Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք` Լիբանանահայութիւնը

November 22, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ

Կարելի չէ անցնիլ նոյեմբեր ամիսէն եւ չյիշել Լիբանանի անկախութիւնը, այն երկիրը, որ մեզ ընդունեց, երբ բռնագաղթի ենթարկուած եւ աքսորուած էինք մեր երկրէն:

Լիբանանը եւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը միշտ կարեւոր դեր խաղացած է սփիւռքի մէջ, սակայն կրած է զանազան դժուարութիւններ` մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, բայց հայը միշտ մնացած է հաւատարիմ Լիբանանին եւ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, միշտ կանգնած է Լիբանանի պետականութեան կողքին:

Լիբանանահայութիւնը աշխարհի տարածքին ամէնէն հին գաղութներէն մէկն է. արդարեւ, Ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդը կարճ ժամանակի մը ընթացքին ստեղծած է հայկական գաղութ մը` դպրոցներով, եկեղեցիներով, ակումբներով եւ մշակութային կեդրոններով, Լիբանանի մէջ նաեւ գործած են եւ կը շարունակեն գործել երեք հայ կուսակցութիւններ: Խորհրդարանին մէջ ունինք մեր երեսփոխանները, որոնք լիբանանահայութեան իրաւունքները կը պաշպանեն խորհրդարանին մէջ:

Այսօր լիբանանահայութիւնը պահած է իր մայրենի լեզուն, պատմութիւնը եւ գիրը` շնորհիւ հայկական վարժարաններուն, որոնք, հակառակ բազում դժուարութիւններուն եւ մերօրեայ մարտահրաւէրներուն, կը շարունակեն ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն:

Լիբանանի մէջ մենք  նաեւ պահած ենք մեր նախահայրերէն մնացած աւանդութիւնները եւ տօներն ու տարեկան դրութեամբ կը նշենք զանոնք` կազմակերպելով ձեռնարկներ, ցոյցեր եւ զօրակցական երթեր, նաեւ կը մասնակցինք լիբանանեան զանազան տօներու եւ աւանդական ձեռնարկներու:

Սակայն Լիբանան վերջին տարիներուն կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ, որոնք կը վտանգեն  լիբանանցիին եւ լիբանանահայուն առօրեայ ապրուստը:

Թէեւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը անապահով է եւ Լիբանան կը տառապի զանազան դժուարութիւններէ, բայց յիշենք, որ` «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան», եւ միասնաբար, մէկ բռունցք դարձած, կրնանք դիմագրաւել որեւէ դժուարութիւն: Վստահ ենք, որ սեւ ամպերը պիտի հեռանան Լիբանանի երկինքէն, եւ կրկին պիտի ծագի արշալոյսը:

Մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, միշտ հպարտ ենք եւ շնորհակալ ենք այս երկիրին, որ մեր դժուար եւ վշտալի օրերուն հիւրընկալեց մեզ:  Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով կը շնորհաւորենք լիբանանցի մեր քոյրերն ու եղբայրները եւ յոյսով ենք, որ պիտի գան լաւ օրեր, եւ լիբանանցին պիտի ապրի անկախ եւ խաղաղ իր հողին վրայ:

Շնորհաւոր անկախութիւնդ իմ չքնա՛ղ Լիբանան:

 

 

 

Նախորդը

Լռութեան Դէմ Խօսող Սերունդը

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.