Մելիք Եգան Եւ Ելիզաւետա Պետրովնա Կայսրուհի
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ջրաբերդ Ամրոցը Եւ Մելիք
Ալլահ Ղուլի Սուլթան
Խամսայի մելիքութիւններու կառավարիչ Դիզակի մելիք Եգան, Իրանի Նատիր շահի մօտիկ զինակիցը, վստահելին ու խորհրդատուն, մօտիկ կապեր ունէր նաեւ ռուսական արքունիքին հետ եւ ռուս պետական ու զինուորական շրջանակներու յարգանքը կը վայելէր:
Մելիք Եգան Պետրոս Մեծի պարսկական արշաւանքներու ժամանակ մեծ ծառայութիւններ մատուցած էր ռուսական բանակին: Ներկայ եղած էր Աննա Իվանովնա կայսրուհիի թագադրութեան, փառաւոր ընդունելութեան արժանացած եւ ցարուհիի առանձին ուշադրութեան արժանացած էր: Ան ռուսական բանակի զօրավարի աստիճան ստացած եւ զանազան շքանշաններով պատուըւած էր:
Աննա Իվանովնա կայսրուհի վախճանեցաւ 1740 հոկտեմբերին եւ գահ բարձրացաւ Աննա Լէոփոլտովնայի (որուն մայրը Իվան Ե. ցարի դուստր Եկատերինա Իվանովնան էր) եւ դուքս Անտոնի Ուլրիխի որդի Իվան Զ. Անտոնովիչ, որ երկու ամսու էր: Դուքս Էրնսթ ֆոն Պիրոն դարձաւ խնամակալ, բայց յետոյ Աննա Լէոփոլտովնա հռչակուեցաւ գահի խնամակալուհի:
Բոլոր պալատականները դժգոհ էին Աննա Լէոփոլտովնայի խնամակալութենէն: Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ելիզաւետա Պետրովնա (Պետրոս Մեծի եւ Եկատերինա Ա.ի դուստրը) 25 նոյեմբեր (6 դեկտեմբեր) 1741-ին մասնայատուկ ուժերու 308 զինուորներով պալատական յեղաշրջում կազմակերպեց: Իվան Զ. եւ Աննա Լէոփոլտովնա Պետերբուրգի Ձմեռնային պալատէն հանուեցան եւ Լատոկա լիճի Օրեխովի կղզիի Շլիսելպուրկ ամրոցին մէջ բանտարկուեցան:
Ելիզաւետա Պետրովնա ինքզինք նոր կայսրուհի հռչակեց եւ որոշեց բացառիկ շքեղութեամբ թագադրութեան տօնակատարութիւն կազմակերպել:
Մելիք Եգան նոր կայսրուհիի թագադրութեան տօնակատարութեան մասնակցելու յատուկ հրաւէր ստացաւ: Ան ընտանիքը հետը առնելով մեկնեցաւ Ռուսաստան:
Երեսուներեքամեայ Ելիզաւետա Պետրովնա կայսրուհի թագադրուեցաւ եւ օծուեցաւ 25 ապրիլ 1742-ին, Մոսկուայի Քրեմլինի Սոպորնայա հրապարակին վրայ գտնուող Վերափոխման մայր տաճարին մէջ:
Թագադրութեան առիթով տարբեր տեսակի, ոճի եւ ազգային հագուստներ կարուած էին: Պալատի բակին մէջ դիմակահանդէսներ կազմակերպուեցան: Նոր կայսրուհին հանդէս եկաւ ֆրանսական, սպանական, անգլիական եւ ռուսական շքեղ հագուստներով:
Մելիք Եգան եւ ընտանիքը, Մոսկուայի մէջ թագադրութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցելէ ետք մեկնեցան Պետերբուրգ, ուր արժանացան փառաւոր ընդունելութեան:
Ելիզաւետա Պետրովնա կայսրուհի փափաքեցաւ անձամբ տեսնուիլ ծերունի հերոս մելիք Եգանի եւ անոր ընտանիքին հետ: Ընդունելութեան յատուկ յայտագիր կազմուեցաւ: Մելիք Եգան եւ ընտանիքը պալատ առաջնորդուեցան կոմսեր Ալեքսի Ռազումովսքիի եւ Պուրխարտ ֆոն Միւննիխի ընկերակցութեամբ:
Կայսրուհին մելիք Եգանը Ռազումովսքիի եւ Միւննիխի հաւասար աստիճանի դասեց եւ շքանշաններ տուաւ անոր:
Կոմս Ռազումովսքի գլխաւոր դերակատար եղած էր պալատական յեղաշրջման եւ Ելիզաւետա Պետրովնայի գահին տիրանալու իրադարձութեան մէջ եւ հոֆմարշալի բարձրագոյն կոչումին արժանացած: Իսկ գերմանացի կոմս Միւննիխ ռուսական բանակի մարաջախտ էր, բայց յետոյ շնորհազրկուեցաւ:
Ընդունելութեան ժամանակ կայսրուհիին ուշադրութիւնը գրաւեց մելիք Եգանի գեղեցկուհի թոռնուհին: Ելիզաւետա Պետրովնա փափաք յայտնեց զայն իր արքունիքին մէջ պահել: Արցախցի գեղուհին մնաց պալատ, պալատական օրիորդի` ֆրէյինի կոչում ստացաւ, եւ կայսրուհիի սիրոյն ու խանդաղատանքին արժանացաւ:
Հայրենիք վերադառնալու նախօրեակին մելիք Եգան կայսրուհիէն խնդրեց, որ արտօնութիւն տայ թոռնուհին հետը տանելու: Ծերունի մելիքի կրկնակի թախանձանքներուն վրայ Ելիզաւետա Պետրովնա թոյլ տուաւ, որ օրիորդը իր ծնողներուն հետ հայրենիք վերադառնայ, եւ շատ մը թանկագին նուէրներով զայն ճամբու դրաւ:
Հայրենի Դիզակ վերադառնալէն ետք մելիք Եգան մահացաւ 1744-ին: Մարմինը ամփոփուեցաւ Տողի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ տոհմական մատրան մէջ: Գերեզմանին վրայ արձանագրուած է.
«Այս է տապան քաջ իշխանին
Եկան անուն մեծ Մէլիքին
Որ է որդի բարեպաշտին
Ղուկաս անուն վարդապետին:
Եղեւ սիրեցեալ ամենայնին
Նատիր անուն թագաւորին:
Տիրապետեց սայ ի երկրին
Ի Աղուանից ի նահանգին
Յոյժ պատուեցաւ պարսից ազգին
Քան զիշխանս հայոց երկրին… ՌՃՂԳ»:
Մելիք Եգանի զինանշանի մեզի հասած օրինակը պահպանուած է Տողի մօտակայքը, Իշխանագետի բարձունքին գտնուող Կաքաւաբերդի եկեղեցւոյ մէջ: Զինանշանին վրայ պատկերուած է երկգլխանի արծիւ. արծիւին մարմինը վահանաձեւ է` աղեղնաձեւ երկար վիզերով, որոնք կ՛աւարտին կլոր գլուխով, աչքերով ու սուր կտուցով: Արծուագլուխներուն վրայ եռաճիւղ թագեր են: Արծիւը յենած է եռանկիւնաձեւ պոչի վրայ: Թեւերը մարմինի վերնամասէն մինչեւ պոչը կ՛իջնեն: Ձախ ոտքի ճանկերով արծիւը թեւին վրայ կը պահէ գնդաձեւ գլուխով իշխանութեան մականը, իսկ աջ ոտքի ճանկերով թեւին վրայ կը պահէ փոսիկաւոր խաչ` հոգեւոր նշանը:
***
Մելիք Եգանի յաջորդեց երէց որդին` մելիք Արամ, որ սակայն մէկ տարի իշխեց եւ մահացաւ 1745-ին: Գերեզմանին վրայ արձանագրուած է.
«Այս է տապան քաջ իշխանին
Մէլիք Եկանի որդի մէլիք Արամին,
Որ շատ սիրական է Նատիր Շահին
Որ յառաջ վախճանեցաւ հայր սորին,
Որ շափաղաթ ունէր Նատիր Շահին
Որ է Բ. հաքիմ էլաւ Ե. մուհալին.
Շահն ոզեց Արամ տարաւ,
ԶՌ թուման շարմալ առաւ,
Ուրախ սրտով յղի արաւ,
Ողորմի ԹՎ. ՌՃՂԴ.
Որ փոխեցաւ առ Աստուած,
Որ ընթեռնուք, մէկ բերան Աստուած ողորմի ասացէք»:
Մելիք Արամի յաջորդեց եղբայրը` մելիք Եսայի:
***
Ջրաբերդ ամրոցը կը գտնուի Թարթառ ու Թրղի գետերու միացման վայրին մօտ, ձախ ափին, զառիթափ լանջերով հսկայածաւալ ժայռի վրայ: Հիւսիսէն հարաւ երկարող ամրոցը գետերու շրջանցումէ յառաջացած թերակղզիի տեսք ունի եւ ջրառատ ու արագահոս պատնէշով եւ գետեզերքէն գրեթէ ուղղաձիգ բարձրացող ժայռերով պաշտպանուած է: Շուրջը խիտ անտառներ են:
Ջրաբերդ Հայաստանի հնագոյն ամրոցներէն է, կառուցուած է Արշակունիներու թագաւորութեան ժամանակ եւ Արցախի ամէնէն անառիկ ու պաշտպանական նշանաւոր յենակէտերէն եղած է: Յիշուած է նաեւ Չարաբերդ, Չրաբերդ, Ճառաբերդ եւ Ջերմուկ բերդ անուններով:
Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ ջրաբերդցիները եղած են քաջ, դիւցազուն եւ հնարամիտ մարդիկ: Անգամ մը թշնամիներ եկած են նուաճելու Ջրաբերդը, բայց չկարենալով գրաւել, պաշարած են զայն: Գիւղացիները բերդի ամուր պարիսպներու ետին պահուըտած եւ դիմադրած են: Թշնամին յոյս ունեցած է, որ բերդին մէջ հացի պաշարը շուտով կը սպառի եւ սովի մատնուած հայերը անձնատուր կ՛ըլլան: Սակայն հնարամիտ ջրաբերդցիք բերդին մէջ գտնուող կիրը սկսած են մաղել, թշնամիին ցոյց տալով որ ալիւր կը մաղեն: Պաշարողները զարմացած են, որ որքան հարուստ են բերդի բնակիչները, որ երկար պաշարումէ ետք իսկ ալիւր կը մաղեն պարիսպներուն վրայ: Թշնամին, որ արդէն սպառած էր իր բոլոր ուժերը եւ համբերութիւնը, կարծելով, որ դեռ շատ ալիւր կայ բերդին մէջ, քակած է պաշարումը եւ ձեռնունայն հեռացած Ջրաբերդէն:
Ջրաբերդ ունի մինչեւ ձորը իջնող պարիսպներ, թաղածածկ գետնուղիներ եւ գետամերձ ստորոտին յարող գօտիին մէջ գտնուող կամարակապ դարպաս: Միջնաբերդը, ամրոցի ամէնէն բարձր ժայռին վրայ, հիւսիսային կողմը, յարմարեցուած է տեղանքին: Ապարանքը բաղկացած է հիւսիսէն հարաւ երկարող միջանցքաձեւ անցումի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը կառուցուած սենեակներէ: Միջանցքային անցումը հիւսիսէն եւ հարաւէն սահմանափակուած է ժայռակոյտերով եւ միայն հարաւային կողմի ժայռի արանքով կը միանայ ամրոցի միւս մասերուն:
Արեւմտեան սենեակաշարի երկայնական պատերով կից երեք սենեակներ են, որոնցմէ երկուքը գրեթէ նոյն տարածութիւնը եւ խորքի պատին մէջ պահարանախորշեր ու բուխերիկներ ունին եւ մէկական մուտք` միջանցքէն, իսկ համեմատաբար մեծ երրորդ սենեակի մուտքին դիմաց խոշոր բուխերիկն է, իսկ պատի եզրին` դէպի Թրղի գետի հովիտ եւ հեռուն նշմարուող Երից Մանկանց վանք նայող միակ պատուհանը: Այս բոլորի հարաւ-արեւմտեան անկիւնէն սկսող կրկնապարիսպը, բուխերիկով բուրգերու եւ հանդիպակաց ժայռի հետ միասին ապարանքին մուտքը կը կազմէ: Արտաքին պարիսպը կը շարունակուի դէպի հարաւ եւ կորագիծով կը միանայ յաջորդ ժայռին, յառաջացնելով դժուարանցանելի, ոլորուն ու նեղ կրկնամուտք-միջանցք:
Արեւելեան շարքի սենեակները արտաքին պարիսպներուն կը հպին երկայնական կողմով. կան անկանոն յատակագիծով բաժանմունքներ: Անոնց հարաւային կողմի սենեակը ունի բուխերիկ, խորշեր եւ ձորահայեաց նեղ պատուհան: Հիւսիսային շարունակութիւնը բաղկացած է երկու սենեակէ, որոնք իրարու կապուած են միջանկեալ երեսբաց սրահով: Այս շարքի հարաւային եզրին, ժայռի եզրին գտնուող սենեակը միւսներէն աւելի բարձր է եւ ունի խորշաձեւ մաս ու դէպի դուրս ուղղուած երկու պատուհան:
Սենեակներու պատերը ունին մինչեւ երկու մեթր բարձրութիւն եւ 80-էն 90 սանթիմեթր հաստութիւն: Արտաքին պարիսպները աւելի հաստ են` 1.2 մեթր: Սենեակներուն ծածկը եղած է փայտաշէն` հարթ, հողածածկ տանիքով:
Ջրաբերդ Մաղաւուզէն արեւմուտք, Թարթառի աջ ափի անտառախիտ լանջին սփռուած Քաղաքատեղ (կամ Մայրաքաղաք) բերդաւանին հետ մէկ ամբողջութիւն կը կազմէր:
Քաղաքատեղ (Քղըքատեղ) ունի երկու մուտք. արեւմտեանը` խոր ձորի ստորոտին, Թարթառի եզրին է, իսկ արեւելեանը` նոյն ձորի բարձունքին: Երկու մուտքերն ալ ամրացուած եղած են քարուկիր պատով: Բերդաւանը անմատչելի ժայռերով եւ ահարկու ձորերով պաշտպանուած էր: Ժամանակ մը Աղուանքի կաթողիկոսներու աթոռանիստ եղած է:
Կթղուկոսարանը (կաթողիկոսարան), Թարթառի աջափնեայ լանջին, քարայրի նման է, առջեւը պատերով բնակարան, ուր ժամանակ մը Վիրօ եւ այլ կաթողիկոսներ ապրած են: Ուխտատեղի է:
Ջրաբերդի Մելիք Իսրայէլեաններու մելիքութեան կազմին մէջ մտած էր նաեւ Ծարի նախկին մելիքութեան մեծ մասը: Մելիք Եսայի հզօր իշխանութիւն հաստատած էր: Անոր յաջորդած էր եղբայրը` Ալլահ Ղուլի:
Մելիք Ալլահ Ղուլի եւ եղբայրը` Հաթամ աւելի զօրանալով տիրեցին Հաւքախաղացի, Հանդաբերդի, Հաթերքի եւ Ականայի: Ականա, Թարթառի ափին, եղած է բերդաքաղաք:
Մռաւի լեռնաշղթան, Ծարի հիւսիսը եւ Ջրաբերդի արեւմուտքը, պաշտպանական լայն կարելիութիւններով, անյաղթահարելի պարիսպ էր: Մռաւի բարձունքներէն, պայծառ եղանակին սքանչելի տեսարան կը բացուի. դէպի հարաւ` Արցախի բարձր լեռները եւ Արաքս գետ, դէպի արեւելք` Արցախի եւ Մուղանի դաշտերը եւ Կասպից ծովու հարաւային մասը. դէպի հիւսիս` Կովկասեան լեռնաշղթան եւ դէպի արեւմուտք ու հիւսիս-արեւմուտք` Սեւանի ու Կայենի լեռները:
Ջրաբերդի մելիքութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուէին Երից Մանկանց վանքը` որ Գանձասարի հակաթոռ կաթողիկոսութիւն էր, եւ Դադիվանքը` որ հոգեւոր ու մշակութային կեդրոն էր:
Մելիք Ալլահ Ղուլի գործօն մասնակցութիւն բերած էր օսմանցիներու դէմ պարսիկներու մղած կռիւներուն եւ Նատիր շահէն ստացան սուլթանի կոչում: Մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան երկար պայքարեցաւ թաթար քոչուոր ցեղերուն դէմ:
Մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան Նատիր շահի սիրելին էր եւ սերտ կապեր ունէր պարսկական արքունիքին հետ: