Եղուարդի Ճակատամարտը Եւ Անդրկովկասի Գրաւումը
Պարսկական Եւ Անոր Դաշնակից Արցախի
Սղնախներու Ուժերուն Կողմէ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Նատիր Շահի Գահակալութիւնը Եւ Խամսա Երկրամասի Կազմաւորումը
Նատիր խանի պարսկական բանակը 31 մայիս 1735-ին հասած էր Էջմիածին: Նոյն ժամանակ Քէօփրիւլիւ Ապտուլլահ փաշայի հրամանատարութեան տակ գործող օսմանեան բանակը Արարատեան դաշտէն կը յառաջանար, դիմագրաւելու համար պարսկական յառաջխաղացքը:
Աբրահամ Գ. Կրետացի կաթողիկոս յունիս 2-ին եկեղեցական թափօրով դիմաւորեց Նատիր խանը եւ զայն առաջնորդեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճար:
Նատիր խանի առաջարկով հանդիսաւոր երեկոյեան ժամերգութիւն կատարուեցաւ: Նատիր կօշիկները հանեց, մտաւ Մայր տաճար, ծունկի եկաւ, մասնակցեցաւ ժամերգութեան եւ արցունքը աչքերուն աղօթեց. բան մը, որ ցնցող տպաւորութիւն ձգեց միաբանութեան եւ ժողովուրդին վրայ: Ժամերգութեան աւարտին կաթողիկոսը թրքերէն բանախօսեց: Նատիր խան, նուէր տալով, գոհունակութեամբ մեկնեցաւ, խոստանալով հատուցել վանքի արտերուն հասցուած վնասը:
Յաջորդ առտու Նատիր խան իր աւագանին ղրկեց վանքը տեսնելու, եւ ինքն ալ կրկին այցելեց վանք եւ մեծարուեցաւ կաթողիկոսին կողմէ: Նատիր քաջալերեց կաթողիկոսը որ մօտալուտ պատերազմներէն չվախնայ, եւ աւելցուց. «Այս օճախս մերն է, դուն ծեր մարդ ես, տունդ շէն մնայ, կեցիր բարով»:
Նատիր խան իր վրանը Փարաքար փոխադրեց, ուր երեքշաբթի, յունիս 3-ի երեկոյեան կաթողիկոսը գնաց անոր այցելութեան եւ նուէրներ մատուցեց:
* * *
Նատիր խանի գլխաւոր խորհրդատուն Դիզակի մելիք Եգանն էր, եւ անոր յորդորով Նատիր այցելած էր Էջմիածին:
Նատիր խան հաստատեց կաթողիկոսի եւ հոգեւորականութեան իրաւունքները, Էջմիածնի վանքի վերանորոգումը հմուտ վարպետներու յանձնարարեց` յատկացնելով հազար թուման, Մայր տաճարը զարդարել տուաւ տասնհինգ քիլոկրամ կշռող ոսկի ջահով եւ կարգադրեց Քերմանշահէն ուղարկել ընտիր գորգեր:
Նատիր խանի բանակին միացած Արցախի եւ Սիւնիքի սղնախներու ուժերը կը գործէին մելիք Եգանի հրամանատարութեան տակ: Նատիր մելիք Եգանի կը դիմէր «մեծ եղբայր»-ով:
Մելիք Եգանի հեղինակութեամբ եւ եկեղեցւոյ աջակցութեամբ պարսկական բանակին միացան նաեւ Գեղարքունիքի մելիք Շահնազար եւ Երեւանի մելիք Յակոբջան` իրենց զօրքերով: Կազմուեցաւ նաեւ հայկական աշխարհազօր:
Մելիք Եգանի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գործող հայկական զօրքերը, որոնք շուրջ քսան հազար կռուող կը հաշուէին, վեց առանձին զօրագունդերու բաժնուեցան:
* * *
Հինգշաբթի, 5 յունիս 1735-ին Նատիր խանի սուրհանդակ հասաւ, որ կը յայտնէր թէ Քէօփրիւլիւ Ապտուլլահ փաշա Երեւանի պաշտպանութեան հասած է:
Նատիր խան փութով իր ծանրագոյն կարասները եւ կանանոցը Թաւրիզ փոխադրել տուաւ եւ բանակը շարժեց դէպի Աղթեփէ:
Քէօփրիւլիւ Ապտուլլահ փաշայի օսմանեան բանակը շաբաթ, յունիս 7-ին հասաւ Եղուարդի դաշտ:
Օսմանեան հրամանատարութիւնը մեծ յոյս ունէր որ Քէօփրիւլիւ Ապտուլլահ փաշայի օգնութիւն ցոյց կու տայ Երեւանի թրքական կայազօրը:
Երեւանի բերդապահ թրքական զօրքը, հաճի Հիւսէյն փաշայի հրամանատարութեամբ, դուրս ելաւ բերդէն ու ճակատամարտ տուաւ պարսկական բանակին դէմ, բայց պարտուելով` վերստին փակուեցաւ բերդին մէջ:
Նատիր խան թրքական կայազօրը չհետապնդեց: Ան իր մօտ եղած ոչխարներն ու այծերը տիկ հանել տալով` Հրազդան գետէն խմելու ջուր բերել տուաւ բանակատեղին եւ բանակը շարժեց դէպի Եղուարդ:
Եղուարդ պատմական գիւղ է Երեւանէն հիւսիս-արեւմուտք, Արայի լերան հարաւային ստորոտը, 1300 մեթր բարձրութեամբ Եղուարդի դաշտին մէջ: Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ եղած է իւղով եւ վարդով առատ եւ այդ պատճառով ալ կոչուած Եղուարդ: Ունի բերրի վարելահողեր: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1301-ին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման հազարամեակին առիթով, Ազիզբէկ իշխանի կնոջ` Վախախի երազին վրայ: Գիւղէն հիւսիս-արեւելք գտնուող Սուրբ Թէոդորոս վանքը կառուցուած է Է. դարուն եւ կոչուած նաեւ Զօրաւոր: Եղուարդ եղած է գրչութեան կեդրոն եւ տուած երկու կաթողիկոս:
Կիրակի, 8 յունիսի արեւածագէն առաջ թրքական եւ պարսկական բանակները իրարու խառնուեցան Եղուարդի դաշտին մէջ: Պարսկական բանակի կազմէն ներս կը կռուէին հայկական վեց զօրագունդները` մելիք Եգանի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ: Հայկական զօրքերը փակեցին թուրքերու նահանջի ճանապարհը, որմէ ետք Նատիր խան եւ մելիք Եգան նպաստաւոր դիրքերէն օգտուելով եւ օսմանցիները դժուարին տեղեր մղելով, անոնցմէ քառասուն հազար հոգի կոտորեցին, որոնց մէջ էին Քէօփրիւլիւ Ապտուլլահ փաշա, սերասքերի Սարը Մուսթաֆա փաշա եւ ուրիշ հինգ փաշաներ: Պարսիկներ կորսնցուցին շուրջ ութ հազար զինուոր: Ճակատամարտը, կամ աւելի ճիշդ` սպանդը տեւեց ինը ժամ: Օսմանեան ամբողջ հրետանին, ամէն տեսակի իրեղէնները եւ զինուորական գանձարանը դարձան յաղթական Նատիր խանի աւարը:
Աբրահամ Գ. Կրետացի կաթողիկոս երեքշաբթի, յունիս 20-ին յաղթականը շնորհաւորելու գնաց Եղուարդ, դաշտին վրայ սփռուած դիակներուն մէջէն անցնելով: Կիսամեռ հայու մը հանդիպելով, գրաստի վրայ բեռցնել տալով Աշտարակ տարաւ եւ խնամել տուաւ: Երբ միւս օր Էջմիածին վերադարձաւ, հոն շատ մը վիրաւորներ գտաւ, հայ, պարսիկ եւ թուրք, եւ բոլորին անխտիր դեղ ու խնամք հրամայեց:
Նատիր խան, իր յաղթանակը յաւերժացնելու համար, Աղթեփէի բլուրը կոչեց Մուպարէք թեփէսի (օրհնեալ բլուր), որուն վրայ կաթողիկոսին միջնորդութեամբ խանի վրանին նմանողութեամբ յուշարձան կառուցուեցաւ:
* * *
Նատիր խան, Եղուարդի յաղթանակէն ետք Երեւանը պաշարման տակ առաւ եւ գնաց Աղմաղանի (Գեղամայ) հովասուն լանջերը հանգստանալու:
Նատիր խան Եղուարդ դարձաւ Աստուածածնայ Բարեկենդանին, օգոստոս 10-ին եւ անմիջապէս իր մօտ կանչեց կաթողիկոսը եւ զայն իրեն սեղանակից ըրաւ, բայց պահքին պատճառով Աբրահամ Գ. բաւականացաւ մեղրով եւ քաղցրաւենիներով:
Երեւանի բերդին վրայ հսկող ջոկատ մը կեդրոնացնելով, Նատիր խան եւ մելիք Եգան հայ եւ պարսկական զօրքերը շարժեցին դէպի Կարս եւ պաշարեցին զայն, եւ միաժամանակ ասպատակ խումբեր ուղարկեցին դէպի Պայազիտ, Կաղզուան, Չլտըր, Արտահան, Օլթի եւ Էրզրում:
Պարսկական բանակին համար անհրաժեշտ պարէնն ու հանդերձանքը հայթայթեցին Մելիք Եգան եւ իր ընկերակիցները:
Կարսի բերդի պաշարման օղակը աւելի ու աւելի սեղմուեցաւ եւ թրքական զօրքը անելանելի դրութեան մատնուեցաւ:
Կարսի բերդէն պատուիրակ ուղարկուեցաւ Էրզրում, որպէսզի հաշտութիւն կնքուի Նատիր խանի հետ:
Օսմանցիք, նեղ կացութեան մատնուած, Էրզրումէն պատուիրակութիւն ուղարկեցին Կարս, որ կարճատեւ բանակցութիւններէ ետք համաձայնութեան եկաւ Նատիր խանի հետ` Երեւանը անոր յանձնելու, Կարսի պաշարումը քակելու եւ պարսկական զօրքի հետագայ յարձակումը դադրեցնելու համար:
Նատիր խան իր խաներէն մէկը հեծեալ ջոկատով մը ուղարկեց Երեւանի բերդը ընդունելու համար, իսկ ինք Կարսէն ճամբայ ելաւ դէպի Թիֆլիս:
Թրքական կողմը Երեւանի բերդը յանձնեց հոն գտնուող զէնքերն ու վառօդի պաշարը կիսելու պայմանով: Պարսիկներ հարիւր սայլ տուին օսմանցիներուն, իրենց ունեցուածքը մինչեւ Ախուրեան գետ տանելու համար:
Օսմանեան կայազօրը Երեւանի բերդը յանձնեց եւ հոնկէ դուրս ելաւ Վարագայ պահոց երկուշաբթի օրը, 22 սեպտեմբեր 1735-ին:
* * *
Նատիր խան Թիֆլիս հասնելէն ետք իր մօտ հրաւիրեց հայոց կաթողիկոսը:
Աբրահամ Գ. Կրետացի հոկտեմբեր 1-ին Էջմիածինէն ճամբայ ելաւ եւ հոկտեմբեր 27-ին Թիֆլիս հասաւ:
Նատիր խան կաթողիկոսին ըսաւ որ հայերը մեծ ծառայութիւններ մատուցած են իրեն եւ կաթողիկոսը իր ժողովուրդին դիմաց կրնայ ամէն խնդիրով դիմել եւ ամէն առաջարկ ներկայացնել:
Նատիր խան երեսունհինգէ աւելի հրովարտակներ շնորհեց հայոց կաթողիկոսին: Հաստատեց Վաղարշապատ, Մաստարա, Ֆռանկանոց, Օշական, Քիրաղլու, Դիպաքլու եւ Չելեպիղշլա գիւղերուն Մայր աթոռին պատկանիլը: Խորասան քշուելիք տփղիսեցի 300 ընտանիքներ կաթողիկոսի խնդրանքով մնացին իրենց տուները: Իսկ Խորասան փոխադրուելիք արարատցի 300 ընտանիքներուն գոմէշներ ու գումարներ տրուեցան: Տաճկաստանէն ուխտի եկողներուն եւ առեւտրականներուն համար ազատ երթեւեկի կոնդակներ տրուեցան, որոնք հաղորդուեցան Կարսի, Կարնոյ, Եւդոկիոյ, Պայազիտի, Վանի եւ Բաղէշի առաջնորդներուն: Շրջաններու կառավարիչները առանց կաթողիկոսի գիտութեան իրաւունք չունէին ժողովուրդէն տուրքեր հաւաքելու: Կաթողիկոսը նաեւ ողջունեց Երեւանի փողերանոցին բացուիլը:
Աբրահամ Գ. Կրետացի Թիֆլիսէն ուղեւորուեցաւ Սանահին, Հաղբատ եւ Հաղարծին, եւ Երեւան հանդիպելով վերադարձաւ Էջմիածին:
* * *
Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի լիազօրները Էրզրումի մէջ բանակցութիւններ կը վարէին եւ անվերջ վէճի մէջ էին, հողային տիրապետութիւններու եւ երկու պետութիւններու միջեւ պետական սահմանի շուրջ:
Օսմանեան կողմը ի վերջոյ ստիպուած ընդունեց Երեւանի, Ղարաբաղի, Գանձակի եւ Վրաստանի երկրամասերը զիջիլ պարսիկներուն:
