Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

November 22, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ահաւասիկ հինգ տարիներ անցան Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն, որուն ընթացքին Հադրութն ու անառիկ Շուշին ամբողջութեամբ, ինչպէս նաեւՄարտակերտի, Մարտունիի եւ հարաւային Քաշաթաղի շրջաններէն հատուածներ բռնագրաւուեցան, իսկ Աղտամը, հիւսիսային Քաշաթաղն ու Քարվաճառը ամբողջութեամբ հայաթափուեցան եւ 9 նոյեմբերի չարաբաստիկ յայտարարութեամբ յանձնուեցան թշնամիին: Մնացեալ շրջանները երկու տարի շարունակ մնացին շրջափակուած` բաժնուած Հայաստանէն,երբ թշնամին յանկարծ սկսաւ նոր պատերազմ մը եւ ամբողջութեամբ բռնագրաւեց Արցախը:

Արցախի իրերայաջորդ դէպքերը, Ցեղասպանութեան օրակարգի ժխտումը, ազգային արժէքներու, ինչպէս` Եկեղեցւոյ, Արարատի խորհրդանիշի,  հայրենիքի գաղափարներու անէացումը, մեզի ցոյց կու տան, թէ Արցախը իր վանքերով, հարուստ մշակոյթով, պատմական ժառանգութեամբ, հերոսներով եւ անկոտրում հաւատքով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ազգադաւ իշխանութիւններուն կողմէ յանձնուած է թշնամիին, իսկ հայ ազգի արժէքները, ազգային ոգին, հայրենասիրութիւնն ու անկախութիւնը փոխարինուած են խաղաղութեան կեղծ պայմանագիրներու խաբկանքով ու պատրանքով:

Այսօր մեր նահատակներու արեամբ շաղախուած Արցախի հողը պղծուած է թշնամիին ներկայութեամբ, մեր եկեղեցիներն ու մշակոյթը քանդուած են, հայկական շրջաններու անունները` վերացած, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնը լուռ կը մնայ, միաժամանակ Պաքուի մէջ մեր քաղաքական բանտարկեալները հպարտութեամբ կը կանգնին թշնամիի դատարաններուն դիմաց:

Բայց մենք` երիտասարդներս, հանդիսատեսներ չենք: Մենք այն սերունդն ենք, որ պիտի չհրաժարի իր հողէն, լեզուէն, հաւատքէն եւ մշակոյթէն: Մենք վարդաններու ու նժդեհներու ժառանգորդներն ենք, երբե՛ք ծունկի չենք գար թշնամիին դիմաց:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կոչ կ՛ուղղէ երիտասարդութեան` միանալու այս պայքարին. այս պայքարը մեր բոլորին պարտականութիւնն է, համազգային պայքար մըն է, ուր իւրաքանչիւր հայորդի ընելիք եւ ըսելիք ունի:

Արցախը` իբրեւ հողատարածք, բռնագրաւուած է, բայց Արցախը` իբրեւ գաղափար, տակաւին կ՛ապրի իւրաքանչիւր հայորդիի մտքին մէջ` մինչեւ Արցախի վերադարձը, մինչեւ Արցախի ազատագրութիւնը:

Դպրոցական աշակերտ, ուսանող, կամ երիտասարդ` ա՛յս է քու կանչդ: Կազմաւորուեցէ՛ք, սորվեցէ՛ք, կառուցեցէ՛ք եւ պաշտպանեցէ՛ք: Թող ձեր գիտութիւնը, գրիչը, ձայնն ու ուժը ծառայեն հայրենիքին եւ հայրենիքի ազատագրութեան դատին:

Հպա՛րտ կանգնեցէք, մի՛ յուսահատիք,
Արցախն ու Հայաստանը մեզ կը սպասեն,
Ոտքի՛ ելէք, միացէ՛ք մեզի,
Միացէ՛ք Արցախի եւ հայութեան լինելութեան պայքարին:

 

Նախորդը

Մենք` Լիբանանահայութիւնը

Յաջորդը

Լիբանան` Անկախութեան Կանչը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.