Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

February 9, 2026
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1890-ին հիմնուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 135 տարիէ ի վեր կը շարունակէ առաջնորդել հայ ժողովուրդը եւ պատրաստել նորանոր սերունդներ` յանուն հայութեան վեհագոյն նպատակներու եւ պայքարի շարունակութեան: Իր շարքերէն ծնունդ առին` գերագոյն զոհաբերութեան հաւատամքի ֆետայիներ, գաղափարի մարտիկներ եւ ազգային ու պետական գործիչներ, որոնք աշխատանքով ու նահատակութեամբ կերտեցին պատմութիւն, ցանեցին նոր սերմեր եւ հայ ժողովուրդին շնորհեցին արժանապատուութիւն ու յաղթանակներ:

Քրիստափորի միտքով, Ռոստոմի կամքով եւ Զաւարեանի խղճով մարմնաւորուած գործի կուսակցութիւնը արժանացաւ ժողովուրդի յարգանքին ու վստահութեան` իր առաջադրանքներուն մէջ հայ անհատի եւ հաւաքական իղձերու իրագործման միջոցը տեսնելով ու անոր ծառայութեան հաւատալով: Նոյն այս ոգին է, որ այսօր ալ կը շարունակէ ներշնչել հայ երիտասարդութիւնը` նուիրումի եւ պատասխանատու մասնակցութեան ուղիով:

Գաղափարական այս մեծ դպրոցին անցած ուղին կը հաստատէ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, անցեալի փորձառութեամբ զինուած, միշտ կարողացած է ժամանակի պահանջներուն համահունչ մարտավարութիւններ որդեգրել եւ անխափան շարունակել իր ծրագիրը: Ան այսօր ալ կը մնայ ազգային արժէքներու պահպանման, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ դատի հետապնդման եւ արդարութեան վերականգնման առաջամարտիկը: Սփիւռքի կազմակերպումը եւ հայաշունչ, պայքարող սերունդի ձեւաւորումը Դաշնակցութեան համար անփոխարինելի առաջնահերթութիւններ են: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայոց պետականութեան ամրապնդումը, զարգացումն ու անվտանգութիւնը ապահովելու մնայուն ճիգը, արցախահայութեան պաշտպան կանգնիլը կը կազմեն Դաշնակցութեան գոյութեան իմաստն ու առաքելութիւնը: Այսօր նաեւ հրատապ անհրաժեշտութիւն է ազգային շահերու դէմ գործող, թշնամիին օրակարգին ծառայող իշխանութիւններու եւ շրջանակներու հեռացման կազմակերպուած օրակարգի ձեւաւորումը:

135-ամեակը վերարժեւորման պահ մըն է նաեւ: Ան մեզ կը կոչէ` խորքով վերանայելու մեր գործելաոճին, նոր պայքարի միջոցներ որոնելու եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն համահունչ լուծումներ մշակելու: Համաշխարհայնացման ալիքին մէջ, երբ ազգային ինքնութիւնը լուրջ վտանգներու դէմ կը կանգնի, քաղաքականացած յանձնառու երիտասարդութեան դերը կը դառնայ կենսական: Գիտակից, կազմակերպուած եւ գաղափարապէս զինուած երիտասարդը պէտք չէ մնայ դիտորդ, այլ վերածուի գործօն դերակատարի` պատասխանատու մասնակցութեամբ հայութեան հարցերը ներկայացնելու, պաշտպանելու եւ առաջ մղելու բոլոր հարթակներուն վրայ: Այս առաքելութիւնը կը պահանջէ, սակայն, երիտասարդական ամբողջ ներուժի լիարժէք օգտագործում, ինչպէս նաեւ` Դաշնակցութեան գալիք տարիներու առաջադրանքներուն խորքային եւ ամբողջական ըմբռնում:

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը կը վերահաստատէ իր ուխտը` մնալ  վսեմ գաղափարին հաւատարիմ, ամրապնդել երիտասարդական դերակատարութիւնը եւ արժանի ըլլալ 135-ամեայ պայքարի շարունակողը դառնալու:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ներկայի ու ապագայի ընկերներուն համար ՀՅԴ «Մանիֆեստ»-ի կոչը թող դառնայ ամէնօրեայ  պայքարի ուղեցոյց. «Եւ դո՛ւք, երիտասարդներ, միշտ եւ ամէն տեղ վսեմ գաղափարների պաշտպաններ, միացէ՛ք ժողովրդի հետ… Համախմբուե՛նք, հայեր, եւ քաջութեամբ առաջ տանենք հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը»:

Նախորդը

Գիտակցութեան Պայքար

Յաջորդը

Հակամարտութեան Մէջ Վստահելի Միջնորդը. Խորքային Դիտարկումներ Եւ Պատասխաններ` Հակամարտութիւններու Լուծման Մասնագէտ Հրայր Պալեանի Կողմէ

RelatedPosts

Գիտակցութեան Պայքար
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Գիտակցութեան Պայքար

February 9, 2026
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Անդրանիկ Ծրագիրը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

135 Տարիներու Պայքար, Մէկ Գաղափար

February 9, 2026
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, 135-Ամեայ Ուղի` Անձնազոհութենէն Մինչեւ Պետականակերտում
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, 135-Ամեայ Ուղի` Անձնազոհութենէն Մինչեւ Պետականակերտում

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.