Խամսայի Մելիքութիւնները Ծարի Հայաթափումը
Եւ Վերաբնակեցումը Քոչուոր Ցեղերով
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Նատիր Շահի Արշաւանքները Եւ Մելիք Մանուչար
Իրանի Նատիր շահ, Օսմանեան կայսրութենէն Անդրկովկասը նուաճելէն ետք, 1736-ին Արցախը անկախ հռչակեց Գանձակի խանութենէն եւ դարձուց վարչական առանձին միաւոր: Այսպիսով, Գիւլիստանի, Ջրաբերդի, Խաչենի, Վարանդայի եւ Դիզակի հայկական մելիքութիւնները կազմեցին Խամսա (արաբերէն` հինգ) երկրամասը:
Գիւլիստանի մելիքութիւնը կ՛ընդգրկէր Կուրակ եւ Թարթառ գետերու միջեւ տարածուող գօտին: Ռազմական կեդրոնը Գիւլիստանի անառիկ ամրոցն էր, մելիքանիստ կեդրոնը` Թալիշ գիւղը:
Իշխող տունը` Մելիք Բեգլարեանները, Րաֆֆիի համաձայն բնիկ ուտէացիներ են, Նիժ գիւղէն. իսկ տոհմական տարեգրութիւններ կ՛ըսեն, որ բնիկներ են եւ Հասան Ջալալեաններու տան մէկ ճիւղն են: Տոհմի նախնին Սեւ Աբովն է. անոր որդին է մելիք Բեգլար, Գիւլիստանի մելիքութեան հիմնադիրը: Իսկ մելիք Աբով Բ., մելիք Բեգլարի որդին, հռչակաւոր եղած է իր անպարտելի քաջագործութիւններով:

Ջրաբերդի մելիքութիւնը կ՛ընդգրկէր Գիւլիստանի մելիքութենէն հարաւ` Թարթառի միջին հովիտը եւ մինչեւ Խաչենագետ տարածուող գօտին:
Կեդրոնը Ջրաբերդ ամրոցն էր: Իշխող տունը` Մելիք Իսրայէլեանները, Հասան Ջալալեաններէն ճիւղաւորուած են: Րաֆֆի կ՛ըսէ, որ մելիք Իսրայէլի որդի մելիք Եսայի Սիւնիքի խաներէն մէկը սպաննելու պատճառով 1687-ին բազմաթիւ ընտանիքներով անցած է Արցախ: Մելիք Եսայիի մահէն ետք անոր յաջորդած են եղբայրները, նախ` Ալլահ Ղուլի Սուլթան, յետոյ` մելիք Աթամ:
Խաչենի մելիքութիւնը կ՛ընդգրկէր Խաչենի հովիտը` Խաչենագետէն մինչեւ Կարկառ գետ տարածուող գօտին: Կեդրոնը Խոխանաբերդն էր: Ռազմական յենակէտեր էին նաեւ Կաչաղակաբերդը, Քարագլուխը եւ Ուլուպապաբերդը: Իշխող տունը Հասան Ջալալեաններն էին:
Վարանդայի մելիքութիւնը կ՛ընդգրկէր Կարկառ գետէն մինչեւ Մեծ Քիրս ու Դիզափայտ տարածուող գօտին: Կեդրոնը` Աւետարանոց բերդաւանը: Ռազմական յենակէտեր էին նաեւ Շուշիի բերդը, Քոչիզ ամրոցը եւ Աղջկաբերդը: Իշխող տունը` Մելիք Շահնազարեանները, Գեղարքունիքի մելիք Շահնազարի եղբայր Միրզա բէկի սերունդ են:
Դիզակի մելիքութիւնը կ՛ընդգրկէր Քիրս-Դիզափայտ լեռներէն հարաւ, մինչեւ Արաքս գետ` Խուդափերինի կամուրջ տարածուող գօտին: Կեդրոնը Տող աւանն էր: Իշխող տունը` Մելիք Եգանեանները (Մելիք Աւանէսեան), Եսայի Ապու Մուսէի յետնորդներ են, Հասան Ջալալեաններուն նման` Առանշահիկ նախարարական տան ժառանգորդներ. իսկ Րաֆֆիի համաձայն անոնք Լոռիի Արտոս գիւղէն Արցախ տեղափոխուած են:
* * *
Արցախի գաւառներու իշխանաւորները պարսից շահ Աբասի կողմէ 1603-ին մելիքական տիտղոսներով եւ լայն իրաւունքներով օժտուած էին:
Մելիքական տուները, Արցախի անառիկ լեռներուն վրայ, պահպանած էին իրենց անկախութիւնը եւ իրենց միացեալ ուժերով սարսափ տարածած էին թշնամիներուն: Իւրաքանչիւր մելիք իր գաւառին տէրն ու տիրականն էր: Մելիքութիւններու ռազմական գործերը կը տնօրինէին իւզպաշիները, որոնք սովորաբար մելիքական տուներու անդամներ էին: Իւրաքանչիւր մելիք իր տրամադրութեան տակ ունէր հազարէն հազար հինգ հարիւր զինուոր:
Վարչականօրէն, մինչեւ 1736 Ղարաբաղ Գանձակի խանութեան մաս կը կազմէր եւ Արցախի մելիքները ձեւականօրէն Գանջայի պէյլէրպէկիին կապուած էին, բայց գործնապէս անկախ էին եւ չէին ենթարկուեր ոչ ոքի:
Նատիր շահի տնօրինումով, 1736-ին, Արցախի մելիքները ուղղակի շահին ենթարկուեցան:
Նատիր շահ Դիզակի մելիք Եգանը, խանի տիտղոսով, Խամսա երկրամասի կառավարիչ նշանակեց:
Մելիք Եգան նուիրապետական կարգով ենթակայ նկատուեցաւ Նատիր շահի եղբայր Իպրահիմ խանի, որ Թաւրիզի մէջ բնակութիւն հաստատած էր:
* * *

Արցախի ինքնուրոյնութիւնը եւ անկախութիւնը կը մարմնաւորուէր նաեւ Գանձասարի կաթողիկոսութեան գոյութեամբ: Գանձասար հոգեւոր եւ աշխարհիկ ուժերու համախմբման հիմնական կեդրոն էր:
Խաչենագետի ձախ ափին,Գանձասար լերան վրայ, վանական համալիրը կ՛ընդգրկէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մայր տաճարը, գաւիթը, սեղանատունը, վանականներու խուցեր եւ պարիսպներ: Վանքէն հարաւ գերեզմանատունն է:
Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մայր տաճարի խորանին տակ, վեց մեթր խորութեան վրայ կը գտնուի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը: Հոն պահպանուած էին նաեւ համաքրիստոնէական սուրբերու մասունքներ, որոնք մոնկոլական արշաւանքներու ժամանակ կողոպտուած են:
Վանքը ունէր հարուստ ձեռագրատուն եւ դպրանոց:
Գանձասար Հասան Ջալալեաններու տոհմական տապանատունն էր: Հասան Ջալալեան իշխաններու հոգածութեան շնորհիւ Գանձասար պահպանած էր հոգեւոր կեդրոնի իր դերը: Գանձասարի կաթողիկոսները կ՛ընտրուէին գլխաւորաբար Հասան Ջալալեաններու տոհմէն:
* * *
Արցախի Վայկունիք գաւառը ԺԱ.-ԺԲ. դարերէն կոչուած է Ծար, երբ անոր տէրերը իրենց կեդրոն ընտրած էին Ծար աւանը:
Ծար գաւառին արեւելեան սահմանը կ՛անցնէր Դադիվանքի կողքէն` ընդգրկելով Լեւոնաբերդը, Թարթառ գետի աջափնեայ լեռնային գօտին, Խաթրավանքը եւ Վաղուհասը: Հարաւէն սահմանակից էր Սիւնիքի, հասնելով Ջերմուկի մօտակայքը: Արեւմուտքէն սահմանը կ՛անցնէր Սեւանի աւազանը Թարթառի ակունքներէն բաժնող Ռմբոստեան լեռնաշղթայով: Հիւսիսային կողմէն կ՛ընդգրկէր Մռաւ լեռնաշղթայի հիւսիսային լանջերը` Բիւրակ եւ Շամքոր գետակներով:
Գաւառին բարձրաբերձ լեռնագագաթներն են` Գեամիշ, Սպիտակքար, Քանգուր, Իծաքար, Ցամաքասար, Պահակ, Քոչլեռ, Քեթի եւ Երկաթասար:
Հիւսիսէն, արեւմուտքէն եւ հարաւէն մեկուսացած բարձր ու ջրբաժան լեռնաշղթաներով, յարակից գաւառներուն հետ հաղորդակցութիւնը կը պահպանուի լեռնանցքներու շնորհիւ: Մռաւի լեռնաշղթան կը հատեն Ջնգրլիի, Օմարի եւ Գեամիշի լեռնանցքները. Ռմբոստեան լեռնաշղթան կը հատեն Սոթքի, Նորաբակի եւ Շորժա-Զայլիկի լեռնանցքները, իսկ հարաւային Ծաւդէից լեռնաշղթան կը հատեն Նաղդալի-Թախտաբաշի եւ Լիալիաբաղրլի-Ղազիխանլի լեռնանցքները:
Գաւառը ջրբաժան աւազան է. լեռնային սառնորակ աղբիւրներէն գոյացած հարիւրաւոր վտակներ միախառնուելով ծնունդ կու տան Թարթառ (Տրտու), Լեւ եւ Դուխտու գետերուն: Գարնան եւ ամրան սկիզբը, ձիւնհալի պատճառով գետերն ու վտակները կը վարարին եւ կ՛ողողեն լայնատարած հովիտները: Կան նաեւ լեռնային փոքր լճակներ` Մեծ եւ Փոքր Ալ, Գորտագարակ, Սեւ եւ Ջալխա, ինչպէս նաեւ ջրվէժներ եւ հանքային աղբիւրներ:
Թարթառ եւ Դուտխու գետերու հովիտները կաղնիի խիտ անտառներով ծածկուած են. առատ են նաեւ վայրի պտղատու ծառատեսակներով: Բարձրաբերձ լեռները խոտառատ արօտավայրեր են:
Ծարի տէրերը` Հասանի որդի Ջհանշէի սերունդները 1603-ին շահ Աբասէն մելիքութեան կոչում ստացած էին: Մելիքութիւնը տկարացած էր թրքական քոչուոր ցեղերու յարձակումներուն պատճառով եւ Ժէ. դարու վերջաւորութեան լուծուած էր Սոթքի եւ Ջրաբերդի մելիքութիւններուն մէջ:
Թրքական եւ քրտական քոչուոր ցեղեր` Ջաւանշիր, Քարաչորլի, Քոլանի, Ալիանլու, Սուլթանլու եւ Հաճիշամլու, ամրան ամիսներուն իրենց անհամար հօտերով Կուր-Արաքսեան տափաստաններէն կը բարձրանային Ծարի լեռնային արօտավայրեր:
Վրանաբնակ եւ աւազակաբարոյ խաշնարածներ, դաժան կերպարանքով եւ արեան ծարաւի աչքերով, մէջքերնին` դաշոյն, ուսերնին` հրացան, անոնք յաճախակի յարձակումներ կը կազմակերպէին հայկական գիւղերուն վրայ, սպանութիւններ կը կատարէին, կը յափշտակէին գիւղացիներու ունեցուածքը, եւ կին թէ տղամարդ գերեվարելով իրենց ստրուկները կը դարձնէին: Անոնք կը յարձակէին նաեւ վանքերու վրայ եւ կը սպաննէին վանականներն ու վանահայրերը:
Աշնան, ցուրտերը սկսելէն ետք քոչուորները կ՛իջնէին Մուղանի տափաստանները, եւ յաջորդ տարի, ձիւնհալէն ետք կրկին կը բարձրանային:
Ծարի հայութիւնը, անկարող դիմագրաւելու քոչուորներու ճնշումները, բռնած էր գաղթի ճամբան: 1720-ական տարիներուն շատ մը գիւղեր արագօրէն սկսան պարպուիլ իրենց բնիկ հայ բնակչութենէն: Հայաթափումը 1730-ական տարիներուն զանգուածային բնոյթ ստացաւ եւ մնացողերուն վիճակը աւելի ծանրացաւ:
Յաջորդող տարիներուն, երբեմնի շուրջ հարիւր քառասուն գիւղ հաշուող շէն գաւառը գրեթէ ամբողջութեամբ հայաթափուեցաւ:
Ծարեցի գաղթականները բնակութիւն հաստատեցին Թիֆլիսի եւ Շուլաւերի, ինչպէս նաեւ Շաքիի եւ Շիրվանի երկրամասի գիւղերուն մէջ:
* * *
Նատիր շահի գլխաւոր երազն էր Հնդկաստանէն մինչեւ Վոսփորի նեղուց տարածուող կայսրութիւն մը ստեղծել: Այս նպատակով ան որոշեց կրօնական համերաշխութիւն ստեղծել եւ հզօր բանակ կազմել:
Նատիր շահ համոզուած էր որ Սեֆեւիներու շիիական քաղաքականութիւնը սիւննի օսմանցիներու, ուզպէքներու եւ աֆղաններու հետ հակադրութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր: Ան շիիականութիւնը հռչակեց ճաաֆարիականութիւն (շիի վեցերորդ իմամ Ճաաֆար Սատիքի անունով), որ հանաֆի, շաֆիի, մալիքի եւ հանպալի դպրոցներու կողքին, սիւննիական հինգերորդ դպրոցը կը նկատուէր:
Նատիր շահ նաեւ որոշեց իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօննները մօտեցնել եւ անոնց միջեւ տարբերութիւնները նուազագոյնի իջեցնել: Ութ մոլլաներու եւ հայ հինգ ու եւրոպացի երեք կրօնաւորներու ջանքերով Գուրանը եւ Աստուածաշունչը թարգմանուեցան շահի քարտուղար եւ պալատական պատմիչ Միրզա Մեհտի խան Ասթարապատիի վերահսկողութեամբ:
Նատիր շահ, որմէ կը սոսկար ամբողջ երկիրը, բացառիկ բարեացակամ վերաբերմունք ունէր հայոց Աբրահամ Գ. Կրետացի կաթողիկոսին հանդէպ: Հիւանդոտ ու ծերունի կաթողիկոսը յաճախ շահին ճաշի հիւրը կ՛ըլլար եւ բիրտ բռնակալը մեծ սիրով կը մեծարէր հայոց խալիֆան ու կ՛ընդառաջէր անոր բոլոր փափաքներուն:
Աբրահամ Գ. Կրետացի վախճանեցաւ 1737-ին: Անոր յաջորդը` Ղազար Ա. Ջահկեցի կաթողիկոս, թանկագին ընծաներով փորձեց շահիլ շահին բարեացակամութիւնը, բայց դաժան վերաբերմունքի արժանացաւ, ծանր տուգանքներու ենթարկուեցաւ եւ անգամ մըն ալ երկաթէ ձեռնոցներով խոշտանգուեցաւ ու վռնտուեցաւ:
Նատիր շահ պարսկական բանակի կազմէն ներս հայկական եւ վրացական առանձին զօրամիաւորումներ ստեղծեց:
* * *

Արքայից արքայ Նատիր շահի 375 հազարնոց բանակը կը նկատուէր աշխարհի հզօրագոյնը: Բաղկացած էր շարք մը բաժանմունքներէ` հետեւակազօրք (կապոյտ տարազով եւ քոլահ-է – Նատիրի կոչուող կարմիր գլխարկով), թոֆանքճի (հրացանակիր), ճազայիրչի (պատրուգաւոր, կայծքարով բանող հրացանակիր), սաւարան-է սալթանաթի (արքայական հեծելազօրք), սիփահ-է Խորասան (Խորասանի հեծեալներ) եւ թնդանօթաձիգներ: Իսկ թուրքմէնական իր Աֆշար ցեղախումբէն կռուողներ շահին անձնական պահակագունդը կը կազմէին:
Նատիր շահ 1738-ի գարնան սկսաւ դէպի Աֆղանիստան արշաւանքին, նուաճեց Քանատահարը, Ղազնին, Քապուլն ու Ճալալապատը եւ նոյեմբերին, Խէյպարի լեռնանցքը կտրելով ներխուժեց Հնդկաստան` Մեծ Մողոլներու թագաւորութեան սահմաններ: Քարնալի ճակատամարտին, 24 փետրուար 1739-ին մողոլներու բանակը ջախջախուեցաւ եւ մարտ 20-ին պարսկական բանակը մտաւ Տելհի:
Նատիր շահ Հնդկաստանէն վերադարձաւ մեծ աւարով: Այնուհետեւ, 1740-ին ան նուաճեց Խիւայի եւ Պուխարայի խանութիւնները:
Աշխարհակալական փառքի գագաթնակէտին հասած Նատիր շահ, վրէժխնդրական զգացումներէ տարուած, որոշեց ընկճել Կովկասի լեռնականները:
Պարսկական շուրջ 150 հազարնոց բանակ մը 1741-ին Դերբենդէն յառաջանալով ներխուժեց Տաղստանի խորերը, բայց լեռնային կիրճերու մէջ շրջապատուեցաւ եւ ջախջախուեցաւ:
Նոյն ժամանակ շահին լուր հասաւ որ իր որդին` Ռըզա Ղուլի Միրզա դաւադրութիւն կազմակերպած է: Նատիրի հրամանով Ռըզա Ղուլի Միրզա կուրացուեցաւ: Յետոյ քննութիւն կատարուեցաւ, որ հաստատեց Ռըզա Ղուլիի անմեղութիւնը: Նատիր շահ մռայլ տրամադրութեան մէջ ինկաւ եւ դարձաւ աւելի կասկածոտ, աւելի ահարկու եւ արիւնռուշտ:
Նատիր շահ Հնդկաստան արշաւանքին իր հետ տարած էր մելիք Մանուչար Մելիք Շահնազարեանը եւ հսկայ աւարէն առատ բաժին տուած էր անոր: Մելիք Մանուչար, որ շահին կողմէ Երեւանի քալանթար-կառավարիչ նշանակուած եւ յետոյ ալ անոր կողմէ խեղդամահ եղած Թոփուզ Մելիքջանի որդին էր եւ այդ պաշտօնին յաջորդած էր հօրը, ստացած գանձերը Սեւանի անապատը տարած պահած էր: Երբ Նատիր անզուսպ կասկածամտութեամբ սկսաւ աջ ու ահեակ սպանութիւններ հրամայել, մելիք Մանուչար փախուստ տուաւ դէպի Էրզրում, ուր մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ օսմանեան կառավարութենէն: Յետոյ ան շահին հրաւէրով վերադարձաւ եւ շարունակեց իր պաշտօնը: