Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտակցութեան Պայքար

February 9, 2026
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի  «Հայաստան» մասնաճիւղ

Հայ ազգը իր պատմութեան ընթացքին ապրած է վերելքի եւ յաղթական շրջաններ:

Այսօր ալ կանգնած ենք նոր կացութեան դէմ յանդիման, երբ պատերազմի պարտութիւնը կամ Արցախի կորուստը չեն միայն մեր կրած հարուածը, այլ պարտութենէն վերականգնելու դժուարութիւնը:

1915 թուականին համաշխարհային գետնի վրայ եւ յատկապէս Հայոց պատմութեան մէջ ամէնէն ցաւալի, անմարդկային եւ ժողովուրդի հանդէպ անարդար ոճրագործութիւնը տեղի ունեցաւ` Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Բայց եւ այնպէս, գրեթէ վերացած ազգ մը, սովահար, ծարաւ, անտուն, հաւաքուած հողակոյտի մը վրայ, փոքր Հայաստանի մը մէջ, կամքը եւ ուժը ունեցաւ կրկին ոտքի ելլելու մահամերձ վիճակէն, կազմակերպուելու, բանակ հաստատելու, պայքարելու Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ճնշումներուն դէմ, գոյատեւումը դարձնելու իրաւունքներու պաշտպանութեան զրահ, եւ այդ բոլորը վերածելու Հայաստանի անկախ պետութեան կազմութեան հիմք: Ցեղասպանութենէ դուրս եկած ժողովուրդ մը,  Արեւմտահայաստան կորսնցուցած ժողովուրդ մը ուժը ունեցաւ եւ կերտեց հայրենիք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն, որուն գոյութիւնը տեւեց 2 տարի, սակայն եղաւ հիմքը այսօրուան Հայաստանին:

Բաղդատած պատմութեան այդ ժամանակաշրջանին հետ, կը կարծուի, թէ այսօր իբրեւ հայեր կը գտնուինք համեմատաբար մեղմ կացութեան մը մէջ, սակայն այդ մօտեցումը սխալ է: Հայ ազգը յուսալքուած է, անոր պայքարելու կամքը թուլցած է: Տարբերութիւնը այն է, որ գոյատեւման վտանգը ուղղակի չենք զգար մեր մարմնին վրայ, այլ լուռ ձեւով անիկա կը ներխուժէ մեր ուղեղները, օրէ օր փճացնելով մեր մտքերը: Ախտանշանները ուղղակիօրէն տեսանելի չեն թերեւս, սակայն անոնք կը նկատուին սերունդէ սերունդ:

Համաշխարհայնացումը տիրած է: Ամբողջ աշխարհը կը հետեւի արեւմտեան արժէքներուն` բնական վիճակի եւ սովորական երեւոյթի վերածելով նորարարութիւններ կոչուածը` ըլլայ ընկերային թէ տնտեսական ոլորտին մէջ: Այդ անբարոյական արժէքները հսկայ ազդեցութիւն կը ձգեն երիտասարդութեան եւ նոր սերունդին վրայ, իսկ այս բոլորին հետեւանքները աւելի մեծ ու ծանր են փոքր ազգերու համար:

 

Արցախեան վերջին պատերազմէն եւ անոր հետեւած դէպքերէն ետք հայ ժողովուրդը գտնուեցաւ յուսախաբ վիճակի մը մէջ, որմէ չկարողացաւ դուրս գալ: Զայրանալու, ըմբոստանալու ջղայնութիւն եւ յեղափոխական ոգին ամրապնդելու փոխարէն, հայութեան մէջ տարածուեցաւ  անտարբերութիւն արժէքներու, ինքնութեան եւ գոյատեւման հանդէպ, իսկ ասոր պատճառը գիտակցութեան պակասն է, որուն դէմ պայքարը դժուար կը թուի: Այս «պատերազմը» սովորական ռազմական պատերազմէն աւելի խրթին է: Օտար ազգերու մտածումներ ներխուժած են մեր մտքերը, բայց դեռ չեն գրաւած բոլորովին: Երիտասարդութեան մէջ կայ փափաքը պայքարելու, բայց առաջին հերթին պէտք է գիտակցի այսօրուան վտանգին, հասկնայ անոր հետեւանքները եւ յստակօրէն պայքար մղէ:

 

 

 

Նախորդը

135 Տարիներու Պայքար, Մէկ Գաղափար

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

RelatedPosts

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

October 6, 2026
Պատուհասի՞, Թէ՞ Պատեհութեան Օրակարգ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Պետականութիւն, Ռազմավարութիւն Եւ Երիտասարդութեան Պատասխանատուութիւն

September 29, 2026
Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.