Պարսկական կողմը ռազմական ծախսերու համար հսկայական գումար, ինչպէս նաեւ Տիարպեքիրը եւ Իրաքը` Եփրատի ակունքէն մինչեւ գետաբերանը տարածուող գօտիները պահանջեց:
* * *
Նատիր խան 1735 նոյեմբերին Թիֆլիսէն Մուղանի դաշտ մեկնեցաւ եւ լուր ուղարկեց որ Աբրահամ Գ. կաթողիկոս իր մօտ գայ: Հրաւիրուեցան նաեւ ցեղապետներ եւ ազգութիւններու ու համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Մուղանի դաշտին մէջ վրաններ եւ եղէգէ տաղաւարներ պատրաստուեցան: Հրաւիրեալներուն, հաւաքուած մեծամեծներուն, հետեւորդներուն, զինուորներուն եւ սպասաւորներուն թիւը հարիւր հազարէն աւելի էր:
Աբրահամ Գ. Կրետացի Էջմիածինէն ճամբայ ելաւ 3 դեկտեմբեր 1735-ին, քսանհինգ հետեւորդներով, եւ Խոր Վիրապէն, Աստապատէն, Երնջակէն, Ագուլիսէն ու Արցախէն անցնելով, 3 յունուար 1736-ին, Ծննդեան պահոց շաբաթ օրը հասաւ Մուղան: Ծննդեան տօնը եւ ջրօրհնէքը կատարուեցաւ Արաքսի ափին:
Մուղանի դաշտին մէջ հրաւիրուած խորհրդակցութեան բոլոր հրաւիրեալները միաբերան Նատիրը Իրանի շահ հռչակեցին: (Սեֆեւիներու տան վերջին գահակալ Աբաս Գ. եւ հայրը` Թահմասպ Բ. հետագային` 1740 փետրուարին սպաննուեցան Նատիրի որդի Ռըզա Ղուլի Միրզա Աֆշարի կողմէ):
Նատիր 26 փետրուար 1736-ին Իրանի շահ օծուեցաւ Մուղանի դաշտին մէջ:
Աբրահամ Բ. Կրետացի կաթողիկոս բազմաթիւ պատիւներու արժանացաւ եւ նուէրներ ստացաւ:
* * *
Նատիր շահի գահակալութենէն ետք, 1736-ին, Օսմանեան կայսրութեան եւ Իրանի միջեւ Էրզրումի մէջ դաշինք կնքուեցաւ, որուն համաձայն Թուրքիա Իրանի զիջեցաւ ամբողջ Անդրկովկասը:
Էրզրումի դաշնագիրը մասամբ ուղղուած էր Ռուսիոյ դէմ: Ռուսիա ուշի-ուշով կը հետեւէր Թուրքիոյ դիւանագիտական քայլերուն, որոնք յաճախ թելադրուած էին Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ կողմէ: Ռուսիա նախապէս բանակցութեան մէջ մտած էր Նատիրի հետ, հասկցնելով, որ ռուսական զօրքերը Մերձկասպեան շրջաններ մուտք գործած են միայն պարսկական պետութեան շահի եւ գոյութեան պահպանման համար: Ռուսիա 10 մարտ 1735-ի Գանձակի դաշինքով Իրանի վերադարձուցած էր Մերձկասպեան երկրամասը, այն պայմանով որ Իրան այդ շրջանները երրորդ պետութեան մը պիտի չյանձնէր եւ Թուրքիոյ հետ անջատ դաշինք պիտի չկնքէր:
Էրզրումի մէջ թուրքերուն հետ դաշինք կնքելով Նատիր դրժեց իր յանձն առած պարտաւորութիւնը այն ժամանակ, երբ արդէն Ռուսիա Թուրքիոյ հետ նոր պատերազմի մէջ կը գտնուէր:
* * *
Նատիր շահ, Արցախի հայերը սիրաշահելու եւ անոնց ռազմական կարողութիւնը օգտագործելու նպատակով, Արցախը անկախ յայտարարեց Գանձակի խանութենէն եւ դարձուց առանձին վարչական միաւոր:
Այսպիսով, Ջրաբերդի, Գիւլիստանի, Խաչենի, Վարանդայի եւ Դիզակի մելիքութիւնները միաւորուեցան եւ 1736-ին կազմաւորուեցաւ Խամսա (արաբերէն` հինգ) երկրամասը: Դիզակի մելիք Եգան խանի տիտղոս ստացաւ եւ Խամսայի մելիքութիւններու պէյլէրպէկի նշանակուեցաւ, իբրեւ կեդրոն ունենալով Տող աւանը: