Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Փետրուար 3, 2021
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խաչենագետ
Օսմանեան Բանակին Պարտութիւնը
Խաչենագետի Ափին Եւ Շոշի Սղնախին Տակ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսաստանէն Օգնութեան
Անորոշ Խոստումներու Ակնկալիքներ

Արցախ ներխուժած օսմանեան զօրքը 1725 մարտին ոչնչացուեցաւ Վարանդայի մէջ: Նոյն ժամանակ, արցախցիք մերժեցին մերձկասպեան վայրեր տեղափոխուելու ռուսական արքունիքի առաջարկը:

Արցախի, Սիւնիքի եւ շրջակայքի հայկական զինուած ուժերը համախմբուեցան, թուրք նուաճողներուն դէմ ամուր բռունցք կազմելու, դիմադրելու եւ մինչեւ Երեւան տարածուող շրջանները ազատագրելու համար թշնամիներէն:

Ռուս-թրքական համաձայնութեամբ, Օսմանեան կայսրութիւնը կը ճանչնար մերձկասպեան տարածքներու անցումը Ռուսաստանի, իսկ իր կարգին Ռուսաստան կը ճանչնար Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւնը Քարթլիի, Գանձակի, Երեւանի, Սիւնիքի եւ Արցախի նկատմամբ:

Արցախցիք, քաղաքական շրջադարձէն անտեղեակ, կը պատրաստուէին կենաց մահու պայքարի:

Գիւլիստանի Մելիք Եսայի, հաւատացած` որ ռուսերը պիտի չօգնեն հայերուն, իսկ թուրքերուն հետ թշնամանքը խորացնելը կրնայ կործանարար ըլլալ, մեկնեցաւ օսմանցիներուն մօտ` բանակցելու համար: Բայց վերադառնալէն ետք ան աւելի իրատես կողմնորոշում ունեցաւ եւ փարեցաւ ինքնապաշտպանութեան գործին:

Սակայն շիրվանցիք յամառօրէն  կը շարունակէին օգնութիւն հայցել Ռուսաստանէն: Մելիք Եսայի փորձեց հնազանդեցնել զանոնք:

Մելիք Եսայի, եզրակացնելով որ ցարական պատուիրակ Իվան Կարապետ իր գործունէութեամբ կը պառակտէ Արցախի ուժերը, գրաւոր կերպով անկէ պահանջեց հեռանալ Արցախէն, այլապէս սպառնալով զայն Քարաբորք ցեղախումբի պետ Չոպան Եաշումի յանձնել, որ այդ  կողմերուն համար սարսափ դարձած էր:

* * *

Եկատերինա Ա. կայսրուհի 22 փետրուար 1726-ին հրովարտակ յղեց Գանձասարի Եսայի եւ Երից Մանկանց Ներսէս կաթողիկոսներուն եւ իւզպաշիներուն, բարեհաճելով արտայայտել իր ողորմածութիւնը եւ համակրանքը դէպի հայերը: Իսկ ինչ կը վերաբերի գործին, կ՛ըսուէր, որ Քէոխվա Չելեպի բերանացի պիտի հաղորդէ: «Հրաման տուինք Չելեբուն, որ բերանաւ ասես, հաւատացէք»:

Ռուսաց կայսրուհին բանաւոր կը յայտնէր, որ զօրավար Վասիլի Տոլկորուքի եւ վրաց Վախթանք թագաւոր օգնութեան նպատակով արդէն ուղարկուած են հայերուն մօտ: Արցախցիք թող հաստատ մնան եւ դիմադրեն թուրքերուն, մինչեւ որ այդ օգնութիւնը հասնի:

Եսայի կաթողիկոս 25 մարտ 1726 թուակիր նամակով իշխան Միխայիլ Կոլիցինի կը յայտնէր, որ Արցախի չորս կողմի երկիրները գրաւուած են թշնամիին կողմէ, բայց «մեր կողմանքս լաւ քաջամարտիկ տղայք զօրք կապեցին, որպէս եւ լուէալ էք, որ մինչեւ հիմա ջանքով ու քաջութեամբ չորս կողմ կռուելով, այս քանի երկիրս պահեցին»: Այնուհետեւ կաթողիկոսը կը տեղեկացնէր, որ «մեծ յոյսն ու ապաւինութիւնն զձեզ ունին, որ այլ ուստեք օգնական չգիտեն»: Ան կը յիշեցնէր, որ յուսադրիչ խօսքեր ու խոստումներ շատ լսած են, հիմա հասած է օգնութեան ժամը: Կաթողիկոսը կ՛եզրակացնէր. «Մեր մարդս էլ որ մեր տեղաց օգնութիւն չեն տեսնում, յուսահատում են եւ ցրւուում»:

* * *

Եկատերինա Ա. կայսրուհի, նկատի ունենալով Գիւլիստանի մելիքութեան ուժը եւ ճկուն քաղաքականութիւնը, իբրեւ պատուիրակ Գիւլիստան ուղարկեց վեքիլ (լիազօր) Աւթանդիլը եւ Աֆլայթունը:

Ռուս պատուիրակներու հասնելէն ետք Գիւլիստան ժամանեցին նաեւ Ջրաբերդի մելիք Սարգիսջան եւ անոր իւզպաշի Սարգիս: 24 մայիս 1726-ին հրաւիրուեցաւ խորհրդակցութեան:

Խորհրդակցութեան մասնակցեցան մելիքներ, իւզպաշիներ եւ ազդեցիկ ու բանիմաց նկատուող մարդիկ:

Խորհրդակցութեան աւարտին պատրաստուեցաւ համապատասխան գրութիւն, ստորագրուեցաւ եւ յանձնուեցաւ ռուսաց արքունիքի պատուիրակ Իվան Կարապետի:

«Առաջի պարոն Էլչի Կարապետին. պատճառ գրոյս այս է, որ ես` Գեւորգի որդի Ապրահամ ուզպաշիս, Գուլստանայ գեղոյս, ես` Ղուկասի որդի Գրիգորս, ես` տէր Մելիքսեթի որդի Թամրազս,  ես` Սարգսի որդի Նավասարտս, ես` Մօսեսի որդի Միրզախանս, ես` Հախնազարի որդի Ալլահվերդիս, ես` Աղասի որդի Ղազարս, ես` Ակոբի որդի Մկրտէչս, ես` Պաղի որդի Մռավղուլիս, ես` Կօկջի որդի Մելքումս, ես` Մանուչարի որդի Գրիգորս, ես` Ավաքի որդի Պապս, ես` Ավաքի որդի Աթամս, ես` Սարգսի որդի Ներսէսս, ես` Վանեսի որդի Եղիէս, ես` Առստակի որդի Ներսեսս, ես` տէր Ղազարի որդի Ակոբս, ես` Վանեսի որդիք Մխիթարս եւ Պապս, ես` Մեհրապի որդի Ջալս, ես` Վանեսի որդի Սարքիսս, ես` Պայունդուրի  որդի Ներսեսս, ես` Աղայպեկի որդի Ղատիպս, ես` Ղազարի որդի Խաչատուրս, ես` Ալեքսանի որդի Նավասարտս, ես` Սարքիսի որդի Պաղտասարս, Պարղամի որդի Այտինս, Վանէսի որդի Պետրոսս, ես` Աղայպէկի որդի տէր Հովհաննես, ես` տէր Մելիքսէթի որդի Մարկոսս մեր մեծ ու փոքր թապուն թալաղովս այս գիրս տուինք վերոյ գրեալ էլչի պէկի հրամանէն, խոսկէն թէ եւ մասլաթէն դոս գանք, թագաւորին խային լինենք եւ մեր ապրանքն, սունկ, ինչ թամպեյ ջեզայդ անի, մեզ ղապուլ եւ արժանի է. գրեցաւ թուին ՌՃՀԵ. մայիսի ԻԴ. էր: Ես` Վախթանգի վէքիլ Ավթանդիլս էտի վկայ. ես` Աֆլայթուն վերոյ խալին եղրովն վկայ: Միք Գլոստանայ մեծ եւ փոքրս վկայ եմք եւ հնազանդ այս վերոյ գրեալ պանիս…»:

Երկու օր ետք, մայիս 26-ին, նոյն բովանդակութեամբ գրութիւններ պատրաստուեցան Ջրաբերդէն եւ Գեղարքունիքէն եւ յանձնուեցան Իվան Կարապետի:

* * *

Օսմանեան 40 հազարանոց բանակը, Սարը Մուսթաֆա փաշայի հրամանատարութեամբ, 10 յունիս 1726-ին յարձակման անցաւ Արցախի վրայ:

Ճանկաթաղ Մարտակերտէն հարաւ-արեւմուտք

Արագօրէն յառաջանալով, օսմանցիք գրաւեցին Ղազանչի եւ Ճանկաթաղ գիւղերը (ներկայ Մարտակերտի շրջանին մէջ),  կոտորեցին ու գերեվարեցին անոնց անզէն բնակիչները եւ թալանեցին բնակարանները:

Սղնախներու ուժերը փութով համախմբուեցան եւ հակայարձակման անցան: Խաչեն գետին մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին թուրքեր ծանր պարտութիւն կրեցին եւ աւարն ու գերիները ձգելով փախուստի դիմեցին:

Եսայի կաթողիկոս, վրաց Վախթանգ Զ. թագաւորին ուղղուած 15 յունիս 1726 թուակիր նամակին մէջ կը գրէր. «… Յունիս ամսոյս Ժ-ումն Գանջու ղօշունն եկին Խաչինու վերայ… Ղազանչի, Ղապարթու, Չանկաթաղ անուն գեղարանքն չափմիշ արին` կոտորեցին, եսիր, ապրանքն տարան: Մեք էլ տուս եկինք նոցա վերայ, Աստուծով, կոխեցինք, կոտորեցինք` եսիրն ապրանքն թափեցինք, փախցրինք…»:

* * *

Օսմանեան բանակը, վերախմբուելէ ետք, 1726 նոյեմբերին յարձակման անցաւ Շոշի ուղղութեամբ, նպատակ ունենալով նուաճել ամբողջ Արցախը:

Ութ օրուան դաժան մարտերէ եւ ծանր կորուստներէ ետք օսմանցիք գրաւեցին Փոքր Սղնախը: Սակայն Մեծ Սղնախի տակ թրքական բանակը ծանր պարտութիւն կրեց եւ շուրջ 800 սպաննուած տալէ ետք նահանջեց դէպի Գանձակ:

Շոշ

Փոքր եւ Մեծ Սղնախ անուանումները  կը վերաբերին մէկը միւսին շարունակութիւնը կազմող Շոշի սղնախի տարբեր յենակէտերուն, որոնք կը գտնուին Շոշ գիւղէն հարաւ, անառիկ ժայռոտ վայրի մը մէջ: Փոքր Սղնախը կամ Վնեսա ղալան Աւան իւզպաշիի անունով ան կը կոչուէր եւ հիմնական բնակավայրն էր. ունէր քարակերտ շրջապարիսպ, երկու բարձր եւ ամուր բուրգ եւ մէկ դուռ. հոն կը պահուէին հազարաւոր անասուններ ու գոյքեր: Մեծ Սղնախը, աւելի բարձր եւ անմատչելի դիրքի վրայ, կրկնակի պաշտպանական գօտիներ ունէր եւ հզօր ամրութիւն էր: Վերը կը գտնուէր միջնաբերդ դղեակը եւ անոր մէջ` քարակերտ ջրաւազանը:

Երկու Սղնախի հնարաւորութիւններ ունեցող Շոշի սղնախը վտանգի ժամանակ ապաստանարան էր շրջակայ գիւղերու բնակիչներուն համար:

* * *

Իշխան Վասելի Տոլկորուքի

Զօրավար Վասիլի Տոլկորոքի Կովկասի ռուսական զօրքերու հրամանատար եւ մերձկասպեան շրջաններու գործերու կառավարիչ նշանակուած էր: Անոր պարտականութիւն տրուած էր կատարելու հայերուն օգնելու կայսերական պատուէրը:

Արցախի մելիքները Տոլկորուքիի մօտ իբրեւ բանագնաց ուղարկեցին Քրիստոֆորը:

Քրիստոֆոր, Աբրահամ իւզպաշիի եւ մելիք Աբովի ուղղուած 25 նոյեմբեր 1726 թուակիր նամակին մէջ կը յայտնէր, որ ռազմական օգնութեան համար ինք դիմած է Սալիան գտնուող ռուսական զօրքի հրամանատարութեան. պատասխանած են, որ իրենք իրաւունք չունին այդպիսի վճիռ կայացնելու, ատիկա կրնայ կայացնել միայն զօրավար Տոլկորուքի, որ այդ ժամանակ Կիլան մեկնած էր: Տեղի զինուորական հրամանատարութիւնը եւ Քրիստոֆոր ինք նամակ գրած են Տոլկորուքիի եւ պատասխան կը սպասեն: Անօգուտ խոստումներէ եւ քաշքշուքներէ դառնացած բանագնացը կ՛եզրափակէ ըսելով. «Տեսնում եմ, առանց փեշքաշ բան չի շինւում»: Միաժամանակ ան երդումով կը հաւաստիացնէր, որ իր մօտ եղած դրամը լրիւ ծախսած է:

Նշենք, որ «փեշքաշը» (նուէր, կաշառք) այդ օրերու քաղաքական կեանքին մէջ կարեւոր գործօն էր:

* * *

Արցախի դէմ օսմանեան բանակի յարձակումները կը շարունակուէին: Սղնախներու ուժերը կը դիմադրէին, սպասելով ռուսական օգնութեան:

Եսայի կաթողիկոս 28 փետրուար 1727-ին բազմամարդ պատուիրակութիւն ուղարկեց Դերբենդ` զօրավար Տոլկորուքիի մօտ, ստանալու համար կայսրուհիին խոստացած օգնութիւնը:

Ընդունելով պատուիրակութիւնը Տոլորուքի ըսաւ, որ ինք հայերուն զօրք յատկացնելու հրաման չունի:

Զօրավարին վերջնական պատասխանը լսելէ ետք, պատուիրակութեան անդամներէն Բաղի եւ Քէոխվա Չելեպի մեկնեցան Պետերբուրգ, ուր օգնութիւն ստանալու խնդրանքով գրութիւն ներկայացուցին Եկատերինա Ա. կայսրուհիին:

Հայերու խնդրանքներուն կապակցութեամբ զօրավար Տոլկորուքի 11 մայիս 1727-ին զեկուցագիր ուղարկեց արքունիք: Ան կը տեղեկացնէր ըսելով, որ հայերը աներեւակայելի քաջութեամբ կը կռուին իրենցմէ շատ ուժեղ թշնամիին դէմ. «… Պէտք է զարմանալ, թէ հայերը ինչպէս կը դիմանան, երբ անոնք հարկադրուած են մեն-մենակ պատերազմելու թրքական բանակներու դէմ… մարդկային միտքէ վեր է, թէ ինչպէս կը դիմանան հայերը այդքան զօրեղ թշնամիին դիմաց»:

Զօրավարը կ՛ըսէր նաեւ, որ հայերը պատրաստակամութիւն կը յայտնեն ընդունելու ռուսական հպատակութիւնը: Միաժամանակ ան իր կողմէ կը բացատրէր, որ հայերուն հպատակութիւն տալը կը հակասէ Թուրքիոյ հետ իրենց կնքած դաշինքին: Ան խորհուրդ կու տար հայերուն խնդրանքը ոչ  կատարել եւ ոչ ալ մերժել, այլ յուսադրելով պահել մինչեւ որոշ ժամանակ անցնի, գուցէ փոխուի իրադրութիւնը, եւ այն ժամանակ հնարաւոր կ՛ըլլայ ուրիշ որեւէ միջոց ձեռնարկել:

 

 

 

Նախորդը

Շուշին Հայկական Է Եւ Ոչ Մի Քննարկման Ենթակայ Չէ. Իսկ Ինչուների Պատասխանը Աւելի Քան Պարզ Է

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?