Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

135 Տարիներու Պայքար

February 9, 2026
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶՕ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղ

1890 թուականին Թիֆլիսի մէջ հիմնադրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային քաղաքական պայքարի կազմակերպուած կամքը: Ան ծնունդ առաւ այն ժամանակին, երբ հայութիւնը կանգնած էր գոյութեան ու արժանապատուութեան մարտահրաւէրներու առջեւ, ուստի ՀՅԴ-ն իր գործունէութիւնը սահմանեց որպէս ազատութեան, արդարութեան եւ ազգային ինքնորոշման պաշտպանութիւն` համոզուելով, որ` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:

Քրիստափորի միտքով, Ռոստոմի կամքով եւ Զաւարեանի խիղճով հիմնադրուած այս կուսակցութիւնը եղաւ միակ ուժը հայուն` իր «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանով: 135 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը եղաւ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարի դէմքը` օսմանեան բռնատիրութեան դէմ ինքնապաշտպանական կռիւներէն սկսեալ, մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանման ու միջազգային ճանաչման համար մղուած հետեւողական աշխատանքները:

Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ ան ունեցաւ վճռորոշ դեր, իսկ անկախութիւնը կորսնցնելէն ետք անցաւ սփիւռք, ուր վերակազմակերպեց ազգային կեանքը, դպրոցները եւ մշակութային միութիւնները: Ուստի ան դարձաւ կուսակցութիւն մը, որ երբեք չսահմանափակուեցաւ միայն քաղաքական դաշտով, այլ դարձաւ համազգային կազմակերպութիւն` սերունդներ դաստիարակելով եւ հայ ինքնութիւն պահպանելով: Նաեւ ՀՅԴ-ն եղաւ հայոց ձայնը աշխարհին հասցնողը` պաշտպանելով Հայ դատը, նոյնիսկ եթէ այս մէկուն գինը  եղաւ հետապնդում, հալածանք եւ ծանր զոհողութիւններ, որովհետեւ Հայ դատը Դաշնակցութեան համար միայն քաղաքական պահանջ  չէ, այլ` պատմական արդարութեան եւ ազգային արժանապատուութեան շարունակական պայքար:

Հետեւաբար Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 135-ամեակը պարզ տարեդարձ մը չէ, այլ պատմական հաստատում մըն է` ազգային յանձնառութեան, գաղափարական հետեւողականութեան եւ շարունակական պայքարի: Մէկ դարէ աւելի Դաշնակցութիւնը յաղթահարած է պատմութեան ամենադժուար փորձութիւնները` առանց շեղելու իր սկզբունքներէն եւ նպատակներէն: Այս մէկը կը փաստէ, որ երբ գաղափարը խոր արմատներ ունի ժողովուրդին մէջ, ժամանակին հետ չի մաշիր: Դաշնակցութիւնը  միայն անցեալի պատմութիւն չէ, այլ` ներկայի պատասխանատուութիւն եւ ապագայի յանձնառութիւն:

 

 

 

 

Նախորդը

Բեմական Տեղադրում Եւ Ապրող Պաստառներ

Յաջորդը

Հայապահպանումը` Սերունդներու Շղթայ

RelatedPosts

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

October 6, 2026
Պատուհասի՞, Թէ՞ Պատեհութեան Օրակարգ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Պետականութիւն, Ռազմավարութիւն Եւ Երիտասարդութեան Պատասխանատուութիւն

September 29, 2026
Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.