չորս ընկերները ՀՅԴ կեդրոնական «Արա Երեւանեան» ակումբէն քալելով իրենց տուները կ՛ուղղուէին: Անծանօթ զինեալներ փորձեցին ինքնաշարժով առեւանգել զանոնք, սակայն...











