Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը` Ճերըտ Կենսըր, «The Armenian Report»-ի հետ ունեցած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին իր պաշտպանեալին եւ միւս 15 հայերուն դէմ առաջադրուած մեղադրանքները «քաղաքական դրդապատճառներով առաջադրուած մեղադրանքներ» որակեց:
Ան ընդգծեց, որ դատավարութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան զինուորական դատարանին մէջ` անկախ բանտարկեալներու քաղաքացիական կարգավիճակէն, զուրկ են թափանցիկութենէ եւ անաչառութենէ:
Իբրեւ այս դատավարութիւններու հիմնական առանձնայատկութիւն` ան առանձնացուց հետեւեալ կէտերը.
– Դռնփակ գործընթաց. դատական լսումները տեղի ունեցած են փակ դռներու ետին` միայն ազրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներու մասնակցութեամբ: Արգիլուած եղած է միջազգային լրատուամիջոցներու եւ անկախ դիտորդներու մուտքը:
– Օրինական իրաւունքներու խախտում. Ռուբէն Վարդանեանին չէ արտօնուած իր փաստաբանին հետ կապ հաստատել. ան կարելիութիւն չէ ունեցած ծանօթանալու հիմնական իրաւական փաստաթուղթերուն, օրինակ` 400 էջնոց մեղադրական եզրակացութիւնը, որ գրուած է ազրպէյճաներէն, եւ որուն Վարդանեան չի տիրապետեր:
– Խոշտանգումներ. բանտարկուած ղեկավարները ենթարկուած են ֆիզիքական եւ հոգեբանական ծանր խոշտանգումներու, որոնց կարգին` մենախուց, ուտելիքէ եւ ջուրէ զրկում եւ մնայուն կերպով խիստ հսկողութեան պայմաններ:
Կենսըր ընդգծեց, որ այս դատավարութիւնները հայերու ինքնորոշման ջանքերը ճնշելու եւ տարածաշրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու աւելի ընդգրկուն ծրագիրի մը մէկ մասն են:
Ըստ Կենսըրի, Տանըլտ Թրամփի վերադարձը Սպիտակ տուն շրջադարձային է. ան յայտնեց, թէ ինք վստահ է, որ վարչակազմը պատրաստ է աւելի կոշտ քաղաքականութիւն որդեգրելու Ազրպէյճանի նկատմամբ, ներառեալ` հնարաւոր պատժամիջոցներ եւ դիւանագիտական ճնշում: Կենսըր կարեւոր նկատեց Թրամփի` նախապէս Արցախի մէջ ցեղային զտումներու դատապարտումը, ինչ որ կ՛ենթադրէ, թէ այդ հարցը անոր ղեկավարութեան ուշադրութեան կիզակէտը պիտի դառնայ:
Միացեալ Նահանգներու վերաբերող լաւատեսութեան լոյսին տակ Կենսըր հիասթափութիւն յայտնեց Վարդանեանի եւ մնացած բանտարկեալներու շահերու պաշտպանութեան հարցով Հայաստանի կառավարութեան սահմանափակ ջանքերուն վերաբերեալ: Ան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կոչ ուղղեց` աւելի աշխուժ դերակատարութիւն ցուցաբերելու միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը ներգրաւելու համար այս գործին մէջ:
Կենսըր նաեւ յորդորեց հայկական սփիւռքը` միասնութիւն ցուցաբերել եւ գործողութիւններ իրականացնել: Ան ներկայացուց յստակ քայլեր, որոնց կրնան նախաձեռնել անհատները եւ համայնքները, որոնց կարգին`
– Գրել յօդուածներ եւ փոխգործակցիլ լրատուամիջոցներու հետ` ընդլայնելու եւ բարձրացնելու հարցին մասին իրազեկութիւնը.
– Համագործակցիլ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ` կառավարութիւններու եւ կառոյցներու վրայ ճնշում գործադրելու համար:
«Այս պայքար է համընդհանուր մարդու իրաւունքներու համար: Խօսքը միայն հայերուն մասին չէ, խօսքը արժանապատուութեան եւ ազատութեան հիմնարար իրաւունքին մասին է», ըսաւ Կենսըր:
Հակառակ բացասական հանգամանքներուն` Կենսըր իր յոյսը չի կորսնցներ: Ան կը կարծէ, թէ միջազգային չդադրող քարոզչութիւնը եւ Ալիեւի վարչակարգին վրայ ահագնացող ճնշումները վերջապէս պիտի յանգեցնեն արդարութեան: Ան կ՛ընդունի Վարդանեանի եւ մնացած բանտարկեալներուն համար խիստ պատիժի հաւանականութիւնը, սակայն ան կը շեշտէ, որ այդպիսի գործողութիւններ յաճախ կը յառաջացնեն համաշխարհային զայրոյթ` ստիպելով բռնատէր երկիրներու առաջնորդներուն` վերանայելու իրենց կեցուածքը:
«Ռուբէն Վարդանեանի պատմութիւնը տոկունութեան վկայութիւնն է, եւ անիկա կը յիշեցնէ բոլորիս, որ արդարութեան համար պայքարը երբեք ապարդիւն չ՛ըլլար», եզրափակած է Կենսըր: