Շուշիի Բարգաւաճումը Եւ Թուրք
Քոչուորներու Վերաբնակեցումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ջրաբերդի մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան Մելիք Իսրայէլեան, Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ Մելիք Բեգլարեան եւ Դիզակի մելիք Եսայի Մելիք Եգանեան, Փանահ Ալի խանի հզօրացման եւ Վարանդայի ու Խաչենի մելիքութիւնները իրեն հնազանդեցնելու պայմաններուն տակ, միաբանեցան եւ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկեցին, սանձելու համար օտար տիրակալը եւ անոր հայ դաշնակիցները:
Արիւնահեղ կռիւներ սկսան եւ Փանահ Ալի խանի զօրքերը, հիւսիսէն եւ հարաւէն յարձակումներու ենթարկուելով, դժուարին կացութեան մատնուեցան:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Փանահ Ալի խան մտածեց հաշտութիւն խնդրել, ժամանակ շահիլ եւ յետոյ առանձին-առանձին նուաճել Ջրաբերդը, Գիւլիստանն ու Դիզակը:
Փանահ Ալի խան առանձին պատուիրակներ ուղարկեց մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթանի, մելիք Յովսէփի եւ մելիք Եսայիի մօտ, բանակցելու եւ հաշտութիւն կնքելու առաջարկով:

Մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան, մելիք Յովսէփ եւ մելիք Եսայի համաձայնեցան բանակցութեան սկսելու: Բանակցութեան վայր որոշուեցաւ չէզոք տեղ մը` Ամարասի վանքը: Մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան լիազօրուեցաւ ուխտապահ երեք մելիքներուն անունով բանակցելու:
***
Փանահ Ալի խան, մելիք Շահնազար եւ մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան հաւաքուեցան Ամարասի վանք: Նոյն ժամանակ հոն հասաւ Նախիջեւանի Հայտար Ղուլի խան:
Հայտար Ղուլի խան, Նախիջեւանի խանութեան հիմնադիրը, Ղաջար ցեղէն էր եւ ինքզինք ինքնիշխան կառավարիչ հռչակած էր:
Հայտար Ղուլի խան Ամարաս հասնելէն ետք ընդունարան առաջնորդուեցաւ: Այդ պահուն Փանահ Ալի խանի մօտ նստած էր մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան: Տեսնելով շքեղ կերպով հագուած, հսկայ եւ գեղադէմ Ալլահ Ղուլին, Նախիջեւանի խանը շփոթեցաւ եւ կարծելով որ ան է Փանահ Ալի խանը, առաջին անգամ անոր մօտեցաւ եւ գլուխը խոնարհեցնելով ողջունեց: Բայց յետոյ անոր հասկցուցին իր սխալը: Այդ պահուն Հայտար Ղուլի Փանահ Ալիի դառնալով յիշեցուց պարսիկ բանաստեղծ Սաատիի խօսքը. «Տասը տերվիշ կրնան փալասի կտորի մը վրայ պառկիլ, բայց երկու թագաւոր չեն կրնար մէկ աշխարհի մէջ հաշտ ապրիլ»:
Այդ խօսքերով Հայտար Ղուլի խան ուզեց Փանահ Ալի խանի հասկցնել, որ իր իշխանութիւնը կարելի չէ ապահովուած համարել, այնքան ժամանակ որ տակաւին Ղարաբաղի մէջ այսպիսի ականաւոր հայ պետեր կան:
***
Մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթանի եւ Փանահ Ալի խանի միջեւ բանակցութիւնները շարունակուեցան: Անոնց վերջին հանդիպումին Ջրաբերդի տէրը ներկայացաւ փարթամօրէն զարդարուած շքախումբով: Ներկայ էր նաեւ մելիք Շահնազար, որ սաստիկ կերպով կը նախանձէր Ալլահ Ղուլիէն եւ տեւաբար կը չարախօսէր անոր մասին:
Հաշտութեան բանակցութիւններու աւարտին, երբ առանձին մնացին, մելիք Շահնազար Փանահ Ալի խանի դառնալով ըսաւ. «Դժուար է հաւատալ որ մարդ մը, որ ինքզինք այսպիսի փարթամութեամբ կը շրջապատէ, կրնայ միշտ քեզմէ կախուած դրութեան մէջ մնալ եւ հոգիով ու մարմինով քեզի նուիրուած ըլլալ: Առաջին իսկ հնարաւոր առիթի ան քու թշնամիդ կը դառնայ: Ուստի իմացիր, որ զայն ազատ ձգելը եւ յարմար միջոցը արհամարհելը կը հակասեն քեզի պէս մեծ մարդոց զգուշութեան կանոններուն»:
Փանահ Ալի խան դրժեց հաշտութիւն կնքելու իր խոստումը եւ մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթանը կալանաւորելով հետը Շուշի տարաւ ու բանտ նետեց:
Հսկայ եւ յաղթանդամ կալանաւոր մելիքը իր բանտախցիկին մէջ բարձրաձայն սկսաւ երգել եւ կոչեր արձակեց, ուղղուած իր եղբօր` Ադամի (Հաթամ) եւ իր անպարտելի զինակից Դալի Մահրասայի, յորդորելով քարուքանդ ընել Շուշին, արիւնով շաղախել անոր մոխիրն ու հողը եւ զինք բանտէն ազատել:
Դալի Մահրասա կը նշանակէ գիժ աբեղայ: Անոր իսկական անունը Աւագ վարդապետ էր, Եղիշէ Առաքեալի վանքի միաբան, եւ իր անօրինակ քաջագործութիւններով հռչակաւոր դարձած էր:
Մելիք Ալլահ Ղուլի կը կանչէր.
«Վարդապետին քաջի ասէք գայ առ իս.
Կամ զինքն սպանցէ կամ փրկեսցէ զիս.
Եղբայրդ իմ Ադամ զվրէժն իմ հան,
Ափսո՜ս, զի վրէժ իմ մնաց յաւիտեան»:
Մելիք Ալլահ Ղուլիի ձայնը չէր կրնար հասնիլ իր եղբօր եւ զինակիցին, բայց կ՛արձագանգէր բանտին մէջ իր շուրջը:
Փանահ Ալի խանի հարէմի գեղուհիներէն մէկը որոշեց օգնել գեղեցիկ հսկային: Գիշերը, կալանաւորին ընթրիք տանելու ժամանակ ան փիլաւի մատուցարանին մէջ պահեց բանտին եւ ոտնակապերուն բանալիները, որպէսզի մելիքը բանայ եւ փախչի: Բայց հսկան պատասխանեց որ հայոց քաջերը փախչելու սովորութիւն չունին եւ եթէ ինք ուզէ, այդ բանալիներուն պէտք չունի: Ան իր զօրաւոր ձեռքով փշրեց իր շղթաները եւ անոնց կոտրտուքները փիլաւի մատուցարանին մէջ լեցնելով ետ ուղարկեց, ըսելով. «Դաւաճանութիւնը կը պատժուի. իմ արիւնը առանց վրէժխնդրութեան չի մնար»:
Փանահ Ալի երբ իբրեւ մահապարտ Խորասանէն փախած եւ հալածական ու անօգնական էր, մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթանին մօտ ասպնջականութիւն գտած եւ անոր բարերարութիւնը վայելած էր: Անոնց միջեւ բարեկամութիւնը երկար պահուած էր: Կ՛ըսուի, որ Փանահ Ալի զգացում մը պահած էր իր կեանքի ազատարարին նկատմամբ, բայց այդ բարեկամութեան դաւաճանեց իր կողմնակից հայերու եւ յատկապէս մելիք Շահնազարի դրդումով: Երախտամոռ խանը իր ազատարար մելիքը քանի մը օր բանտին մէջ պահելէն ետք գլխատել տուաւ:
***

Շուշիի բնակչութիւնը օրըստօրէ կ՛աճէր եւ քաղաքը կը բարգաւաճէր: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին, գլխաւորաբար` Վարանդայի գիւղերէն մելիք Շահնազարի հպատակներ:
Փանահ Ալի խան շահկերտցի հայերը, որոնք Հայտար Ղուլի խանէն հալածական Ղափան փախած էին, Ղափանէն Շուշի տեղափոխեց: Շահկերտցիք արհեստով պղնձագործներ էին` ղազանչիներ, եւ իրենց բնակատեղին կոչուեցաւ Ղազանչեցոց թաղ:
Ագուլեցիներ, որոնք Ազատ խանի աւերածութիւններուն ժամանակ զանազան տեղեր փախած էին, իրենց կարգին Շուշի փոխադրուեցան եւ կազմեցին Ագուլեցոց թաղը:
Մեղրիէն եւս ընտանիքներ Շուշի փոխադրուեցան, ուր անոնք Մեղրեցոց թաղը կազմեցին:
Շուշի հաստատուած հայերը պարտաւոր էին Փանահ Ալի խանի հաւատարիմ հպատակները ըլլալու եւ անտրտունջ ենթարկուելու խանական կառավարութեան:
***
Ղարաբաղի խանութեան համար քաղաքական կարեւոր հարց էր Շուշիի մէջ եւ շրջակայքը իսլամական ազգաբնակչութեան մը կազմաւորումը, որ պիտի դառնար խանական իշխանութեան նեցուկը:

Փանահ Ալի խան, արտօնութիւններ խոստանալով, շրջակայ թուրք եւ քիւրտ թափառաշրջիկ ցեղախումբերը Ղարաբաղ հրաւիրեց:
Այսպիսով Վրաստանէն, Երեւանի խանութենէն եւ Մուղանի տափաստաններէն Ղարաբաղ տեղափոխուեցան Փիուսան, Քարաչորլի, Ջինլի, Տեմիրչի Հասանլու, Ղըզըլ Հաճիլի, Սաֆիքիւրտ, Քոյ Ահմէտլի, Սահաթլի, Քենկերլի, Հաճիշամլու, Քոլանի, Սուլթանլու եւ Ալիանլու ցեղերը կամ այդ ցեղերէն խմբաւորումներ:
Շիի դաւանանքի հետեւորդ այս ցեղերէն Քենկերլիները (Քենկ Արալ եւ Պալխաշ լիճերուն միջեւ շրջան մըն է) Հայաստան եւ Կովկաս հասնող թրքական առաջին ցեղերէն եղած են եւ ժամանակ մը Նախիջեւանի կառավարիչներն էին. ցեղախումբին մէկ մասը Խորասանի մէջ կը թափառէր: Քարաչորլիները, Նախիջեւանի եւ Երեւանի խանութիւններուն կապուած քիւրտեր, Զանգեզուրի քոչուորական ամէն մեծ ցեղերէն էին եւ կը հասնէին մինչեւ Ծար: Ջինլիները եւ Տեմիրչի Հասանլուները Վրաստանի հպատակ էին: Հաճիշամլուները եւս Վրաստանի հպատակ էին եւ Ծարի մէջ արօտավայրեր նուաճած էին: Սուլթանլուները եւս Ծար ամարանոց կը բարձրանային: Ալիանլուները նկատուած էին քրտական ամէնէն արիւնարբու ցեղախումբը:
Փանահ Ալի խան թափառաշրջիկ այս ցեղախումբերը Շուշիի մէջ եւ դաշտային Ղարաբաղէն դէպի Շուշի տանող ճանապարհի երկայնքին բնակեցուց: Այս ցեղախումբերուն անուններով գիւղեր հիմնուեցան: Միաժամանակ Շուշիի մէջ թրքաբնակ թաղամաս կազմաւորուեցաւ:
Փանահ Ալի խան կը մտածէր, անհրաժեշտութեան պարագային, Շուշիի իրեն հնազանդ հայերը հակադրել իր ցեղակիցներուն:
Նոյն ժամանակ Բերդձորի մէջ զօրացաւ քրտական Ճելոյա ցեղախումբը, որ չորս ճիւղերու բաժնուած էր` Հասանլար, Ալւաթլար, Թաւուքլար եւ Պիւազլար:
Քոչուոր խաշնարած այս ցեղերուն առօրեայ զբաղումներն էին գողութիւնը, աւազակութիւնը, անզէն ճամբորդներու սպանութիւնը, առեւտրական կարաւաններու կողոպուտը եւ գիւղերու վրայ յարձակումները: Հայերու հետ հակամարտութիւնները սկսան:
Քրտական ցեղերը այս ժամանակ արդէն գրեթէ թրքախօս դարձած էին:
Աւելի վաղ ժամանակներէն Ղարաբաղ եւ շրջակայքը հաստատուած թափառաշրջիկ Ջաւանշիր, Քեպիրլի, Օթուզիքի եւ Եիրմիտէօրթ ցեղախումբերը բոլորն ալ խանին ծառայելու պարտաւոր էին, բայց երբեմն նաեւ անոր նկատմամբ դաւաճանական արարքներ կը գործէին: Այդ ցեղերու կռուող ուժերէն բաղկացած էր Ղարաբաղի խանութեան հեծելազօրքը:
***
Իբրեւ Ջրաբերդի մելիք նահատակ Ալլահ Ղուլի Սուլթանի յաջորդեց կրտսեր եղբայրը` մելիք Հաթամ: Ան իր եղբօր նման քաջ էր ու խիզախ: Մանկութեան պատանդ տարուած էր Տաղստանի Խոսրով Սուլթանի մօտ եւ վարժուած էր տեղացի լեռնականներու հերոսական յատկութիւններուն: Ան գերութենէ ազատած էր Նատիր շահի Տաղստան արշաւանքին ժամանակ:
Մելիք Հաթամ եւ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ մտերմական սերտ յարաբերութիւններ ունէին: Յովսէփ պատանութեան Հաթամի օգնութեամբ տիրացած էր Գիւլիստանի մելիքութեան:
Արդարեւ, հօր` մելիք Աբով Բ.ի մահուան ժամանակ (1728-ին) Յովսէփ պատանի էր, եւ հօրեղբայրը` Թամրազ խլած էր իշխանութիւնը եւ ճնշած իր եղբօրորդին:
Մելիք Թամրազի խորհուրդով պարսիկ հարկահաններ Յովսէփի ձեռքէն խլած էին հօր հրացանը: Յովսէփի մայրը` Ղամար Սոլթան սաստիկ վշտացած էր, որովհետեւ ամուսինէն իբրեւ ժառանգ եւ յիշատակ միայն այդ հրացանը մնացած էր: Ան յանդիմանած էր որդին ըսելով. «Քաջ հօր անարժան որդի, լաւ էր, որ քու սպաննուած դիակը մօտս բերէին եւ ըսէին որ դուն կռուեցար քու հօր յիշատակը չկորսնցնելու համար»:
Մանկահասակ Յովսէփ խումբ կազմելով Թարթառ գետի նեղ ձորին մէջ յարձակած էր պարսիկ հարկահաններուն վրայ եւ խլած հօր հրացանը եւ Արցախի գաւառներէն հաւաքուած ոսկիները:
Յովսէփ Հաթամի միանալով յարձակած էր իր հօրեղբայր մելիք Թամրազի վրայ, գերի բռնած զայն եւ կախել տուած էր չինարի ծառի մը վրայ:
Ջրաբերդի մելիք Հաթամ եւ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ որոշեցին ամէն գնով սանձել Փանահ Ալի խանի նկրտումները:
Փանահ Ալի խան, իմանալով որ մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ իր դէմ դաշնակցութիւն կազմած են, որոշեց նախայարձակ ըլլալ եւ այնպէս ընել, որ երկու մելիքները չկարենան միանալ իրարու հետ:
Փանահ Ալի խան փոքր յարձակումներ կազմակերպելով զբաղեցուց Ջրաբերդի ու Գիւլիստանի մելիքները: Այնուհետեւ ան մեծաթիւ զօրքեր կուտակեց եւ վճռեց ամէն գնով նուաճել անառիկ Ջրաբերդ ամրոցը: