ՅԱԿՈԲ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ
Հայոց արդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն, երբ ազգին գոյութիւնը վտանգուած էր, ասպարէզ իջաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: 1890-ին Թիֆլիսի մէջ իր հիմնադրութենէն ի վեր Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական ուժ, այլ նաեւ` հայութեան հաւաքական կամքին ու ոգիին մարմնաւորումը: Այսօր` 135 տարիներ ետք, կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մնալ ազգային պահանջատիրութեան ամէնէն զօրաւոր դրօշակիրը` միացնելով Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ տեսլականի շուրջ:
Դաշնակցութեան էութիւնը կը յանգի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարին: Հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի առաջնորդութեամբ, ՀՅԴ-ն ձեւաւորեց յեղափոխականի այն կերպարը, որ պատրաստ է ամէն տեսակի զոհողութեան` յանուն հայրենիքի փրկութեան: Ան կազմակերպեց ֆետայական շարժումը, պաշտպանեց հայ շինականը եւ եղաւ այն հիմնաքարը, որուն վրայ 1918-ին բարձրացաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրօշը: Դաշնակցութիւնը փաստեց, որ պետականութիւնը զուտ քաղաքական ձեռքբերում չէ, այլ` ազգային արժանապատուութեան վերականգնում:
Ժողովուրդին համար ՀՅԴ-ի կարեւորութիւնը յատկապէս հիմնարար դարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ձեւաւորուած սփիւռքի մէջ: Երբ հայութիւնը կանգնած էր ձուլման ու ոչնչացման վտանգին դէմ յանդիման, Դաշնակցութիւնը ստեղծեց «հայակերտման» հզօր ցանց մը: Դպրոցներու, ակումբներու, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի միջոցով կուսակցութիւնը պահեց հայուն ինքնութիւնը: Անոր ջանքերով է, որ այսօր աշխարհի որեւէ անկիւնը հայ երիտասարդը հպարտութեամբ կը խօսի իր մայրենի լեզուով եւ կը պահանջէ իր արդար իրաւունքները:
Աւելի՛ն. արցախեան ազատամարտի առաջին իսկ օրերէն Դաշնակցութիւնը իր կամաւորական ջոկատներով կանգնեցաւ սահմանին: Հայ դատի գրասենեակներու համաշխարհային ցանցը այսօր ալ կը մնայ հայութեան ամէնէն ազդու զէնքը միջազգային դիւանագիտութեան մէջ` հետապնդելով Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հայրենիքի անվտանգութիւնը:
Այսօր 135-ամեայ կազմակերպութեան գրաւականը անոր երիտասարդութիւնն է: Դաշնակցական երիտասարդին դերը ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ ունի քանի մը հիմնական ուղղութիւններ` սփիւռքի մէջ պահել հայապահպանման ամրոցները, տիրապետել հայ լեզուին եւ մշակոյթին, միաժամանակ օգտագործելով արդիական գիտելիքները` ի նպաստ Հայ դատի աշխատանքներուն, հանդիսանալ միասնականութեան կամուրջ, երբ դաշնակցական երիտասարդը այն օղակն է, որ կը միացնէ սփիւռքի ներուժը հայրենիքի կարիքներուն հետ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 135-ամեակը պարզապէս թուական մը չէ, այլ` վերանորոգման հրաւէր: Կազմակերպութիւնը կը մնայ հայ ժողովուրդի յոյսի փարոսը, որովհետեւ անոր հիմքը ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն ու անձնազոհութիւնն է: Քանի դեռ կայ Դաշնակցութիւնը եւ անոր նուիրեալ երիտասարդութիւնը, հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական յաղթանակ:


