Նատիր Խանի Արշաւանքները Եւ Շամախիի Գրաւումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի Հայկական Զօրքերու Օժանդակութիւնը
Պարսկական Բանակին

Արցախի եւ Գանձակի շրջաններուն մէջ կեդրոնացած օսմանեան տասնեակ հազարաւոր զինուորներ 1733-ի Մեծ Պահքի առաջին գիշերը ոչնչացուած էին արցախցիներուն կողմէ:
Մինչ այդ, Երից Մանկանց վանքի Ներսէս կաթողիկոս նամակով դիմած էր Կովկասի ռուսական զօրքերու հրամանատար զօրավար Լեւաշովի, թրքական լուծէն ազատագրուելու համար Արցախի աջակցելու խնդրանքով:
Ռուսերէն օժանդակութիւն ստանալու խնդրանքով դիմում կատարած էին նաեւ Շամախիի հայերը:
Կովկասի մէջ Ռուսաստանի քաղաքական ծրագիրներու մասին առաջարկներով իր կառավարութեան առջեւ հանդէս եկաւ պարոն Փիոթըր Շաֆիրով: 14 սեպտեմբեր 1733-ի իր զեկոյցին մէջ ան կ՛ըսէր. «Սղնախներու հայերու միջոցով այս քաղաքը (Շամախին) գրաւելու պարագային կարելի է ամբողջ փոքր Հայաստանը (Արցախը) կամ ինչպէս այժմ կ՛անուանեն` հայկական սղնախները գրաւել, որոնց բոլոր տարածքները հայ քաջ քրիստոնեաներով բնակուած են եւ անոնք իրենք ինքնուրոյն քանի մը տարի կը պաշտպանուէին ինչպէս թուրքերէն, այնպէս ալ պարսիկներէն»:
***
Պարսկաստանի տիրակալ Նատիր խան 1733-ի ամրան պատերազմական գործողութիւններ սկսաւ Պաղտատի շուրջ:
Օսմանեան բանակը, սերասքերի Թոփալ Օսմանի հրամանատարութեան տակ, 1733-ի յուլիսին Պաղտատի մօտ ծանր պարտութեան մատնեց Նատիր խանի զօրքերը:
Արցախի եւ Սիւնիքի հայկական զօրքերը օգնութեան փութացին Նատիր խանի: Հայկական զօրքերը կը գլխաւորէին հինգ իւզպաշիներ` Դաւիթ Գորըցենցի բէկ, Աբիճան որդի Ատովմի, Աղաճան որդի Այդին բէկի, Բալիգ որդի Մուսիսի եւ Հախնազար որդի Ճադակերեանց Թոփուզի:
Հայկական զօրքերու ճակատ հասնելէն ետք ուժերու յարաբերակցութիւնը փոխուեցաւ ի նպաստ Նատիր խանի:
Օսմանեան եւ պարսկական բանակներուն միջեւ վճռական ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 24-էն 26 հոկտեմբեր 1733-ին, Քերքուքի մօտակայքը: Թուրքեր ծանր պարտութիւն կրեցին. մարտի դաշտին վրայ ինկաւ նաեւ սերասքերի Թոփալ Օսման:
Թոփալ Օսմանի փոխարէն սերասքերի նշանակուեցաւ Քէօփրիւլիւ Ապտուլլահ փաշա: Սուլթան Մահմուտի կառավարութիւնը որոշեց միաժամանակ նոր ճակատներ բանալ Պարսկաստանի դէմ:
Օսմանեան կառավարութեան պահանջով Խրիմի թաթարներու 30 հազարնոց բանակ մը 1734-ի գարնան Տաղստանէն անցնելով ներխուժեց Վրաստան:
Թաթարական զօրքերը Թիֆլիսի մօտակայքէն, Կուրի ափերէն շարժեցան դէպի Շամախի` Շիրվանի Խանութեան մայրաքաղաքը, ուր անոնց կը սպասէին լեզգիներու զինուած ջոկատները:
Դէպի Շամախի թաթարական զօրքերու յառաջխաղացքի լուրը առնելով, Նատիր խան վճռեց պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմը տեղափոխել Հայաստան եւ Վրաստան:
Սահմանի վրայ, Արաքս գետի երկայնքին պարսկական 30 հազարնոց բանակ մը կեդրոնացած էր: Փութով, Խորասանէն եւ Քանտահարէն օժանդակ ուժեր հասան:
Պարսկական նոր ուժերու ժամանման լուրը առնելով, թաթար ու լեզգի ուժերը կանգ առին եւ պաշտպանական դիրքեր բռնեցին:
Պարսկական բանակը անցաւ Արաքսը եւ շարժեցաւ դէպի Նախիջեւան ու գրաւեց զայն:
Նախիջեւանէն պարսկական բանակը շարժեցաւ դէպի Շամախի եւ Գանձակ:
Պարսկական բանակի յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ Շամախիի բնակչութեան կէսը կազմող թաթարները, որոնք կը վախնային իրենց ըմբոստութեան պատճառով պատժուիլ, փախուստ տուին դէպի լեզգիներով բնակեցուած լեռները: Իսկ հայերը մնացին եւ սպասեցին պարսկական բանակի ժամանման:
Սուրխայ խան Քազիքումուխլու, որ օսմանեան կառավարութեան անունով Շիրվանի երկրամասի կառավարիչն էր, իր կարգին փախաւ դէպի Տաղստան:
Գանձակէն թաթարական նոր ուժեր օգնութեան փութացին Շամախիի: Միաժամանակ Էրզրումի օսմանեան զօրքերու հրամանատարութեան հրահանգուեցաւ պատրաստ ըլլալ, դիմագրաւելու համար Շամախիի եւ Գանձակի սպառնացող վտանգը:
***
Նատիր խան, իր բանակին գլուխը անցած, 1734 օգոստոսին հասաւ Շամախի: Քաղաքին մէջ գտնուող օսմանեան կայսզօրը քաշուեցաւ միջնաբերդը:
Մտնելով Շամախի, Նատիր խան կոտորել տուաւ քաղաք մնացած փոքրաթիւ թուրքերը եւ այնուհետեւ քաղաքի հայ բնակիչներուն յայտնեց, որ իր նպատակն է աւերել քաղաքը եւ անոր միջնաբերդը:
Շամախեցիք խնդրեցին Նատիր խանէն հրաժարելու իր որոշումէն, պաղատեցան որ խնայէ իրենց քաղաքին, բայց ապարդիւն: Իբրեւ բարի կամեցողութիւն Նատիր խան խոստացաւ յետաձգել քաղաքին աւերումը եւ ժամանակ տուաւ հայերուն, որպէսզի իրենց ընտանիքներով եւ ինչքերով, ըստ իրենց հայեցողութեան տեղափոխուին Վրաստան կամ Հայաստան: Նատիր խան նաեւ խոստացաւ անոնց բնակարաններ տալ թուրքերը վտարելէն ետք:
Շիրվան երկրամասին կեդրոնը, Շամախի, Պաքուէն 106 քիլոմեթր արեւմուտք, 750 մեթր բարձրութեան վրայ եւ լեռներով շրջապատուած, հայկական հոծ բնակչութեամբ քաղաք էր: Շամախեցիք ծագումով մեծամասնութեամբ արցախցիներ էին, եւ Շամախիի բարբառը մեծ ընդհանրութիւններ ունի Արցախի բարբառին հետ: Շամախեցիք կը զբաղէին վաճառականութեամբ եւ արհեստներով. զարգացած էր յատկապէս մետաքսագործութիւնը եւ գորգագործութիւնը:

Շամախիի շրջակայ հայկական գիւղերն էին` Մադրասա, Աւանաշէն, Գանձակ, Գիրկ, Գիւրջիվան, Զարգեարան, Հնղար, Ղալագահ, Վանք, Ուշտալ, Քարքանջ, Քեշխուրդ եւ Սաղիան:
Շամախիի թեմը, որ կ՛ընդգրկէր ամբողջ Կուրի ձախափնեակը, նաեւ` Պաքուն, Ղուբան եւ Դերբենդը, կապուած էր Գանձասարի կաթողիկոսութեան. կեդրոնը Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանքն էր:
Նատիր խանի զօրքերը պաշարեցին միջնաբերդը: Օսմանեան կայազօրը, երկուքուկէս ամսուան դիմադրութենէ ետք, անձնատուր եղաւ:
Պարսիկներ սուրի քաշեցին ամբողջ կայազօրը եւ աւերեցին քաղաքը:
***
Շամախին աւերելէ ետք պարսկական բանակը շարժեցաւ դէպի հիւսիս, լեզգիները հետապնդելու եւ զանոնք ջախջախելու նպատակով: Լեզգիները, սիւննի դաւանանքի հետեւորդներ ըլլալով, օսմանցիներուն հաւատարիմ էին եւ շիի պարսիկներուն թշնամի կը նկատուէին:
Պարսկական բանակը հասաւ բարձրաւանդակները, բայց լեռնանցքներով ու ոլորապտոյտ կածաններով լեռնաշղթաներէն լեզգիները հետապնդել անհնար էր. ճանապարհները յայտնի էին միայն տեղացիներուն:
Նատիր խան իր վրէժը լուծեց շարք մը գիւղեր այրելով, դաշտավայրերու գիւղերը ասպատակելով եւ անասուններու հօտեր յափշտակելով:
Նատիր խանի բանակը այնուհետեւ շարժեցաւ դէպի Գանձակ եւ պաշարեց քաղաքը:
Արցախի եւ Սիւնիքի հայրերը, թուրքերու դէմ իրենց պայքարին մէջ բնական դաշնակից նկատելով Նատիր խանը, օժանդակ ուժեր ուղարկեցին անոր:
Պարսկական բանակը երկու ամիս պաշարուած պահեց Գանձակը, բայց առանց որեւէ արդիւնքի: Նատիր խան ընդհանուր գրոհի հրաման տուաւ, բայց նոյն պահուն Երեւանի ճամբարէն սուրհանդակ հասաւ, որ տեղեկացուց, թէ Քէօփրիւլիւ Ապտուլլահ փաշա մեծ բանակով ճամբայ ելած է Երեւանի կայազօրին օգնութեան:
Նատիր խան անյապաղ քակեց Գանձակի պաշարումը եւ շտապեց դիմագրաւելու օսմանեան բանակը:
Դիզակի մելիք Եգան իր ուժերով միացաւ Նատիր խանի: Հետզհետէ, Արցախէն եւ Սիւնիքէն նորանոր ուժեր միացան պարսկական բանակին:
***
Աբրահամ Բ. Խոշաբեցի կաթողիկոս եւ ուխտաւորաբար իր մօտ գտնուող Թեքիրտաղի առաջնորդ Աբրահամ Կրետացի եպիսկոպոս, տասնեակ մը միաբաններու ուղեկցութեամբ, 27 օգոստոս 1734-ին Էջմիածնի շրջակայ վանքերը պտոյտի ելան: Յովհաննավանքի մէջ կաթողիկոսը նոր խորանի ու սեղանի օծումը կատարեց: Ապա անոնք անցան Սաղմոսավանք, Լուսաւորչի անապատ, այնուհետեւ` Ուշի, Փարպի, Կարբի, Մուղնի եւ Օշական:
Անոնք իրենց շրջագայութիւնը պիտի շարունակէին դէպի Երեւան եւ Խոր Վիրապ, երբ լուր հասաւ, որ պարսկական բանակը սկսած է մօտենալ:
Աբրահամ Կրետացի եպիսկոպոս կաթողիկոսէն խնդրեց աճապարել վերադառնալ Սուրբ Էջմիածին, իսկ ինք, հիւր ըլլալով եւ ազատութիւն ունենալով, նորէն շաբաթ մը անցուց Սաղմոսավանքի մօտ, Լուսաւորչի անապատը եւ հոկտեմբեր 16-ին ճամբայ ելաւ դէպի Երեւան, ուրկէ անցաւ Խոր Վիրապ, Հաւուց Թառ, Գեղարդի վանք, Գառնի, Նորք եւ հասաւ Ձագավանք, ուր ստացաւ փութով Էջմիածին դառնալու կաթողիկոսին հրամանը:
Աբրահամ Կրետացի եպիսկոպոս Էջմիածին հասաւ երկուշաբթի, 4 նոյեմբեր 1734-ին եւ կաթողիկոսը գտաւ անկողին ինկած ծանր հիւանդ:
Աբրահամ Բ. Խոշաբեցի կաթողիկոս, վարակիչ համաճարակէ բռնուած, վախճանեցաւ երկուշաբթի, նոյեմբեր 11-ին:
Նոյն օրը մահացաւ Երեւանի կուսակալ Ալի փաշա եւ կուսակալութեան գործերը ստանձնեց զինուորական հրամանատար Հիւսէյն փաշա:
Յաջորդ օր Աբրահամ Կրետացի պատարագեց եւ օծեց վախճանեալ հայրապետը, բայց չկրցաւ Սուրբ Գայեանէ երթալ եւ տենդէ բռնուած անկողին մտաւ:
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 13-ին, Էջմիածնի բոլոր միաբանները Սուրբ Գայեանէի վանք ուղղուեցան, վախճանեալ հայրապետին գերեզմանը օրհնելու: Նոյն պահուն լուր հասաւ, որ պարսկական բանակը արագօրէն յառաջանալով մօտեցած է Վաղարշապատի:
Ամէն կողմ պատերազմական գօտիներէն փախստականներ էին: Թուրք զինուորներ Սուրբ Գայեանէէն ելլող հայ հոգեւորականներուն ստիպեցին դէպի Փարաքար ուղղուիլ, բայց անոնք, բազում աղաչանքէ եւ հինգ ոսկի տալէ ետք կրցան Էջմիածին վերադառնալ:
Տագնապալի ժամանակը կը ստիպէր անյապաղ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւն կատարել: Միաբաններ համակարծիք ընտրեցին Աբրահամ Կրետացին, որ կաթողիկոս օծուեցաւ Յիսնակաց կիրակի օրը` 24 նոյեմբեր 1734-ին:
***

Օսմանեան բանակը, Քէօփրիւլիւ Ապտուլլահ փաշայի հրամանատարութեան տակ, դիրքաւորուած էր Պայազիտէն մինչեւ Կարս տարածուող գօտիին մէջ:
Նատիր խանի պարսկական բանակը յաղթականօրէն կը շարունակէր իր յառաջխաղացքը, եւ Արցախի ու Սիւնիքի հայկական զօրքերը, մելիքներու գլխաւորութեամբ, ամէնուրեք կ՛ուղեկցէին անոր:
Գեղարքունիքի մելիք Թոփուզ Մելիքջան Մելիք Շահնազարեան մեծ պատիւներով ընդունած էր Նատիր խանը, եւ մտերմական յարաբերութիւններ հաստատուած էին անոնց միջեւ:
Նատիր խան լաւ կ՛ըմբռնէր հայերու հակաթրքական տրամադրութիւնները եւ օսմանցիներու դէմ իր պայքարին մէջ հայ մելիքները իր ամէնէն վստահելի դաշնակիցները կը նկատէր:
Նատիր խանի զինուորական գլխաւոր աջակիցը եւ խորհրդատուն Դիզակի մելիք Եգանն էր: Պատմիչ Մոհամէտ Քազիմ բազմիցս կը յիշատակէ զայն իբրեւ նուրբ քաղաքագէտի յատուկ արտակարգ ընդունակութիւններով օժտուած իմաստուն գործիչ, որ Նատիր խանի կողմէ մեծ սիրոյ եւ վստահութեան արժանացած է:
Նատիր խան 1735 ապրիլին Լոռիի եւ Ղազախի վրայէն սկսաւ յառաջանալ դէպի Կարս, բայց պարէնի եւ դարմանի պակասը ստիպեց զինք Ապարանի կողմը դառնալ եւ Արարատեան դաշտ իջնել:
Աբրահամ Գ. Կրետացի կաթողիկոս որոշեց ընդառաջ երթալ Նատիրի: Մայիս 27-ին, հոգեգալստեան երեքշաբթի օրը ան Էջմիածինէն ճամբայ ելաւ ընծաներով եւ Յովհաննավանքին մէջ գիշերելով, յաջորդ օր հասաւ Նատիրի բանակատեղին` Ապարանի մօտակայ Շիրաղալա գիւղը: Մայիս 29-ին ան ներկայացաւ Նատիր խանի, որ զայն ընդունեց սիրով եւ զինուորական պատիւներով եւ երեք օր իր մօտ պահեց, դարձնելով իրեն սեղանակից:
Նատիր խան, մելիք Եգանի խորհուրդով, զինուորական հետագայ գործողութիւններուն յատակագիծը պատրաստեց եւ Էջմիածնի հետ յարաբերութիւններու ընթացքը ճշդեց:
Նատիր խան պատիւներով ճամբու դրաւ հայոց կաթողիկոսը եւ ինքն ալ ետեւէն շաբաթ, 31 մայիս 1735-ին բանակ դրաւ Էջմիածնի մօտ:
Մինչ այդ Քէօփրիւլիւ Ապտուլլահ փաշա իր բանակով արագօրէն կը յառաջանար: Օսմանեան զօրքը կը հաշուէր 50 հազար ձիաւոր, 30 հազար հետեւակ եւ 40 թնդանօթ:
Պարսկական բանակը կը հաշուէր 15 հազար զինուոր եւ իր կողքին ունէր հայկական կռուող ուժեր, որոնք կը գործէին մելիք Եգանի հրամանատարութեան տակ: