Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Նատիր Շահի Նուաճումները Եւ Սպանութիւնը

Ապրիլ 14, 2021
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փանահ Ալի խան
Փանահ Ալի Խան` Ղարաբաղի Կառավարիչ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պայաթ Եւ Շահբուլաղ` Ղարաբաղի Խանութեան Մայրաքաղաքներ

Աշխարհակալական երազներով տարուած Իրանի Նատիր շահ 1743-ին պատերազմ հռչակեց Օսմանեան կայսրութեան դէմ:

Պարսկական բանակը արագ յարձակողականով մը գրաւեց Քերքուքը, Էրպիլը եւ 14 սեպտեմբեր 1743-ին պաշարեց Մուսուլը:

Մուսուլի կառավարիչ Հաճի Հիւսէյն Ճալիլի փաշա յաջողութեամբ պաշտպանեց քաղաքը: Պաշարման քառասուներորդ օրը Նատիր շահ ստիպուած քակեց պաշարումը եւ նահանջեց:

Նատիր շահ 1744-ի տարեսկիզբին պաշարեց Կարսի բերդը, բայց կարճ ժամանակ ետք ուղղուեցաւ Տաղստան, լեռնականներու ապստամբութիւնը ճնշելու համար:

Տաղստանի ցեղախումբերը` աւար, լեզգի, տարկին, քումիք եւ լաք, խուսափելով ճակատ ճակատի դուրս գալ պարսկական բանակին դէմ, քաշուեցան դէպի խոր անտառներ եւ անառիկ բարձունքներ: Անոնց գիւղերը հիմնայատակ քանդուեցան եւ անոնք, որոնք չէին յաջողած խոյս տալ, սուրի քաշուեցան կամ գերեվարուեցան:

Պարսկական բանակը Տաղստանի լեռներուն վրայ ասպատակութիւններէ ետք ուղղուեցաւ դէպի Երեւան: Նոյն ժամանակ լուր հասաւ որ օսմանեան բանակը Կարսէն սկսած է յառաջանալ դէպի արեւելք:

Նատիր շահ իր բանակը երկուքի բաժնեց: Մէկ մասը, իր որդի Նասրոլլահ Միրզայի հրամանատարութեան տակ ուղարկեց դէպի Մուսուլ, իսկ ինք մնացեալ 80 հազար զինուորներուն գլուխը անցած ուղղուեցաւ դէպի Կարս:

Օսմանցիք Կարսի շուրջ 140 հազար զինուոր կեդրոնացուցած էին, որուն 40 հազարը ինիչերիներ եւ 100 հազարը սիփահի հեծեալներ էին եւ եւրոպական արդիական թնդանօթներով օժտուած էին:

Պարսկական բանակը 9 օգոստոս 1745-ին յարձակման անցաւ Կարսի ուղղութեամբ: Ճազայիրչիներու զօրագունդը ճեղքեց ճակատը, որմէ ետք սկսան սուինամարտեր: Օսմանցիք փորձեցին կասեցնել պարսկական բանակի գրոհները, բայց չյաջողեցան: Յետմիջօրէին Նատիր շահ Խորասանի հեծելազօրքը լայնածաւալ գրոհի առաջնորդեց. շահին երկու ձիերը սպաննուեցան:

Յաջորդ օր պարսկական բանակը կտրեց Կարսի հետ օսմանեան բանակի հաղորդակցութեան գիծը եւ պաշարման օղակ հաստատեց: Երեկոյեան օսմանցիք նահանջեցին դէպի արեւմուտք:

Յաջորդող ինը օրերու կռիւներուն օսմանեան բանակը հիմնովին ջախջախուեցաւ եւ հրամանատար Մեհմէտ Եկէն փաշա սպաննուեցաւ:

Պարսկական բանակը, Նասրոլլահ Միրզայի հրամանատարութեան տակ յաղթանակ տարաւ նաեւ Մուսուլի ճակատամարտին:

Ղազուինի մօտակայ Քերտէն գիւղին մէջ 4 սեպտեմբեր 1746-ին հաշտութիւն կնքուեցաւ, որուն հիմամբ վերահաստատուեցաւ թուրք-պարսկական նախապատերազմեան սահմանը:

***

Նատիր շահ հոգեկան հիւանդութեան եւ մոլագարութեան հասած էր: Իր անձին դէմ սարքուած դաւադրութիւնը զինք դարձուցած էր անողոք գազան: Աջ ու ահեակ թշնամիներ եւ դաւադիրներ տեսնելով ան նախճիրներ կը հրամայէր եւ կտրուած գլուխներով այս ու այն կողմ բուրգեր կուտակել կու տար: Շիրազի ամբողջ բնակչութիւնը կոտորել տուաւ, իսկ Մեշհէտի բոլոր բնակիչներուն մէկ կամ երկու աչքը հանել տուաւ: Նախիջեւանի հայոց մեծամեծներ կուրացուելու դատապարտուեցան, բայց կաշառք տուողներուն մէկ աչքը հանուեցաւ եւ միւսը թեթեւ կերպով վնասուեցաւ:

Նատիր շահ նաեւ հրամայեց մայրաքաղաք Սպահանի ամբողջ բնակչութիւնը կոտորել եւ հայաբնակ Նոր Ջուղան ալ քարուքանդ ընել: Հրամանը չգործադրուած շահը մեկնեցաւ Խորասան, շրջանի քիւրտ ըմբոստները պատժելու համար:

Խորասանի Քուչան քաղաքը հասնելէն ետք շահը իր թուրքմէն զինուորներուն հրամայեց գիշերը բոլոր պարսիկ զինուորները սուրի քաշել: Արքայական վրանի վրացի ստրուկը լուրը հասցուց պարսիկ սպաներուն:

Արքայական պահակագունդէն Մոհամէտ Ղուլի խան եւ թագաւորական տան վերակացու Սալահ խան 19 յունիս 1747-ի գիշերը տասնհինգ զինուորներով մտան շահին վրանը: Նատիր արթննալով փորձեց պաշտպանուիլ եւ երկու զինուոր սպաննեց, բայց սուրի հարուածներու տակ արիւնլուայ փռուեցաւ:

***

Նատիր շահի սպանութենէն ետք անոր ստեղծած հսկայ պետութիւնը սկսաւ քայքայուիլ եւ Իրան քաոսի ու անիշխանութեան մատնուեցաւ:

Նատիրի եղբօր` Իպրահիմ խանի որդի Ալի Ղուլի խան 6 յուլիս 1747-ին ինքզինք թագաւոր հռչակեց Ատիլ (արդարութիւն) շահ անունով:

Արքայական տան անդամներու միջեւ պայքար սկսաւ: Նահանգներու կառավարիչները իրենք զիրենք անկախ հռչակեցին: Օման եւ Պուխարայի ու Խիւայի խանութիւնները անկախութեան դրօշ պարզեցին:

Ատիլ շահ, որ յայտարարած էր թէ Նատիր իր հրամանով սպաննուած է եւ խոստացած էր ճնշուածներու դրութիւնը թեթեւցնել եւ պետութեան շահերը պաշտպանել, անխնայ կոտորել տուաւ Նատիրի բոլոր կողմնակիցները:

***

Ջաւանշիրները (Ջուանշիր) թուրքմէն քոչուոր ցեղախումբ են: Ջաւանշիր պարսկերէն կը նշանակէ կորիւն: Աւանդութեան համաձայն անոնց բուն ցեղանունը եղած է Ջաւանկար (աջ բազուկ), որովհետեւ անոնց պետերը խաղաղ ժամանակ օղուզ խաներու աջ կողմը կը նստէին: Անոնք հնագոյն ժամանակներէն Թուրքեստանէն Պարսկաստան տեղափոխուած էին եւ շիի դաւանանքի հետեւորդներ էին:

Իրենց անհամար խաշինքներուն համար նոր արօտավայրեր փնտռելով, անոնք հասած էին Արցախի սահմանները: Մուղանի տափաստանները անոնց ձմեռանոցներն էին, իսկ Արցախի լեռները` ամարանոցներ:

Թուրք-պարսկական պատերազմներու ժամանակ Ջաւանշիրները օսմանցիներուն կողմը անցած էին: Իբրեւ փոխվրէժ, շահ Աբաս 1612-1613-ին սպաննել տուած էր ցեղախումբին պետերը, որմէ ետք, 1627-ին ցեղապետութիւնը յանձնած էր իսլամացած վրացի Նովրուզ բէկի, որ Գանձակի եւ Ղարաբաղի պէյլէրպէկի Տաուտ խան Ալլահվերտիի ազգականն էր:

Ջաւանշիրներուն իշխող ընտանիքը` Սարիջէ (տժգոյն) Ալիի սերունդը կոչուեցաւ Սարիջալլու: Սարիջէ Ալիի որդին` Իպրահիմ աղա սեփականացուց Աղտամի այգին, Արասպարը (Արասպարան) եւ նորանոր հողեր ու արօտավայրեր ձեռք ձգեց Արաքսի ու  Թարթառի ափերուն:

Նատիր շահ, երկրին խաղաղութիւնը պահպանելու համար, աւազակաբարոյ Ջաւանշիրները եւ թուրքմէն այլ ցեղեր նուաճած եւ բռնագաղթի մղած էր դէպի Խորասան:

Նատիր շահ Ջաւանշիրներու Ֆազլ Ալի բէկի զինուորական պաշտօն տուած էր: Ֆազլ Ալի բէկ սպաննուած էր պատերազմի դաշտին վրայ: Այնուհետեւ շահը անոր կրտսեր եղբայր Փանահ Ալիի մունետիկի պաշտօն տուաւ:

Ծառայութեան անցնելէն ժամանակ մը ետք Փանահ Ալի, անկարգութեան մը պատճառով 1738-ին գլխատման դատապարտուեցաւ:

Մահապատիժէ խուսափելու համար Փանահ Ալի վեց ցեղակիցներու հետ Խորասանէն փախուստ տուաւ: Շահը անոր ետեւէն զինուորներ ուղարկեց` ճանապարհին բռնելու համար, սակայն ան յաջողեցաւ ճողոպրիլ եւ հասաւ Ղարաբաղ:

Նատիր շահ իր մերձաւորներուն հետ

Իբրեւ մահապարտ յանցագործ, Փանահ Ալի իր մերձաւորներուն հետ աստանդական կեանք կը վարէր Արցախի լեռներուն վրայ եւ երբեմն կը հասնէր մինչեւ Շաքիի կողմերը:

Փանահ յետոյ դիմեց Ջրաբերդի մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթանի եւ անոր մօտ ապաստան գտաւ: Մելիքը զայն իր գիւղերուն վրայ հարկահաւաք նշանակեց:

Ժամանակ մը ետք յայտնի դարձաւ, որ Փանահ Ալի Ղարաբաղ կը գտնուի: Հրաման արձակուեցաւ որ Փանահ բռնուի եւ յանձնուի, բայց ան, հայ մելիքի պաշտպանութեան տակ, ազատ մնաց:

Նատիր շահի սպանութենէն ետք Խորասան բռնագաղթուած Ջաւանշիրները եւ քոչուոր Օթուզիքի (երեսուներկու) ու Քեպիրլի ցեղերը վերադարձան Արցախի սահմանները:

Փանահ Ալի իրեն ենթարկեց թուրքմէն քոչուոր շարք մը ցեղեր եւ սկսաւ յարձակումներ գործել շրջակայ բնակավայրերուն վրայ: Աւազակային արշաւանքները հասան մինչեւ Շաքի եւ Նախիջեւան: Կողոպտուած աւարը ան կը բաժնէր իր զինակիցներուն, եւ փոխարէնը անոնցմէ զինուորական նոր ուժեր կը հաւաքագրէր:

Փանահ Ալի դաշնակցեցաւ Քեպիրլի ցեղին հետ եւ ամուսնացաւ ցեղապետի աղջկան հետ: Քեպիրլիները մեծ աջակցութիւն ցոյց տուին անոր:

Ատիլ շահին կողմէ Ատրպատականի սարտար նշանակուած Ամիր Ասլան խան Աֆշար իր անունով ձի, սուր եւ նուէրներ ուղարկեց Փանահ Ալիի եւ փափաք յայտնեց տեսնուելու հետը: Հանդիպման ընթացքին Ամիր Ասլան խան Փանահ Ալիէն պահանջեց հպատակիլ Ատիլ շահին: Փանահ Ալի, տեսնելով որ սարտարը իրմէ շատ աւելի ուժեղ է եւ հարկադրուելու պարագային իր թշնամիները եւ դրացի խաները կ՛օգտուին, հնազանդութիւն յայտնեց:

Փանահ Ալի յետոյ նամակ եւ նուէրներ ուղարկեց սարտարին եւ իր հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը յայտնեց Ատիլ շահին:

Ամիր Ասլան խան Փանահ Ալիի հաւատարմութեան հաւաստիքը փոխանցեց Ատիլ շահին: Շահը, գոհ մնալով, Փանահ Ալիի խանութեան տիտղոս շնորհեց եւ Ղարաբաղի կառավարիչ նշանակեց: Խանութիւնը Փանահ Ալիի շնորհուեցաւ 1748 թուակիր արքայական ռաղամով (շահական հրովարտակ): Ատիլ շահ Փանահ Ալի խանի ուղարկեց նաեւ պարգեւներ` թանկագին խալաթ (կը նշանակէ պարգեւատրուած հագուստ), ոսկեզօծ թամբով ձի, սուր եւ թանկագին քարերով զարդարուած ոսկեղէն:

***

Փանահ Ալի խան առաջին հերթին որոշեց Արցախի մէջ ամրապնդուիլ եւ ռազմագիտական յենակէտեր ունենալ:

Այս նպատակով ալ ան Կուր գետին մօտ, Քեպիրլի մահալի Պայաթ աւերակ աւանին մօտ 1748¬ին ձեռնարկեց բերդի կառուցման: Պայաթ Ղարաբաղի խանութեան մայրաքաղաք հռչակուեցաւ, խոր խրամատով շրջափակուեցաւ եւ պարսպապատուեցաւ: Հոն բնակութիւն հաստատեցին Փանահ Ալի խան եւ իր ընտանիքը, մերձաւորներ, ցեղակիցներ եւ մինչեւ Թաւրիզէն ու Արտապիլէն վերաբնակիչներ:

Արցախի մելիքները զգացին վտանգը եւ որոշեցին չէզոքացնել քոչուոր տիրակալը: Միաժամանակ, Փանահ Ալի խանի հակառակորդները եւ յատկապէս Օթուզիքի ցեղախումբը սկսան պայքարիլ Փանահ Ալի խանի տիրապետութեան դէմ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ, Ջրաբերդի մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան եւ Օթուզիքի ցեղախումբի պետերը միաբանեցան եւ նամակ ուղարկեցին Շիրվանի կառավարիչ Հաճի Չելեպիի: Նամակին մէջ անոնք կը գրէին որ Փանահ Ալի խան Ղարաբաղի տիրելով ամրոց կառուցած է եւ կը ջանայ զօրանալ ու ամրապնդուիլ: Նամակը կ՛եզրափակէին ըսելով որ եթէ անփութութիւն թոյլ տրուի, հետագային անոր դէմ պայքարիլը դժուար պիտի ըլլայ:

Հաճի Չելեպի Շիրվանշահներու տոհմէն էր: Շիրվանշահ (պարսկերէն` առիւծային թագաւոր) տոհմանունը կը կրէին Շիրվանի կառավարիչները: Շիրվանշահ երեք տուներ իշխած են Շիրվանի մէջ, իբրեւ մայրաքաղաք ունենալով հայաշատ Շամախին եւ հետագային` Պաքուն: Շիրվանշահերը պարսկական մշակոյթի եւ դպրութեան հովանաւորներ էին:

Հաճի Չելեպի ընդառաջեց, զօրք հաւաքագրեց եւ ուղարկեց Փանահ Ալի խանի դէմ: Գիւլիստանի ու Ջրաբերդի մելիքութիւններու ուժերը եւ թուրքմէն Օթուզիքի ու քոչուոր ցեղային այլ կռուողներ միացան Շիրվանէն հասնող ուժերուն եւ յարձակեցան Պայաթի վրայ: Հաճի Չելեպի անձնապէս ժամանեց Պայաթ եւ ստանձնեց յարձակող ուժերու հրամանատարութիւնը:

Փանահ Ալի խան իր հետեւորդներով ամրացաւ Պայաթ բերդին մէջ եւ սկսաւ դիմադրութիւն ցոյց տալ:

Կռիւները սաստկացան: Հայ մելիքներու, Շիրվանի խանութեան եւ Օթուզիքիներու ուժերը իրերայաջորդ յարձակումներ շղթայազերծեցին, բայց մեծ կորուստներ կրեցին եւ չյաջողեցան որեւէ արդիւնքի հասնիլ:

Ի վերջոյ Հաճի Չելեպի քակեց Պայաթի պաշարումը եւ ճամբայ ելաւ դէպի իր երկիրը: Ճանապարհին ան ըսաւ. «Փանահ Ալի մինչեւ հիմա դրամ էր առանց գիրի. մենք եկանք եւ գիրեր տուինք անոր»: Առածի վերածուած այս խօսքը կը նշանակէր որ անյաջող արշաւանքը աւելի եւս ամրապնդեց Փանահ Ալիի իշխանութիւնը, աւելի բարձր դիրք տուաւ անոր:

***

Պայաթ բերդը այլեւս չէր կրնար բաւարարել Փանահ Ալի խանը: Անոր հիմնական նպատակն էր տէր դառնալ լեռնային Արցախի եւ իր բազմահազար ոչխարներու հօտերուն համար հարուստ արօտավայրեր ձեռք ձգել:

Շահբուլաղ ամրոցը

Փանահ Ալի խան իր քոչուոր ցեղակիցներով Պայաթէն տեղափոխուեցաւ Վանքասարի հարաւային ստորոտը, Տիգրանակերտի աւերակներուն եւ Շահբուլաղի վարար աղբիւրներուն մօտ, ուր ձեռնարկեց ամրոցի կառուցման:

Շահբուլաղ պարսկերէն կը նշանակէ թագաւորի աղբիւր: Հին անունը Թառնագիւտ է, որ բաղկացած է «թառիլ» եւ «գիւտ» բառերէն, որովհետեւ աւանդութեան համաձայն Աղուանքի Վաչագան թագաւոր հոն մատուռ կառուցած եւ ճգնած է, այսինքն տատրակի պէս թառած է հոն:

Խաչենի մելիքութեան սահմանին մօտ, Տիգրանակերտի աւերակներուն վրայ, Շահբուլաղի պարսպապատ ամրոցը, կրաքարէ եւ չափաքարէ պատերով, ունի ուղղանկիւն յատակագիծ. պատերը եւ աշտարակները օժտուած են հրացանաձգութեան եւ դիտարկման համար բացուածքներով: Ամրոցին կից մզկիթն է:

Շահբուլաղ Ղարաբաղի խանութեան մայրաքաղաք դարձաւ: Ամրոցին շուրջ կառուցուեցան տուներ, մզկիթներ, բաղնիքներ եւ շուկայ:

 

 

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Ուեհպէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 8, 2025
Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները
Պատմական

Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?