Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Իր Առաւելագոյնը Ի Սպաս Պիտի Դնէ Համահայկական Վերելքի Նախապայմաններու Ստեղծումին Եւ Իրագործման Համար*

February 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

Ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը կը յատկանշուի  համաշխարհային եւ տարածաշրջանային ուժերու միջեւ աճող լարուածութեամբ եւ թշնամական յարաբերութիւններով: Մարդկային իրաւունքի ոտնակոխում, ռազմական եւ ցեղասպանական գործողութիւններ, տեղահանութիւններ տեղի կ՛ունենան միջազգային ընտանիքին մեղսակցութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իշխող ուժի վարած սխալ ու արկածախնդիր արտաքին քաղաքականութեան պատճառով յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրադրութեան մը մէջ եւ գերտէրութիւններու հակադրութեան կիզակէտին է:

Այս համապատկերին մէջ հայ ժողովուրդը կ՛արձանագրէ իր պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջերէն մին:

Արցախի յանձնումէն ետք, 2025 թուականին Նիկոլ Փաշինեան շարունակեց իր ապազգային, յանձնուողական քաղաքականութիւնը` սպասարկելով թուրք-ազրպէյճանական շահերուն:

Հակառակ կատարուած բոլոր զիջումներուն, որոնցմէ վերջինը քանի մը օր առաջ Ցեղասպանութեան ուրացումն էր, Փաշինեանի խոստացած «խաղաղութիւնը» չկայ ու պիտի  չըլլայ: Իսկ այն, ինչ որ կը պատրաստուի, «խաղաղութիւն» չէ, այլ`  «Հայաստանի լիակատար անձնատուութիւն»:

Բոլորին ծանօթ են այն հակադիր սկզբունքային համոզումները, որոնք կը բնորոշեն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու Հայաստանի իշխանութիւնը: Այստեղ անոնք մէկ առ մէկ մանրամասնելը ժամանակի կորուստ եւ միեւնոյն ժամանակ շռայլութիւն պիտի ըլլար իշխանութեան հասցէին:

Մեր համոզումները ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ պարագայի համընկնեցան, եւ համընկնելու ո՛չ մէկ հաւանականութիւն կայ:

ՀՅԴ-ի համար խաղաղութիւնը չ՛ենթադրեր ինքնութեան ուրացում: Խաղաղութիւնը չ՛ենթադրեր ոչնչացում եւ ինքնասպանութիւն: Այո՛, խաղաղութեան այլընտրանք չկայ, բայց խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ խաղաղութիւն: Չկայ յաղթանակ, չկայ խաղաղութիւն:

Արձանագրենք, որ հայ ժողովուրդը կանգնած է խնդիրներու առջեւ, որոնց զգալի մասը ենթակայ է լուծումի` առաւելապէս պետական եւ ռազմական միջոցներու, պաշտօնական դիւանագիտութեան ճամբով:

Հրաշք լուծումներ չկան. հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքի շնորհիւ`  հզօր, ազգային, ընկերային արդարութիւն վայելող պետութեան կերտումն է միակ գրաւականը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ամբողջական կարողութիւնները ի գործ պիտի դնէ` հիմնելու իր պատկերացումներուն համահունչ պետութիւն: Որպէս անկախ եւ բացառապէս հայկական շահեր հետապնդող կազմակերպութիւն, պիտի լարենք մեր ուժերը` ժողովրդային ամուր յենարանով հասնելու այս նպատակին:

Հայկական իրականութեան մէջ ոչ մէկ ուժ աւելի լաւ կը ճանչնայ հայութիւնը բնաջնջելու թուրքին երազը, տարածաշրջանին մէջ մեր ազգի գոյատեւումը ապահովելու միակ ելքը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքական փորձն են:

Հզօր ազգային պետութեան մեր պատկերացումը ունի հետեւեալ կարեւորագոյն բաղադրիչները:

Առաջին` արտաքին քաղաքականութիւն

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքը պէտք է ըլլայ Հայաստանի պետական շահը, հայկական օրակարգը:

Հայաստանը կը գտնուի տարածաշրջանի մը մէջ, ուր հետեւեալ երեք պետութիւնները, երկարաժամկէտ առումով, ունին որոշիչ դերակատարութիւն` Ռուսիան, Իրանը եւ Թուրքիան. վերջինիս նպատակն է բնաջնջել հայոց պետականութիւնը: Հետեւաբար ճիշդ արտաքին քաղաքականութեան հրամայականն է աշխատիլ այնպէս, որ Ռուսիան եւ Իրանը հայանպաստ դիրքորոշում ունենան` առանց զոհելու մեր պետութեան ինքնիշխանութիւնը ոեւէ երկրի եւ առանց վտանգելու մեր յարաբերութիւնները Արեւմուտքի հետ:

Երկրորդ` ներքին

Ազգը պէտք է թօթափէ իր կաթուածը եւ դուրս գայ պատերազմի յաւերժական վախէն, պէտք է շարունակել աշխատանքը` սթափեցնելու մեր ժողովուրդը, վանելու անտարբերութիւնը, յուսալքութիւնը եւ յարմարուողականութիւնը: Ժողովուրդը պէտք է անդրադառնայ, որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տարիներուն: Իսկական փրկութիւնը պիտի չգայ այլ պետութիւններէն, այլ` մեր ժողովուրդէն:

Ներկայիս դժբախտաբար հայութեան թշնամիները կրցած են լրջօրէն պառակտել հայութիւնը: Հայ քաղաքական, եկեղեցական, միութենական, հաւաքական կամ անհատ ուժերը, մէկդի ձգելով հատուածական շահերը եւ վնասակար զգուշաւորութիւնը, պէտք է միանան եւ համարձակութեամբ գործեն` յանուն փրկութեան եւ ազգային, ուժեղ իշխանութեան մը կազմաւորման:

2024 թուականին մեկնարկած «Սրբազան պայքար» շարժումը փաստեց, որ  հայ ազգի մէջ կայ կորիզ մը, որ չէ  յարմարած իր ինքնաոչնչացման գաղափարին: Պէտք է հետեւողական կազմակերպուած աշխատանք տանիլ` ընդլայնելու այս շրջանակը:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի եւ արցախահայութեան մարտահրաւէրներուն, ներկայիս հայկական իրականութեան մէջ յանուն Արցախի պայքարող ուժերու թիւը կը թուի նօսրացած ըլլալ: Ամօ՛թ բոլոր անոնց, որոնք յուսալքուած կամ յանձնուած են թշնամիին: Կը յայտարարենք, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չհաշտուի կատարուած իրականութեան հետ, Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցը պիտի պահէ հայկական օրակարգի վրայ ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու եւ պիտի խանգարէ հաշիւներն ու հանգիստը բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ յաջողեցան փակել Արցախի էջը:

Մեր ուշադրութեան կիզակէտին են հետեւեալ հարցերը.

1.- Գերիներու ազատագրում

Պաքուի բռնապետական վարչակազմի խամաճիկ դատական համակարգին կողմէ արդարացի լուծում սպասելը ցնորք է: Այս ուղղութեամբ Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով Ազրպէյճանի վրայ միջազգային քաղաքական, քարոզչական ճնշում կը բանեցնենք: Կը նեղացնենք Ալիեւը, եւ ան դժգոհելով` Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն կը յայտարարէ, թէ Դաշնակցութեան լոպիինկին պատճառով Եւրոխորհրդարանը աւելի խիստ դիրքորոշում ունի Ազրպէյճանի նկատմամբ, քան` Հայաստանի խորհրդարանը:

2.- Արցախահայութեան օժանդակութիւնը

Արցախահայերուն բազմաբնոյթ օժանդակութեան տրամադրումը, անոնց արժանապատիւ կեցութեան ապահովումը Հայաստանի տարածքին եւս առաջնահերթութիւն է: Կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է կանխենք արցախցիներու արտագաղթը Հայաստանէն:

3.- Արցախի պետական օղակներու գործունէութիւնը

Պիտի պաշտպանենք Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան հիմերը եւ օժանդակենք, որ Արցախի պետական մարմինները շարունակեն իրենց գործունէութիւնը: Կը հաւատանք, որ Արցախի հարցը այժմէական պահելու նախադրեալը այդ կառոյցներու պահպանումն է:

4.- Վերադարձ դէպի Արցախ

Արցախ վերադարձի իրաւունքը մնայուն կերպով վառ կը պահենք եւ համապատասխան աշխատանքներ կը տանինք այդ ուղղութեամբ: Մինչեւ ամբողջական ազատագրում` միջազգային յստակ երաշխիքներու կիրարկումով պէտք է վերականգնենք ազատ, ինքնիշխան ու ապահով կեանք մը ապրելու հնարաւորութիւնը Արցախի մէջ:

Այս բոլորը իրագործելու համար հայութեան առջեւ կը ծառանան բազմաթիւ հարցեր: Իբրեւ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կուսակցութիւն` Դաշնակցութիւնն ալ դէմ յանդիման կը գտնուի զանազան մարտահրաւէրներու, որոնք պէտք է անյապաղ դառնան մեր աշխատանքներու խնդրոյ առարկան:

Իբրեւ հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութեան դաւանող հիմնական քաղաքական ուժ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դէմ կը տարուի մոլեգին պայքար Հայաստանի իշխանութիւններու եւ այլեւայլ ուժերու կողմէ: Նպատակը մէկ է` տկարացնել կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածամտութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ, հեռացնել համակիրները կուսակցութենէն, խախտել մեր ինքնավստահութիւնը: Կը յայտարարենք, թէ ինչպէս հեռու կամ մօտիկ անցեալին, շնորհիւ այս կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, այդ փորձերը դատապարտուած են կատարեալ ձախողութեան:

Քաղաքական առումով, հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններուն ստեղծած խոչընդոտներուն, սփիւռքի մէջ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով ու արհեստավարժ մօտեցումով:

Հետեւաբար մեր աշխատելաոճին մէջ յաւելեալ թափ պիտի տանք արդիականացման, պիտի աշխատինք հզօրացնելու մեր կազմակերպական ցանցը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի տարածքին: Պիտի պատրաստենք մարտունակ երիտասարդութիւն եւ նորարական ծրագիրներով պիտի համախմբենք երիտասարդութիւնը մեր նպատակներուն շուրջ:

Կուսակցութեան կարեւոր մարտահրաւէրներէն է քայլ պահել սփիւռքին հետ` իբրեւ ապրող եւ փոփոխուող մարմին: Պիտի շարունակենք կազմակերպել սփիւռքը, պայքարիլ ներքին ախտերուն, լճացումին դէմ: Ժամանակը կ՛անցնի, խնդիրները կը բարդանան, կը բազմանան` մղելով, որ մենք ալ մեր ուղեկից միութիւններուն հետ յանձն առնենք սփիւռքը յուզող խնդիրները, ինչպէս` լեզուն, կրթութիւնը եւ ընկերային հարցերը:

Միւս կողմէ` պարտինք ըստ արժանւոյն գնահատել սփիւռքեան մեր վիճակը: Ի՞նչ են մեր գոյատեւումի գրաւականները: Ի՞նչ յոյսեր ունի նոր սերունդը: Ի՞նչ վիճակի է մեր մշակութային ենթահողը: Հետեւաբար մենք եւ մեր կառոյցները ի՞նչ միջոցներու կը դիմենք` դիմակայելու այս մարտահրաւէրները: Գիտելիքի, երիտասարդ մարդուժի եւ արհեստավարժ աշխատանքի նախապայմանները կը ստեղծե՞նք:

Սփիւռքը պէտք ունի նոր աւիշի մը` թարմացնելու իր ինքնութիւնը եւ իր հաւատքը նոյնինքն իր ապագային հանդէպ: Նոր աւիշը կրնայ շրջագայիլ մեր արեան մէջ միմիայն վերանորոգելով մեր ուխտը առ մեր մշակոյթը, մեր դատը, մեր իրաւունքները եւ մեր ամբողջական հայրենիքը:

Սփիւռքը անհատական, ինչպէս նաեւ միութենական մակարդակի վրայ պէտք է անընդհատ եւ անդադար զարգացնէ իր օրկանական կապը Հայաստանի հետ:  Մերթ ընդ մերթ լսուող սփիւռքակեդրոն մօտեցումները, սփիւռքը Հայաստանէն կամ Հայաստանը սփիւռքէն կտրելու բոլոր ջանքերը անընդունելի են:

Անդրադառնալով լիբանանահայութեան յատուկ պարագային, 2019-ի հոկտեմբերէն սկսեալ երկրի տագնապը կը շարունակուի զանազան  դրսեւորումներով, որոնք, կը յուսանք, շուտով կ՛աւարտին: Յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք այս դժուար պայմաններուն մէջ քաղաքական, բարեսիրական, ընկերային, կրթական եւ այլ մակարդակներու վրայ կը գործեն ամրապնդելու համար գաղութի անվտանգութիւնը, կրթական եւ այլ համայնքային հաստատութիւններու գործունէութիւնը, կարիքաւորներուն օժանդակութիւնը: Վա՛րձքը կատար դաշնակցական ընտանիքին, որ իր ակումբներով, գրասենեակներով եւ կառոյցներով, ուղեկից միութիւններով (ՀՕՄ-ԼՕԽ, ՀՄԸՄ եւ Համազգային), հակառակ բազում դժուարութիւններու, ոտքի կը մնայ եւ կը ծառայէ գաղութին: Լիբանանի գաղութը սփիւռքի բաբախող սիրտն է, եւ ներկայ այս դժնդակ պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք մեկնելը համազգային առաքելութիւն է:

Հասած ենք այնպիսի օրհասական օրերու, երբ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար իւրաքանչիւրէս կը սպասուի հաւատք, գիտելիք եւ հետեւողական աշխատանք:

Երկարաժամկէտ առումով, հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռակամութիւնն են, որոնք պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական կարելիութիւններ, որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մնայուն յաղթանակներու:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, 134-ամեայ իր փորձառութեամբ, իր առաւելագոյնը ի սպաս պիտի դնէ համահայկական վերելքի նախապայմաններու ստեղծումին եւ իրագործման:

Յարատեւ կռուի պատգամը առաւել քան այժմէական է այսօր:

* Խօսք` արտասանուած ՀՅԴ 134-ամեակի տօնակատարութեան, 31 յունուար 2025-ին, Պէյրութ

Նախորդը

Հայութեան Ջահը Դաշնակցութեան Բռունցքով Բարձր Պիտի Մնայ` Ձեզի՛ Համար, Համա՛յն Հայութեան Համար*

Յաջորդը

Կը Մերժենք Մտաւոր Բռնատիրութիւնը

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.