ԱԼԻՔ ԱԶՆԱՒՈՒՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է ոչ միայն քաղաքական կազմակերպութիւն, այլ նաեւ` համահայկական գաղափարախօսութիւն, որուն առանցքը կազմած է հայ ժողովուրդի ազատութիւնը, ինքնութիւնը եւ գոյատեւումը: 135 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը առաջնորդուած է մէկ համոզումով. առանց հայապահպանման` ազգ մը կը դատարկուի իր հոգիէն:
Հայապահպանումը անցեալի նկատմամբ յիշողութիւն մը չէ: Ան ներկայի գործընթաց է, որ կը ներառէ` հայ լեզուի պահպանումը, ազգային մշակոյթի զարգացումը, պատմական յիշողութեան փոխանցումը եւ ազգային արժէքներու պաշտպանութիւնը: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ, ուր ձուլման վտանգը ամէն օր կը սպառնայ, հայապահպանումը կը դառնայ գիտակից ընտրութիւն եւ պատասխանատու պարտաւորութիւն:
Այս պայքարին կեդրոնական ուժը հայ երիտասարդն է: Երիտասարդը ոչ միայն ապագան կը ներկայացնէ, այլ նաեւ ներկան կը կերտէ: Ան այն սերունդն է, որուն ուսերուն վրայ կը դրուի հայ լեզուն ապրեցնելու, ազգային դպրոցը պահելու եւ մշակութային կեանքը կենդանի պահելու առաքելութիւնը: Առանց սփիւռքի մէջ ապրող հայ ազգի զաւկի մասնակցութեան` որեւէ ազգային ծրագիր կը մնայ թուղթի վրայ:
Դաշնակցութիւնը պատմութեան ընթացքին մեծ կարեւորութիւն տուած է երիտասարդութեան դաստիարակութեան: Ան կը ձգտի կերտել գիտակից, ինքնավստահ եւ գաղափարախօս երիտասարդ, որ կը համադրէ ազգային հաւատարմութիւնը ժամանակակից մտածելակերպին հետ: Հայ երիտասարդը պէտք է ըլլայ կրթուած, քննական մտածողութեամբ օժտուած, բայց միեւնոյն ժամանակ` հաւատարիմ իր ազգային արմատներուն:
Այսօր արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ հայ երիտասարդին դերը աւելի պատասխանատու դարձած է: Արհեստական բանականութեան համաշխարհայնացումը եւ մշակութային հոսքերը նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծեն: Սակայն նոյն այս պայմանները նաեւ նոր հնարաւորութիւններ կը բանան` հայ ինքնութիւնը ժամանակակից ձեւերով արտայայտելու, հայկական ձայնը աշխարհին հասցնելու եւ ազգային գաղափարները նոր լեզուով ներկայացնելու համար:
Դաշնակցութեան 135-ամեակը առիթ է` վերանայելու անցեալը, գնահատելու ներկան եւ վստահութեամբ նայելու ապագային: Այս ճանապարհին հայ երիտասարդը կոչուած է ըլլալու ոչ թէ դիտորդ, այլ` գործուն դերակատար: Ան պէտք է ըլլայ գաղափարի կրող եւ պայքարի մասնակից:
Քանի դեռ կայ գիտակից հայ երիտասարդ, կայ նաեւ հայապահպանում: Իսկ քանի դեռ հայապահպանումը կենդանի է, հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պատմական երթը` հաւատքով, միասնականութեամբ եւ ուժեղ կամքով:


