ԼԵՄ-ի ԷՋ

Հայ Կինը` Ազգին Ուժը

Հայ Կինը` Ազգին Ուժը

ԿԱԼԻ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ Մարտ 8-ը մեզի համար պարզապէս միջազգային տօն մը չէ: Ան առիթ մըն է կանգ առնելու եւ յիշելու հայ կնոջ այն մեծ դերը, որ ան խաղացած է մեր պատմութեան ընթացքին: Երբ կը խօսինք կնոջ մասին, չենք խօսիր միայն ընտանիքի սրտին մասին, այլ կը խօսինք այն ուժին մասին, որ դարեր շարունակ պահպանած է մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը,...

Հայ Կինը` Հայոց Պատմութեան Մէջ

Զոհաբերութենէն Դէպի Ազատութիւն. Հայ Կնոջ Անմահ Դերը

ՍԱՆԱՆ ԱՐՈՒՇԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ Երբ կը խօսինք մեր պատմութեան մասին, նախ կը յիշենք արեան հոտը, կորուստի ցաւը, բայց նաեւ` աննկուն հաւատքը: Այդ հաւատքին մէջ միշտ կանգնած է հայ կինը: Ան լռութեամբ կրցած է կրել անտանելի վիշտը, բայց նաեւ լուռ ուժով դարձած է ազգին ողնաշարը: Հայ կինը ոչ միայն ապրեցաւ պատմութիւնը, այլ նաեւ ան զոհաբերեց ինքզինք, իր երիտասարդութիւնը,...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

Հայ Կինը Ազգային Պայքարի Ճամբուն Վրայ

ՄԵՂՐԻ ՍԱԼՊԱՇԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ Ժողովուրդը կ՛առարկէ, թէ կինը այնքան հիմնական դերակատարութիւն չունի  կեանքի  զանազան ոլորտներու մէջ: Անոնք կը մտածեն, թէ կինը միայն սահմանափակուած է իր հեզութեամբ: Բայց եւ այնպէս, բազմաթիւ հակասող տարբերակներ ցոյց կու տան, թէ կին դասակարգը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեր կեանքին մէջ: Կին դասակարգը հիմնական դեր ունեցած է նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ` կրթութենէ մինչեւ...

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Ներկայ Մարտահրաւէրներուն Դէմ Յանդիման

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Ներկայ Մարտահրաւէրներուն Դէմ Յանդիման

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը Լիբանանի հասարակական եւ ազգային կեանքի հիմնասիւններէն մէկը կը կազմէ: Տասնամեակներ շարունակ ան եղած է ոչ միայն իր համայնքի պահպանման եւ զարգացման շարժիչ ուժը, այլ նաեւ` Լիբանանի բազմազան հասարակութեան ծոցէն ծնած կառուցողական եւ պատասխանատու ներկայութիւն մը: Լիբանանը հայ ժողովուրդին համար սոսկ ապաստան չէ եղած. ան դարձած է երկրորդ հայրենիք մը, ուր հայութիւնը...

Լիբանանը Եւ Շրջանի Հակամարտութիւնները

Լիբանանը Եւ Շրջանի Հակամարտութիւնները

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ Կէս դարէ ի վեր Լիբանանը վերածուած է պատերազմական բախումներու փորձադաշտի մը, իսկ այսօր Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած Իրան-Ամերիկա-Իսրայէլ հակամարտութիւնը անխուսափելիօրէն իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի վրայ: Լիբանանը, որ արդէն տարիներէ ի վեր կ՛ապրի ընկերատնտեսական եւ քաղաքական ծանր ճգնաժամ մը, այսօր կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Պատերազմական բարդ իրավիճակը եւ հրթիռակոծութիւնները  Լիբանանի հարաւային...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

1890-ին հիմնուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 135 տարիէ ի վեր կը շարունակէ առաջնորդել հայ ժողովուրդը եւ պատրաստել նորանոր սերունդներ` յանուն հայութեան վեհագոյն նպատակներու եւ պայքարի շարունակութեան: Իր շարքերէն ծնունդ առին` գերագոյն զոհաբերութեան հաւատամքի ֆետայիներ, գաղափարի մարտիկներ եւ ազգային ու պետական գործիչներ, որոնք աշխատանքով ու նահատակութեամբ կերտեցին պատմութիւն, ցանեցին նոր սերմեր եւ հայ ժողովուրդին շնորհեցին արժանապատուութիւն ու յաղթանակներ: Քրիստափորի միտքով, Ռոստոմի կամքով...

Գիտակցութեան Պայքար

Գիտակցութեան Պայքար

ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի  «Հայաստան» մասնաճիւղ Հայ ազգը իր պատմութեան ընթացքին ապրած է վերելքի եւ յաղթական շրջաններ: Այսօր ալ կանգնած ենք նոր կացութեան դէմ յանդիման, երբ պատերազմի պարտութիւնը կամ Արցախի կորուստը չեն միայն մեր կրած հարուածը, այլ պարտութենէն վերականգնելու դժուարութիւնը: 1915 թուականին համաշխարհային գետնի վրայ եւ յատկապէս Հայոց պատմութեան մէջ ամէնէն ցաւալի, անմարդկային եւ ժողովուրդի հանդէպ անարդար ոճրագործութիւնը տեղի ունեցաւ`...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Անդրանիկ Ծրագիրը

135 Տարիներու Պայքար, Մէկ Գաղափար

ՆԱՐԵԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ 135 տարի առաջ ծնաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իբրեւ պատասխան բռնաճնշումին, անարդարութեան եւ ազգային գոյութեան սպառնալիքին: Ան ստեղծուեցաւ ոչ իբրեւ անցողիկ շարժում, այլ իբրեւ գաղափարական պայքար` հիմնուած ազատութեան, ընկերային արդարութեան եւ համազգային միասնութեան սկզբունքներուն վրայ: Տարիները անցան: Պատմութիւնը փոխուեցաւ, բայց գաղափարը չփոխուեցաւ: Յեղափոխութիւնը տարիք չի ճանչնար, երբ ան կ՛ապրի ժողովուրդին հաւատքով: Դաշնակցութեան միտքը չհինցաւ, որովհետեւ...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, 135-Ամեայ Ուղի` Անձնազոհութենէն Մինչեւ Պետականակերտում

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, 135-Ամեայ Ուղի` Անձնազոհութենէն Մինչեւ Պետականակերտում

ՅԱԿՈԲ ՔԻԶԻՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ Հայոց արդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն, երբ ազգին գոյութիւնը վտանգուած էր, ասպարէզ իջաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: 1890-ին Թիֆլիսի մէջ իր հիմնադրութենէն ի վեր Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական ուժ, այլ նաեւ` հայութեան հաւաքական կամքին ու ոգիին մարմնաւորումը: Այսօր` 135 տարիներ ետք, կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մնալ ազգային պահանջատիրութեան ամէնէն զօրաւոր դրօշակիրը` միացնելով Հայաստանն ու սփիւռքը...

Հայապահպանումը` Սերունդներու Շղթայ

Հայապահպանումը` Սերունդներու Շղթայ

ԱԼԻՔ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է ոչ միայն քաղաքական կազմակերպութիւն, այլ նաեւ` համահայկական գաղափարախօսութիւն, որուն առանցքը կազմած է հայ ժողովուրդի ազատութիւնը, ինքնութիւնը եւ գոյատեւումը: 135 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը առաջնորդուած է մէկ համոզումով. առանց հայապահպանման` ազգ մը կը դատարկուի իր հոգիէն: Հայապահպանումը անցեալի նկատմամբ յիշողութիւն մը չէ: Ան ներկայի գործընթաց է,...

135 Տարիներու Պայքար

135 Տարիներու Պայքար

ՆԱԶՕ ՊԵՏԻԿԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղ 1890 թուականին Թիֆլիսի մէջ հիմնադրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային քաղաքական պայքարի կազմակերպուած կամքը: Ան ծնունդ առաւ այն ժամանակին, երբ հայութիւնը կանգնած էր գոյութեան ու արժանապատուութեան մարտահրաւէրներու առջեւ, ուստի ՀՅԴ-ն իր գործունէութիւնը սահմանեց որպէս ազատութեան, արդարութեան եւ ազգային ինքնորոշման պաշտպանութիւն` համոզուելով, որ` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»: Քրիստափորի միտքով, Ռոստոմի կամքով...

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

7 նոյեմբեր 2025-ին լոյս տեսաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբին հրատարակած թերթիկը, որուն գլխաւոր թեման էր 9 նոյեմբեր 2020-ին կնքուած եռակողմ ամօթալի համաձայնագիրը եւ Արցախի յանձնումը: Թերթիկի վերջին բաժինին մէջ Լիբանանի մէջ գործող հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ուղղուեցաւ «Արցախը Նոր տարուան սեմին» խորագիրով յօդուած գրելու մարտահրաւէր մը: Առ այդ կը ներկայացնենք մարտահրաւէրին ընդառաջացած աշակերտներուն լաւագոյն յօդուածները: Արցախը` Նոր Տարուան Սեմին Այս նիւթը...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

2026 տարին կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 35-ամեակին: Անկախութիւն, Հայաստան ու Արցախ... Արժէքներ, որոնք կերտուած են` շնորհիւ մեր երկարամեայ պայքարին, արեան, քրտինքին ու զոհաբերութեան: Արժէքներ, որոնց կորուստին հետ հաշտուիլը կը վտանգէ համայն հայութեան էութիւնը: Գարեգին Նժդեհի մտորումով` «Վտանգուած ժողովուրդներու վերջին խաղաթուղթը վերադաստիարակութիւնն է»: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը դէպի Դաշնակցութիւն ուղղորդող դաստիարակչական միաւոր, իր գործունէութեան 53...

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ 2025-ը հասած է իր աւարտին: Մէկ տարուան ընթացքին Հայաստան դիմագրաւեց զանազան մարտահրաւէրներ եւ ստացաւ զանազան հարուածներ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին թշնամիներու կողմէ, որոնք փորձեցին տարբեր միջոցներով քանդել Հայաստանը, խլել հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը եւ վիրաւորել հայուն արժանապատուութիւնը... Պատմութիւնը պիտի վկայէ, որ 2025-ին Հայաստան ապրեցաւ սեւ, դաժան, դժբախտ եւ տժգոյն օրեր, որուն գլխաւոր...

Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը

Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը

ՅԱԿՈԲ ԳԻԶԻՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ Նոր տարուան սեմին, երբ աշխարհը կը պատրաստուի տօնական ուրախութեան, Արցախն ու Հայաստանը կը դիմագրաւեն հսկայական մարտահրաւէրներ: 2023-ին տեղի ունեցած իննամսեայ շրջափակումէն եւ սեպտեմբերեան ռազմական յարձակումէն ետք, Արցախի գրեթէ 120.000 հայ բնակչութիւնը բռնի տեղահանուեցաւ իր հողէն` ապաստան գտնելով Հայաստանի մէջ: Այս անմիջական ողբերգութեան բերումով, բնականաբար, Հայաստան նոր դժուարութիւններ ունեցաւ. արդարեւ, ան կը պայքարի գաղթականներու ընդունման,...

Նոր Տարուան Սեմին` Սուգ, Յիշատակ Եւ Արցախի Համար Պայքարի Ոգի

Նոր Տարուան Սեմին` Սուգ, Յիշատակ Եւ Արցախի Համար Պայքարի Ոգի

ՄԻՐԷՅ ԺԸՄՄՕ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Նոր տարին կը մօտենայ, եւ այս օրերուն մեր միտքը անպայման կ՛ուղղուի դէպի Արցախ` մեր հայրենիքը, մեր յուշերը, մեր ժողովուրդին հոգին: Արցախցին միշտ ծանօթ է իր տոկունութեամբ , արժանապատուութեամբ եւ հողին հանդէպ ունեցած անխախտ սիրով: Դարեր շարունակ անոր աւանդութիւնները եւ հաւատքը կերտած են փոքր, բայց անպարտելի ոգի ունեցող ժողովուրդ մը: Այսօր սակայն, երբ Նոր...

Յոյսի Զարթօնք

Յոյսի Զարթօնք

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ 2023 թուականի Արցախի բռնագրաւումէն ետք արցախահայութիւնը կանգնեցաւ իր պատմութեան ծանրագոյն փուլերէն մէկուն առջեւ: Տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներ բռնի կերպով հեռացուեցան իրենց տուներէն, հարիւրհազարաւոր մարդիկ եղան տեղահան` ապրելով անպատմելի կորուստի, աւերի եւ անորոշութեան մէջ: Մարդիկ կորսնցուցին ոչ միայն իրենց օճախները, այլ նաեւ` իրենց գործը, ապրուստի միջոցը, յիշողութիւններով լեցուն վայրերը եւ տարիներով կառուցած կեանքը: 2025-ի Միացեալ Նահանգներու...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Ահաւասիկ հինգ տարիներ անցան Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն, որուն ընթացքին Հադրութն ու անառիկ Շուշին ամբողջութեամբ, ինչպէս նաեւՄարտակերտի, Մարտունիի եւ հարաւային Քաշաթաղի շրջաններէն հատուածներ բռնագրաւուեցան, իսկ Աղտամը, հիւսիսային Քաշաթաղն ու Քարվաճառը ամբողջութեամբ հայաթափուեցան եւ 9 նոյեմբերի չարաբաստիկ յայտարարութեամբ յանձնուեցան թշնամիին: Մնացեալ շրջանները երկու տարի շարունակ մնացին շրջափակուած` բաժնուած Հայաստանէն,երբ թշնամին յանկարծ սկսաւ նոր պատերազմ մը եւ ամբողջութեամբ բռնագրաւեց Արցախը: Արցախի իրերայաջորդ դէպքերը,...

Մենք` Լիբանանահայութիւնը

Մենք` Լիբանանահայութիւնը

ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ Կարելի չէ անցնիլ նոյեմբեր ամիսէն եւ չյիշել Լիբանանի անկախութիւնը, այն երկիրը, որ մեզ ընդունեց, երբ բռնագաղթի ենթարկուած եւ աքսորուած էինք մեր երկրէն: Լիբանանը եւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը միշտ կարեւոր դեր խաղացած է սփիւռքի մէջ, սակայն կրած է զանազան դժուարութիւններ` մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, բայց հայը միշտ մնացած է հաւատարիմ Լիբանանին եւ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն,...

Լռութեան Դէմ Խօսող Սերունդը

Լռութեան Դէմ Խօսող Սերունդը

ՍԱՆԱՆ ԱՐՈՒՇԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ Ես Լիբանանի մէջ ապրող հայ երիտասարդ մըն եմ, սփիւռքի մէջ մեծցած, բայց սրտով եւ արմատներով միշտ կապուած` Հայաստանին ու Արցախին: Իմ նպատակս է պահել հայութեան բոցը, ծառայել իմ ժողովուրդիս եւ յիշեցնել, որ մեր պատմութիւնը տակաւին չէ աւարտած: Այսօր ես կը գրեմ այս տողերը ոչ միայն իբրեւ երիտասարդ, այլ նաեւ` իբրեւ հայ մը, որ...

Page 2 of 8 1 2 3 … 8

Արխիւներ