Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք` Հայերս, Կանք Եւ Պիտի Մնանք

Ապրիլ 24, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

«Շատ կոտորուեցանք, բայց մենք չմեռանք,
Շատ հալածուեցանք, բայց մենք չկորանք,
Թող համայն աշխարհ մեզ լաւ իմանայ`
Մենք` հայերս, կանք եւ պիտի մնանք»

Հայ դատը հայ ազգի արդար պայքարն է` պատմական ու ազգային իրաւունքներու վերականգնման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման ու հայ ժողովուրդի անվտանգ ապագայի ապահովման համար: Համահայկական այս նպատակը ունի շարունակական բնոյթ եւ կը պահանջէ նոր սերունդներուն ներառուածութիւնը: Այդ իսկ պատճառով Հայ դատի եւ հայ աշակերտի փոխադարձ կապը չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ ապագայ սերունդը այն ուժն է, որ պիտի շարունակէ պայքարը` արդարութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ ինքնութեան պահպանման համար: Լիբանանահայ աշակերտին համար Հայ դատը միայն պատմութիւն չէ, այլ նաեւ այսօրուան եւ ապագային նկատմամբ պատասխանատուութիւնն է:

Լիբանանահայութիւնը` իբրեւ սփիւռքի ամէնէն գործունեայ գաղութներէն մէկը, միշտ ալ կարեւոր դեր խաղացած է Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Աշակերտը` դպրոցական տարիքէն սկսեալ, անոր մասին կը սորվի դասարաններուն մէջ, կամ ալ` յուշարար ձեռնարկներով եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններով: Այդ գիտակցութիւնը կ՛աջակցի անոր ազգային ինքնութեան ամրապնդումին, պատմական արդարութեան պահանջով եւ պայքարի ոգիով:

Հայ աշակերտը մեր ազգային ինքնութեան կրողն է: Դպրոցական տարիները այն ժամանակաշրջանն են, երբ մարդը կը ձեւաւորէ իր պատկանելիութեան գիտակցութիւնը: Երբ հայ աշակերտը կը ծանօթանայ Հայ դատին, կը սկսի ընկալել, որ իր նախնիներուն պատմութիւնը պարզապէս անցեալի պատմութիւն չէ, այլ տակաւին շարունակուող պայքար` վերապրումի եւ արդարութեան համար: Այդ գիտակցութիւնը աշակերտին մէջ կը դառնայ ինքնութեան հաւատարմութեան եւ պայքարի ոգիին հիմքը:

Բացի պատմութեան ճանաչումէն` Հայ դատը նաեւ գործողութեան կոչ է: Երբ աշակերտը գիտէ Ցեղասպանութեան մասին, կը հասկնայ Արցախի խնդիրը, ծանօթ է հայրենազրկման եւ գաղթի պատճառներուն, ան կը սկսի տեսնել նաեւ իր դերը այս պատմութեան մէջ: Աշակերտը այլեւս միայն անցեալը սորվող չ՛ըլլար, այլեւ կը դառնայ ապագայի ձեւաւորողը: Ան կը դառնայ` հանրային ձայն, գրիչ, խօսնակ կամ պաշտպան` միջազգային հարթակներուն վրայ, համացանցին կամ պարզապէս իր համայնքին մէջ կը դառնայ քարոզիչ: Այս ձեւով Հայ դատը կը դառնայ ոչ միայն ազգային նպատակ, այլ նաեւ` կրթական եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան մաս:

Հայ դատի եւ հայ աշակերտի փոխադարձ կապը նաեւ կ՛ամրացնէ համահայկական միասնականութեան գաղափարը: Համազգային մեր պայքարը պիտի շարունակուի միասնական ոգիով եւ յաղթանակի տեսլականով, երբ աշակերտը կը գիտակցի, որ Հայ դատը միայն Հայաստանի եւ հայութեան հարցը չէ, այլ նաեւ համաշխարհային արդարութեան խնդիր է, ինչ որ անոր մէջ կը զօրացնէ ազգային հպարտութիւնն ու պատկանելիութիւնը: Ինչպէս Ռուբէն Տէր Մինասեան կ՛ըսէ. «Պայքարէն յոգնածը պիտի մահանայ, պայքարի եռանդով լեցուածը պիտի ապրի ու տիրէ»:

Աշակերտին համար Հայ դատը նաեւ կամուրջ մըն է հայրենիքին հետ` Հայաստան եւ Արցախ: Երբ ան կը լսէ իր նախնիներուն պատմութիւնները կամ կը մասնակցի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ցոյցերուն, կը զգայ իր կապը պատմութեան, ժողովուրդին եւ մշակոյթին հետ: Այդպիսով, ան կ՛աճի իբրեւ գիտակից հայ տիպար` պատրաստ շարունակելու հետապնդել իր ազգի արդար պահանջները:

Ի վերջոյ, Հայ դատը լիբանանահայ աշակերտին կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս կազմակերպել, քարոզել եւ պայքարիլ` խաղաղ միջոցներով: Այս բոլորը ոչ միայն ազգային, այլեւ մարդկային արժէքներ կը սերմանեն` արդարութիւն, համբերութիւն ու պատասխանատուութիւն: Այդ իսկ պատճառով կարելի է ըսել, որ Հայ դատի եւ հայ աշակերտին փոխադարձ կապը միայն պատմական տուեալներով չէ, որ սահմանափակուած է: Այս կապը կենսական ուղի մըն է ապագայի հայ մարդը կերտելու համար: Հայ աշակերտին ուսերուն վրայ դրուած է այդ արդար, սակայն երկարատեւ պայքարի շարունակութիւնը: Հայ դատը նաեւ պէտք է դառնայ կրթական գործընթացի մէկ կարեւոր մասնիկը, իսկ աշակերտը` անոր կենդանի տարածողը: Հայ դատին տէր կանգնելով է, որ վաղ թէ ուշ պիտի հասնինք մեր գերագոյն նպատակին`  ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Խօսքը. Դաշնակցական Պատանին Հայ Դատի Վաղուան Զինուորն Է

Յաջորդը

Թրքականը Մերժելը` Գիտակից Ընտրութեան Հարց

RelatedPosts

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 23, 2025
Վերադարձ Արմատներուն` Ազգային Արժէքներուն
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Վերադարձ Արմատներուն` Ազգային Արժէքներուն

Հոկտեմբեր 23, 2025
Ազգային Արժէքներու Պահպանութեան Կարեւորութիւնը Եւ Այժմէականութիւնը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ազգային Արժէքներու Պահպանութեան Կարեւորութիւնը Եւ Այժմէականութիւնը

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?