ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Ահաւասիկ հասած ենք 2024 տարուան աւարտին` մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ ունենալով բազմաթիւ մտահոգութիւններ ու յոյսեր, ակնկալութիւններ ու ըմբոստութիւն, ինչպէս նաեւ` անպատասխան հարցադրումներ: Ընդհանուր գիծերու մէջ 2024 տարին իր ամէնօրեայ տեսակով կրնայ չնմանիլ 2020 տարուան: Սակայն, համազգային եւ համասփիւռքեան մակարդակներով, աւելի ծանր տարի էր, քան` 2020-ը: Առաջին հերթին, յունուար 2024-ին միջազգային ընտանիքի մեծամասնութեան եւ ազրպէյճանաթրքական դաշինքին համար Արցախի Հանրապետութեան էջը...

Ո՛չ Յուսահատութեան

Ո՛չ Յուսահատութեան

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Բոլորս ալ մեծցած ենք` լսելով մեր ծնողներուն պատմած հեքիաթները, որոնք, «երեւակայական» ըլլալով հանդերձ, կը յառաջացնէին ուրախ, բայց երբեմն ալ տխուր տպաւորութիւններ եւ բուռն զգացումներ: Այս 2 հակասական երեւոյթներու միջեւ կ՛ինային այդ պատմութիւնները, որոնք կը ներկայացնէին վիճակ մը, զոր ոչ մէկ բառ կրնայ արտայայտել, եւ ընդհանրապէս դժուար էր անոր մասին խօսիլը: Այս պատմութիւններէն մէկը...

Պիտի Վերադառնանք

Պիտի Վերադառնանք

ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ «Րաֆֆի» մասնաճիւղ Տարի մը եւս կը բոլորենք: Դարձեալ զրկուած ենք Արցախէն, բայց պայքարի ոգին միշտ անմար կը մնայ մեր մէջ: Իւրաքանչիւր հայու համար Արցախի էջը փակուած չէ:  Մենք այսօր պարտաւոր ենք աւելի կազմակերպուիլ, միանալ եւ մէկ ուժ դառնալ մէկ նպատակի համար` վերականգնելու Արցախը: Այո՛, այսօր Արցախը ամբողջովին թշնամիին տիրապետութեան տակ է, բայց միշտ պիտի յիշուի մեր հզօր պատմութեան...

Լիբանան Դարձեալ Հանրութեան Ուշադրութեան Տակ

Լիբանան Դարձեալ Հանրութեան Ուշադրութեան Տակ

ԱՐԶՆԻ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ «Հայաստան» մասնաճիւղ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային պայմանները 2024 թուականին կ՛արտացոլացեն աւելի սաստիկ աճումով ճգնաժամ: Հինգ տարիներ շարունակ, առանց որեւէ դադարի, Լիբանան մղեց ու տակաւին կը շարունակէ արձանագրել տնտեսական ու քաղաքական ծանր անկում, ինչպէս նաեւ` անոր զուգահեռ, պայքար կը մղէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ, որոնցմէ մէկն է ընկերային հարցը: Տագնապներու շարքը ընթացք առաւ 2019 թուականին, երբ խումբ մը...

Արցախէն Լիբանան` Յոյսի Ամրութիւն

Արցախէն Լիբանան` Յոյսի Ամրութիւն

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ «Հայաստան» մասնաճիւղ Վերջին երկու տարիները լիբանանահայութեան համար եղան ցաւալի տարիներ: Սփիւռքահայութեան բոլոր սրտերը ճնշուեցան Արցախի վրայ շղթայազերծուած ազրպէյճանական 44-օրեայ պատերազմէն, որ սկսաւ 27 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազրպէյճանի ռազմական վայրագութեամբ, եւ աւարտեցաւ 9 նոյեմբեր  2020-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռամբ կնքուած ամօթալի արձանագրութեամբ: 19-20 սեպտեմբեր 2023-ի միօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, բոլոր  Արցախի քաղաքացիները հաւաքուեցան Ստեփանակերտ, եւ սկսաւ բռնի գաղթի անվերջ...

Մեր Խօսքը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը ահաւասիկ դարձեալ կը գտնուի բազմատեսական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը այսօր բազմաթիւ ճակատներու վրայ պայքարող երիտասարդական-դաստիարակչական միաւոր է: Լիբանանի դէմ Իսրայէլի ծաւալած պատերազմը բնականաբար իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրի քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ ընկերային իրավիճակներուն վրայ: Լիբանանահայ գաղութը եւս, հակառակ մինչեւ օրս նիւթական կամ մարդկային մեծ վնասներ չունենալուն, ազդուած է այս կացութենէն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն եւ...

Մեր Խօսքը

Բնապահպանի Դիմակով Ցեղասապան

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ ՔՈՓ 29-ը ՄԱԿ-ի կողմէ գումարուած կլիմայի փոփոխութեան դէմ քայլերու ձեռնարկելու տարեկան վեհաժողովն է, որուն կը մասնակցին 197 պետութիւններ իրենց պատուիրակութիւններով: Խորհրդաժողովին կը քննարկուին կլիմայի փոփոխութեան առաջքը առնելու միջոցները եւ հետագայ ծրագիրները: Այս տարի Ազրպէյճան կը վայելէ բարձր հովանաւորութիւնը` հիւրընկալելու ՔՈՓ 29-ը: Պետութիւն մը, որուն առեւտրական շահոյթին աւելի քան 90 տոկոսը կը կազմէ նաւթի...

Իրականութիւնը Ծածկող Համագումար

Իրականութիւնը Ծածկող Համագումար

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ ՔՈՓ 29-ը ՄԱԿ-ի 29-րդ կլիմայական ժողովն է, որուն ընթացքին տարբեր երկիրներ կը քննարկեն եւ կը բանակցին համաշխարհային կլիմայական քաղաքականութիւններու շուրջ եւ կը կեդրոնանան ներկայի գնահատականներով նոր նպատակներ սահմանելու եւ միջազգային ջանքերը համադրելու վրայ: Ազրպէյճանը ընտրուած է այս տարուան ՔՈՓ 29-ի նախագահութեան համար, որ պիտի հիւրընկալուի Պաքուի մէջ, 11-22 նոյեմբերին: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ...

Մեր Խօսքը

Դէպի Հարազատ Տուն` Իմ Երկրորդ Տուն

ՍԷՐԼԻ ՃԵՆԱՆԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Վերամուտի առաջին օրը միշտ յատուկ տեղ գրաւած է սրտիս մէջ: Անհամբեր կը սպասէի ամէն տարի այս օրը` կրկին միանալու իմ սիրելի հայկական կառոյցի ընկերներուս եւ սերունդներու կերտիչներուն: Ամրան վերջաւորութեան, աշնան սկիզբը կ՛ուրախանամ` տեսնելով գրախանութներու նորանոր գունազարդ պիտոյքները, որոնք վերամուտը կը գունաւորեն: Անդրադարձայ, որ դպրոցը սուրբ վայր մըն է, ուր մենք կը սորվինք ու...

Ընդդէմ Ձուլումի Եւ Օտարամոլութեան

Կորած Աշխարհ

ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Անհատականութեան ու յարգանքի չէզոքացում, բաղդատութիւն, ատելութիւն, անինքնավստահութիւն, մերժուելու վախ, հոգեկան ու մտային հարցեր ու հիւանդութիւններ... շարքը կը շարունակուի: Երկա՜ր ժամանակէ ի վեր մանուկներուն ու պատանիներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը դարձած է ընկերային ցանցերուն զոհը: «Հետեւորդներս շատցան», «Քանի՞ հատ լայք ստացար», «Անցեալ ամիս իր նկարին լայք ըրի, հիմա ալ ինչո՞ւ ինքը իմ նկարիս չըրաւ», «Այս...

Մեր Խօսքը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Լիբանան դարձեալ կը գտնուի ճգնաժամային իրավիճակի մէջ: Սեպտեմբեր 2024-ին  հանգրուանային ու մագլցողական ձեւով զարգացաւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը եւ, հակառակ քաղաքական վերլուծաբաններու մեծամասնութեան կարծիքին, Թել Աւիւ դիմեց պատերազմական խիստ քայլերու: Այսօր Իսրայէլի պատերազմը Հըզպալլայի դէմ չէ, այլ նաեւ` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Լիբանան ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ենթարկուի ռմբակոծումներու, որոնց պատճառով ցարդ նահատակուած են աւելի քան 2000 քաղաքացիներ ու վիրաւորուած` շուրջ 10.000...

Լիբանանի Մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Որդեգրած Ութ Բանաձեւերը

Լիբանանի Մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Որդեգրած Ութ Բանաձեւերը

«ՌԱԶՄԻԿ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ սկիզբէն ի վեր անդադար կրկնելու սկսաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովական խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի մասին հաստատումներ` իբրեւ լուծում ներկայ տագնապին: Սակայն լիբանանցիներէն շատերու համար թիւ 1701 բանաձեւի մասին նշումները կրնան անծանօթ կամ անհասկնալի ըլլալ: «Ազդակ»-ի 8 հոկտեմբեր 2024-ի խմբագրականը անդրադարձաւ այն մասին, որ 1701 բանաձեւը ինքնին Լիբանանի համար որդեգրուած հիմնական բանաձեւերու շարքին 8-րդն է: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը...

Լիբանանը` Իսրայէլեան Ծաւալապաշտութեան Թիրախ

Լիբանանը` Իսրայէլեան Ծաւալապաշտութեան Թիրախ

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Լիբանան այսօր կ’ապրի աննախընթաց եւ ճգնաժամային պայմաններու մէջ: 10.452 քառ. քմ տարածքի վրայ ապրող լիբանանցիներ տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին: Անոնք ազդուելով երկրին այս վատ իրադարձութիւններէն` կ’ապրին անորոշութեան,  ոմանք յուսալքումի մէջ` չգիտնալով, թէ ի՛նչ նորութիւն մը կը սպասէ իրենց ապագային: Սեպտեմբեր ամսուան յայտարարուած այս պատերազմը կարծես թէ գագաթն էր 2019-էն ի...

Մեր Խօսքը

Իսրայէլի Հարուածը Եւ Լիբանանի Դիմադրութիւնը

ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Արդէն իսկ մէկ տարին անցաւ Կազայի պատերազմի սկիզբին: Կազան հաւասարեցաւ գետնի, դարձաւ փլատակ, տուաւ աւելի քան 40.000 զոհ:  Եւ այդ իրավիճակը սկսաւ ներթափանցել նաեւ Լիբանան: Իսրայէլեան բանակը շաբաթներ առաջ սկսաւ ռմբակոծել Լիբանանի հարաւն ու ի վերջոյ օդային հարուածները հասան Պէյրութ: Թիրախաւորուած շրջաններուն բնակիչները տեղահանուեցան եւ գաղթեցին դէպի համեմատաբար ապահով շրջաններ` ապաստանելով հիմնականօրէն պետական դպրոցներու...

Մեր Խօսքը

ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը յուսախաբ չէ: Տասնամեակներ շարունակ Արցախի յաղթանակներով դաստիարակուած տղաքն ու աղջիկները այսօր հիասթափութիւն կ՛ապրին` տեսնելով Հայաստանի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ներկսյ իրավիճակը: Իբրեւ մանուկներ կամ պատանիներ` դժուար էր պատկերացնել, որ Հայաստանի մէջ կարելի պիտի ըլլայ տեսնել իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, յատկապէս` ազգային նիւթերու եւ շահերու շուրջ: Դժբախտաբար 2018-ի իշխանափոխութիւնը մեր ազգին պարտադրեց քաղաքական նոր վերնախաւ մը, որուն նպատակը դարձաւ տկարացնել...

Վերականգնինք Սեպտեմբերեան Արժէքներով

Վերականգնինք Սեպտեմբերեան Արժէքներով

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ Անցնող երեք տասնամեակներուն սեպտեմբերը եղած է ազգային ապրումներով եւ յաղթանակի հպարտութիւններով յատկանշուած ամիս մը, որուն ընթացքին գերագոյն արժէքներ հանդիսացող տօներ կը նշուէին, հիմնականօրէն` Հայաստանի վերանկախացումը եւ Արցախի անկախութիւնը: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները իրենց վարած հակահայ քարոզչութեամբ պատճառեցին Արցախի անկախութեան կորուստը եւ արժեզրկեցին Հայաստանի վերանկախացման ազգային տօնը: Իրականութեան մէջ անոնք ուզեցին նոյնիսկ խեղդել հայու պայքարունակ...

Մեր Խօսքը

Մերժո՛ւմ

ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ Կ՛ապրինք օրեր, որոնց մասին եթէ 20 տարիներ առաջ մէկը պատմէր, կամ նման գուշակութիւն կատարէր, ոչ մէկ ձեւով պիտի հաւատայինք իրենց անհաւատալի, անընդունելի ըլլալուն պատճառով: Մէկ տարի է Արցախի ժողովուրդը տեղահան եղած է, ձգած է իր բնակարանը, արտը, ագարակը, անասունները, քաշած` տան դուռը, եւ ինչ որ կրնայ ֆիզիքապես կրել հետը, տարած է: 100 եւ աւելի...

Սթափեցէք Տղա՛ք

Սթափեցէք Տղա՛ք

ՌԻԹԱ ՍԱԼԼՈՒՄ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Չեմ գիտեր` անցեա՞լը փառաբանեմ, ներկա՞ն ողբամ, թէ՞ ապագաի մասին մտածեմ... Անցան չորս տարիներ, եւ ահա՛ հասանք այս տարուան սեպտեմբեր ամիսը. այն ամիսը, երբ պէտք էր զուարճանայինք եւ տօնէինք Արցախի անկախութեան օրը: Իսկ այսօր ձեզի կը թուի, թէ արցախցին ազա՞տ է. ա՛լ չէ՞ք կարծեր, թէ դանակը հասած է ոսկորին. փաստօրէն` ո՛չ, քանզի յայտնի է մեր...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Երիտասարդութեան Պարտքը

ՄԻՐԷՅ ԺԸՄՄՕ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ 2020-ի Արցախ-Ազրպէյճան պատերազմի սկիզբի չորրորդ տարելիցն է: 9 նոյեմբեր 2020-ին հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր սրտէն կտոր մը, որ դարձաւ պատմականօրէն հայ ժողովուրդի ամէնէն ցաւալի հանգրուաններէն մէկը: Արցախը միշտ եղած է հայրենիքէն անբաժանելի մաս մը, իսկ անոր կորուստին հետ հաշտուիլը անկարելի է` նկատի ունենալով, որ ազգ մը չի կրնար ստորագրութեամբ մը ջնջել 3000 տարուան...

Վերադա՛րձ

Վերադա՛րձ

ԿԱԼԻ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրը ամէն օր քիչ մը աւելի կը վտանգուի: Այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւնները մեր ժողովուրդի լինելու եւ չլինելու օրակարգով մտահոգ չեն: Քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակումը, Արցախի ժողովուրդի վերադարձը մեր հիմնական հարցերէն պէտք է ըլլան: Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, անհրաժեշտ է միասնակամ ըլլալ` դիմագրաւելու համար բոլոր մարտահրաւէրները: Արցախի դէմ գործուած ոճիրները, բռնի տեղահանումը, քաղաքական...

Page 4 of 6 1 3 4 5 6

Արխիւներ