Ճ. Տ.
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Հայ ազգի գոյութեան ու գոյատեւման պատճառներէն մէկն է Հայ ինքնութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ իւրայատուկ կապը, յատկապէս` առաքելական եկեղեցւոյ պարագային: Էջմիածինի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները եղած են ապաստանը հայութեան մեծամասնութեան, մասնաւորապէս` այն 600 տարուան ընթացքին, երբ հայերը կ՛ապրէին օտար երկիրներու լուծին տակ: Այսօր կը գտնուինք դժբախտ իրականութեան մը դիմաց, երբ հայ կաթողիկոսութիւնն ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը հալածեն եւ կը պահանջեն Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հրաժարականը: Անոնց նպատակը յստակ է` խզել Հայ ինքնութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կապը, կազմելով նոր ինքնութիւն, որուն մէջ պիտի մոռցնէ դարերու պատմութիւնը, պիտի սպաննէ պայքարի ոգին, պիտի մեկուսացնէ հայ ինքնութիւնը եկեղեցիէն եւ բոլոր այն բաներէն, որոնք ազգային զարթօնքի աղբիւրի կրնան վերածուիլ:
Ասոր կողքին, Հայաստանի վարչապետը կը փորձէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բարելաւել: Եթէ այս մէկը յաջողի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պիտի դառնայ երկրորդական խնդիր, ապա` երրորդական, եւ վերջապէս բոլորովին պիտի մոռցուի` դառնալով զուտ պատմական դէպք մը եւ ոչ թէ` հայերու արդար իրաւունքներու հատուցումը: Հայը կը դառնայ յուսալքուած, ապա իր մէջ կը մարի պայքարի ոգին, որմէ ետք կամաց-կամաց կը մահանայ ազգային ինքնութիւնը:
Արեւմտեան երկիրներու մէջ` Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն, ազգային ինքնութեան երեւոյթը համարեա թէ գոյութիւն չունի, անոնց ինքնութիւնը հիմնուած է զուտ երկրի մը քաղաքացին ըլլալուն, երկրին ու շրջապատին յատուկ օրէնքներուն հետեւելուն վրայ: Նոյնպէս, Հայաստանի ներկայ իշխանութեան այսօրուան կարեւորագոյն նպատակներէն է «արդիականացնել» հայ ինքնութիւնը, զայն վերածել պարզապէս Հայաստանի քաղաքացիի մը ինքնութեան` դադրելով ըլլալէ հայ ինքնութիւն մը, որ կը պատկանի բոլոր հայութեան` ըլլան անոնք Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին: Այս նոր ինքնութեան տարածումը կրնայ ունենալ յոռեգոյն հետեւանքներ: Հակառակ արեւմտեան երկիրներուն` Հայաստանը կը գտնուի երկու թշնամիներու միջեւ, որոնք պիտի փորձեն ապագային իրագործել համաթուրանական ծրագիրը, որուն սրտին մէջ կայ խոչընդոտ մը` Հայաստան:
Արդէն իսկ շարք մը ձերբակալութիւններ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ` տարբեր դիտանկիւններ ունեցող, հին վարչակարգին հետեւող եւ կամ անցեալի խորհրդանշական յաղթանակներն ու այդ ոգին ներկայացնող քաղաքացիներուն դէմ:
Ահաւասիկ կը փորձեն ոչնչացնել հայու ազգային ինքնութիւնը, ըստ երեւոյթին, հետեւելով աշխարհի օրինակին, միմիայն ժամանակաւոր տնտեսական բարելաւման եւ արեւմտեան երկիրներու կողմէ ընդունուած ըլլալը աւելի կարեւոր կը սեպեն, քան` ունենալ գիտակից, հայրենասէր քաղաքացիներ: