ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ
Մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր եւ տխրագոյն այս օրերուն, յանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Լիբանանի բոլոր դաշնակցական ընկերներուն, հպարտութեամբ կ՛ողջունեմ ձեզ` հաւատաւոր ներկաներ թէ ընկերային ցանցերու միջոցով հետեւողներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ կրօնաւորներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ ու նախարարներ, պետական պաշտօնատարներ, Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, ՀԲԸՄ-ի, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու, հաւաքական մեր կեանքին առնչուող տարբեր կազմակերպութիւններու գործունեայ անդամներ եւ հաստատութիւններու, դպրոցներու տնօրէններ, ուսուցիչներ, դասախօսներ, մտաւորականներ, ուսանողներ, աշակերտներ, պատանիներ, երիտասարդներ, ազատ ասպարէզի գործատէրեր, պաշտօնեաներ, քրտնաթոր բանուորներ ու մշակներ, երէց սերունդի օրհնաբեր ներկայացուցիչներ, հայրենակիցներ, հեռաւոր եւ մօտիկ շրջաններէ եկող համակիրներ, ընկերներ:
Այս բոլորէն անդին, յատուկ ողջոյն ձեզի` Լիբանանի եւ հայութեան պաշտպանութեան համար նահատակ աննման տղոց յաղթական ընտանիքներ:
Ճգնաժամային այս օրերուն միասին ենք ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 134-ամեակի տօնակատարութեան` անգամ մը եւս փաստելու մեր միակամութիւնը, զօրակցութիւնը, վճռակամութիւնը եւ վերանորոգելու տասնամեակներու հաւատքը ժողովուրդէն ծնած ժողովուրդին պատկանող ու անոր ծառայութեան լծուած այս կուսակցութեան:
Տարօրինակ է, գրեթէ անհաւատալի` ՀՅԴ-ի պատմութիւնը:
Կուսակցութիւն, որ 134 տարի շարունակ հալածանքի ենթարկուած է, իր լաւագոյն տղաքը նահատակուած են, ուրիշներ` բանտերուն մէջ կացինահարուած, այլ երիտասարդներ ջահը բարձր պահելով` պայքարը շարունակած:
Դաշնակցութիւնը սովորական հասկացողութեամբ նոյն գաղափարին հաւատացող անհատներու հաւաքականութիւն չէ միայն:
Դաշնակցութիւնը գաղափարական շարժում եւ ծրագիր չէ միայն:
Դաշնակցութիւնը կազմակերպութիւն եւ կանոնագիր չէ միայն:
Դաշնակցութիւնը քաղաքական ու միաժամանակ յեղափոխական կուսակցութիւն չէ միայն:
Դաշնակցութիւնը ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովուրդներու ազատագրութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան ջատագով կուսակցութիւն չէ միայն:
Դաշնակցութիւնը այս բոլորն է:
Բայց աւելի՛ն է:
Դաշնակցութիւնը հաւատք է, համոզում է, ոգի է ու հոգի, Դաշնակցութիւնը արժանապատիւ կեանք է:
Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին բազկերակն է ու ժողովուրդին պաշտպանը:
Ու ճիշդ այս պատճառով Դաշնակցութեան օրը միայն դաշնակցական կուսակցական ընկերներու տօնը չէ, այլ համաժողովրդային տօն է:
Եւ որովհետեւ Դաշնակցութիւնը սաւառնող ոգի է, ան չի սահմանափակուիր միայն իր կուսակցականներով, այլ մանաւանդ` ժողովրդային զանգուածներով, որոնք կրնան շարքային կուսակցական չըլլալ, բայց ըլլալ նոյնքան եւ երբեմն ա՛լ աւելի դաշնակցական, խորապէս ապրող Դաշնակցութեան գաղափարական ուժը, քաղաքական ուղղութիւնը, զոհաբերելով անոր համար եւ դառնալով ազատ մտածողութեան, անկաշկանդ ինքնուրոյնութեան եւ անհատականէն անդին` ազգային հաւաքական շահերը պաշտպանող հայ, ոչ թէ դաշնակցականամէտ, այլ` դաշնակցական:
Այս այսպէս է, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կուսակցութիւնն է, որուն համար Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր են, եւ ինք փաստած է ու կը շարունակէ փաստել, որ ոչ միայն ի վիճակի է, այլ նաեւ պատրաստ` անսահման զոհողութեան:
Հայաստանէն Լիբանան ու Սուրիա եւ այլապէս սփիւռքեան մեր գաղութները ու բռնագրաւեալ հողերու թէ Պոլսոյ մէջ ապրող հայութիւնը` բոլորս ալ կ՛ապրինք պայթունավտանգ ու անորոշ պայմաններու մէջ:
Ժամանակներու արագ փոփոխութեան, արժէքային համակարգի կանխամտածուած քանդումին, անհատը բացարձակ արժէք ներկայացնելու եւ հաւաքականութիւնը վտանգ սեպելու, ընկերային ցանցերու ծրագրուած արտառոցութիւններու` ազատութեան պատրուակին տակ, թափանցիկութեան եւ «առարկայականութեան» կարգախօսներու ժամանակաշրջանը կ՛ապրի համայն աշխարհը, որպէսզի տիրեն դրամագլուխը, նիւթապաշտութիւնը, եւ հանգիստ ու բարօր կեանքի խոստումներով քանդուին` նման գործընթացի մը դիմաց թումբ կանգնող գաղափարական ուղղութիւնները, սկզբունքային կեցուածքները, հաւաքական ներշնչումները, ազգայինի հաւատամքը, հայրենիքի արժէքը, անկախութեան գաղափարը, եկեղեցին, կրթական համակարգը, մշակոյթը, ընտանիքը, աւանդութիւնները: Հիմնական նպատակը` մարդը պարպել իր մարդկայնութենէն` զայն վերածելով անբան արարածի, թիւի, մեքենայի, սպառող էակի, որուն միակ նպատակը պէտք է ըլլայ ապրիլ ուրիշին կողմէ ծրագրուած ձեւով` իբրեւ ստրուկ, կամ այնպիսի մտածելակերպով, որ միայն կ՛ունենայ մէկ ուղղութիւն, այն, ինչ որ սահմանուած է տնտեսական-ելեւմտական աշխարհատիրական սեղմ սակաւապետութեան կողմէ:
Այս վտանգը համաշխարհային է, համատարած, որուն զոհն են հայութիւնն ու Հայաստանը:
Անհոգ եւ եսակեդրոն տրամաբանութիւնը կ՛ուղղէ անմիջապէս ընդունելու զայն, յանձնուելու եւ երբեմն ալ ջատագովելու անոր «առաւելութիւնները», ինչպէս որ յաճախ կը լսենք Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ:
Փաստօրէն Հայաստանի իշխող խմբակը այս քանդիչ ուղղութեան լաւագոյն փաստը կը շարունակէ տալ գրեթէ ամէնօրեայ հեւքով:
«Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարող, ապա զայն Ազրպէյճանին յանձնող իշխանաւորը կը շարունակէ հարուածել մեր ժողովուրդի գոյութեան հիմերը եւ նոյնիսկ կրնայ վաղը կասկածի տակ դնել անոր հայկական արմատները:
Արցախը յանձնելէ եւ պարտութիւնը միայն արցախցի ժողովուրդին ու նախկիններուն վրայ բեռցնելու հնամաշ ճարպիկութենէն ետք, խնդրոյ առարկայ դարձան` հայութեան, համայն հայութեան համար սրբազան արժէքներ, Ս. Էջմիածինն ու եկեղեցականները, սրբութիւն սրբոց Արարատը, Հայաստանի զինանշանն ու եռագոյնը, Հայաստանի տարածքը, նահատակներու թափած արիւնը:
Հայոց պատմութիւնը վերածեցէք Հայաստանի պատմութեան: Ու կը գրուի նոր պատմութիւն:
Պառակտեցէք սփիւռքը, ու Հայաստանը կը դառնայ միայն հոն բնակող հայերու հայրենիքը եւ ոչ թէ` համայն հայութեան հայրենիքը:
Ինչո՞ւ կոչել հայոց մարտունակ բանակ, ճիշդը Հայաստանի պաշտպանութեան բանա՛կն է:
Վերցուցէ՛ք ազգային բառը, ու գրիչի շարժումով կը վերցուի ազգայինը` Հայաստանը վերածելով զուտ քաղաքացիական ընկերութեան:
Արցախի հարցը փակուած է, արդէն Արցախը Հայաստանի հարցը չէր: Ու այդպէս եղաւ:
Մենք հողային պահանջ չունինք Թուրքիայէն:
Պէտք է հաշուել Ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը: Նոյնիսկ պէտք է ցանկագրել Ցեղասպանութեան զոհերուն անունները:
Ապա` Ցեղասպանութեան նիւթը օրակարգի առաջնահերթութիւն չէ: Վաղը երբեք օրակարգի նիւթ պիտի չըլլայ:
Ու հասան իշխանաւորն ու իր խունթան Ցեղասպանութիւնը քննելի նիւթի վերածելու համարձակութեան` մեկնելով պատճառահետեւողութեան «առարկայական» մօտեցումէն:
Դէ ե՛կ, վարդապետ, ու մի՛ ցնորուիր:
Այո՛, Սթանպուլն ու Պաքուն ամէն պատճառ ունին ձեր ոսկեայ արձանները կանգնեցնելու իրենց պերճագոյն հրապարակներուն վրայ:
Ու դեռ սպասե՞լ:
Սպասե՞լ, որ անվերադարձ կերպով քանդուի միտքը ու ստրկանայ, հայ մարդը պարպուի իր հաւատքէն եւ պայքարելու մարտունակութենէն ու վերածուի դիակի` իրեն հետ Հայաստանն ու հայութիւնն ալ պատմութեան անցընելով:
Համաշխարհային եւ շրջանային քաղաքական փոփոխութիւնները, հեռու` ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու, միջազգային օրէնքի եւ ընդունուած սկզբունքներու համակարգէն, բնականաբար նոր իրավիճակ կը ստեղծեն հայութեան եւ Հայաստանի համար, յատկապէս` միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ, ի յայտ բերելով տարիներու երկայնքով արդէն իսկ նախատեսուող վտանգաւոր կացութիւններ, ուժերու նոր դասաւորումներ ու թրքական յաւելեալ սադրանքներու իրողութիւններ:
Լիբանանը զերծ չի կրնար մնալ իրականացուող այս նոր ծրագիրէն:
Մեր տեւական քննադատութեան եւ զգուշացումներուն առարկայ դարձած փտածութեան, ապօրինի հարստացման, ընկերային ապահովութեան եւ արդարութեան բացակայութեան, լիբանանեան հայրենիքի, լիբանանցի քաղաքացիի տիպարի սխալ ըմբռնողութեան, պետական հասկացողութեան տկարութեան, ամէն մակարդակի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ընտրական բարեկարգումներու անհրաժեշտութեան նկատմամբ անտարբեր մօտեցումով ընդհանուր գործընթացը, եւ դեռ` Իսրայէլի ոճրային ծրագիրները, ախորժակներն ու յարձակումները, երկիրը դրին գահավէժ ընթացքի մէջ` անկէ խլելով իր լաւագոյն տարրերը, ընդհանրական հարստութիւնը, գոյատեւելու նուազագոյն նախադրեալները:
Այսօր, հակառակ համատարած քանդումին եւ հսկայական դժուարութեանց, երկիրը նոր յոյսի եւ նոր հորիզոնի դիմաց կը գտնուի:
Երկխօսութեամբ, զէնքէ հեռու, զգօնութեամբ, համախոհութեամբ եւ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութեամբ Լիբանանի դէմ ցցուող հարցերը լուծելու ՀՅԴ-ի վարքագիծը եւ զայն լիբանանեան այլ կողմերու մօտ տարածելու մեր հետեւողական աշխատանքը նպաստեց զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահի պաշտօնին ընտրութեան, որուն քուէարկեցինք համոզումով եւ քաղաքական արթնութեամբ: Նոյնը` նոր վարչապետի անուանումին պարագային:
Այսօր կը գտնուինք քաղաքական փուլի մը դիմաց, որ մեզմէ կը պահանջէ` անսահման արթնութիւն, հաւաքական գիտակցութիւն, անհատական նեղ շահերու ապահովումէ հեռացում, բայց մանաւանդ` համաժողովրդային զօրակցութիւն:
Չենք ուզեր դարձեալ յիշեցնել, թէ ինչպէ՛ս տասնամեակներ շարունակ ՀՅԴ-ի Լիբանանի կազմակերպութիւնը ի՛նչ ներդրում ունեցած է Լիբանանի հայութեան անվտանգութեան, պաշտպանութեան, բարօրութեան պահպանման, տարբեր կարիքներու ապահովման թէ լիբանանահայութեան հայեցիութեան ամրապնդման մէջ:
Մեր ժողովուրդին յիշողութիւնը ամուր է տակաւին, ու վիրաւորական է այսօր դարձեալ, թէկուզ եւ` յիշեցման կարգով, մանրամասն անդրադարձ կատարել:
Կը մնայ սակայն ա՛յն, որ հակադաշնակցական ընդհանրական պայքարին մէջ, մեզի արդէն ծանօթ բամբասանքի, չարախօսութեան, վարկաբեկումի, հեղինակազրկումի, արժեզրկումի աւելորդաբանութեամբ, թեթեւամտութեամբ եւ իբր թէ նախանձախնդրութեամբ արտայայտուած կեցուածքներուն նկատմամբ ըլլանք զգօն, չիյնանք մեր դէմ լարուած ծուղակին մէջ:
1986 թուականի յունուար 31-ին, այսօրուան նման ու այս ժամերուն, Արեւմտեան Պէյրութի մէջ հակադաշնակցական եւ թրքաբարոյ վարձկաններու ձեռքով սպաննուեցան մեր ընկերները` Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանն ու Ներսէս Խուտավերտեան, եւ առեւանգուեցաւ Յակոբ Պարսումեանը: Հակադաշնակցական պայքարի շղթային մէկ օղակն էր այդ, ո՛չ առաջինը եւ ո՛չ վերջինը:
Ու եթէ երբեք այսօր ցարդ նմանօրինակ արարքներու ենթակայ չենք, սակայն զէնքը ձեւ ու ոճ փոխելով` կը շարունակէ հարուածել Դաշնակցութիւնը, կը շարունակէ հարուածել միտքը, հոգին, կամքն ու հաւատքը:
Բայց մենք որոշած ենք հաւաքաբար թումբ կանգնիլ նման վտանգներու դիմաց:
Եւ ահա թէ ինչո՛ւ:
Թիրախը հայութիւնն է: Թիրախը սփիւռքն է եւ մանաւանդ` Լիբանանի հայութիւնը:
Հարուածելու համար Լիբանանի հայութիւնը, պէտք է նախ հարուածել Դաշնակցութիւնը, անոր մարտունակութիւնը, անոր կազմակերպական կարողութիւններն ու տոկալու վճռակամութիւնը, անոր միասնականութիւնը, քաղաքական վարքագիծը, գաղափարական հաստատակամութիւնը:
Պէտք է հարուածել Դաշնակցութիւնը, որ Լիբանանի հայութեան պաշտպանական վահանն է, պաշտպանութեան խրամատը եւ անսահման զոհաբերումի պատրաստ բանակը:
Հետեւաբար զէնքերու մէջ խտրութիւն պիտի չդրուի: Եթէ երբեք պայմանները ձեռնտու չեն ֆիզիքական հարուածի, ապա կը գործածուին տարբեր զէնքեր:
Մոլորեցնել, ստապատիր տեղեկութիւններ սպրդեցնել, ներքին պառակտումներու մասին խօսիլ, փոփոխութեան կարգախօսով կասկած տարածել, որոմ սերմանել, վարկաբեկել, վարկազերծել, հեղինակազերծել, նենգափոխել իրականութիւնները, քաղաքական ուղղութեան փոփոխութեան պահանջի արծարծում կատարել եւ դեռ ծանօթ ու անծանօթ աղբիւրներ օգտագործել` պարզապէս հասնելու համար Դաշնակցութիւնը հարուածելու, տկարացնելու ճամբով հայութիւնը հարուածելու:
Զգաստութեան պահն է այսօր:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նպատակը հայ ժողովուրդի բովանդակ շահերու պաշտպանութիւնն է: Եւ մենք` Լիբանանի մեր կառոյցը, տասնամեակներ ամբողջ փաստած ենք, թէ ինչպէ՛ս գիտենք պաշտպանել այդ շահերը:
Մենք, ընկերներս, բոլորս ալ դաշնակցականի երդում կատարած ենք մէկ ու նոյն Դաշնակցութեան ծրագիրին վրայ, եւ երդուած ենք ի հարկին կեանքի գնով պաշտպանել մեր ժողովուրդը:
Մեր քով դաշնակցականի տեսակներ չկան: Չկան աջ ու ձախ դաշնակցականներ, չկան արեւելամէտ թէ արեւմտամէտ դաշնակցականներ, չկան այս կամ այն քաղաքական ուժի կամ անձի կողմնակից դաշնակցականներ: Կարծիքներու բնական տարբերութիւնները ժողովրդավար Դաշնակցութեան մէջ կարելի չէ շահագործել պառակտում, սայթաքում կամ հակադաշնակցական վերաբերում տեսնելով մեր բոլոր ընկերներուն մօտ:
Այս խաղը չի յաջողիր:
Փորձուած է, ու խաղացողները դուրս են այսօր Դաշնակցութենէն:
Մեզի համար առաջնահերթը մեր ժողովուրդին շահերն են: Փաստը տուած ենք ցարդ, որ պատեհապաշտութիւնը, ժամանակաւոր շահերը, կեղծ յաղթանակները տեղ ունեցած են ո՛չ մեր քաղաքական գործունէութեան եւ ո՛չ ալ ժողովուրդին հետ մեր յարաբերութեան մէջ:
Հետեւաբար նման դաւադրական խաղեր խորթ են մեզի, եւ թելադրելի է, որ ճիգն ու ջանքը աւելի օգտակար, հայանուէր եւ կամքն ու մեր ժողովուրդի բարօրութեան, ապահովութեան զօրացման գործը առաջնահերթ նկատուի:
Վերջապէս, սիրելի ներկանե՛ր,
Երիտասարդնե՛ր,
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յեղաշրջող ուժ է: Հայութեան ճահճացած վիճակը յեղաշրջող ուժ եղած է ան:
Ստրկամտութիւնը, պատեհապաշտութիւնը, պարտուողականութիւնը, անձնատուութիւնը, թեթեւաբարոյ ընթացքը, քարոզչական ցուցադրականութիւնը, անցողակի արժէքները, մոլորեցնող երեւոյթները, այլասերումը, օտարացումը, ապազգային գաղափարաբանութիւնը, անհատապաշտութիւնն ու եսակեդրոնութիւնը ձաղկող ուժ եղած է Դաշնակցութիւնը:
Մեր ժողովուրդի ճակատագրորոշ այս պահուն դո՛ւք էք պաշտպանութեան առաջին խրամատը, ճակատամարտի առաջին կայազօրը:
Մի՛ խաբուիք սուտ եւ կեղծիք տարածող ձեր շրջապատէն:
Մի՛ տկարանաք ժամանակաւոր դժուարութեանց դիմաց ու մերժեցէք շահագործուիլ աչքի փոշի ցանող ծանօթ տարրերուն կողմէ:
Մեր յոյսն էք եւ լոյսը մեր ժողովուրդին:
Յիշեցէք ձեր նահատակ ընկերները, որոնց յաւերժ լուսաւոր շիրիմներուն վրայ դուք երդում տուիք շարունակելու սուրբ գործը:
Մի՛ տկարանաք, մի՛ վհատիք, մի՛ խաբուիք:
Մեր ժողովուրդը վստահած է մեզի:
Մենք պարտաւոր ենք բազմապատկել այդ վստահութիւնը` ինքնավստահութիւն փոխանցելով մեր ժողովուրդին:
Խիզախութեամբ, քաջութեամբ, հայութեան ցեղին ձայնը ձեր ականջին` բարձրացուցէք ջահը, խրոխտ ու հպարտօրէն, վերանորոգեցէք ձեր ուխտը` ծառայելու մեր ժողովուրդին եւ ստանձնելու անոր առաջնորդութիւնը:
Մեր բոլորին տօնը շնորհաւոր:
Իսկական տօնը, յաղթանակի տօնը, տօներուն տօնը պիտի տօնենք միասին անպայման, երբ պարտուի դաւադրութիւնը, ապազգային վարքագիծը, երբ վերադարձնենք ազգային արժեհամակարգը եւ ազգային գաղափարաբանութիւնը, երբ պարտուին սուտն ու կեղծիքը:
Պիտի տօնենք տօներուն տօնը,
Երբ պարտուի թրքացման քաղաքականութիւնը, եւ Հայաստանը վերադառնայ ամբողջ հայութեան, եւ բանակը դառնայ հայոց մարտունակ բանակ, վերադառնան Արցախը եւ մեր գրաւեալ հողերը:
Երազները կ՛իրականանան յարատեւ կռիւով:
Ու այս կռիւը անդադրում է, կռուելու կամքը` աննկուն, նահատակներուն արեամբ շաղախուած:
Ու այս կռիւը պիտի տանինք հայօրէն, միասնաբար, խիզախութեամբ:
Պիտի իյնանք, նորերը պիտի գան, բայց հայութեան ջահը անմար ու միշտ բարձր պիտի մնայ:
Եւ այդ ջահը Դաշնակցութեան բռունցքով բարձր պիտի մնայ` ձեզի՛ համար, համա՛յն հայութեան համար:
* Խօսք` արտասանուած ՀՅԴ 134-ամեակի տօնակատարութեան, 31 յունուար 2025-ին, Պէյրութ