ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ
Կէս դարէ ի վեր Լիբանանը վերածուած է պատերազմական բախումներու փորձադաշտի մը, իսկ այսօր Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած Իրան-Ամերիկա-Իսրայէլ հակամարտութիւնը անխուսափելիօրէն իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի վրայ: Լիբանանը, որ արդէն տարիներէ ի վեր կ՛ապրի ընկերատնտեսական եւ քաղաքական ծանր ճգնաժամ մը, այսօր կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:
Պատերազմական բարդ իրավիճակը եւ հրթիռակոծութիւնները Լիբանանի հարաւային շրջաններու եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ մէկ միլիոն քաղաքացիներ ստիպած են լքել իրենց շրջանները եւ ապաստանիլ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ, իսկ ոմանք ալ իսկապէս մնացած են անտուն: Իսկ ամէնէն վտանգաւորը Իսրայէլի ոճրագործ բանակին կատարած գործողութիւններն ու ներխուժման փորձերն են հարաւային սահմանի վրայ, որովհետեւ նման յառաջխաղացք մը Լիբանանին կը սպառնայ հողային կորուստներ:
Լիբանանահայ համայնքը, որ միշտ եղած է երկրի հասարակական եւ քաղաքական կեանքի գործօն մասնիկը, անմասն չի մնար ներկայ սպառնալիքներէն եւ հայահոծ շրջաններուն շատ մօտիկ վայրեր իսկ կ՛ենթարկուին իսրայէլեան ռմբակոծումի:
Հակառակ այս բոլորին, սակայն, լիբանանցիներուն ներքին անհամաձայնութիւնները կը շարունակուին, եւ անոնք մեծ վտանգ կը հանդիսանան արդէն իսկ վտանգուած երկրի ներքին ապահովութեան եւ կայունութեան:
Այսօր Լիբանանի կառավարութեան պարտականութիւնն է գիտակցիլ վտանգի լրջութեան եւ երկրի մէջ ստեղծուած լարուծութիւնը բարդացնելու փոխարէն` ձեռնարկել քայլերու` ազգային համախմբման:
Այսօր, աւելի քան երբեւէ, անհրաժեշտ է ազգային միասնականութիւն, պատասխանատու քաղաքացիութիւն: Լիբանանցի ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, թէ Իսրայէլի հակամարտութիւնը կը սպառնայ ամբողջ Լիբանանին եւ անոր տարածքային ամբողջականութեան, եւ հրամայական է ազգային դիմադրութիւն ցուցաբերելը, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել վտանգը եւ տէր կանգնիլ Լիբանանի ազգային արժանապատուութեան:
Իսկ մենք` իբրեւ լիբանանահայ դաշնակցական երիտասարդներ, ինչպէս միշտ, պէտք է ամուր կանգնիք Լիբանանի կողքին եւ ըլլանք կազմակերպ ու պատրաստ` դիմագրաւելու պատերազմին պարտադրած բոլոր մարտահրաւէրները:


