Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստափորի Օրինակով

March 29, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՆՕՐ ԷԼԷՅՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միտքը` Քրիստափոր Միքայէլեան,  կազմակերպութեան յառաջատար գլխաւոր ղեկավարներէն է, անոր նպատակը եղած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրագործել ընկերային փոփոխութիւններ` կերտելով հայոց անկախութիւնը:

Անոր առաջնորդութեան ճամբան սկսաւ 1800-ականներու վերջը, երբ մասնակցեցաւ յեղափոխական աշխատանքներու կազմակերպումին Կովկասի մէջ: Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած ու վտարուած ըլլալով` ան կը մեկնի Ռումանիա եւ կը շարունակէ իր գործը` խմբագրելով ՀՅԴ-ի «Դրօշակ» թերթը:

1898-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր կը ստեղծէ քաղաքական յանձնախումբ մը, որուն նպատակն է ուղղել Արեւմտեան Հայաստանի մէջ յեղափոխական աշխատանքներու գործը:

Հայկական կոտորածներու վրէժը լուծելու նպատակով Քրիստափոր Միքայէլեան կարեւոր դեր ունէր ՀՅԴ-ի կազմակերպած «Նժոյգ» գործողութեան մէջ` մահափորձը սուլթան Ապտիւլ Համիտի:

Քրիստափոր, օրինակ դառնալով ամբողջ կուսակցութեան, կը ստանձնէ գործողութեան ամէնէն վտանգաւոր գործը` ռումբի պատրաստութիւնը:

17 մարտ 1905-ին Վիտոշի լանջին (Պուլկարիա) Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Վռամշապուհ Քենտիրեանի կը նահատակուին ռումբի նախապատրաստական աշխատանքի ընթացքին:

1905-ին ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛իրագործէ Եըլտըզի մահափորձը, սակայն ռումբի պայթումի քանի մը վայրկեանի ուշացումով կը ձախողի, երբ սուլթանը կը զբաղի անակնկալ խօսակցութեամբ:

Քրիստափորի նահատակութիւնը մեծ կորուստ մըն էր Դաշնակցութեան ընտանիքին: Յուղարկաւորութեան կը մասնակցին հազարաւոր յեղափոխականներ` վերջին հրաժեշտ տալով յեղափոխական մարգարէին: Նոյնիսկ անոր նահատակութենէն ետք անոր ազդեցութիւնը շարունակուեցաւ, սերունդներ շարունակ իր տիպարէն քաղեցին բազում դասեր եւ օրինակներ` առաջնորդութեան, տոկունութեան եւ նպատակասլացութեան` կարողութիւնը` միաւորելու տարբեր խումբեր, առնել յեղափոխական համարձակ քայլեր` յանուն հայրենիքի փրկութեան, անսակարկ  նուիրում մեծ նպատակի համար, Քրիստափոր կը ծառայէ իբրեւ ներշնչման աղբիւր` հետեւելու մեր սկզբունքներուն եւ դիմագրաւելու դժուարութիւնները, նոյնիսկ երբ ելքերը անորոշ են:

Այո՛, ճիշդ է, «Ուժն է, որ աշխարհը կը կառավարէ», ուրեմն ըլլանք ուժեղ` պայքարելու համար մեր իրաւունքներուն համար ու պաշտպանելու զանոնք, Քրիստափորի մտքով զարգանանք ու միշտ դէպի առաջ քալենք, որպէսզի իրականացնենք մեր հիմնադիրներուն նպատակները:

 

 

Նախորդը

Ապրիլ 1-ը Կը Մօտենայ

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Վրէժը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.