Դաշնակցական երիտասարդին համար «խենթութիւնը» դաստիարակչական բնոյթ ունի: Իրականութեան մէջ մարտ ամիսը իւրայատուկ է յիշատակելի իր թուականներով:
Անմոռանալի է Լիզպոնի հինգէն Սիմոն Եահնիեանի ծննդեան թուականը (մարտ 1): «Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկապէս որ կեանքէ զատ ամէն ինչի կը նմանի: Կ՛ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ. ուրիշին խամաճիկներն ենք», կ՛ըսէ Սիմոն Եահնիեան:
Անմոռանալի է նաեւ Վիգէն Զաքարեանի ծննդեան թուականը (մարտ 15): Վիգէն Զաքարեան` իբրեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի ատենապետ, մասնակցած է 1991-ի ԼԵՄ-ի Պատգամաւորական ժողովին, որուն ընթացքին ըսած է. «Հայ երիտասարդութիւնը պէտք է յատուկ աշխատանք տանի` «Դէպի Երկիր» երթին թափ տալու եւ Հայաստանի պետութեան հզօրացման նպաստելու»:
Նոյն օրը (մարտ 15) կը զուգադիպի Թալէաթ Փաշայի ահաբեկումը արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ: Այստեղ դաստիարակիչ է նշել Թալէաթ փաշայի մասին տրուած նկարագրութիւն մը Ճենապ Շեհապէտտինի «Փէյամ Սապահ» թերթին մէջ հրապարակուած իր «Գիշատիչ թռչուններ» խորագրեալ յօդուածէն, ուր կ՛ըսէ. «… Չար տաղանդ մը ունէր. թակարդ լարելու, դարանակալ ըլլալու, յանկարծակիի բերելու ընդունակ, խարդախ, լարախաղաց, խաբեբայ տաղանդ մը: Թէ՛ իր անհատական կեանքին, թէ՛ հանրային կեանքին մէջ Թալէաթի յենարանը, լծակը, ուժը, տոկունութիւնը միեւնոյն բանն էր` էնթրիկ»: Ճանչնա՛նք մեր թշնամին:
Անկարելի է ամէն օր դաշնակցական երիտասարդութիւնը մղել դէպի քիչ մը աւելի դաշնակցականանալու ուղի` առանց անդրադառնալու Հրաչ Տասնապետեանին, որուն մահուան թուականը (մարտ 16) նաեւ կը զուգադիպի այս ամիս: Հ. Տասնապետեան կ՛ըսէ. «Դաշնակցականութիւնը, իր զանազան առաքինութիւններով, հաւաքական աւանդն է բոլորին, համապարփակ գումարը բոլորի՛ նկարագրային շեշտուած գիծերուն: Մթնոլորտ է ան, որ պիտի աշխատինք վառ պահել` իբրեւ ներշնչարան»:
Ուսուցչաց տօնի ծիրին մէջ ինչպէ՞ս չյիշել ռահվիրայ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութիւնը (մարտ 17): Որքան այժմէական է Քրիստափորի հետեւեալ խօսքը. «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները…»: Այլ ուսուցիչ մըն է Արամ Մանուկեան, որուն ծննդեան թուականը (մարտ 19) եւս կը զուգադիպի այս ամիս: «Ցոյց տանք աշխարհին, որ հայը ազատ, անկախ ապրելու իրաւունք ունի: Այժմ կամ երբեք», կ՛ըսէ Արամ Մանուկեան:
Վերջապէս, անկարելի է չյիշել ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած անձնազոհ Սերժ Թովմասեանը, որուն նահատակութիւնը (մարտ 28) եւս կը զուգադիպի այս ամիս: Նոյն օրը կը յիշենք առեւանգումը Բիւրոյի անդամ Սարգիս Զէյթլեանի եւ ԼԵՄ-ական Կարօ Գոլանճեանի:
ԼԵՄ-ականը եւ դաշնակցական երիտասարդութիւնը այսօր կը դաստիարակուին այս օրինակներով` դէմ դնելու համար ներքին եւ արտաքին բոլոր թշնամիներուն: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու դաւաճանական ընթացքը մեր ազգը կը մղէ դէպի անդունդ: Սակայն այստեղ կայ երիտասարդութիւն մը, որ պատրաստ է դիմադրելու:
Սարգիս Զէյթլեան կ՛ըսէ. «Բոլոր պայմաններու մէջ կեղծ է եւ մաքուր ակունքներէ չի կրնար բխիլ հայեւթուրք երկխօսութեան որեւէ առաջարկ կամ թելադրանք, մինչեւ որ թուրք քաղաքական ղեկավարութիւնը անկեղծօրէն եւ պաշտօնապէս առողջ մօտեցում չցուցաբերէ»:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