ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Սուգը յաւերժ է, երբ պայքար չկայ: Ահա 110 տարի անցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն: Պէտք է մեր աչքերը լաւ բանանք եւ հասկնանք ներկայիս իրավիճակը: Պէտք է զգացականութիւնը մէկ կողմ դնենք եւ քաղաքական հասկացողութեամբ քննենք բոլոր արարքները:
Եթէ կը կարծենք, որ ներկայիս իրավիճակը 50 տարի առաջուան պէս է, երբ սփիւռքահայուն ու հայաստանցիին նպատակը մէկ էր` վերատիրանալ մեր հողերուն, ապա ուրեմն շատ կը սխալինք: Եթէ առանց բոլոր դաւադիր ծրագիրները հասկնալու կը շարունակենք ամենայն հանգստութեամբ ու կուրութեամբ հաւատալ, որ օր մը պիտի տիրանանք մեր հողերուն, ուրեմն դժբախտաբար յետամնացութիւնն ու տգիտութիւնը տիրած են մեր ուղեղներուն:
Սակայն ինչո՞ւ հոս հասանք: Ո՞ւր է հայուն նախկին անմար կրակէ ոգին: Արդեօք սփիւռքահայութեան մեծամասնութիւնը, տեսնելով Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին անտարբերութիւնը եւ վկայելով ամէն տեսակի դաւաճանական արարքները, այլեւս յուսախա՞բ եղած է:
Ինչ ալ ըլլայ պատճառը, հետեւանքը նոյնն է. եթէ կը կարծենք, որ ամէն տարուան պէս Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելով` տեղ պիտի հասնինք, ուրեմն ցաւալի է հայուն վիճակը: Մինչ մենք մեր հայրենասիրական քարոզներուն ետին կը մնանք, Հայաստանի մէջ անպատիւներ մեր հողերը բաժին առ բաժին, քիլոմեթր առ քիլոմեթր թշնամիին կը յանձնեն: Ալ ո՞ր հողին մասին խօսինք, ո՞ր բաժինին վերատիրանալու մասին մտածենք: Ամէն կողմէ խօսքեր ու քարոզներ կը լսենք, սակայն գործ չկայ: Խօսքե՞րը դաւաճանները պիտի կանգնեցնեն: Խօսքե՞րը մեր հողերը պիտի վերադարձնեն: Եթէ տակաւին այս մտայնութեամբ կը շարժինք, ապա մեղաւոր ենք մեր երկրին դիմաց:
Հայաստանի մէջ գտնուող հայերը, որոնք հայրենիքէ չեն զրկուած, դժբախտաբար վաղուց մոռցած են մեր հողերը: Ժամանակը հասաւ հասկնալու, որ տարեկան ոգեկոչման ձեռնարկները կու գան սփիւռքահայուն յիշեցնելու միմիայն մեր անցեալի ցաւերը: Բայց երբ անոնց կողքին արարք մը չկայ, ուրեմն մենք իւրաքանչիւր տարի մեր յիշողութիւնը զարգացնելէ զատ ի՞նչ կ՛ընենք:
Թէեւ բաւական ուշացանք, սակայն տակաւին առիթը ունինք: Ժամանակն է իբրեւ սփիւրքահայեր ոտքի կանգնելու, թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ գտնուող հայաստանցիները արթնցնելու եւ շարժելու:
Երբ «մարդասիրական օգնութիւններ» հասցնելու նպատակով Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանները կը բանան, երբ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան դաշնագիր կնքել կը ծրագրեն, երբ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ կապեր կը փորձեն հաստատել, եւ երբ նոյնիսկ Ցեղասպանութեան շուրջ հարցականներ կը ստեղծեն, ապա ուրեմն երկար տարիներէ ի վեր այս թատրոնը կը խաղցուէր, մինչ մենք կուրօրէն մեր քարոզներուն եւ երազներուն վրայ կեդրոնացած էինք: