ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Աշխարհին մէջ կան վէրքեր, որոնք ժամանակին հետ չեն սպիանար: Հայ ժողովուրդին համար այդ վէրքերէն ամէնէն խորն ու ցաւալին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնն է: Ամբողջ ազգ մը կորսնցուց իր հայրենիքը, տունն ու ընտանիքը, եւ մինչեւ այսօր այդ ճակատագրական էջը կը մնայ ոչ միայն անարդարօրէն փակուած, այլեւ` շարունակաբար ժխտուող ու անտեսուող:
Այսօր, աւելի քան երբեք, մենք կը գտնուինք խաչմերուկի մը վրայ, ուր իւրաքանչիւր հայու գիտակից եւ պատասխանատու ընտրութիւնը կարեւոր է:
Թուրքիոյ պետութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ հետեւողական քաղաքականութիւն վարել ընդդէմ Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին: Բացի պատմութեան շարունակական ժխտումէն` Թուրքիա այսօր ալ կը սատարէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ եւ թշնամական քաղաքականութեան` ընդդէմ Հայաստանի եւ Արցախի: Այդ աջակցութիւնը միայն քաղաքական չէ, այլ նաեւ` զինուորական, տնտեսական եւ գաղափարական:
Եւ երբ մենք` իբրեւ հայեր, կը գնենք թրքական ապրանքներ կամ կը ճամբորդենք դէպի Թուրքիա, դժբախտաբար այդ ձեւով կը մասնակցինք թրքական տնտեսութեան հզօրացումին, որ մեզ կը նսեմացնէ, կը ժխտէ մեր ցաւը եւ կ՛ընդունի միայն լռութեան միջոցով գոյութիւն ունեցող «խաղաղութիւն»-ը:
Մենք կը լսենք արդարացումներ` «գինը մատչելի է», «եղած-չեղածը ապրանք մըն է, ոչ թէ` քաղաքականութիւն»: Բայց եթէ ապրանք մը արտադրուած է երկրի մը մէջ, ուր մինչեւ այսօր հայկական եկեղեցիները ախոռի վերածուած են, ուր Հայոց պատմութիւնը կը խեղաթիւրուի, ուր բռնութեան կոչերուն ալիքը տակաւին բարձր է, ուր մինչեւ հիմա ժխտումը պետական դիրքորոշում է, այդ ապրանքը մեր սեղանին վրայ գործ չունի:
Թուրքիա ճամբորդութիւնները նոյնքան խնդրայարոյց են: Որքանո՞վ ճիշդ է մեր նախնիներու ոսկորներուն վրայ կառուցուած հանգստավայրերուն մէջ հանգստանալը: Մեր պատմութեան գիտակից մարդը պիտի չհանգստանար երկրի մը մէջ, որ մինչեւ հիմա կը ծաղրէ հայու ցաւը:
Վերջ ի վերջոյ, մեր ազգին յիշողութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի միայն ապրիլ 24-ի մոմավառութեամբ: Ան պէտք է դրսեւորուի նաեւ մեր ամէնօրեայ ընտրանքներով:
Եթէ պիտի ճամբորդենք, մեր ճամբորդութեան ուղղութիւնը թող ըլլայ Հայաստանը: Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ հրաշալի վայրեր, որոնք կը սպասեն մեզի:
Պէտք է բոլորս հասկնանք, որ պոյքոթը քար մը չէ, որ կը նետես: Պոյքոթը մտածուած եւ արժէքաւոր խաղաղ պայքարի միջոց մըն է: Երբ մերժես գնել թրքական ապրանք, դուն կ՛ըսես` «Իմ պատմութիւնս կարեւոր է»: Երբ չերթաս Թուրքիա հանգստանալու, դուն կ՛ըսես` «Իմ արժանապատուութիւնս ծախու չէ»:
Եկէ՛ք, կեցուածքով եւ օրինակով ցոյց տանք, որ հայ ըլլալը միայն պատկանելիութիւն չէ, այլ նաեւ` պատասխանատուութիւն:
Ասոնք քաղաքական բառեր չեն, ասոնք խղճի խօսքեր են:
Եթէ մենք չենք յիշեր եւ չենք կշռադատեր մեր առօրեայ քայլերը, ապա ուրիշ ո՞վ պիտի ըլլայ մեր արժանապատուութեան պահապանը:
Յիշենք, որ մեր դրամը, մեր հանգիստը եւ մեր գնումները մեր դիրքորոշումներն են: Եւ այն օրը, երբ իւրաքանչիւր հայ գիտակցի այդ իրողութեան, թշնամին պիտի զգայ իր իսկական պարտութիւնը:
Խաղաղութիւնը երբեմն կը սկսի մերժումէ: Իսկ մերժումը կը սկսի գիտակից ընտրութենէ:


