ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս իր իրագործած տարբեր տեսակի գործունէութիւններով իր դրոշմը դրած է լիբանանահայ գաղութին մէջ, մասնաւորաբար` լիբանանահայ երիտասարդութեան ու աշակերտութեան վրայ:
1973-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ը հիմնուած է ու կը գործէ Լիբանանի ամբողջ տարածքին, սակայն անհրաժեշտ էր անոր խօսքը տարածել հանրութեան մէջ` բացատրելու համար անոր նպատակը, կատարելու համար անոր գործունէութեան քարոզչութիւնը եւ պարզաբանելու համար միութեան կեցուածքները:
Այս նպատակով 21 յունուար 1974-էն սկսեալ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կը սկսի լոյս տեսնել երիտասարդական էջը, որ աւելի ուշ` մայիս 1983-էն սկսեալ, աւելի կազմակերպուած եւ լայնածաւալ բնոյթ կը ստանայ, երբ հիմը կը դրուի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պարբերաթերթին:
Այս աշխատանքը մեծապէս նպաստած է սփիւռքահայ երիտասարդութեան ազգային, գաղափարական ու քաղաքական մտածողութեան բիւրեղացման, յղկումին, ուր երիտասարդութիւնը իր մասնակցութեամբ առիթ ունեցած է մտքերու ու գաղափարներու ներկայացման` արտայայտելով իր խիզախ կեցուածքները, մասնաւորաբար` Հայ դատին, հակաթուրք պայքարին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այլ հարցերու նկատմամբ, որոնց մասին ճիշդ տեղեկութիւններու բացակայութիւնը կը շեղէ հայ երիտասարդը իր հարազատ մթնոլորտէն:
Այսօր կը գտնուինք այնպիսի երեւոյթներու դիմաց, որոնք դարձեալ կը սպառնան շեղել հայ երիտասարդը իր ազգային սկզբունքներէն, որոնցմէ հիմնականներէն է Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը:
Այս նպատակով ՀՅԴ ԼԵՄ-ը նախաձեռնեց այս հրատարակութիւնը, որպէսզի լիբանանահայ երիտասարդութիւնն ու աշակերտութիւնը առիթ ունենան իրարու միտքերուն ծանօթանալու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հայ դատը այժմէական պահելու:
Արդարեւ, այս հրատարակութեամբ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ գրութիւններով եւ կարծիքներ յայտնելով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ճշդած վեց թեմաներուն մասին, որոնք հետեւեալներն են.
Ա.- Սեւրի դաշնագիրի այժմէականութիւն
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը լեցուն է բազմաթիւ ճակատագրական դաշնագիրներով, որոնք շատ յաճախ կաշկանդած են հայ ազգը եւ զայն զրկած` իրենց իրաւունքներէն:
1918-ին, դարաւոր ստրկութենէ եւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, հայ ազգը կերտեց իր անկախութիւնը, աւելի ուշ` 10 օգոստոս 1920-ին, Աւետիս Ահարոնեանի նախագահութեամբ, յաղթական Դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ հետ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը:
Սեւրի դաշնագիրը չյարգուած մուրհակ մըն է, մուրհակ մը, որմէ պէտք չէ հրաժարիլ: Ան մեր հողային ամբողջականութեան հիմքը կազմող վաւերագիրն է, որ, ըստ միջազգային օրէնքին, միակ իրաւական փաստաթուղթն է Հայ դատին վերաբերող, զոր Հայաստանն ու Թուրքիա միասնաբար ստորագրած են խաղաղութեան պայմաններու մէջ:
Հայաստան ստորագրած չէ ո՛չ Կարսի, ո՛չ Մոսկուայի, ո՛չ ալ Լոզանի դաշնագիրները, որոնք կը խախտեն ազգերու պատմական ու ինքնորոշման սկզբունքները` նկատի չառնելով այդ տարածքին վրայ ապրող հայ ժողովուրդը:
Հայկական հողերու պահանջը իրապաշտութեան կամ անիրապաշտութեան հարց մը չէ: Ազգ մը ցնորապաշտ կամ միամիտ չէ, երբ կը պահանջէ վերատեսութեան ենթարկել չյարգուած դաշնագիրները:
Արդարեւ, Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած 160.000 քառ. քմ Ուիլսընեան Հայաստանը, որուն մէջ ներառուած են` Ջաւախքը, Նախիջեւանը, Արցախը, Արեւմտեան Հայաստանը եւ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, վերստին պէտք է իր տեղը գտնէ մեր մտքերուն մէջ, մեր սրահներուն եւ տուներուն մէջ, որովհետեւ ա՛յս է հայ ժողովուրդի իրաւունքները ճշդող ու սահմանող միակ եւ միակ քարտէսը:
Բ.- Հայ ժողովուրդին բռնի տեղահանութիւնը
Միջազգային օրէնքը կը ճանչնայ պատմական իրաւունքներու վրայ հիմնուած սեփականութիւնները, ուր ոչ ոք պիտի ենթարկուի կամայական ձերբակալութեան, կալանքի կամ աքսորի, եւ ոչ ոք պիտի զրկուի իր ստացուածքէն:
Սփիւռքը, սփիւռքներ ըլլալէ առաջ, շարունակութիւնն էր բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանին, այսինքն, ըստ պատմական իրաւունքին, սփիւռքահայութի՛ւնն է տէրը Ուիլսընեան Հայաստանին:
Այսօր Ուիլսընեան Հայաստանի շրջաններուն մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխի պիտի տեսնենք բազմադարեան վանքեր, եկեղեցիներ, ու հետքեր հայկական մշակոյթէն: Այսքան վանք ու եկեղեցի ունենալու համար ժողովուրդ պէտք էր: Ո՞ւր է այդ ժողովուրդը:
Պատասխան` փանթրքական ծրագիր, որուն յաջողութեան նախապայմանը բռնի տեղահանութեամբ հայկական հողերու բռնագրաւումն էր` արմատախիլ ընելով հայ ժողովուրդը, իսկ միջոցը` ցեղասպանութիւն:
Միջազգային օրէնքի սահմանումով, ցեղասպանութիւնը կազմակերպուած ու ծրագրաւորուած ոչնչացումն է ազգային, ցեղային, կրօնական նոյն ցեղի պատկանող, նոյն լեզուն ու պատմութիւնը ունեցող հաւաքականութեան:
Այսօր, 110 տարիներ ետք, սփիւռքահայերս յաճախ իրարու կը հարցնենք` ո՞ր շրջանէն ես:
Երբ պատասխանենք այս հարցումին Սասունով, Մուշով, Վանով ու Սեբաստիայով, պատասխանած կ՛ըլլանք այն հարցումին, թէ այսօր ո՛վ կը յիշէ ու կը պահանջէ Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած Արեւմտահայաստանը:
Ուստի, այնքան ատեն որ սփիւռքահայ մը կ՛ուղղէ այս հարցումը եւ փոխարէնը պատասխան մը կը ստանայ, ուրեմն Հայ դատը մեռած դատ մը չէ, որովհետեւ տակաւին յիշող, յիշեցնող ու պահանջող կայ:
Գ.- Մշակութային ցեղասպանութեան վտանգը
Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ ամբողջ դարու մը ընթացքին եւ 1923-էն ի վեր կը շարունակուի մշակութային ցեղասպանութեամբ, որ, ըստ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հռչակագիրին համազօր է ցեղասպանութեան:
Մշակութային ցեղասպանութիւնը ոչնչացումն է հազարաւոր հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու, կամ` զանոնք մզկիթներու վերածելը, բռնի թրքացումն ու իսլամացումը, փճացնելը հայկական ձեռագիրներու, թանգարաններու, խաչքարերու, գերեզմաններու, կամ ընդհանրապէս որեւէ հետքի մը, որ կը փաստէ հայ ազգի գոյութիւնը բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի մէջ:
Մշակութային ցեղասպանութեամբ կը ջնջուի ազգի մը ամբողջ պատմութիւնը, եւ հիմը կը դրուի նոր, շինծու եւ արհեստական պատմութեան:
Այսօր մենք` իբրեւ սփիւռքահայեր, յաճախ կը գտնուինք այլասերման եւ ապազգայնացման դէպքերու դէմ յանդիման, որոնք կը սպառնան մեր ինքնութեան, եւ իւրաքանչիւր վայրկեան, երբ սփիւռքահայ մը կը նախընտրէ իր ապրած երկրին մշակոյթը, կամ կը նախընտրէ օտար լեզուներ խօսիլը, օտար գիրքեր ու պատմութիւններ կարդալը, թուրքը շարունակած կ՛ըլլայ մշակութային ցեղասպանութիւնը եւ շարունակած կ՛ըլլայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Դ.- Թրքական արտադրութիւններու դէմ պայքար
Դատ մը սպաննելէ առաջ պէտք է սպաննես ժողովուրդի մը յիշողութիւնն ու զգացումները:
Եթէ ամբողջ հայութիւնը չքաջալերէ թրքականը, չճամբորդէ Թուրքիա չնչին ազդեցութիւն մը կ՛ունենանք Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ:
Սակայն թրքականը մերժելը իսկութեան մէջ բարոյական արժէք է, գիտակցութիւն մըն է, որ երբ հայ մը թրքական արտադրութիւնը կը քաջալերէ եւ կը մտածէ, որ քանի մը ոսկի գրպանը պահած է, անոր փոխարէն` ան ծախած կ՛ըլլայ իր ոգին ու իր ինքնութիւնը, անշեղելի սկզբունք մը, իսկ ասիկա ընելը ընտրութիւն է:
Ընտրութիւն մը, որուն դիմաց իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցի, թէ Թուրքիա ճամբորդելով` ինք ոտնակոխ ըրած կ՛ըլլայ այն հողը, որուն տակ կը գտնուին միլիոնաւոր գանկեր ու գերեզմաններ, զորս թուրքը ծածկած է տեսանելի վայրերով, եւ իւրաքանչիւր քայլ, զոր ան կ՛առնէ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի կամ ներկայի Թուրքիոյ մէջ, ան ճզմած ու փշրած կ՛ըլլայ իր նախահայրերուն գանկերը: Անդին, թրքական ուտեստեղէնը քաջալերերով` ան կերած ու խմած կ՛ըլլայ այն արտադրութիւնը, որ շաղախուած է իր նախահայրերուն արեամբ ու քրտինքով:
Եւ այս բոլորը ընելով` ան ժամանակի ընթացքին անգիտակցաբար իր մէջ կը նսեմացնէ հայու պայքարի ոգին եւ կ՛ընդունի թուրքը իբրեւ մարդ եւ ոչ թէ ժողովուրդ մը, որ ջարդած է իր նախահայրերը, բռնաբարած է իր նախամայրերը, ոչնչացուցած է իր եկեղեցիները եւ բռնագրաւուած է իր հողերը:
Ե.- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգի առաջնահերթ պահպանում
Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքարը տարուան մէկ օրով չի սահմանափակուիր, այլ ան պէտք է դառնայ ամէնօրեայ օրակարգ եւ ամէնօրեայ պայքար:
Անցած են 110 տարիներ, որոնց ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը անցած է տարբեր փուլերէ:
Փուլեր, որոնք սուգը վերածած են պայքարի, իսկ Հայկական հարցը` դատի:
Իրաւունքը երբեք ցնորք չէ եղած, երբ հայ ժողովուրդը իր անդուլ կամքով Ցեղասպանութենէն ետք կերտած է իր անկախութիւնը:
Իրաւունքը երբեք ցնորք չէ եղած, երբ համազգային շարժումը կայծ տուած է արցախեան զարթօնքին եւ ազատագրութեան:
Այսօր, առանց Հայ դատին, առանց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգին, հայութիւնն ու սփիւռքահայութիւնը չեն կրնար գոյատեւել: Ո՞ւր եւ ե՞րբ պատահած է, որ հաւաքականութիւն մը կտրուած է իր հայրենիքէն, ուր ոտնակոխ եղած են իր իրաւունքները, ապրի ու գոյատեւէ առանց տեսիլքի:
Հայ դատն ու Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը ո՛չ քուէներով, ո՛չ քաղաքական առաջադրանքներով, ո՛չ ալ անձի մը քմահաճոյքով կ՛որոշուին: Հայրենիքն ու Հայ դատը անձի մը սեփականութիւնը չեն, անոնք հաւաքական իրաւունք են, անբաժանելի ժառանգութիւն, որ կ՛որոշուի պատմութենէն բխած իրաւունքներէն եւ ճշմարտութիւններէն:
Ժողովուրդ մը չի մոռնար իր արդար իրաւունքը, ապազգային ղեկավարութիւնն է միայն, որ կը փորձէ զայն մոռցնել տալ` ստորադասելով ազգային արժէքները:
Այսօր իշխանութեան վրայ գտնուող ապազգային ու ազգադաւ անհատներ պատմական եւ բարոյական ոչ մէկ իրաւունք ունին մոռնալու, մոռցնելու կամ կասկածի տակ դնելու Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հայ դատը:
Ո՞ւր սորված են մարդիկ, որ ազգի մը իրաւունքէ հրաժարիլը իմաստութիւն է:
Ոչ ոք կրնայ հայ ժողովուրդին պայքարը արգիլել կամ անոր արդար դատը թաղել, երբ ան կ՛առաջնորդուի միջազգային ընդունուած օրէնքներով:
Եթէ այս կէտէն զիջում ընենք, յառաջիկայ հայ սերունդները, յատկապէս` սփիւռքի մէջ, պիտի կորսնցնեն հայօրէն ապրելու իրենց կամքը` մոռնալով իրենց պատմութիւնը, ինքնութիւնը եւ ժամանակի ընթացքին սփիւռքի մէջ պիտի ձուլուին ու անհետանան:
Զ.- Հայ աշակերտը եւ Հայ դատը
Անցնող 5 տարիներուն բոլորս ալ անխտիր ունեցանք շփոթութեան, վարանումի ու յուսահատութեան վայրկեաններ, մենք մեզի հարց տալով, թէ անցած են 110 տարիներ, եւ ահաւասիկ կորսնցուցած ենք Արցախը, տակաւին մինչեւ ե՞րբ պիտի պայքարինք:
Հայ ազգը ամէնուրեք եւ բոլոր ժամանակներուն իրաւունք չունի յուսահատելու, այլապէս ան պէտք էր յուսահատէր 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք: Բայց ան նախընտրեց պայքարը, կերտեց իր անկախութիւնը եւ ազատագրեց Արցախը, որ այսօր թէկուզ կորսնցուցած ենք իբրեւ տարածք, բայց` ոչ իբրեւ գաղափար:
Դատ մը այժմէական պահելու համար պէտք է քայլ պահենք աշխարհին հետ: Եւ աշխարհին հետ քայլ պահողը երիտասարդութիւնն է:
Երիտասարդութիւնը տարիքն է թռիչքի, ստեղծագործ երեւակայութեան: Անկէ կը ծնին` նորարարութիւնը, գիւտը, յեղափոխութիւնը:
Երիտասարդութիւնը ներկան ու ապագան է: Ան Հայ դատի մղիչ ուժն է, որ պիտի այժմէականացնէ զայն` տուեալ ժամանակաշրջանին յատուկ, քայլ պահելով աշխարհի յառաջդիմութեան եւ բանականութեան եղանակին հետ:
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կու գայ բոլորը զգաստութեան հրաւիրելու` շեշտելով, որ ներկայ իրավիճակը պէտք է յեղաշրջուի: Ասիկա իրականացնելու համար բոլորս պատասխանատու ենք: Պատասխանատու են` դաստիարակները, բժիշկները, գիտնականները, քաղաքագէտները, մշակները, բանուորները, ուսանողները, աշակերտները, երիտասարդներն ու պատանիները:
Բոլորս, այսինքն` բոլորս: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը այս յեղաշրջումը սկսելու շտեմարանն է եւ պիտի մնայ այդպիսին:
Այս բոլորը գիտակցելէ ետք կարելի չէ թոյլ եւ լուռ մնալ կատարուող իրադարձութիւններու դիմաց: Մեր դիմաց ունինք երկու ուղի` կա՛մ մեր սեփական ձեռքով թաղենք մեր Դատը եւ հայուն ազգային դիմագիծը, կա՛մ շարունակենք մեր պայքարը: Վճռականօրէն կը յայտարարենք, որ երիտասարդութիւնը անպայման կ՛ընտրէ պայքարը:
————-
* ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով արտասանուած խօսք` «Ռազմիկ»-ի ապրիլեան յատուկ թիւի շնորհահանդէսին: