Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննա Ասատրեան Եւ Արարատ Աղասեան (ԼԵ). Երկու Յատկանշական Հրատարակութիւն

Փետրուար 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Այս երկու ականաւոր եւ բազմավաստակ արուեստաբաններու ստեղծագործական կեանքը անխուսափելիօրէն իրարու կապուած կը թուի ըլլալ: 2003-էն ի վեր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէր ԳԱԱ թղթակից անդամ, դոկտ. փրոֆ. Արարատ Աղասեանը, իսկ փոխտնօրէնի պաշտօնը վստահուած էր դոկտ. փրոֆ. Աննա Ասատրեանին: Երբ 2021-ին տարիքի բերումով Արարատ Աղասեանը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, անոր փոխարէն տնօրէն ընտրուեցաւ եւ նշանակուեցաւ Աննա Ասատրեանը, իսկ փոխտնօրէնի պաշտօնը վստահուեցաւ Արարատ Աղասեանին: Այս մէկը պատահական երեւոյթ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ նախ` անոնք միասնաբար տարիներէ ի վեր կը խմբագրեն ու կը հրատարակեն հայ իրականութեան մէջ ամէնէն բարձրորակ ակադեմական բնոյթի «Արուեստագիտական հանդէս»-ը եւ ապա անխափանօրէն ու նոյն խանդավառութեամբ կը շարունակեն իրենց գործակցութիւնը ի նպաստ հայ կերպարուեստին եւ առհասարակ հայ մշակոյթին: Անոնք նոյնի՛սկ համահեղինակ են նաեւ յատկանշական գիրքի մը` «Հայ-ռուսական գեղարուեստական առնչութիւնների պատմութիւնից» հատորին (Սանթ Փեթերսպուրկ): Տրուած ըլլալով, որ անոնց ստեղծագործական կեանքը ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, թէեւ այս պարագային կարելի է բաւարարուիլ այսքանով, սակայն որովհետեւ իմ ստեղծագործական կեանքիս մէջ անոնք իրենց հետքը ձգած են, ստորեւ կու տամ պատասխանը այն հարցումին, զոր Մովսէս Ս. Հերկելեանի ծննդեան 75-ամեակին առիթով տրուեցաւ իրեն.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ դեր է ունեցել ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկը ձեր կեանքում:

«Մ. Հ.- 1995 թուականը յատկանշական եւ ճակատագրական տարի էր ինծի համար: Այդ տարին երեք գործընկերներու` Մհեր Սահակեանի, Ռուբէն Աւագեանի եւ յատկապէս Հենրիկ Իգիթեանի հետ նոր հիմնած էինք «Նոա՛զ արք» ցուցասրահը, որ ինքնին լուրջ յանձնառութիւն կ՛ենթադրէր: Իսկ երբ ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկին մէջ Լեւոն Հախվերդեանի կողմէ ընդունուեցայ իբրեւ ասպիրանտուրայի ուսանող, պատասխանատուութիւնս աւելի լրջացաւ, մեծցաւ ու… դժուարացաւ: Թէեւ նոր եւ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը կը սկսէր ինծի համար, սակայն մեծապէս քաջալերական էր Արարատ Աղասեանի հետ խիստ մասնագիտական գործակցութիւնն ու միաժամանակ անոր ցուցաբերած ջերմ վերաբերմունքը: Եւ քանի մը տարուան ընթացքին ոչ միայն արուեստի գնահատման չափանիշներս փոխուեցան ու աճեցան, այլ նաեւ ես դարձայ աւելի խստապահանջ նախ ես իմ, եւ ապա առհասարակ ամէն տեսակ արուեստներու ու արուեստագէտներու նկատմամբ: Եւ հասկցայ, որ միայն բծախնդիր ու յարատեւ աշխատանքով կարելի է նուաճել այս մարտահրաւէրը: Ակամայ լծուեցայ գործի, որմէ ոչ միայն շատ բան սորվեցայ, այլ նաեւ կրցայ գնահատել աշխատանքի արդիւնքէն ստացած հոգեկան գոհունակութիւնս: Այս մէկը առաջին դասս եւ նուաճումս եղաւ` ստացուած ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկէն: Երկրորդը տեղի ունեցաւ 2019-ին, երբ արդէն ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի տնօրէնը Աննա Աստրեանն էր, իսկ փոխտնօրէնը` Արարատ Աղասեանը: Անոնք հրաւիրեցին զիս Արուեստի հիմնարկ եւ առաջարկեցին, որ նախ մաս կազմեմ «Արուեստագիտութեան հանդէս»-ի խմբագրութեան եւ միաժամանակ աշխատակցիմ անոր:

Ճիշդ է, որ երբ յօդուածներ կը ստորագրեմ օտար լեզուներով միջազգային պարբերականներու մէջ («Fine Art Magazine»» (Նիւ Եորք, անգլերէն),«Luxe-Immo» (Մոնաքօ, անգլերէն, ֆրանսերէն), L.I.ART (Փարիզ, Լոնտոն, Մոսկուա, Նիւ Եորք, Մոնաքօ, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն), բայց այս մէկը եւս համեմատաբար աւելի լուրջ աշխատանք կ՛ենթադրէ, սակայն եթէ նկատի առնենք, որ «Արուեստագիտութեան հանդէս»-ը կը հրատարակուի քանի մը լեզուներով (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն), եւ խմբագրական կազմը կը բաղկանայ նուազագոյնը դոկտորական վկայականի տիրացած արուեստաբաններէ եւ նախատեսուած` յատկապէս մասնագէտ ընթերցողներու համար, այս մէկը շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէր: Այնուամենայնիւ, թէեւ յատուկ յանձնառութեան տակ կը մտնէի, սակայն սկսայ հաճոյքով կատարել այդ աշխատանքը…:

«Այնպէս որ, ԳԱԱ Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի երկու տնօրէնները երկու անգամ կեանքս կը վերանորոգէին ու կ՛իմաստաւորէին, որուն համար ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ…»:

***

Ստորեւ կը փորձեմ հակիրճ կերպով ներկայացնել յիշեալ երկու վաստակաշատ արուեստաբաններուն վերջերս հրատարակուած երկու աշխատութիւնները, որոնք իրենց որակով ու բովանդակութեամբ անկասկած որ ոչ միայն կը հարստացնեն հայ մշակոյթը, այլ նաեւ կը նպաստեն անոր զարգացման ու տարածման:

Ա.- «Յովհաննէս Չեքիջեան (Ստեղծագործական կեանքը)», հեղինակ` Աննա Ասատրեան, խմբագիր` Արարատ Աղասեան (անգլերէն):

Շուրջ հինգ հարիւր էջերէ բաղկացած այս գեղատիպ պատկերագիրքը իր փաստավաւերագրական բնոյթով ընդհանուր գաղափար մը կու տայ Չեքիջեան երաժիշտի ըլլայ ստեղծագործական թէ կատարողական արուեստին մասին:

Որովհետեւ ինքզինքս ատակ չեմ զգար ակադեմական բնոյթի այս հատորին արժեւորումն ու անոր համապատասխան գնահատումը կատարելու, դիմեցի իմ լաւագոյն ընկերներէս Պետրոս Շուժունեանին, որ ոչ միայն համաքանատական առումով գնահատուած ու փնտռուած յայտնի անուն մըն է, այլ վերջին տարիներուն անոր ստեղծագործութիւնները դուրս գալով Հայաստանի եւ հիւսիսամերիկեան սահմաններէն` սկսած են հնչել նաեւ Փարիզի եւ Ժընեւի նման արուեստի կեդրոն հանդիսացող քաղաքներու մէջ: Աննա Ասատրեանին հեղինակած եւ Արարատ Աղասեանին խմբագրած «Յովհաննէս Չեքիջեան» պատկերագիրքին առիթով հետեւեալը կը գրէ «Չեքիջեանական արուեստի անցած ճանապարհին» մասին.

«Հայը երգ ու երաժշտութիւն սիրող ժողովուրդ է, եւ դա անվիճելի փաստ է: Հազարամեակների պատմութեան ընթացքում երգը մշտապէս ուղեկցել է մեր առօրեային, եղել մեր ոգեշնչման ու ինքնութեան անբաժանելի մասը: Չի կարելի զարմանալ, որ այսօր Հայաստանը յաճախ անուանում են ձայնի «Չինաստան»` ընդգծելով, թէ որքա՛ն մեծ տեղ է զբաղեցնում երգեցողութիւնը մեր երաժշտական կեանքում:

«Յովհաննէս Չեքիջեանի անցած ճանապարհը եզակի երեւոյթ է մեր մշակութային պատմութեան մէջ: Նրա ստեղծագործական ուղին սկսուեց մի ժամանակաշրջանում, երբ խորհրդային իշխանութիւնները տրամադրեցին արուեստի զարգացման ամուր հիմքեր: Չնայած քաղաքական ու գաղափարական սահմանափակումներին` այդ ժամանակաշրջանի արուեստն ապրեց ծաղկուն շրջան, եւ հայ երաժշտութիւնը կարողացաւ հիացնել միջազգային բեմերը:

«Յովհաննէս Չեքիջեանը` Փարիզի երաժշտանոցի փայլուն պատրաստուածութեամբ երաժիշտ, որոշեց իր կեանքն ու տաղանդը նուիրել հայրենիքին: Նրա վերադարձը Հայաստան ընդունուեց մեծ խանդավառութեամբ, եւ նա ստացաւ հնարաւորութիւններ, որոնց շնորհիւ կարողացաւ իր ողջ կարողութիւնները ներդնել հայ երգարուեստի բարգաւաճմանը:

«Չեքիջեանի աշխատանքային ոճը, խորհրդային համակարգի շնորհիւ, դարձաւ բացառիկ արդիւնաւէտ եւ բերեց բարձրակարգ արդիւնքներ: Սակայն նրա ստեղծագործական ուղու ամենակարեւոր հանգրուաններից մէկը Կոմիտասի երգարուեստի մեկնաբանութեան մեջ արուած յեղափոխական մօտեցումն էր: Սա աննախադէպ երեւոյթ էր, որը մինչ օրս հիացնում է ունկնդիրներին:

«Չեքիջեանը աշխատելով տաղանդաւոր երգիչների հետ` իր մեկնաբանութիւնների մէջ ներառեց անսահման երեւակայութիւն եւ ստեղծեց անմոռանալի երաժշտական կատարումներ: Թէեւ ես անձամբ ամբողջութեամբ ծանօթ չեմ նրա երգացանկին, բայց վստահ եմ, որ դասական երաժշտութեան գլուխ գործոցները միշտ էլ եղել են նրա ուշադրութեան կենտրոնում:

«Աննա Ասատրեանի հեղինակած այս յուշագիր-պատկերագիրքը` նուիրուած Չեքիջեանի անցած ճանապարհին, վկայում է նրա անսպառ նուիրուածութիւնը հայ երաժշտութեանը: Յոյս ունեմ, որ մայեսթրոն արդէն պատրաստել է իր գործի շարունակողին, որպէսզի այս տիտանական աշխատանքը շարունակուի եւ փոխանցուի նոր սերունդներին»:

Պետրոս Շուժունեան

Բ.- Արուեստի պատմութիւն (կերպարուեստ): Հեղինակ` Արարատ Աղասեան, խմբագիր` Արմէն Աւանեսեան:

Երեք հատորներու (իւրաքաչիւրը` 254 էջ) մէջ ամփոփուած այս հրատարակութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինն է, որ լոյս կը տեսնէ Հայաստանի մէջ` իբրեւ հեղինակային դասագիրք, ուր զուգահեռաբար ներկայացուած են նաեւ հայ կերպարուեստի տարբեր շրջանները` համեմատական կարգով ու համապատասխան տարողութեամբ: Խորհրդային շրջանին կը գործածուէին առհասարակ խորհրդային ուսանողներու համար պատրաստուած արուեստի պատմութեան յատուկ դասագիրքեր, որոնց մէջ հայ մշակոյթի գրեթէ ակնարկութիւն չկար: Այս մէկը օժտուած է նաեւ ժամանակակից արհեստագիտութեամբ, ուր ընթերցողը հնարաւորութիւն ունի դիտելու իւրաքանչիւր թեմայի համապատասխան վաւերագրական ժապաւէններ` պատրաստուած յատուկ մասնագէտներու կողմէ, որոնք շահաւէտ են յատկապէս արուեստի ուսանողներու համար: Այս հրատարակութեան առաջին երկու հատորներուն բովանդակութիւնը ծանօթ է մեր ընթերցողներուն: Իսկ երրորդ հատորը կը բաղկանայ երեք գլուխներէ.

Գլուխ Ա.- Այս բաժինին մէջ նկատի առնուած են «Քսաներորդ դարու արեւմտեան կերպարուեստի հիմնական ուղղութիւնները» միայն, որովհետեւ յիշուող ուղղութիւններու յարակից արուեստի միւս շարժումներու դերն ու նշանակութիւնը համեմատաբար նուազ են արուեստի պատմութեան համար: Այս բաժինը կը սկսի «Ֆովիզմ»-էն ու «Կուբիզմ»-էն ու կը հասնի մինչեւ «Լենտ-արթ» ու «Գրաֆիտի»:

Գլուխ Բ.-ը նուիրուած է «Քսաներորդ դարու ռուսական կերպարուեստ»-ին, որովհետեւ սկզբնական շրջանին Ռուսիոյ մէջ էր, որ սաղմնաւորուեցան «աւանկարտիստական» բնոյթի արուեստի ուղղութիւններէն շատեր եւ ապա միայն մուտք գործեցին Եւրոպա ու տարածուեցան դէպի ամերիկաներն ու աշխարհով մէկ: Իսկ խորհրդային ժամանակաշրջանի ռուսական եւ հայկական կերպարուեստի առնչութիւններն ու փոխազդեցութիւները ակնյայտ են ու շօշափելի:

Գլուխ Գ.– Այս բաժինը թէեւ դրուած է «Հայաստանի կերպարուեստը քսաներորդ դարում» խորագիրի տակ, սակայն նկատի առնուած է 1918-2000-ի միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը, որովհետեւ անկէ առաջ Հայաստանի մէջ նկատառելի կերպարուեստ չենք ունեցած:

Բարեբախտաբար վերջին տասնամեակներուն ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ սփիւռքի տարածքին հրատարակուած են եւ կը շարունակեն հրատարակուիլ բազմաթիւ նմանօրինակ պատկերագիրքեր, սակայն մեզմէ յաւելեալ ճիգ եւ ներդրում կը սպասուի, որովհետեւ մեր թշնամին շատ աւելի լայն հնարաւորութիւններ ունի ու ծրագրուած կերպով աշխատանք կը տանի մեր մշակոյթի տարբեր տեսակները իւրացնելու եւ իբրեւ իրը տարածելու, քան` մենք մերը… Եւ տրուած ըլլալով, որ մրցակցութիւնը մեր օրերուն շատ աւելի բուռն է ու բարդ, քան` անցեալին, եւ տրուած ըլլալով, որ մենք ունինք համեմատաբար շատ աւելի հարուստ ու բարձրորակ մշակոյթ եւ չունինք համապատասխան քանակով ու որակով արուեստաբաններ, հարկաւոր է լրջութեամբ մօտենալ այս հարցին` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին:

Մոնրէալ, դեկտեմբեր 2024

Նախորդը

Խօսքը Հակակշռելու Արուեստը` Լեզուի Սանձումը

Յաջորդը

Տոնչիչ – Տէյվիս Անակնկալը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?