Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հաճի Չելեպի Խան Եւ Շաքիի Հայութեան Բարգաւաճումը

Յունիս 16, 2021
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆաթհ Ալի Խան Աֆշարի Արշաւանքը
Ղարաբաղի Խանութիւն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ղարաբաղի Փանահ Ալի Խանի հզօրացումը սկսած էր մտահոգել եւ երկիւղ պատճառել Գանձնակի, Շամախիի եւ Շաքիի, Ուրմիոյ եւ Վրաստանի իշխանաւորներուն, որոնք կ՛աշխատէին կասեցնել անոր յառաջխաղացքը:

Փանահ Ալի խանի գլխաւոր մրցակիցը Շամախիի եւ Շաքիի Հաճի Չելեպի խանն էր: Շիրվանշահներու տան ներկայացուցիչ խանը Ղուրպան բէկի որդին էր եւ իսլամացած Բարսեղ քահանայի թոռը:

Բարսեղ քահանայ, խաչենցի եւ կամ ուտէացի, Սէօկիւթլիւ գիւղը բնակութիւն հաստատած, պարսից արքունիքէն իր ազնուական ծագումը հաստատող ֆերման ձեռք ձգած եւ իսլամութիւն ընդունած էր. ան ծանօթ դարձած էր Քարա Քեշիշ (սեւ քահանայ) անունով: Որդին` Ղուրպան, եղած է մսավաճառ եւ ճանչցուած Ղասապ Ղուրպան անունով:

Հաճի Չելեպի խան եւ Փանահ Ալի խան հին թշնամիներ էին: Հաճի Չելեպի 1748¬ին Գիւլիստանի եւ Ջրաբերդի հայկական եւ Փանահ Ալիի մրցակից թուրքմենական կռուող ուժերով պաշարած էր Պայաթը, բայց յետոյ նահանջած էր:

Հաճի Չելեպի խան Քապալայի Հաճի Սաֆի սուլթանը իրեն ենթարկեց, Գանձակի մօտ պարտութեան մատնեց վրացական զօրքերը եւ գրաւեց Ղազախն ու Բորչալուն:

Հաճի Չելեպի խանի հպատակներուն կարեւոր համեմատութիւնը հայեր էին: Ան աւելի իր հայ հպատակներուն կը վստահէր: Հայեր իր իշխանութեան գլխաւոր նեցուկն էին, եւ փոխադարձաբար ան կը հովանաւորէր հայերը ու զօրավիգ էր արցախցիներուն:

Շաքի

Հայաշատ Շամախիի կողքին, սկսած էր բարգաւաճիլ նաեւ Շաքին: Շաքի պատմական Աղուանքի կեդրոն Նուխին է Պաքուէն 325 քիլոմեթր հիւսիս¬արեւմուտք, Կովկասեան լեռներու հարաւային անտառապատ ստորոտին:

Գեղատեսիլ այգիներով ու պարտէզներով շրջապատուած Շաքին մետաքսագործութեան կեդրոն դարձաւ: Հայութիւնը բազմացաւ եւ եկեղեցիներ ու վանքեր կառուցուեցան:

Շաքիի եւ շրջակայքի մէջ հայեր ապրած են հին դարերէն: Շաքիի առաջնորդ Եղիազար եպիսկոպոս 683¬ին Աղուանքի կաթողիկոս եղած է: 775¬էն 962 հոն իշխած է Բագրատունիներու մէկ ճիւղը:

Եկեղեցականօրէն Շաքի վերակազմուեցաւ իբրեւ Գանձակի կաթողիկոսութեան կապուած Շամախիի թեմի մէկ շրջանը:

Շաքիի մէջ կը գործէին Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Հռիփսիմէ եւ Սուրբ Մինաս եկեղեցիները: Շրջակայ հայաբնակ գիւղերն էին` Նիժ, Վարդաշէն, Քիշ, Կէօքբուլաղ, Դաշբուլաղ, Թարաքա, Ճալեթ, Եաղուբլու, Չարղաթ, Սաբաթլու եւ Սոլթան¬Նուխի: Կը գործէին Քիշի Սուրբ Եղիշէ Առաքեալի, Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Գեղարդի վանքերը: Մեծաթիւ հայութիւն կը բնակէր նաեւ մօտակայ Արէշ գաւառի Ամուրաւան, Գիրդաբիլ, Խոշկաշէն, Հաւարիկ, Մեծ Սէօկիւթլիւ (կամ Ուռեկան) եւ Քանդակ գիւղերուն մէջ:

* * *

Հաճի Չելեպի խանի հեղինակութիւնը հակակշռելու համար Փանահ Ալի խան դաշինքներ կնքեց Նախիջեւանի Հայտար Ղուլի խանի, Ղարադաղի Քազիմ խանի եւ Երեւանի Հասան Ալի եւ Հիւսէյն Ալի խաներուն հետ:

Ղաջարներու ցեղապետ Մոհամէտ Հասան խան, որ Շուշի բերդի կառուցումէն ետք Ղարաբաղի վրայ արշաւանքի ձեռնարկած եւ անյաջողութեան մատնուած նահանջած էր, Քերիմ խան Զանտի դէմ կռիւներու ընթացքին 1759¬ին սպաննուեցաւ Մազանտարանի մէջ:

* * *

Ֆաթհ Ալի խան Աֆշար քաջ զօրապետ էր եւ Նատիր շահի աջակիցն ու սիրելին եղած էր: Իրեն ցեղակից շահին սպանութենէն ետք, 1747¬ին, Ֆաթհ Ալի Աֆշարներու ցեղապետ հռչակուեցաւ, Ատրպատականի մէկ մասը իր հակակշիռին տակ առաւ եւ ինքզինք Ուրմիոյ խան հռչակեց: Ան ժամանակ մը Ազատ խան Ղիլզայ Աֆղանի հետ դաշնակցեցաւ: Քերիմ խան Զանտի դէմ կռուի բռնուեցաւ եւ Քազերունի ճակատամարտին, 1754¬ին նուաճեց զայն: Աֆղան զօրքերը յետոյ ծանր պարտութիւն կրեցին: Զանտեր զօրացան եւ գրաւեցին Սպահանը:

Աֆշար քոչուորները Ուրմիոյ շրջանի ամէնէն զօրաւոր ցեղախումբն էին: Աւանդութեան համաձայն անոնք Ատրպատական հասած են Լենկթիմուրի արշաւանքներու ժամանակ: Հոն կը թափառէին ցեղախումբին Արաշլու, Կիւնտիւզլու եւ Քասեմլու տոհմերէն խմբաւորումներ:

Ուրմիոյ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին

Ֆաթհ Ալի խան, որ Արաշլու տոհմէն էր, իր մայրաքաղաքը Ուրմիա քաղաքին մէջ հաստատեց: Շահար գետի ափին փռուած քաղաքը ունէր պարսիկ, թաթար, հայ, ասորի եւ հրեայ բնակչութիւն: Հոն կը գործէ հայոց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին: Շրջակայքը կային հայաբնակ երեսուն գիւղեր: Դէպի արեւելք Ուրմիոյ լիճն է:

Քոչուոր տարբեր խմբաւորումներ իր շուրջ համախմբելով, Ֆաթհ Ալի խան գրաւեց Թաւրիզը եւ իր մայրաքաղաքը հոն փոխադրեց: Այնուհետեւ ան իրեն հպատակեցուց Խոյի Շահպազ խան Տոնպոլին, Ղարադաղի Քազիմ խանը, Մարաղայի Ալիքուլու խան Մուքատտամը եւ Սարապի Ալի խան Շիկակը:

Աֆշար քոչուորներ կը հասնէին մինչեւ Ատրպատականի հարաւը` Սային Քալա, Ճակաթու գետի հովիտը:

Աֆշար քոչուորական այլ խմբաւորումներ Քեշլաքաթ-է Աֆշար անունով ձմեռանոցներ ունէին Զանճանէն հարաւ¬արեւմուտք, Քզըլ Ուզուն գետի հովիտին մէջ եւ ամարանոց` եայլա կը բարձրանային Սուլթանիէէն հիւսիս¬արեւելք եւ կը հասնէին մինչեւ Թարոմ: Այլ խմբաւորումներ ալ կը հասնէին մինչեւ Թեհրանի շրջանը. անոնք ամարանոց կը բարձրանային Էլպրուզի լանջերը, իսկ ձմեռանոցներն էին Շահրիար եւ Կար:

Ղաջարներու եւ Զանտերու միջեւ կռիւներու պայմաններուն տակ Ազատ խան վերսկսաւ յարձակումներու եւ միացաւ Ֆաթհ Ալի խանի:

Ազատ խան յետոյ ծանր պարտութիւն կրեց եւ փախուստ տուաւ դէպի Պաղտատ: Ան յետոյ Թիֆլիս գնաց եւ Թէյմուրազ Բ. թագաւորին մօտ ապաստան գտաւ:

Ազատ խանի պարտութենէն ետք Ֆաթհ Ալի խան իրեն միացուց նաեւ քրտական ցեղախմբային ուժեր եւ մեծ բանակ կազմեց:

* * *

Ուրմիոյ Ֆաթհ Ալի խան Աֆշար, իրեն միացնելով շարք մը ցեղապետներ եւ Խոյի Շահպազ խանը, եւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին աջակցութիւնը ստանալէ ետք, 1759-ին արշաւանքի ձեռնարկեց Ղարաբաղի խանութեան դէմ:

Շուշիի բերդ

Ֆաթհ Ալի խանի 30 հազարնոց բանակը Արաքսը անցնելով արագօրէն յառաջացաւ եւ Շուշիի շրջակայքը հասնելով կանգ առաւ ու դիրքաւորուեցաւ հարթավայրային Խոջալու գիւղին մէջ, ուր սկսաւ ամրութիւններ կառուցել:

Ֆաթհ Ալի խանի արշաւանքի պայմաններուն տակ, Գանձակի Շահվերտի խանին մօտ ապաստան գտած Ջրաբերդի մելիք Հաթամ եւ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ իրենց զօրքերով միացան Ուրմիոյ խանին:

Մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ բանակ դրին Խոջալուի մօտ եւ սկսան հողային ամրութիւններ կառուցել եւ դիրքեր հաստատել, Շուշի բերդին դէմ յարձակողական գործողութիւններու սկսելու համար:

Բայց Շուշին, բարձր ու անառիկ, հեռու էր Խոջալուէն եւ լաւապէս պաշտպանուած քոչուոր ցեղերու կռուող ուժերէ բաղկացած բերդապահ զօրքով:

Ֆաթհ Ալի խանի հրամանատարութեան տակ գործող զօրքերը վեց ամիս շարունակ պատերազմական գործողութիւններ շղթայազերծեցին Շուշիի դէմ, բայց չյաջողեցան մօտենալ բերդին, որ կարելի ըլլար պաշարել զայն:

Մելիք Յովսէփ եւ մելիք Հաթամ Ֆաթհ Ալի խանի թելադրեցին աւելի վճռական ու եռանդուն գործողութիւններու դիմել:

Ֆաթհ Ալի խան ընդհանուր յարձակողականի հրաման տուաւ: Բայց յարձակող զօրքերը բերդէն քիչ հեռու կատաղի դիմադրութեան հանդիպեցան: Փանահ Ալի խանի զօրքերուն հետ կը կռուէին նաեւ մելիք Շահնազարի զօրքերը:

Փանահ Ալի խան գրոհի հրաման տուաւ: Անոր զօրքերը սուինամարտի մտան եւ Ֆաթհ Ալի խանի ու հայ մելիքներու զօրքերէն շուրջ երկու հազար կռուող կոտորեցին, իսկ մնացածներն ալ փախուստի մատնեցին:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ֆաթհ Ալի խան հաշտութիւն խնդրեց եւ առաջարկեց գերիներու փոխանակութիւն կատարել:

Ֆաթհ Ալի խան եւ Փանահ Ալի խան բանակցութեան մէջ մտան եւ հասկացողութեան եկան: Փանահ Ալի խան Ֆաթհ Ալի խանի տուաւ տասը հազար թուման:

Ֆաթհ Ալի խան այսպէսով մեղանչեց իրեն օգնող մելիք Յովսէփի եւ մելիք Հաթամի հետ դրած պայմանին: Այդ պայմանին համաձայն Ֆաթհ Ալի խան պիտի բաւականանար միայն Շուշի բերդին կողոպուտով, իսկ Փանահ Ալի խանը մելիք Յովսէփի եւ մելիք Հաթամի ձեռքը պիտի յանձնէր, որոնք անոր հետ պիտի վարուէին այնպէս ինչպէս որ ուզէին:

Ֆաթհ Ալի խան, յանուն բարեկամութեան, առաջարկեց իր աղջիկը կնութեան տալ Փանահ Ալի խանի որդի Իպրահիմ Խալիլ աղայի: Համաձայնութիւն կայացաւ: Իպրահիմ Խալիլ աղա Ֆաթհ Ալի խանի մօտ գնաց, անոր աղջկան հետ նիքեահը  կապելու: Բայց Ֆաթհ Ալի խան ձերբակալեց Իպրահիմ Խալիլ աղան եւ զայն հետը տանելով իր զօրքին հետ ճամբայ ելաւ դէպի Ուրմիա:

* * *

Ֆաթհ Ալի խանի բանակին նահանջը կատարուեցաւ Սիսիանի ճանապարհով:

Ճամբան Ֆաթհ Ալի խանի մերձաւորները անոր ըսին, որ Տաթեւի վանքին մէջ մեծ թիւով հայեր պատսպարուած են եւ թէ այդ հայերը Փանահ Ալի խանի հպատակներն են եւ չեն ուզեր ճանչնալ Ֆաթհ Ալի խանի իշխանութիւնը:

Ֆաթհ Ալի խան իր զօրքին հրամայեց կանգ առնել: Ան Տաթեւի վանքին մօտենալով պահանջեց, որ հոն պատսպարուածները դուրս ելլեն, ներկայանան իրեն եւ արիւնահեղութեան ու կոտորածի պատճառ չդառնան:

Վանահայր Յովհաննէս վարդապետ համաձայն գտնուեցաւ խանի պահանջին, բայց մելիք Բաբա մերժեց անձնատուութեան պայմանը եւ սպառնաց սպաննել Յովհաննէս վարդապետը:

Ֆաթհ Ալի խան պաշարեց վանքը, բայց պատերազմական գործողութիւններու չձեռնարկեց: Ան կրկին անգամ յորդորեց վանքին մէջ գտնուողները` անձնատուր ըլլալու, խոստանալով եւ երդում ընելով, որ ոչ ոք պիտի վնասուի:

Պաշարուածները ի վերջոյ տեղի տուին եւ բացին վանքին դուռերը:

Ֆաթհ Ալի խան դրժեց իր երդումը, կալանաւորեց Յովհաննէս վարդապետը, մելիք Բաբան եւ շատ ուրիշներ, ապա կողոպտեց վանքը, թալանելով անոր ոսկի եւ արծաթ անօթները, զարդերը եւ բոլոր հարստութիւնները:

Ֆաթհ Ալի խանի բանակը ճամբան շարունակեց, իր հետ տանելով հայ գերիները: Բայց այդ ժամանակ լուր հասաւ որ Քերիմ խան Զանտ արշաւանքի սկսած է Ուրմիոյ վրայ: Հետեւաբար գերիները Նախիջեւանի Հայտար Ղուլի խանին յանձնելով, Ֆաթհ Ալի խան շտապեց անցնիլ Արաքսը:

Հայտար Ղուլի խան սպաննել տուաւ մելիք Բաբան, իսկ մնացած գերիները, որոնց շարքին եւ Տաթեւի միաբանները, ազատ արձակեց, որոնք վերադարձան իրենց տեղերը:

Մելիք Բաբայի որդի Քոլի, հօր վրէժը լուծելու համար, Փանահ Ալի խանի զինուորներէն մէկուն ձեռքով սպաննել տուաւ Յովհաննէս վարդապետը:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 8, 2025
Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները
Պատմական

Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?